ԹՈՄԱՐԶԱՅԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ. ՆՈՐ ԹՈՄԱՐԶԱ ԵՒ ՀԱՅԵՐ
Լիբանանահայ մտաւորական Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» գիրքը (լոյս տեսած 2025-ին) մերօրեայ արեւմտահայերէն գրական պատումի վառ օրինակներէն է, որ կ՚ապացուցանէ, թէ արեւմտահայերէնը կենդանի է, քանի դեռ կենդանի են այն յիշողութիւնները, որոնք ապրեցուցած են սերունդներ եւ տակաւին պիտի ապրեցնեն։ Այս գիրքը չմեռնող յիշողութեան, համայնքի կենսունակութեան եւ անբիծ մանկութեան միաձուլումով մէջտեղ եկած հատոր մըն է։
Սեդա Մարկոսեան Խտըշեան անծանօթ անուն մը չէ․ Լիբանանի հայկական զանազան կառոյցներու մէջ ան տասնամեակներու աշխոյժ գործունէութիւն ունի, Լիբանանի Ազգային իշխանութեան եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի պատասխանատու մարմիններու երկար տարիներու անդամ է, յօդուածներ կը ստորագրէ լիբանանահայ մամուլին մէջ։ Լիբանանի Պուրճ Համուտ հայաւանի Նոր Թոմարզա թաղի բազմաշերտ իրականութիւնն է Սեդա Մարկոսեան Խտըշեանի գիրքին մէջ։
«Մեր տունը» ան հրատարակած եւ նուիրուած է այն հայերուն, որոնք երկար ու դժուար ճանապարհ անցնելով հաստատուած են Պուրճ Համուտի մէկ շրջանը՝ անուանելով զայն Նոր Թոմարզա՝ հեռուն մնացած գիւղաքաղաքին կարօտը սիրտերնուն մէջ, բայց նաեւ՝ պահելով Թոմարզայի բարքերը, սովորութիւնները, նիստ ու կացը, բարբառը։ Նկարագրուած են ուրախ եւ տխուր տեսարաններ, զրոյցներ, կեանքի պատկերներ, գաղթի ճանապարհէն պատմութիւններ, որոնց մէջ տեսանելի է ջանքով ապրելու, ամէն գինով հաստատուելու, հայութիւնը եւ ընտանիքը շարունակելու կամքը։
Գիրքին յառաջաբանին հեղինակը ծանօթ հայագէտ Արմենակ Եղիայեանն է, որ կը գրէ, թէ գործը կարդալով ապրած է գրական գողտրիկ ստեղծագործութիւն մը վայելած ըլլալու խոր գոհունակութիւն մը, որ տասնամեակներէ ի վեր զլացուած էր սփիւռքահայ ընթերցողին, ինչպէս նաեւ մտածել տուած է, որ եթէ Սեդա Մարկոսեան Խտըշեան գնահատէր ու ըստ արժանւոյն վերաբերէր իր շնորհքին հանդէպ, հայ գրականութիւնը այսօր կրնար ունենալ նուազագոյնը տասնեակէ մը աւելի երկեր, որոնք արդարօրէն պիտի կրէին իր անուն:
Սիրտի խօսքը հեղինակած է գրող, հրապարագիր Կարօ Յովհաննիսեան, գրելով․ «Սեդային գիրքը՝ «Մեր տունը», Պուրճ Համուտի Նոր Թոմարզայի պատմութիւնն է, որ կը նկարագրէ այդ շրջանի դէմքերն ու դէպքերը։ «Մեր տունը» Մարկոսեաններուն քարաշէն տունն է, որուն մուտքի առաստաղին վրայ նկարուած էր արծիւ մը։ «Արծիւով տունը» դարձած էր հասցէ մը, որով կը ճանչցուէր նաեւ փողոցը։ «Մեր տունը» Նոր Թոմարզա շրջանն է իր դէմքերով եւ դէպքերով։ «Մեր թաղը մեր տունն էր»։ «Մեր տունը» յուշագրութեան մէջ կան Նոր Թոմարզայի առօրեան, թաղեցիներու զբաղումները, բարքերն ու սովորութիւնները, աւանդութիւնները, վիշտը, ուրախութիւնը, վազքը հացի եւ լոյսի համար, հայրենիքի՝ Թոմարզայի կարօտը, Թոմարզայով ընդհանրացած հայրենիքը, ազգապահպանման գերագոյն ճիգերը, հուսկ ապա՝ նահանջականութիւնը եւ ապազգայնացման ողբերգութիւնը»։
Այս գիրքին մէջ կը տեսնենք նաեւ հայկական կեանքի նկարագրութիւնը՝ Նոր Թոմարզայէն դուրս, երբ ժամանակի ընթացքին Մարկոսեաններու ընտանիքը Անթիլիաս կը փոխադրուի եւ հոն ալ ձեւով մը հայկական կեանքի մասնակից կը դառնայ, ինչպէս այդ տարիներու հայութիւնը, որ նոյն արժէքները կրելով բոլորը կը ջանային փոքրիկ Հայաստան կազմել օտար ափերու վրայ։
Գիրքին մէջ է «Մեր թաղը մեր տունն էր» պատմուածքը։ Զայն հեղինակի մանկութեան անմիջական ժպիտներն ու զուարճանքները կը փոխանցէ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը լուսարձակէ թաղը, իբրեւ ամբողջական, ամուր եւ անվտանգ տուն, ուր երեխաները կը մեծնան ազատ, խաղաղ եւ հաւասարակշռուած միջավայրի մէջ: Վերնագիրը՝ «Մեր թաղը մեր տունն էր», շեշտը կը դնէ ո՛չ միայն ֆիզիքական տարածքի, այլեւ՝ հոգեւոր եւ համայնքային արժէքներու զգացողութեան վրայ:
Նոյն այդ թաղի բնակիչները պատրաստ էին պաշտպանելու թաղի երեխաները՝ միասնաբար ապահովելով անվտանգութիւն եւ փոխադարձ հոգատարութիւն։ Ապահով մանկութիւն, համայնքային ինքնութիւն, մշակութային հարազատութիւն եւ ազգային ինքնագիտակցութեան հզօր զգացումներ կ՚երեւին պատմուածքին մէջ։
Ցաւալի է, որ այսօր ո՛չ միայն այդ թաղը, այլեւ Պուրճ Համուտի միւս հայաշունչ թաղերը այլեւս այն հայկական ինքնատիպ, ջերմ ու ապահով միջավայրը չեն։ Ներկայիս այդ թաղերը խառն են՝ բազմազգ բնակչութեամբ եւ կեանքի համ ու հոտ նկատուած շատ իրողութիւններ այժմ միայն յուշեր են՝ հեռացած, կամ փոխարինուած արտաքին ու անորոշ աշխուժութեամբ։
Անցեալի թաղերը ապահով ու անվտանգ էին, ուր երեխաները իրարու հետ կը խաղային առանց վախի, մինչդեռ այսօր այդ թաղերը տնտեսական խնդիրներու եւ հասարակական փոփոխութիւններու ճնշման տակ են։ Նոր սերունդը շատ առումներով չի զգար այն նոյն ուրախութիւնը, ջերմութիւնը, անվտանգութիւնը եւ հաւաք հայկականութիւնը, որ կար ժամանակին։
Այդպէսով, այս պատմուածքը ո՛չ միայն յիշողութիւն է, այլեւ՝ հայեացք, թէ ինչպէս ժամանակի ու ընկերային փոփոխութիւններու ազդեցութեամբ կարող է անհետանալ ամբողջ համայնքային ինքնութիւն մը։ Սեդա Մարկոսեան Խտըշեանի պատկերած աշխարհը կը դառնայ գաղափարական չափանիշ, որով կարելի է չափել եւ կարեւորել հայկական այդպիսի թաղերու արժէքը, ընդհանրապէս՝ արժէքներու անմահութիւնը՝ նկարագրուած արեւմտահայ գրական լեզուով եւ հարուստ պատկերագրութեամբ: Այս գիրքը հրատարակուած է Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն եւ լայն արձագանգ գտած է։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Սեդա Մարկոսեան Խտըշեանի «Մեր թաղը մեր տունն էր» գրութիւնը։
*
Մեր թաղը մեր տունն էր՝ ապահով ու մաքուր, խաղաղ ու հանգիստ։ Կը խաղայինք փողոցը մինչեւ ուշ ատեն, երբ այլեւս արեւը մայր կը մտնէր։ Ոչ մէկ վտանգ կը սպառնար մեզի. հոն էին թաղեցիք, եւ մեր կռնակը ամուր էր շնորհիւ անոնց մնայուն ներկայութեան: Դպրոցէն հազիւ տուն վերադարձած՝ պայուսակները կը նետէինք ու կը վազէինք դուրս՝ թաղը, փողոցը, խաղալու ֆութպոլ, հոլ, չելլիկ, հինգ քար։ Կամ տափակ՝ հինգ քարեր իրարու վրայ կը շարէինք եւ, որոշ հեռաւորութեան մը վրայ կեցած, ուրիշ աւելի մեծ քարով մը կը թիրախէինք՝ վար բերելով քարերու բլուրը։ Այս՝ այսօրուան պոուլինկը (bowling) յիշեցնող խաղի տեսակ մըն էր։ Կը խաղայինք նաեւ ղըժ-ղըժ, որ երեք անիւներու վրայ հանգչող փայտի տափակ կտոր մըն էր, որով կը սահէինք դէպի զառիվայր փողոցները՝ մեծ աղմուկ հանելով։ Այսօրուան scooter-ն է, որ որպէս զուարճութեան առարկայ մեծ ընդունելութիւն գտած ու տարածուած է Ամերիկայի մէջ։ Ո՜վ գիտէ, թերեւս Պուրճ Համուտէն Ամերիկա մեկնած հայ մը տարած է անոր գաղափարը, եւ ամերիկացին իւրացնելէ ետք ճարտարարուեստական միջոցներով արդիականացուցած է զայն եւ մինչեւ այսօր միլիոններ կը դիզէ։ Վազքէն կամ խաղերէն յոգնած՝ յաճախ կը նստէինք պատին տակ եւ յեղափոխական երգեր կ՚երգէինք խանդավառ՝ հաւատալով իւրաքանչիւր բառին, իսկական անկեղծ ու երդուեալ զինուորներ ըլլալու, կամ իբրեւ արծիւ կը սաւառնէինք հայրենի լեռներուն վրայ՝ առանց երբեք տեսած ըլլալու զանոնք, բայց կը զգայինք մեր լեռները մեր հոգիին ու մտքի թրթիռներով։ Եւ միայն երգացանկը աւարտելէ ետք կը մտնէինք տուն։
***
Բոլոր թաղեցիները իրենց տուներուն առջեւը կ՚աւլէին ու կը մաքրէին, ամրան՝ կը ջրէին, որ զովանային։ Ներսի թաղերուն մէջ սովորութիւն էր դրան առջեւ աթոռները շարել եւ նստիլ սուրճ խմելու: Հազուադէպ ինքնաշարժ մը կ՚անցնէր այդտեղէն։ Կը յիշեմ մասնաւորաբար Աննա տուտուն, շատ մաքրասէր կին մը, որ իր տունը մաքրելէ ետք իր տան առջեւի փողոցը եւս կ՚աւլէր, կը մաքրէր եւ ներս կը քաշուէր։ Թաղին այդ մասը ընդհանրապէս շատ զով կ՚ընէր եւ ազատ կ՚ըլլար։ Յաճախ հոն կ՚երթայինք խաղալու, բայց Աննա տուտուն դուրս կու գար սաստելու, որ աղմուկ չհանենք.
-Գացէ՛ք, քիչ մըն ալ ձեր դրան առջե՛ւ խաղցէք,- կը թելադրէր յանդիմանելով։ Կ՚անցնէինք «Նալպանտ աղային» փողոցը, որ ճիշդ դիմացի կողմն էր՝ 20-30 մեթր հեռաւորութեամբ։ Նալպանտ աղային իսկական անունը Լեւոն էր, սակայն թաղեցիք «Նալպանտ աղա» կը կանչէին, այսինքն՝ պայտար, ձիերուն սմբակները պայտող: Կը զգուշանայինք այդ փողոցը խաղալէ, որովհետեւ պատահած էր, որ Նալպանտ աղան սխալ մէկ հարուածով ձին խրտչեցուցած էր, եւ ձին առջեւի ոտքերը վեր-վեր բարձրացնելով մերժած էր «նոր կօշիկները», իսկ Նալպանտ աղան եւ ձիապանը հազիւ զսպած էին հսկայ կենդանին։ Ականատես ըլլալով ձիերու անզսպելի ոստումներուն՝ կը վախնայինք այդ կողմը խաղալու։ Ուրեմն մեզի կը մնար խաղալ Աննա տուտուին դրան առջեւ, ամենամաքուր եւ ապահով փողոցը։ Իսկ տիկին Վալանթինը՝ պարոն Երուանդին կինը, իր կարգին կը յանդիմանէր դրանը առջեւ խաղացողները, մանաւանդ աղջիկները՝ ըսելով անոնց.
-Տո՛ւնը նստեցէք քիչ մը եւ ձեռագո՛րծ ըրէք,- երբ տակաւին տասը-տասներկու տարեկան պատանիներ էինք։ Վասնզի ամօթ էր տղոց խումբին խառնուիլ, տղոց հետ ու տղու պէս խաղալ, բայց այդ բարքերը արդէն սկսած էին մաշիլ։ Այդ օրերուն փողոցէ-փողոց կը շրջէին նաեւ ձեռքի վրայ փայտէ սնտուկի մը մէջ սինեմա ցուցադրողներ։ Սնտուկին վրայ պատուհանիկներ բացուած կ՚ըլլային, մէջը ճախարակ մը, որով մէկ ծայրէն միւսը կը դարձնէին, եւ պատուհանիկներէն կը տեսնուէին պատկերները։ Բայց պէտք էր դէմքդ մօտեցնէիր, փակցնէիր պատուհանիկներուն, որպէսզի կարենայիր տեսնել։ Սինեմա ցուցադրողները մեր թաղերը կը պտտէին ընդհանրապէս յետմիջօրէներուն, որովհետեւ թաղի փոքրիկները չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը կանուխ կ՚արձակուէին դպրոցէն եւ ազատ կը խաղային փողոցը։ Հինգ դահեկանով անոնք մեզի կը պարգեւէին անհաւատալիօրէն գեղեցիկ եւ կախարդական պատկերներ։ Մենք մեծ հետաքրքրութեամբ ու հմայուած կը դիտէինք քանի մը վայրկեանի համար մեր երեւակայութիւնը սրող պատկերները, որոնց դերասանները կը հրապուրէին մեզ իրենց գեղեցկութեամբ, բայց աւա՜ղ, պատմութիւնը չաւարտած, հինգ դահեկանի ժամանակը կ՚աւարտէր, եւ կ՚իջնէր սեւ վարագոյր մը՝ յուսախաբ ընելով մեզ։ Պատահեցաւ օր մը, որ սինեմա ցուցադրողներէն Նիքոլա անունով փնթի, վրան գլուխը աղտոտ եւ հակակրելի մարդ մը, դիտումնաւոր կերպով անկասկած, փոքրիկներուս առաջարկեց ձրի դիտել։ Ասի շատ տարօրինակ առաջարկ էր։ Չորեքշաբթի յետմիջօրէ մըն էր դարձեալ։ Նիքոլան փոքրիկ աղջնակներէն մէկը գիրկը առաւ եւ սկսաւ ֆիլմը ցոյց տալ։ Տղաքը զգացին, որ սխալ բան մը տեղի կ՚ունենայ, որովհետեւ գիրկը նստեցնելը անոնք լաւ չընկալեցին, վազեցին եւ իմացուցին տիկին Վալանթինի Վարուժանին, որ փողոցի վերի անկիւնը կեցած էր։
Վարուժանը կայծակի արագութեամբ հասաւ՝ բարկացայտ աչքերով.
-Ո՞ւր է այդ սրիկան,- ըսաւ շան սատակ ընելու պատրաստ։
Մինչ այդ սինեմային տէրը, տեսնելով թաղի տղոց դէպի Վարուժանը վազելը եւ զգալով գալիք աղէտը, հաւաքուած եւ անհետացած էր արդէն։ Անգամ մըն ալ ան չերեւցաւ մեր թաղերը։
Այսպէս էին մեր թաղեցիք, կարեւոր չէր, թէ որո՞ւ զաւակն էր, կը բաւէ, որ թաղի երեխաներէն մէկուն վտանգ սպառնար, ամէնքը հոն էին՝ պատրաստ նետուելու եւ դիմագրաւելու սպառնալիքը:
Թաղի հետաքրքրական երեւոյթներէն էին նաեւ ձեռքի վրայ ուտելիք, կերպաս կամ կառքի վրայ պնակ, գաւաթ եւ այլ խոհանոցային իրեր ծախող փերեզակները, շրջուն վաճառորդները, կերպաս ծախողը ուսին նետած կ՚ըլլար հագուստի կտորներ կամ այր մարդու քոսթիւմի կերպասներ։ Թաղեցի կիները խեղճ մարդը կը կանչէին գնելու նպատակով, բայց որոշելէ առաջ՝ պէտք էր տեսնէին կտորներուն ամբողջ տրցակը։ Ծախողին գլուխը հաւաքուած, ժամ մը, մէկիկ-մէկիկ բանալ կու տային կերպասները, կը սակարկէին գինն ալ, ի վերջոյ եզրակացնելու համար, որ «հիմա ատենը չէ այդքան դրամ թափելու» եւ ձեռնունայն կը ճամբէին «վաճառական»ը։ Մեզի համար շատ հաճելի էր ձմրան գիշերները պուշար (բոհրած կորեկ, pop corn) ծախող շրջուն վաճառորդին այցը մեր թաղերը։ Բարձրահասակ, լայնաթիկունք մարդ մը, գլխուն սեւ փափախ, սեւ երկարաճիտ քաուչուքէ մոյկեր հագած, կռնակն ալ սեւ, մեծ տոպրակ մը՝ մէջը լեցուն բոհրած կորեկ, տակաւին տաք: Գիշերուան ժամը ութի ժամանակները թաղին խաչմերուկին կը կենար եւ «պուշա՜ր, պուշա՜ր» կը կանչէր։ Թաղեցիներու դռները շատ արագ կը բացուէին։ Փոքրիկները ամանները բռնած հինգ կամ տասը դահեկան կ՚երկնցնէին։ Պուշար ծախողը մասնաւոր չափելիք թաս մը ունէր, որով առատաձեռնութեամբ կը լեցնէր մէկ կամ երկու թաս ու քանի մը վայրկեանէն խոշոր տոպրակ մը պուշարը պարպած կը մեկնէր։ Փոքրիկները, խանդավառ եւ արագ ներս կ՚անցնէին՝ ձմրան երկար գիշերներու ձանձրոյթը պուշարով փարատելու համար։
Բայց ամենէն աւելի խանդավառութիւն ստեղծողը ապուխտը ծածկապատելու ծառայող չամանը ծախողին այցն էր։ Շատ նիհար ու ջղուտ մարդ մըն էր, պտլիկ աչքերով։ Ընդհանրապէս միշտ ճերմակ եւ շատ մաքուր շապիկ մը հագած կ՚ըլլար, թեւերը վեր սոթտած, սեւ փափախ մը գլխուն։ Ճերմակ չինգօ մեծ ամանի մը մէջ լեցուն չամանը ձախ ձեռքով բռնած ու մէջքին հանգչեցուցած՝ կէսօրուան մօտերը կու գար եւ՝
-Հալի՜ս պաստրմա չէմէնի, հալի՜ս,- կը կանչէր։
(Հարազա՜տ ապուխտի չաման, հարազա՛տ): Առաջին «հալիս»ը կ՚երկնցնէր, իսկ երկրորդը՝ աւելի կտրուկ՝ հրաւէրը կը դարձնէր պարտադիր։ Շատ կը սիրէինք չամանը՝ հակառակ կծու ըլլալուն։ Թէյի գաւաթի պզտիկ պնակները ձեռքերնիս՝ կը շրջապատէինք չամանճին, որ փայտէ շերեփով կը լեցնէր՝ շերեփը հինգ դահեկան։ Չամանը ահաւոր կը հոտէր, սակայն համը կը գերադասէինք իր բոլոր անպատեհութիւններէն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան