ԹՈԼՍԹՈՅԻ ՀԵԾԱՆԻՒԸ ԵՒ ՈՒՇԱՆԱԼՈՒ ԶԳԱՑՈՒՄԸ

«Չէի գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ուզէի, ես կը վախնայի կեանքէն, կ՚ուզէի փախչիլ կեանքէն, բայց, այնուամենայնիւ կեանքէն բան մը կը սպասէի», ըսած է Լեւ Թոլսթոյ։

Ան հեղինակաւոր գրող մըն է, որ ծնած է 1828 թուականին Ռուսաստանի մէջ եւ ստորագրած է անզուգական գործեր եւ իր անփոխարինելի տեղը ունեցած է համաշխարհային գրականութեան մէջ։ Իր վէպերու, պատմուածքներու եւ նամակներու լոյսին ներքեւ յայտնուած են բազմաթիւ նոր գրողներ։ Իրականութեան մէջ կարելի է յստակ ըսել, որ Թոլսթոյի գրականութիւնը՝ թէ՛ ստեղծագործութիւններով եւ թէ իր կեանքով մեծ ազգեցութիւն թողած է գրականութեան ոլորտին։

Ի հարկէ, այս առասպելական յաջողութիւններով լի գրական կեանքի հիմքին կայ դէպք մը: Տարիներ առաջ ես լսեցի մտայղացքի մը մասին, որ կը կոչուէր «Թոլսթոյի հեծանիւ»։ Այս օրերուն կը խորհէի, որ իմ կեանքի կարգ մը նպատակները իրականացնելու համար ուշացած եմ, պիտի չկարենամ հասնիլ, եթէ նոյնիսկ հետապնդեմ զանոնք: Վերոյիշեալ հայեցակարգի ծագումը հիմնուած էր Թոլսթոյի 67 տարեկանին հեծանիւ վարել սորվելուն։

Իսկ այս դէպքը ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է։ Կարելի՞ է ճնշել ուշանալու զգացումը։ Անկեղծ խօսքով՝ յստակ պատասխան մը չունիմ։ Ես վաղուց կը մտածէի, որ մեր ուղեղը նոյնիսկ ամենապարզ նիւթերը կը դասաւորէ ժամանակագրական կարգով։ Օրինակ՝ մանկութեան ժամանակ պէտք է խաղալիքներով խաղալ, փոքր տարիքին պէտք է սորվիլ երաժշտական գործիք նուագել եւ, ամենակարեւորը՝ փոքր տարիքէն պէտք է որոշել, թէ ապագային ի՞նչ պէտք է ընել, ի՞նչ պէտք է սիրել… Ի հարկէ, այս ցուցակը կարելի է երկարել։

Իմ խնդիրը պէտք չէ ըլլայ զգալ ուշացած այս տիեզերքի մէջ, ուր չեմ գիտեր, թէ տակաւին որքա՛ն գոյութիւն կ՚ունենամ։ Մենք չենք ապրիր ժամանակացոյցով, թուային գծով յառաջ երթալը չի նշանակեր մօտենալ աւարտին։ Այդ պատճառով կրնանք հասկնալ, թէ երբ վաղ է, երբ ուշ: Մի գուցէ մեր ակնկալած այն բոլոր գեղեցկութիւնները, յաջողութիւններն ու երջանկութիւնը մեզ կը գտնեն յիսուն տարի յետոյ: Գուցէ անոնք կը յայտնուին այն ժամանակ, երբ նոյնիսկ յուսահատած ըլլամ: «Հիմա շատ ուշ է». երբ ես սա ըսեմ, կը հասկնամ, թէ որքան հեռու եմ ճանապարհէն:

Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» գիրքը լոյս տեսած է, երբ ան գրեթէ յիսուն տարեկան էր, իսկ «Իմ խոստովանութիւնները» գիրքը՝ վաթսուներկու տարեկանին։ Արդարեւ, բոլորը կը հրաւիրեմ պահ մը հաւատալ, որ մենք Թոլսթոյ ենք։ Հասունցած ենք առանց ծնողներու, չենք շարունակած կամ չենք կրցած շարունակել մեր կրթութիւնը, գացած ենք պատերազմի եւ ականատես եղած ենք հարիւրաւոր մարդոց մահուան։ Մեզմէ շատեր մինչեւ երեսուն տարեկան արդէն հրաժարած կ՚ըլլային՝ առանց խորհելու, թէ ապագայ տարիներուն մեզի կը սպասէ համբաւը, յաջողութիւնն ու այդ բոլորի հաճոյքը։

Կեանքէն վախնալով, փախչելով, ինքնաճանաչման հնարաւորութենէն խուսափելով կը սպասենք, որ մահը մեզ գտնէ։ Կը կարծեմ՝ ճիշդ այս կէտին վրայ է, որ Թոլսթոյ կ՚առանձնանայ։ Փաստօրէն այս խնդիրը կրնայ գոյութենական ցաւ պատճառել եւ վերաբերիլ մահուան փիլիսոփայութեան, բայց ես այս յօդուածով պարզապէս կը նախընտրեմ մնալ «կեանքէն ակնկալութիւններ ունենալ, ստանալ այն ինչ, որ կարելի է» մասի վրայ։ Որովհետեւ, այս ուշացումը յոյսի մասին է։ Յոյսը մեր կեանքի աղբիւրն է եւ կարծէք մեր ունեցածները կը փորձեն զայն խլել մեզմէ։

Մանկութենէս ի վեր տեղի ունեցած են կարգ մը պատահարներ եւ անոնցմէ շատերու համար փորձած եմ գտնել արդարացումներ՝ չյուսահատելու համար։ Այնուհետեւ, երբեմն զգացի, որ արդէն ամէն ինչի համար ուշ է, քանի որ չեմ գիտեր ինչպէս պէտք է տուեալ գործընթացէն ազատիլ։ Բայց անդրադարձայ, որ Թոլսթոյի նման պէտք է քիչ մը «արհամարհել» ժամանակը՝ ինչպէս պահը կը պահանջէ։

Ինչպէս Մարք Թուէյն ըսած է. «Քսան տարի անց կը զղջաք այն բաներու համար, որոնք չէք ըրած՝ քան այն, ինչ որ ըրած էք»:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2025