ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Խտրականութիւնը բազմաթիւ հասարակութիւններէ ներս դարձած է (եւ ցաւօք, տակաւին) այնպիսի յատկանիշ մը, որ «բնական» կամ «բնածին» կը համարուի: Փաստօրէն, այս եզրակացութեան յանգած են որոշ հոգեբաններ, որոնք ուսումնասիրած են ներկայ եւ նախկին ժամանակներու մարդկային վարքերը: Եթէ որեւէ յատկանիշ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը եւ տարածուած է, ապա այդ յատկանիշի հետ կապուած ծիները պէտք է «ընտրուած» ըլլան մարդկութեան զարգացման ընթացքին։ Ըստ այս տրամաբանութեան՝ խտրականութիւնը կը գտնուի կարեւոր կէտի մը վրայ, քանի որ վաղ ժամանակներու մարդիկ այլ խումբերէ հեռու կը պահէին իրենց աղբիւրներն ու միջոցները։ Սա կը նշանակէր ամրապնդել իրենց գոյատեւման հնարաւորութիւնները։ Այս պայմաններու ներքեւ, ըստ հոգեբան Փասքալ Պոյէրի, խտրականութիւնը բարձր ազդեցութեամբ տնտեսական ռազմավարութիւններու հետեւանքն է։

Այլընտրանքային տեսակէտը այն է, որ խտրականութիւնը (եւ այլատեացութեան բոլոր ձեւերը) չունի ծինային հիմք, այլ՝ անվստահութեան եւ անհանգստութեան հետեւանքով յառաջացած հոգեբանական պաշտպանութեան մեքանիզմ մըն է: Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ երբ մարդոց նախազգուշացումներ կը տրուին մահկանացու ըլլալու մասին, անոնք տեսակ մը անապահովութիւն եւ անհանգստութիւն կը զգան եւ աւելի շատ կ՚ենթարկուին մշակութային ընդունուած վարքագծին եւ իրենք զիրենք կը նոյնացնեն ազգային կամ էթնիք խումբի հետ։ Այս վարքագծին տանող միտքը մահուան առջեւ սեփական կարեւորութիւնը կամ արժէքը բարձրացնելու կամ անվտանգութեան կամ պատկանելիութեան զգացում ձեռք բերելու փափաքն է։ Կը կարծեմ, թէ խտրականութիւնը, աւելի լայն տեսանկիւնէն, պատասխան մըն է անարժէքութեան, անհանգստութեան կամ անբաւարարութեան:

Խտրականութիւնը՝ որպէս հոգեբանական պաշտպանութեան միջոց կը դրսեւորուի զանազան ձեւերով։ Եթէ անձը ինքնութեան պակաս կամ անապահովութիւն զգայ, կ՚ուզէ միանալ խումբի մը՝ իր ինքնութիւնը ամրապնդելու եւ պատկանելիութեան զգացում ձեռք բերելու համար։ Աւելի մեծ կազմակերպութիւններու մէջ ներգրաւուած ըլլալը եւ խումբի միւս անդամներու հետ հասարակաց գործ մը կատարելը մարդիկը կը մղէ աւելի ամբողջական եւ կարեւոր զգալ։

Այս մարդիկ յաճախ կը հպարտանան ազգային, կրօնական ինքնութեամբ կամ մարզային խումբի մը աջակցութեամբ, հետեւաբար եղբայրութեան զգացում կ՚ունենան իրենց ինքնութիւնը բաժնող ուրիշներու հետ։ Այնուամենայնիւ, այս խմբային ինքնութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ, որ իրադարձութիւնները հասնին այլ խումբերու նկատմամբ թշնամանքի զարգացման: Խումբի անդամները կրնան թշնամական վերաբերմունք զարգացնել այլ խումբերու նկատմամբ՝ սեփական ինքնութիւնը ամրապնդելու համար: Խումբը կրնայ ներքուստ աւելի համախմբուած դառնալ՝ այլ խումբերու հետ մրցակցութեան կամ թշնամանքի միջոցով:

Երբ խումբի անդամները զրկուին համակրական հասկացողութենէ եւ կը սահմանափակեն իրենց հետաքրքրութիւնն ու սէրը միայն իրենց խումբի անդամներու նկատմամբ, անոնք կը սկսին դաժան եւ անողոք վերաբերմունք ցուցաբերել այլ խումբի անդամներուն դէմ։ 

Խտրականութեան ամենավտանգաւոր եւ կործանարար ձեւի պարագային անհատներ կրնան իրենց հոգեբանական թերութիւնները կամ անձնական ձախողումները ուղղորդել այլ խումբերու՝ պատասխանատուութենէ եւ որեւէ մեղադրանքէ խուսափելու համար։ Այլ խումբերու անդամները կրնան դառնալ քաւութեան նոխազ, մեղադրուիլ, նոյնիսկ յարձակման ենթարկուիլ կամ սպաննուիլ՝ վրէժ լուծելու համար։ Ուժեղ եսամոլ անդամները աւելի հակուած են նման վարքագծեր դրսեւորելու, որովհետեւ անոնք չեն կրնար ընդունիլ իրենց սխալները եւ կը միտին իրենց յանցանքը ուրիշներուն վրայ բարդել։

Այլ խօսքով, խտրականութիւնը հոգեբանական անհանգստութեան ախտանիշ մըն է: Նման վարքագիծը կը վկայէ հոգեբանական ամբողջականութեան, ինքնագնահատականի կամ ներքին խաղաղութեան բացակայութեան մասին։ Հոգեբանօրէն առողջ անհատները, որոնք ուժեղ ինքնազգացողութիւն եւ ներքին խաղաղութիւն ունին, այլատեացութեան որեւէ հակում չեն ունենար, անոնք խումբի մը անդամակցելով իրենց ինքնութիւնը ամրապնդելու կարիք չեն զգար։ Ի հարկէ, թմրամիջոցներու օգտագործումը, մոլուցքային, նիւթապաշտ կամ ագահ ըլլալը նոյնպէս խտրականութեան պատճառ կրնան դառնալ:

Հարկ է նշել, որ մարդկային ցեղը առանձին «ցեղերու» բաժնելու կենսաբանական հիմք գոյութիւն չունի։ Կարելի է խօսիլ միայն մարդկային խումբերու մասին, որոնք յարմարած են տարբեր կլիմայական պայմաններուն կամ միջավայրերուն: Մեր միջեւ տարբերութիւնը անորոշ է եւ մակերեսային։ Ըստ էութեան՝ չկան ցեղեր, բոլորս կը համախմբուինք «մարդկութիւն» բառին տակ:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025