ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂՑՐ ԵՒ ԴԱՌՆ ՕՐԵՐԸ

Հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կենսագիր Արամ Ինճիկեան Յովհաննէս Թումանեանի մասին գրած իր գիրքերուն մէջ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ բանաստեղծի կեանքի բոլոր շրջաններու մասին, բայց, ուշագրաւ են յատկապէս Թումանեանի մանկութեան տարիներու նկարագրութիւնները, զորս կենսագիրը կու տայ ամենայն մանրամասնութեամբ։

Թումանեանի մանկութեան եւ պատանեկութեան մասին գիրք գրած է նաեւ գրողի դուստրերէն Նուարդը։ Անոնք մանրամասն նկարագրած են գիւղը, ուր ծնած է ապագայ գրողը, ընտանիքը, որու ջերմութեամբ մեծցած է, ընկերները, որոնց հետ խաղացած է, բնութեան տեսարանները, որոնցմով ան ներշնչուած է․․․ Նկատելի է, որ մանկութիւնը մեծ ազդեցութիւն ձգած է Յովհաննէս Թումանեանի վրայ եւ չափահաս տարիներուն ալ ան միշտ մտովի դարձած է դէպի այդ յիշողութիւնները, որոնք վառ ու պայծառ մնացած են մինչեւ վերջ։ 

Բացի անկէ, որ Թումանեանը, հասուննալով եւ ընտանիք կազմելով ունեցած է բազմանդամ ընտանիք (տասն երեխայ), նաեւ իր հայրական ընտանիքը բազմանդամ եղած է։ Թումանեանի կեանքի առաջին տասնամեակը՝ մանկութեան տարիները անցած են իր ծննդավայրին մէջ՝ Լոռիի Դսեղ գիւղին մէջ՝ հայրենի յարկին տակ, հարազատ բնութեան գիրկը։ 

Թումանեան յետագային շատ կարեւորած է մարդու մը մանկութեան տարիները՝ գրելով․ «Մանկութիւնը մարդու կեանքի այն ամենաընդունակ շրջանն է, երբ ան չորս կողմէն կ՚ընդունի, սնունդ կ՚առնէ ու կը զարգանայ շարունակ... Ամէն բան, ինչ որ կը շրջապատէ անոր, ինչ որ գոյութիւն ունի աշխարհին մէջ, սնունդ է անոր համար»։

Կենսագիրը կը յայտնէ, որ բանաստեղծի ծննդեան նախորդ տարին (1868 թուականին) մահացած էր անոր հայրական կողմէն մեծ հայրը՝ Յովհաննէս աղան, որու յիշատակն ու ոգին, սակայն, երկար տարիներ վառ մնացած է Թումանեանի ընտանիքէն ներս։ Այդ մեծ հօր անունով ալ կոչած են զինք, բայց Յովհաննէս եղած է նաեւ մօրական մեծ հօր անունը։ Բազմանդամ ընտանիք եղած է անոնց ընտանիքը, որ ապրած է նահապետական սովորութիւններով եւ աւանդոյթներով։

Մինչեւ 1875 թուականը՝ այսինքն մինչեւ բանաստեղծի վեց տարեկան ըլլալը, Յովհաննէս աղայի որդիները՝ Թումանեանի հայրը՝ Ասլանը (Տէր Թադէոս), միւս որդիները՝ Գրիշկան եւ Մամը՝ իրենց կիներով եւ զաւակներով, միասին ապրած են։ Յովհաննէսէն զատ, Տէր Թադէոս ունեցած է եւս եօթ զաւակ՝ չորս տղայ եւ երեք աղջիկ՝ Ռոստոմ, Օսան, Իսկուհի, Վահան, Աստղիկ, Արշաւիր եւ Արտաշէս։ Յովհաննէսին խաղընկերները հիմնականը եղած են իր տարիքին մօտ քոյր ու եղբայրը՝ Ռոստոմը եւ Օսանը։ Ընտանիքի նիւթական վիճակին մասին քիչ տեղեկութիւններ պահպանուած են, բայց Թումանեանը իր կեանքի վերջին օրերուն, մանկական յուշերը նկարագրած ատեն խօսած է իր հայրական տան լիութենէն՝ ըսելով, որ հօր տունը առատ էր, հարուստ․ «Իմ հայրս քիչ բան չէր սիրեր գնել, խաղողը բեռներով կը գնէր, քիշմիշը՝ խուրջինով։ Անոր ամենափոքր չափը խախալն էր» (կաշիէ՝ խոշոր ծակերով, մաղ)։

Բայց հաւանաբար այդ վիճակը կարճ տեւած է։ Հին, ազնուական ընտանիքը աղքատանալու սկսած է արագ կերպով։ Այդ կը վկայեն նաեւ անոր դպրոցական ընկերներուն պատմութիւնները, որոնք կ՚ըսէին, թէ աղքատութեան տարիներուն Յովհաննէս աղքատ էր եւ որ Ներսիսեան դպրոցէն հեռացած է տնտեսական պայմանները բարենպաստ չըլլալու պատճառով։ Բանաստեղծի եղբայրը՝ Վահանը, իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ, թէ Տէր Թադէոսը կը ստանար 50 ռուբլի եւ «չէր կրնար ամէն մէկս ուսումի տալ»։

Թումանեան տոհմի աղքատացումը եւ գիւղի ու մօտակայ բնակավայրերու մէջ այդ տոհմի երբեմնի ազդեցութեան տկարացումը ա՛լ աւելի երեւելի կը դառնան Յովհաննէս աղայի մահէն յետոյ։ Այն հողամասերը, որոնք զինուորական եղած Յովհաննէս աղան ստացած էր որպէս պարգեւ մարտական սխրագործութիւններու եւ ծառայութիւններու համար, հետզհետէ դուրս կու գան Թումանեաններու հսկողութենէն։ Ընտանիքի նիւթական աղբիւրներու նուազման հետ, կը շատնային պարտքերը․ Տէր Թադէոս իր ամբողջ կեանքը ապրած է պարտքերով։ Պարտքեր ունեցած է նաեւ Յովհաննէս աղան, իսկ պարտքեր ընելու այդ սովորոյթը, ինչպէս Թումանեանի կենսագիրները կը նկատեն, մեծ հօրմէն եւ հօրմէն անցած է բանաստեղծին։ Բանաստեղծի հայրը՝ Յովհաննէս աղայի աւագ որդին՝ Ասլանը, Սանահինի վանքը երկու տարի դպիրի պաշտօն զբաղեցնելէ յետոյ՝ 1874 թուականին՝ 35 տարեկանին, հակառակ իր կամքին կը ձեռնադրուի քահանայ՝ Տէր Թադէոս։ Ծիծաղելով ան յաճախ կրկնած է «Մարդ չդարձայ, տէրտէր դարձայ» խօսքը։ Բանաստեղծը եւ եղբայրը՝ Ռոստոմը, ծնած են իրենց հօր աշխարհական եղած ժամանակ։ Թումանեան իր հօր նկատմամբ խոր յարգանք եւ սէր տածած է։

Իրենց ընտանիքը կոչուած է նաեւ Տէրսանց կամ Աղայենց, եղած է բազմաճիւղ, այդ մեծ ընտանիքին բոլոր անդամները իրենց նկարագրին բնորոշ կողմերով եւ սովորութիւններով, անջնջելի դրոշմ ձգած են Յովհաննէս Թումանեանի յիշողութեան մէջ։ Հակառակ որ Թումանեանի մօրական եւ հօրական կողմի մեծ հայրերը ընկերային զանազան խաւերու կը պատկանէին, Թումանեանի մանկութեան տարիներուն այդ տարբերութիւնը վերացուած էր, մնացած էին սոսկ յիշողութիւններ։ Հօրեղբայր Մամը կը նկատուէր իրենց գիւղի առաջնակարգ որսորդը, իսկ մօրեղբայրները քաջ որսորդներու եւ հովիւներու համբաւ կը վայելէին։ Թումանեանի մանկութեան տարիներուն նահապետական սովորութիւններով կը բնակուէր ողջ գիւղը՝ Դսեղը։ Ինք՝ Թումանեան, նահապետականութեան եւ քարացած աւանդութիւններու հանդէպ երկակի վերաբերմունք ունեցած է եւ ատիկա դրսեւորուած է իր ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Մէկ կողմէն ան նահապետականութիւնը դիտած է իբրեւ պարզութիւն, մաքրութիւն, միւս կողմէն՝ խաւարի դրսեւորում եւ սնոտիապաշտութիւն։

Տէր Թադէոս կը պահպանէր Աղայենց տոհմի նահապետական սովորութիւնները, մանաւանդ՝ հիւրասիրութիւնը։ Թումանեան իր կենսագրութեան մէջ զանազան կերպով կը շեշտէ այդ հանգամանքը․ «Ղոնախներ․․․ միշտ ղոնախներ․․․ Մեր հարսերն ու մայրս՝ միշտ գերի մեր հիւրերուն»։ Եւ հակառակ այդ նկատառումին՝ ան սեփական ընտանիքի մէջ շարունակած է անվերջ հիւրեր ընդունելու այդ սովորութիւնը։ 

Նկատելի է, որ մանուկ Թումանեանի առաջին հոգեւոր սնունդը եղած է ժողովրդական արուեստը՝ պատմական աւանդութիւններով, առասպելներով, հեքիաթներով, զրոյցներով, առակներով, ասացուածքներով, երգ ու զրոյցներով։ Այդ բանարուեստի բազմաթիւ նմոյշներ Թումանեան գոց գիտէր պզտիկ տարիքէն։ Պատմութիւնները կը լսէր ո՛չ միայն ընտանիքի աւագ անդամներէն, այլեւ՝ գիւղի տարեցներէն։ Այդ ամէն ինչը ան վերահիւսած է իր ստեղծագործութիւններուն մէջ։

Թումանեանի մանկութեան շրջանի հեքիաթասացներէն էր իր մանկութեան ընկեր Նեսոն՝ իր խաղընկերը, որ ստեղծագործական վառ երեւակայութեամբ եւ պատմելու շնորհով օժտուած պատանի մը եղած է։

Լոռիի հորովելները, սայլերգերն ու կալերգերը Յովհաննէս Թումանեան լսած է իր հօրեղբայր Մամէն, որ նաեւ գիւղի նշանաւոր մաճկալներէն էր։ Եւ կենսագիրները նկատած են, որ «Գութանի երգը», «Կալի երգը» (լոռեցոնց), «Կալի երգը» (ժողովրդական), «Գութան» բանաստեղծութիւնները Թումանեան գրած է իր մաճկալ հօրեղբօր երգերու ներշնչմամբ։ Նոյն կերպով մանուկ Թումանեանի յիշողութեան մէջ տպաւորուած են նաեւ 1870-ական թուականներուն արդէն մեծ տարածում գտած հայրենասիրական հոգեւոր երգերը։

Ինքնակենսագրական պատումի մը մէջ Թումանեան կը յիշէ «Կիլիկա» երգին մասին՝ ըսելով․ «Մանկութեանս նոր երգ մը դուրս եկած էր, կ՚երգէինք եղբօրս հետ, զիլ ձայնով․ «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ..»։ Ու չէի հասկնար, թէ ինչ կ՚երգեմ։ Նոր կը հասկնամ»։ 

Բանաստեղծին վրայ զօրաւոր տպաւորութիւն ձգած են իր հօր երգն ու նուագը, երբ ան «իրիկունները... թինկը տուած՝ կ՚ածէր իր չոնգուրն ու կ՚երգէր Քէօրօղլուն, Քեարամը, կամ որեւէ հոգեւոր երգ»։

Թումանեանի առաջին մեծ վիշտը իր հօրը մահը եղած է։ Հօր մահէն յետոյ ան երկար ժամանակ հիւանդացած է։ Կապուած է նաեւ մօրը՝ Սօնային։ Ծնողքին մասին ըսած է․ «Մեծ բախտ է լաւ ծնողք ունենալը, մանաւանդ՝ լաւ մայր․ մայրը ամէն ինչ է։ Իմ մայրս սարի պախրայ էր, եղջերու․․․ շատ գեղեցիկ, զարմանալի առողջ եւ տաք սիրտի տէր․․․ եւ ինչ որ սարի բան կայ իմ մէջս՝ իրմէ է»։

Թումանեանի նախնիները, ինչպէս ինք կ՚ըսէ, կը սերէին հին հայկական տոհմէ մը, որ 10-րդ դարուն ձգելով Տարօնը, կը հաստատուին Լոռի։ Անոնք ճանապարհներ շինած են այդ ձորերուն մէջ, կամուրջներ կառուցած, յուշարձաններ եւ աղօթարաններ կանգնեցուցած․․․ Այդ գործը շարունակած են Թումանեանի ընտանիքի անմիջական անդամները եւ իր մեծ հայր Յովհաննէս աղան նաեւ այդ պատճառով է, որ երբեմն պարտքեր ըրած է։ Բայց եւ այնպէս, յառաջադէմ մարդ նկատուած է։ Առաջինը ան եղած է, որ Լոռիի մէջ մոմի գործածութիւն մտցուցած է, մինչ այդ գիւղացիները կը գործածէին ձէթի ճրագ։ Ան զինուորական եղած ժամանակ Ռուսաստանէն բերած էր նաեւ հայելի, նկարներ եւ այդ ժամանակուայ համար այլ ժամանակակից իրեր։

Թումանեանց տունը կը գտնուէր գիւղամէջը, որ ինչպէս հայկական բոլոր գիւղերուն մէջ, իրադարձութիւններու կեդրոնավայրն էր։

Ւր ինքնակենսագրական նօթերուն մէջ Թումանեան գծագրած է գիւղական քանի մը կերպարներ, որոնք նաեւ աղքատ էին, հալածուած։ Ան պզտիկ տարիքէն տեսած է նաեւ մարդու տառապանքը եւ մանկութիւնը պզտիկ տղայի հոգւոյն մէջ միայն ուրախ պատկերներ չեն գծած, ան նաեւ տխրութիւն եւ ճնշումներ ունեցած է։ Յայտնի է նաեւ Թումանեանի յայտնի պատգամը՝ փոխանցուած իր մեծ հայրերէն՝ «Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք, բայց մեզ պէս չապրէք»։

ԱՌԱՋԻՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ

Յովհաննէս Թումանեանի առաջին ուսուցիչը, որմէ ինք գրաճանաչութիւն սորված է, եղած է կրտսեր հօրեղբայրը՝ Գրիշկա բիձան՝ Գրիգոր Թումանեանը։ Անոր մասին Թումանեան ինք ինքնակենսագրութեան մէջ յիշատակումներ կը կատարէ։ Բայց նաեւ «անյաջող վարժապետ» կոչած է հօրեղբայրը, ինչ որ ենթադրել կու տայ, թէ անկանոն ուսում ստացած է այդ դպրոցին մէջ, որ շուտով դադրած է։ Ատկէ ետք Յովհաննէս Թումանեան մտած է Սահակ վարժապետին դպրոցը։ Սահակ Տէր-Յովհաննիսեանը Թումանեանի ընտանիքի ազգականներէն մէկուն փեսան էր, նոյնպէս՝ տիրացու։ Այդ դպրոցին նախաձեռնողը, Թումանեանի պատմելով, եղած է իր մայրը, որ խնդրած է տիրացուէն՝ երթալ եւ գիւղի երեխաներուն կարդացնել․․․ Պայմանը եղած է այն, որ գիւղացիներն ալ Սահակին տէր ըլլան՝ պահեն։ Քանի մը օրէն գիւղի մէկ սենեակին մէջ խումբ մը երեխաներ՝ տղայ եւ աղջիկ, շարուած կ՚ըլլան, որոնց մէջ էր Թումանեանը։ Գիւղացիները, ի դէմս հոգաբարձուներու, Սահակ վարժապետին հետ պայմանագիր մը կը կնքեն՝ որոշակի գումարի դիմաց, բայց աշակերտներուն թիւը պիտի ըլլար 35։ Ինքնակենսագրութեան մէջ, նաեւ՝ կենսագիրներու գրութիւններուն մէջ չի նշուիր, թէ ինչ որակի կրթութիւն ստացած է Թումանեան Սահակ վարժապետի դպրոցին մէջ, բայց, գրողը կը յիշէ՝ մանաւանդ երկաթեայ գաւազանին առկայութիւնը, որու ահ ու սարսափէն նոյնիսկ աշակերտներէն մէկը տունէն եւ նոյնիսկ գիւղէն կը փախի։ 

Մօտ մէկ տարի հոն ուսանելէ յետոյ Յովհաննէս Թումանեան կը սկսի ուսանիլ Ջալալօղլուի մէջ (այժմու Ստեփանաւանը)։ Թումանեանի ինքնակենսագրական նշումները հիմք կու տան կենսագիրներուն ենթադրելու, որ Տէր-Թադէոսը նախնական մտադրութիւն ունեցած է Թումանեանը ուսման տալ Էջմիածնի ճեմարանը, իբր այդ մեկնած են Էջմիածին։ Ճեմարան այցելած օրը սաներէն մէկուն թաղման արարողութիւնը ըստ երեւոյթին ճնշող տպաւորութիւն գործած է Տէր Թադէոսին վրայ եւ ան հրաժարած է այդ մտադրութենէն։ Ըստ Նուարդ Թումանեանի՝ ատիկա տեղի ունեցած է 1879 թուականի օգոստոսին՝ Ջալալօղլու մեկնելէն առաջ։ Ջալալօղլուի մէջ Թումանեան ընդունուած է Տիգրան Տէր-Դաւթեանի երկսեռ դպրոցը, ընտանիքը հոն ուսանելու կը տանի նաեւ Ռոստոմը։ Այդ դպրոցը, իր բացումէն երկու ամիս անց արդէն հռչակուած էր որպէս գաւառի միակ բարեկարգ դպրոցը։ Ջալալօղլուն այդ ժամանակ Լոռիի գաւառի վարչական կեդրոնն էր։ Այս դպրոցին մէջ Թումանեան կ՚ուսանի մօտ երեք տարի։ Ապագայ գրողի ստեղծագործական ձիրքին բացայայտումը հիմնականը տեղի կ՚ունենայ Ջալալօղլուի մէջ։ Հոս ալ ան ունեցած է իր առաջին սէրը, սիրահարուած է տեսուչի դուստրերէն մէկուն, որուն բանաստեղծութիւն ձօնած է։ 

1883 թուականին արդէն Յովհաննէս Թումանեան բնակած է Թիֆլիզ։

Թումանեանի վրայ անջնջելի տպաւորութիւն ձգած են նաեւ Լոռիի պատմական յուշարձանները, որոնք անոր մէջ սէր արթնցուցած են պատմութեան եւ ազգագրութեան հանդէպ։ 

ԲՆՈՒԹԻՒՆ

Անժխտելի է Լոռիի անզուգական եւ հեքիաթային բնութեան դերը՝ Յովհաննէս Թումանեանի ներաշխարհի ձեւաւորման մէջ։ Իր առաջին գեղարուեստական զգացողութիւնները ան զգացած եւ իր առաջին ստեղծագործական պատկերները ընկալած է բնութեան մէջ՝ ներշնչուելով անկէ եւ պաշտելով հայրենի բնութիւնը, իբրեւ ծնող, ընտանիք, ստնտու․․․ Ինքնակենսագրական նիւթերէն կ՚երեւի, թէ բնութիւնը ինչքան մեծ տեղ ունեցած է բանաստեղծի մանկական տպաւորութիւններուն մէջ։ 

Ան յիշատակած է իր սիրած վայրերը, բնութեան երեւոյթները, տեսարանները, կենդանիները... Գիշերները լռութեան մէջ միշտ ականջ դրած է Դեբետ գետի ձայնին, որ կու գար խոր ձորէն, երբեմն՝ խուլ ու խոր, երբեմն՝ ահարկու։ Դեբետի ձորին մէջ գտնուած են Թումանեանի հօրենական տան ընկուզենիի հին այգին եւ ջրաղացը, ան յաճախ գիշերած է այդ վայրերուն մէջ։ 

Թումանեան առանձնակի ջերմութեամբ նկարագրած է գիւղի առաւօտուայ աքաղաղներուն ձայնը, իսկ գիշերը՝ շուներու հաջոցը։

Ան իր ինքնակենսագրութեան մէջ կը յիշէ իրենց պոզատ գոմէշը, կովերը՝ Սաղարը, Նազլունը, Ծաղիկը, Չերքէզը, Թոփլան շունը, Ղայթարը, Մարինոս էշը, սեւ Մաշկոն․․․․ Թումանեանի սեւագրութիւններէն դատելով՝ բանաստեղծը մտադիր եղած է մանկութեան տպաւորութիւններու հիման վրայ գրել նոր երկեր՝ յատկապէս արձակ, նոյնիսկ սկսած է, սակայն անաւարտ ձգած է զայն։ 

Հայրենի բնութեան եւ մանկութեան կարօտը յետագային շատ խիստ կերպով զգացնել տուած են բանաստեղծին, մանաւանդ՝ ճակատագրական հիւանդութեան ժամանակ, երբ գամուած էր անկողնի… Ան դաժան այդ ամիսներուն վերյիշած է հայրենի սարերն ու ձորերը, թաւուտները, Դեբետ գետը, սառնորակ աղբիւրները եւ կանխազգալով իր մահը՝ ցանկութիւն յայտնած է, որ իր աճիւնը ամփոփուի հայրենի գիւղի բլրակի մը վրայ, ուր իր մանկութիւնը անցած է։ Բայց բանաստեղծը, ինչպէս ծանօթ է՝ յուղարկաւորուած է Թիֆլիզ։ Ամէն տարի, փետրուար ամսուն, ոգեկոչումներով եւ յիշատակի ձեռնարկներով կը նշուի Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը, որ Հայաստանի մէջ դարձած է Գիրք նուիրելու օր։ 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025