ԱՂՔԱՏ ԵՆ ՆԱԵՒ ԱՆՈՆՔ, ՈՐՈՆՔ ԱՆՏԵՍՈՒԱԾ, ՄԵՐԺՈՒԱԾ, ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԱԾ ԵՒ ԱՏՈՒԱԾ ԿԸ ԶԳԱՆ ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ (Խորհրդածութիւններ նոյեմբեր ամսուայ համար)

Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։ Գիրքէն կը ներկայացնենք խորհրդածութիւններ՝ նոյեմբերի համար։ Այս ամսուայ խորհրդածութիւնները լուսանցքին վրայ ապրող մարդուն, անոր տեսանելի-անտեսանելի վէրքերուն եւ Եկեղեցւոյ կոչումին՝ անոր կողքին կանգնելու մասին են։

ՀԱՍՆԻԼ ԼՈՒՍԱՆՑՔԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐՈՒՈՂՆԵՐՈՒՆ

Աշխարհէն ներս աննշան եւ լուսանցքային նկատուողները էական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Եկեղեցւոյ համար: Այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, որովետեւ, իբրեւ Եկեղեցւոյ անդամներ, մեր կոչումն է մեր ուշադրութիւնը ուղղել դէպի ընկերութեան կողմէ լուսանցքային համարուողները։ Անտունը, անօթին, որբը, անբուժելի հիւանդութիւններով վարակուածները, հոգեկան տագնապներու մէջ գտնուող մեր եղբայրներն ու քոյրերը… առաջնահերթ ուշադրութեան կը կարօտին:

Երբ ամէն ջանք կը թափենք հասնելու համար մեր ընկերութեան լուսանցքներուն վրայ գտնուողներուն, մենք պիտի անդրադառնանք, որ փուճ անհամաձայնութիւնները, ապարդիւն վէճերն ու անդամալուծող մրցակցութիւնները պիտի նուազին եւ աստիճանաբար՝ չքանան:

Եկեղեցին շարունակաբար կը վերանորոգուի, երբ մեր ուշադրութիւնը կը տեղափոխուի մեր անձերէն դէպի անոնց վրայ, որոնք մեր հոգատարութեան կարիքը ունին: Յիսուսի օրհնութիւնը միշտ աղքատներու միջոցաւ է, որ մեզի կու գայ։

Աղքատներուն վիճակը բարելաւելու համար աշխատողներուն փորձառութիւնը կը հաստատէ, որ ի վերջոյ, աղքատները աւելի կու տան քան՝ կը ստանան: Անոնք մեզի սնունդ կու տան:

ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ԱՂՔԱՏՆԵՐԸ

Աղքատները Եկեղեցւոյ սիրտը կը կազմեն: Բայց որո՞նք են աղքատները: Առաջին հերթին պիտի տարուինք մտածել մարդոց մասին, որոնք մեզմէ տարբեր են: Աղքատ ըսելով, պիտի փորձուինք նկատի ունենալ մարդիկ, որոնք ճամբաները կը քնանան, աւերուած, լքուած ու նեխած վայրերու մէջ կը բնակին, որոնք բանտերու, խենթանոցներու եւ բուժարաններու մէջ են: Բայց, աղքատները կրնան նաեւ շատ մօտ ըլլալ մեզի: Անոնք կրնան մեր ընտանիքներուն, եկեղեցիներուն եւ աշխատանոցներուն մէջ ըլլալ: Աւելին, աղքատները կրնան այնքան մօտ ըլլալ մեզի, որքան մեր անձերը. որովհետեւ, աղքատ են նաեւ անոնք, որոնք անտեսուած, մերժուած, չարաշահուած եւ ատուած կը զգան իրենք զիրենք:

Երբ ճշգրտօրէն տեսնենք եւ ապրինք աղքատութեան փորձառութիւնը, այն ատեն կարիքը պիտի զգանք եկեղեցի դառնալու. այսինքն, կարիքը պիտի զգանք, որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, իրարու ձեռք տալու, խոստովանելու մեր անկումներն ու կարիքները, իրար ներելու ու բուժելու գոյացած վէրքերը եւ Յիսուսի սեղանին շուրջ հաւաքուելով՝ բեկանելու հացը: Միայն այսպիսով է, որ մենք աղքատի պէս կրնանք ճանչնալ Յիսուսը, որ մեզի համար աղքատացաւ։

ԴԱՌՆԱԼ ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻ

Երբ ճանչնանք մեր սեփական աղքատութիւնը եւ զայն միացնենք մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն աղքատութեան, այն ատեն մենք կը դառնանք աղքատներու Եկեղեցի:

Համերաշխութիւնը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է Եկեղեցիին համար եւ հետեւաբար, պէտք է ամբողջապէս կիսել թէ՛ ուրախութիւն եւ թէ տխրութիւն: Մենք մէկ մարմին կը դառնանք, երբ ամբողջապէս բաժնեկից ենք իրարու ուրախութիւններուներուն ու տխրութիւններուն: Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ մարմնին մէկ անդամը ցաւի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին, իսկ եթէ մէկ անդամը պատուուի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կ՚ուրախանան» (Ա.Կր 12. 26)։

Յաճախ, մենք պիտի չփափաքինք անդամ ըլլալ այդ մարմնին, որովհետեւ մեր անդամակցութիւնը աւելի ցայտուն պիտի դարձնէ ուրիշներուն կրած ցաւն ու տառապանքը։ Եւ իրօք, ամէն անգամ երբ ուժգնօրէն սիրենք ուրիշները, խորապէս ալ պիտի զգանք անոնց ցաւը: Սակայն, ուրախութիւնը թաքնուած է ցաւին մէջ եւ երբ կը կիսենք ցաւը, բաժնեկից պիտի դառնանք նաեւ ուրախութեան:

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդիկ տրամադրուած են մտածելու, որ աղքատութիւնը, տառապանքն ու ցաւը առաւելաբար կը վերաբերին լուսանցքային համարուող Եկեղեցւոյ հասարակութեան: Հազուադէպ կերպով մենք մեր առաջնորդները աղքատ կը համարենք, հակառակ անոր, որ շատ աւելի մեծ աղքատութիւն, խոր մինակութիւն, մեկուսացում, իսկական ընկճուածութիւն եւ հոգեկան տառապանք կայ մեր Եկեղեցւոյ գլուխը կազմող հատուածին մէջ:

Մենք համարձակութիւն պէտք է ունենանք ճանչնալու մեր Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն եւ անոր ծառայողներուն տառապանքը եւ ներառել զանոնք «տկարներու» ընկերակցութեան մէջ:

Եթէ չենք տարուած ու կուրցած Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն ունեցած ուժէն, իշխանութենէն, հարստութենէն եւ յաջողութենէն, ապա, դիւրութեամբ պիտի տեսնենք անոնց անզօրութիւնը, աղքատութիւնն ու ձախորդութիւնները եւ ջանանք մօտենալ անոնց, այն կարեկցութեամբ, զոր պիտի ուզէինք ցուցաբերել լուսանցքին վրայ գտնուող անդամներուն։

Աստուծոյ համար, հեռաւորութիւն եւ տարբերութիւն չկայ գագաթին, լուսանցքին կամ յատակին միջեւ: Մեզի համար ալ նոյնը պէտք է ըլլայ:

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Աշխարհէն ներս շատ աւելի մեծ թիւով մարդիկ կը գտնուին եկեղեցիէն դուրս քան՝ եկեղեցիէն ներս: Բազմամիլիոն մարդիկ մկրտուած են եւ միլիոնաւորներ ալ չեն մկրտուած: Բազմամիլիոն մարդիկ կը մասնակցին Ս. Պատարագին, իսկ միլիոնաւորներ ալ չեն մասնակցիր:

Եկեղեցին իբրեւ Քրիստոսի խորհրդական մարմին եւ որպէս աշխարհէն ներս ապրող Քրիստոս, իր սեփական անդամներուն նեցուկ ըլլալէն, զանոնք աճեցնելէն եւ առաջնորդելէն շատ աւելի ընդարձակ եւ մեծ առաքելութիւն մը ունի, որովհետեւ, անոր կոչումն է նաեւ Քրիստոսով արտայայտել Աստուծոյ սէրը։ Նախքան իր մահը, Քրիստոս աղօթեց իր հետեւորդներուն համար, ըսելով. «Հա՛յր, ինչպէս որ դուն զիս աշխարհ ղրկեցիր, ես ալ զանոնք աշխարհ ղրկեցի» (Յհ 17.18): Աշխարհի մէջ եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ Քրիստոսի կենդանի վկան։

ԲԺՇԿԵԼՈՒ ԵՒ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

Աշխարհէն ներս Եկեղեցին ի՞նչ ձեւով պարտի վկայել Քրիստոսի մասին: Վստահաբար, Յիսուսի սէրը տեսանելի դարձնելով աղքատներուն եւ տկարներուն: Աշխարհը կարիք ունի բժշկութեան, ներողամտութեան, հաշտութեան եւ ամէն բանէ աւելի՝ անխառն սիրոյ: Եկեղեցին, ծառայութեան ճամբով պարտի մեղմել այդ քաղցը: Մենք կենդանի Քրիստոսը կը հռչակենք հոն, ուր կը կերակրենք անօթիները, կը հագեցնենք մերկերը, կ՚այցելենք լքեալներուն եւ անտեսուածներուն, կը լսենք ընկերութեան կողմէ մերժուածները եւ միութիւն ու խաղաղութիւն կը հաստատենք իրարմէ բաժնուածներուն միջեւ:

Ինչ որ ալ ընենք կամ ո՛ւր որ ալ երթանք, կարեւորը, մեզ առաքելութեան ղրկող Յիսուսի անունով միացած մնալն է, որովհետեւ, անոր անունէն դուրս, մեր ծառայութիւնը պիտի կորսնցնէ իր աստուածային զօրութիւնը:

ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀՌՉԱԿԵԼ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԸ

Եկեղեցւոյ կոչումն է բոլոր ժողովուրդներուն եւ ազգերուն հռչակել Քրիստոսի բերած փրկութեան Բարի Աւետիսը: Մարդասիրական բազում աշխատանքներու կողքին (որոնցմով Յիսուսի սէրը տեսանելի կը դառնայ), Եկեղեցին Յիսուսի կեանքին, տառապանքին, մահուան եւ յարութեան դրուագներուն ընդմէջէն, պարտի ուրախութեամբ քարոզել Աստուծոյ փրկութեան մեծ խորհուրդը: Քրիստոսի կեանքին պատմութիւնը պէտք է հռչակուի եւ փառաբանուի: Անկասկած, ոմանք պիտի լսեն ու ցնծան, ուրիշներ անտարբեր պիտի մնան եւ զանգուած մըն ալ թշնամական կեցուածք պիտի ցուցաբերէ: Յիսուսի կեանքին պատմութիւնը կրնայ միշտ ընդունելի չըլլալ, բայց, այդ պատմութիւնը պէտք է իմացուի:

Մենք, որ գիտենք անոր պատմութիւնը եւ կը փորձենք ապրիլ զայն, ունինք նաեւ զայն ուրիշներուն փոխանցելու եզակի առաքելութիւնը: Երբ մեր խօսքերը բխին սիրով եւ երախտագիտութեամբ լեցուն սիրտերէ, մենք տեսնենք կամ ոչ, այդ խօսքերը անպայմանօրէն կը պտղաբերին:

ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Յաճախ, Եկեղեցի ըսելով, մենք նկատի կ՚ունենանք մարդոց այն խումբը, որ ինքզինք Եկեղեցւոյ անդամ կը դաւանի: Սակայն, իբրեւ Քրիստոսապատկան ժողովուրդ եւ իբրեւ կենդանի Քրիստոսը հռչակող վկայողներու մարմին, Եկեղեցին, ընկերային կառոյցի մը սահմաններէն շատ աւելի անդին կը հասնի: Ինչպէս Յիսուս անձամբ ըսաւ. «Հոգին ո՛ւր որ ուզէ կը փչէ» (Յհ 3.8): Հետեւաբար, Յիսուսի Հոգին ալ ուր որ ուզէ կրնայ հպիլ մարդոց սիրտին եւ բնաւ չ՚ենթարկուիր մարդկային սահմանափակութիւններու:

Գոյութիւն ունի նաեւ յարուցեալ Քրիստոսի մասին վկայութիւն կատարող սուրբերու բանակ մը, որուն հետ մեր ունեցած հաղորդակցութիւնը կ՚անդրանցնի աշխարհի սահմանները: Սուրբերը, հնուց ի վեր, յատուկ քաշողականութեամբ Քրիստոսի կը բերեն ամէն դասակարգի պատկանող մարդիկ եւ հետեւորդներու այդ հսկայ խումբն է, որ բանիւ եւ գործով հռչակեց ու կը շարունակէ հռչակել Յիսուսի Տիրութիւնը։ 

ՍՈՒՐԲԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԱՐՃԱՏԵՒ ԿԵԱՆՔ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ

Վստահաբար կը զարմանանք, երբ պատերազմի կամ քաղցի, հիւանդութեան կամ փողոցի վայրագութեան, ֆիզիքական կամ հոգեկան լքուածութեան պատճառաւ մարդիկ երիտասարդ տարիքին կը մահանան: Արդարեւ, ի՞նչ կրնայ ըլլալ կարճատեւ կեանքի մը արժէքը: Մեզի կը թուի, որ այդպիսիներուն ճանապարհորդութիւնը կասեցուած է, նախքան որ անոնք կարենան հասնիլ իրենց ունեցած նպատակներուն եւ տեսնել իրենց ձեռնարկներուն իրականացումը:

Բայց որքան ալ կարճ եղած ըլլայ անոնց կեանքը, անոնք կը պատկանին ամէն ժամանակներու եւ միջավայրերու մէջ ապրած սուրբերու հսկայ այն միաբանութեան, որուն անդամները, սպիտակ հագած, Գառնուկին գահին շուրջը կը կանգնին, հռչակելով խաչեցեալ Քրիստոսի յաղթանակը (տե՛ս Յյտ 7.9):

Յիսուսէն ձերբազատուելու համար Հերովդէս թագաւորին հրամանով կատարուած անմեղ մանուկներուն ջարդը (տե՛ս Մտ 2. 13-18) մեզի կը յիշեցնէ, որ սրբութիւնը միայն անոնց համար չէ, որոնք երկար եւ տաժանակիր կեանք մը ապրած են: Այդ մանուկները եւ անոնց նման շատեր, որոնք իրենց մատղաշ տարիքին մեռան, նոյնքան եւ աւելի վկայեցին եւ կը վկայեն Քրիստոսի մասին, որքան անոնք, որոնք հերոսական գործեր կատարեցին:

ՍՈՒՐԲԵՐԸ ՄԵԶԻ ՆՄԱՆՈՂ ՄԱՐԴԻԿ ԵՆ

Մկրտութեամբ մենք կ՚անդամակցինք մեր սեփական ընտանիքէն շատ աւելի ընդարձակ ընտանիքի մը, որ կազմուած է Աստուծոյ կողմէ յատկապէս «ընտրուած» մարդոցմէ, որպէսզի խաւարին մէջ լոյս տարածեն:

Այս ընտրեալ մարդիկը կը կոչուին սուրբեր: Եւ հակառակ անոր, որ մենք սուրբերուն կը նայինք որպէս նուիրական ու բարեպաշտ մարդիկ եւ լուսապսակներ կը պատկերացնենք անոնց գլխուն վերեւ, սակայն, ճշմարիտ սուրբերը շատ աւելի մատչելի ու մօտիկ են մեզի:

Սուրբերը մեր օրինակով մարդիկ են, որոնք սովորական կեանք մը կ ՚ապրին եւ սովորական դժուարութիւններու դէմ կը պայքարին: Զիրենք սուրբերու վերածողը, իրենց ունեցած յստակ եւ անայլայլ հաւատքն է Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին հանդէպ: Թէեւ անոնց ապրած կեանքին որոշ երեսակները կրնան տարբեր թուիլ մեզի, սակայն, մեծաւ մասամբ, անոնց ապրած կեանքը զարմանալիօրէն նոյնանման է մեր սեփականին: Սուրբերը մեր եղբայրներն ու քոյրերն են, որոնք մեզ կը հրաւիրեն իրենց օրինակով ապրելու:

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԵԾ ՀԱՄԱՑԱՆՑԸ

Սուրբերը Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդը կը կազմեն:

Պօղոս առաքեալ «սուրբ ժողովուրդ» կամ «սուրբեր» կը կոչէ բոլոր անոնք, որոնք Քրիստոսի կը պատկանին: Ան իր նամակները կ՚ուղղէ անոնց, «որոնք Քրիստոս Յիսուսով Աստուծոյ ընծայուած են եւ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու կոչուած են» (Ա.Կր 1.2 տե՛ս նաեւ Եփ 1.1)։ Սրբութիւնը Յիսուսի Հոգիին ճառագայթումն է: Պօղոս առաքեալ դարձեալ կ՚ըսէ. «Մենք բոլորս ալ, որ բաց երեսով Տիրոջ փառքը կ՚արտացոլացնենք հայելիի մը պէս, նոյն այդ պատկերով կը փոխակերպուինք հետզհետէ աճող փառքով մը: Եւ այդ փոխակերպումը Տիրոջ Հոգին է որ կ՚իրագործէ» (Բ.Կր 3.18):

Իբրեւ սուրբեր, մենք կը պատկանինք Աստուծոյ ժողովուրդի ընդարձակ այն հոյլին, որ տիեզերքի մութ երկնակամարին վրայ աստղերու բազմութեան պէս գեղեցկօրէն կը փայլի։ 

ՏԻԵԶԵՐՔԻՆ ՉԱՓ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՍԻՐՏ

Սուրբերու միաբանութեան անդամ ըլլալու գիտակցութիւնը մեր սրտերը կ՚ընդարձակէ այնքան, որքան ընդարձակ է տիեզերքը: Այսուհետեւ, այն սիրով որ մենք կը սիրենք, մեր սեփական սէրը չէ, այլ այդ սէրը կը պատկանի մեր մէջ բնակող եւ բոցավառող Յիսուսի եւ իր սուրբերուն: Երբ Յիսուսի Հոգին մեր սրտերուն մէջ բնակի, հոն կը բնակին նաեւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքը այդ Հոգիով ապրեցան: Մեր ծնողները, հայրերն ու մայրերը, մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, մեր ուսուցիչները եւ իրենց ուսուցիչները, մեր հոգեւոր առաջնորդները եւ իրենց առաջնորդները, բոլոր սուրբ այրերն ու կիները եւ պատմութեան ընդմէջէն մեզի եկող սուրբերուն երկար շարքը ներկայ են մեր սրտերուն մէջ, ուր Յիսուսի Հոգին կը բնակի:

Սուրբերուն հետ մեր հաղորդակցութիւնը չի նմանիր մարդոց միջեւ հաստատուած համացանցային կապին, որովհետեւ, այդ հաղորդակցութիւնը առաւելաբար սրտերու հաղորդակցութիւն է:

ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՊՏՈՒՂԸ

Ներկայ ընկերութիւնը կը քաջալերէ անհատականութիւնը: Մեզ կը փորձեն համոզել, որ մեր մտածումները, խօսքերն ու գործերը արդիւնք են անձնական իրագործումի եւ որպէս այդպիսին, արժանի են գնահատանքի: Բայց, իբրեւ սուրբերու հետ հաղորդակցութեան մէջ եղող մարդիկ, մենք լաւ գիտենք, որ հոգեւոր արժէք ներկայացնող որեւէ նուաճում, արդիւնքը չէ անհատական իրագործումին, այլ պտուղն է սուրբերուն հետ կիսուող հաւաքական հաղորդակցական կեանքին:

Ինչ որ գիտենք Աստուծոյ եւ իր սիրոյն մասին, ինչ որ գիտենք Յիսուսի կեանքին, մահուան եւ յարութեան մասին եւ ինչ որ գիտենք Եկեղեցւոյ եւ իր ծառայական կեանքին մասին, մեր մտքին հնարքը չէ եւ հետեւաբար, չի կրնար գնահատուիլ որպէս անհատական իրագործում։ Այդ բոլոր գիտութիւնը մեզի հասած է դարերու ընթացքին՝ Աստուծոյ ժողովուրդին, մարգարէներուն, Յիսուսի եւ իր սուրբերուն ճամբով եւ բոլոր անոնց միջոցաւ, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են մեր սրտերուն կազմաւորման գործին մէջ:

Սուրբերուն հետ հաղորդութեան մէջ եղողը կը հասնի ճշմարիտ հոգեւոր գիտութեան։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2025