ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ՝ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքարանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկացուց, որ կրթական հարցերու շուրջ նախատեսուած ժողով մըն է այս մէկը։ Համայնքային վարժարաններու թէ՛ մասնագիտական եւ թէ վարչային պատասխանատուները Գումգաբու հրաւիրուած են՝ մասնաւորապէս քննարկելու համար հայերէնի ուսուցման եւ անոր արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերեալ խնդիրներ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025