ՀԻՒՍՈՒՈՂ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՓՈՔՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԵԾ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացառիկ ցուցահանդէս մը կը գործէ․ «Հիւսուող յիշողութիւններ․ ընտանեկան ժառանգութիւն» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը իրադարձութիւն դարձած է երեւանեան մշակութային կեանքին մէջ, միաժամանակ՝ խորհրդածութեան հրաւէր՝ դէպի անցեալի հետ մեր կապերը։
Առաջին անգամ ցուցահանդէսով մը ներկայացուած է ընտանեկան ժառանգութիւն։
Ցուցադրուած են ծագումով արեւմտահայ Տէր-Ղեւոնդեան-Չորպաճեան եւ Խաչատուրեան-Տեւեճեան չորս մեծ ընտանիքներու ժառանգութենէն պահպանուած բացառիկ նմոյշներ՝ լուսանկարներ, պատմական վկայութիւններ, նամակներ, ձեռագործ առարկաներ եւ ընտանեկան կենցաղի այլ մասունքներ։ Անոնք պարզապէս առարկաներ չեն, այլ ժամանակի ծալքերը իրենց մէջ պահած ապրումներ՝ գաղթ, կորուստ, հայրենադարձութիւն, վերածնունդ եւ համբերութեամբ կերտուած եւ հպարտութիւն ներշնչող արժանապատիւ կենսագրութիւն։
19-րդ դարու աւարտէն մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը պատմական հայաշխարհի զանազան բնակավայրերուն մէջ ապրած այս ընտանիքներուն ճամբան երկար ու բարդ եղած է։ Փոթորիկներու, տեղահանութիւններու եւ վերակազմաւորման շրջաններու միջով անոնք յաջողած են նախ՝ պահպանել իրենց գոյութիւնը, ապա հիւսել պատմութիւն մը, որ այսօր կը ներկայանայ որպէս հարստութիւն։ Ամէն մէկ լուսանկար, նամակ, ձեռագործ իր կը բացայայտէ անհատական պատմութիւններ, որոնք կը միախառնուին ազգային մեծ պատումին։
Այս ցուցադրութեան առանցքը միայն անցեալին հանդէպ կարօտալի հայեացքը չէ։ Ան կը շեշտէ նաեւ ընտանեկան ժառանգութեան պահպանութեան եւ արդիականացման խնդիրը՝ իբրեւ ժամանակակից հրամայական եւ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ընտանեկան արխիւը վերածել կենդանի յիշողութեան, ինչպէ՛ս խնամքով փոխանցել ձեռագործ սփռոցը, հնամենի սպասքը, դեղնած լուսանկարը կամ խամրած նամակը, որպէսզի անոնք դառնան սերունդներու միջեւ կամուրջներ եւ ի վերջոյ՝ պատմութեան թանգարանին մէջ ցուցադրութեան արժանի նմոյշներ։
Ցուցահանդէսը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը իրականացուած է չորս՝ իրարու հետ կապուած ընտանիքներու ժառանգորդներէն մէկուն՝ Արմինէ Տէր-Ղեւոնդեանի նախաձեռնութեամբ եւ անոր հետ սերտ համագործակցութեամբ՝ հաւաքելով ընտանեկան պահոցներու մէջ պահպանուած արժէքներ, որոնք այժմ հանրային դիտարկման առիթ կը ստանան։ Այս քայլը նաեւ վստահութեան նշան մըն է՝ մասնաւոր յիշողութիւնը հանրային պատմութեան հետ բաժնելու կամքին մասին։
Երկու ամիսէ ի վեր այցելուները ապակեպատ պահարաններուն առջեւ զանազան բացայայտումներ կը կատարեն․ ատիկա հաւանաբար ճանաչումի պահն է՝ երբ անհատի ընտանեկան յիշողութիւնը կը հանդիպի ուրիշի պատմութեան։ «Հիւսուող յիշողութիւններ»ը այսպէսով կը դառնայ ո՛չ միայն ցուցադրութիւն, այլեւ ներքին ճանապարհորդութիւն՝ դէպի այն տուները, որոնք այլեւս չկան, բայց, որոնց շունչը դեռ կը շարունակուի մեր հաւաքական ինքնութեան մէջ։ Ցուցասրահը նման է տաքուկ եւ արժէքաւոր տունի մը, ուր անցեալը ճնշող չէ, այլ՝ ոգեշնչող։
Ցուցահանդէսի փակումին առիթով, նախաձեռնողը՝ Արմինէ Տէր-Ղեւոնդեան, ամսավերջին պիտի ներկայացնէ «Փոքր պատմութիւնները մեծ պատմութեան համար» խորագրով բանախօսութիւնը։ Այս խորագիրը ինքնին կը բնորոշէ ամբողջ ցուցադրութեան հոգեւոր առանցքը․ այն համոզումը, թէ ընտանեկան, երբեմն աննշմարելի թուացող պատմութիւնները կը կազմեն ազգային մեծ պատումին հիմնաքարերը։
Փակումի օրը նաեւ պիտի ցուցադրուի վաւերագրող Տիգրան Պասկեւիչեանի պատրաստած տեսաֆիլմը, որ կը վաւերագրէ այս ցուցահանդէսին գաղափարական ծնունդը, իրագործման ընթացքը եւ ներգործութիւնը այցելուներուն վրայ։ Տեսաֆիլմը կը դառնայ ցուցադրութեան բնական շարունակութիւնը՝ պատկերով եւ կենդանի վկայութեամբ ամրագրելով այն, ինչ որ սրահներուն մէջ ներկայացուած է որպէս նիւթական ժառանգութիւն։
«Հիւսուող յիշողութիւններ․ ընտանեկան ժառանգութիւն» ցուցահանդէսին ցուցադրուած են Այնթապի, Մարաշի ասեղնագործութեան ինքնատիպ նմոյշներ, զոյգ մը ձեռնոց՝ նուրբ ասեղնագործուած եզրերով, սփռոցիկներ, իւղաներկով նկարուած սեղանի ծածկոց, տունի առարկաներ, լուսանկարներ, նամակներ, ընտանիքի անդամներու դպրոցական վիճակացոյցներ՝ պատմական հայկական դպրոցներէ, մկրտութեան վկայագիրներ եւ այլ նուիրական իրեր։
Ցուցադրութեան զարդն է ընտանիքի անդամներէն Սեդա Տեւեճեանի մկրտութեան ձեռագործ հագուստը։ Մկրտութիւնը կատարուած է 1937 թուականի յուլիսի 30-ին՝ Հալէպի Սուրբ Քառասնից Մանկանց Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Յետագային գերդաստանի բոլոր երեխաները մկրտուած են այդ հագուստով: Սեդա Տեւեճեան անուանի հնագէտ մըն է, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, գիտութեան անխոնջ նուիրեալ, որ մահացաւ Երեւանի մէջ՝ 2024-ին։ Ան կինն էր անուանի պատմաբան, հայագէտ-արեւելագէտ Արամ Տէր-Ղեւոնդեանի (1928-1988) եւ մայրը՝ Մատենադարանի նախկին տնօրէն, պատմաբան Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի: Այս նշանակալի ցուցահանդէսին կազմակերպողն ալ Սեդա Տեւեճեանի դուստրն է, մտաւորական, միջազգային կապերու մասնագէտ՝ Արմինէ Տէր-Ղեւոնդեանը։
Մենք եւս այցելեցինք ցուցահանդէսը եւ հարցազրոյց մը ունեցանք Արմինէ Տէր-Ղեւոնդեանին հետ՝ արծարծելով ընտանեկան յիշողութեան պահպանման, մասնաւոր արխիւներու հանրայնացման եւ պատմական պատասխանատուութեան հարցերը։
*
-Արդէն երկու ամիսէ ի վեր՝ ձեր ընտանիքի պատմութիւնը կը ցուցադրուի Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ․ ի՞նչ կրնաք ըսել այցելուներու արձագանգներուն եւ ցուցահանդէսի ձգած տպաւորութեան մասին։
-Երբ Լալա Մնէեանին հետ նման գաղափար մը յղացանք, մեր նպատակն էր ցուցադրել ո՛չ միայն մեր ընտանիքի մշակութային ժառանգութիւնը, այլեւ գաղափարը իրականութեան մէջ սկիզբն էր մեծ նախաձեռնութեան մը, որ պիտի ցուցադրէր նաեւ ուրիշ ընտանիքներու մշակութային ժառանգութիւններ եւ ցոյց տար հայ ընտանիքներու ոչ-նիւթական ժառանգութեան պահպանման, արժեւորման եւ անոր փոխանցման անհրաժեշտութիւնը։ Ցաւօք, Լալա Մնէեան մահացաւ եւ ես հիմա աւելի շատ պատասխանատուութիւն կը զգամ նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ առաջ տանելու։
Այս երկու ամիսներու ընթացքին մարդոց արձագանգը ինծի համար ալ հետաքրքրական էր, ես գերադասեցի բոլորին հետ հոս ներկայ ըլլալ, ուղեկցիլ անոնց, պատմել առանց զլանալու։ Ճիշդ է՝ ցուցանմոյշներու կողքին շատ գեղեցիկ ձեւով գրուած է ամէն մէկ իրին պատմութիւնը, բայց, սովորաբար մարդիկ չեն կարդար՝ շատ ժամանակ չունենալու պատճառով, կամ ալ գրութիւնը միշտ չի հաղորդեր ամբողջ պատմութիւնը։ Արձագանգներու մասին կրնամ ըսել, որ անտարբեր մէկը չէ գտնուած․ ես հասկցայ, որ մեր հանրութիւնը հետաքրքրուած է այսպիսի նիւթով եւ նաեւ՝ զգացի մտահոգութիւն, թէ ո՞ւր կը կորսուին մեր արխիւները, որոնց մէջ փոքրիկ մը իր նոյնիսկ կրնայ յատկանշական ըլլալ։ Մարդիկ կը հասկնան, որ այդ փոքր պատմութիւնները կու գան լրացնելու մեր ազգի հաւաքական յիշողութիւնը, հաւաքական պատմութիւնը։ Հիմա ընդունուած է ժողովուրդի պատմութեան մօտենալ ներքեւէն՝ անհատներու, ընտանիքներու, առօրեայի միջոցով։ Եւ չէ եղած ցուցահանդէս այցելած մարդ մը, որ ըսած չըլլայ․ «Ախր մենք ալ ունէինք նման բան մը, ո՞ւր կորաւ, մէկը տարաւ թափեց»… Ամէն մարդ իր անձնականին կը դառնար այս ցուցահանդէսի ընթացքին։ Եւ ես այս ընթացքին բան մըն ալ հասկցայ, որ մնացած են շատ քիչ տուներ, ուր անցեալէն արժէքաւոր իրեր, վկայութիւններ կան։ Այդ ալ խթաններէն մէկը եղաւ, որ մենք ասիկա նախաձեռնեցինք՝ հասկնալով, որ իրերը ժամանակի հետ կը կորսուին, կ՚անհետանան։
-Ըսիք, որ այս գաղափարը շարունակութիւն պիտի ունենայ։ Ուրկէ՞ պիտի գտնէք այն ընտանիքները, որոնք յիշատակելի իրեր եւ մշակութային ժառանգութիւն պահած են։
-Նախ ըսեմ, որ մեծածաւալ այս նախաձեռնութիւնը սկսելու համար ֆինանսական խոշոր միջոց մը անհրաժեշտ էր, որ ցաւօք, չկրցանք ունենալ, եւ մէկ անգամէն մեծ ծաւալով չկրցանք սկսիլ, որոշեցինք՝ փոքրէն սկսիլ։ Առաջինը մեր ընտանիքէն սկսանք եւ զայն հնարաւոր դարձաւ ի շնորհիւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէնութեան հեռատեսութեան եւ ճկունութեան։ Ուրեմն, պետական կառոյցի եւ անոր մասնագէտներու աջակցութեամբ մենք ասիկա իրականութիւն դարձուցինք, առանց նիւթական աջակցութեան։ Ցուցահանդէսը կազմակերպուեցաւ հրաշալի կերպով՝ մասնագիտական ձեռագիր մը կայ համադրութեան, իրերու դասաւորման եւ ներկայացման առումով։ Եւ երբ հասկցանք, որ կայ հետաքրքրութիւն հանրութեան մէջ, նաեւ՝ ցաւ կորսուցածի համար, ուզեցինք այնպէս մը ըլլայ, որ իւրաքանչիւր ոք դուրս գայ սրահէն՝ մտածելով, թէ իր տունին մէջ ալ կայ բան մը, որուն մասին կ՚արժէ պատմել։ Այդ մէկը կարծես յաջողեցանք։ Այդպէս կարծեմ կը գտնուին ընտանիքներ։ Արդէն միտքիս մէջ քանի մը ընտանիք կայ. օրինակ՝ Թաճիրեանները… Կիւմրիի, Գորիսի մէջ ալ պէտք է փնտռել, ես գիտեմ, որ կան։ Եթէ ըլլայ աջակցութիւն, ապա ես կրկին կը կազմակերպեմ ուրիշ ցուցահանդէսներ ալ՝ այս ցուցահանդէսի փորձը նկատի ունենալով։
-Ի՞նչ ունիք ըսելիք այն ընտանիքներուն, մանաւանդ՝ սփիւռքահայերուն, որոնք իրենց տուներուն մէջ անցեալէն մնացած պատմութիւն ունին։
-Մենք, ինքներս, ինչպէս գիտէք, անցեալը պահպանելու առումով այնքան ալ լաւ վիճակի մէջ չենք, բայց, համեմատելով Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հայկական ընտանիքներուն հետ՝ կրնանք ըսել, որ հոն թերեւս տուներուն մէջ աւելի շատ բան պահպանուած է։
Մենք անցած ենք խորհրդային քարոզչութեան միջով, որ հինը կը պախարակէր եւ ամենայն հին բան յետադիմութիւն կը նկատէր։ Ամէն ինչ կը համահարթեցուէր եւ աւանդոյթներու պահպանումը չէր քաջալերուեր։ Ա՛յդ պատճառով նաեւ մենք շատ բաներ կորսնցուցած ենք։ Յետոյ եկաւ Հայաստանի անկախութիւնը, կարծես ամէն բան ետ պիտի գար, բայց արդէն չկար այն սերունդը, որ պիտի փոխանցէր հինը։ 1990-ականներուն մենք ունեցանք աղքատութեան, խեղճութեան խոցումը՝ երկրաշարժի, պատերազմի գործազրկութեան հետ կապուած, այդ ժամանակ ալ հինի հանդէպ բարդոյթները ա՛լ աւելի սրուեցան։ Այսինքն, եթէ տունդ նորոգուած չէ, կահոյքդ հին է, արդէն անյաջողութեան նշան կը դիտուէր ձեւով մը։ Իսկ արտասահմանի մէջ, ներառեալ մեր հայ համայնքները, սովորաբար ամենահին տունը, ամենահին կահոյքը բնական ժառանգութիւն կը դիտուի, ատոնք հպարտութիւն կ՚ընծայեն։ Իմ խօսքս մանաւանդ դուրսը բնակուող մեր հայրենակիցներուն ա՛յն պիտի ըլլայ, որ շատ քիչ բան մնացած է հինէն, իսկ ամէն մէկ լուսանկար, ամէն մէկ իր, նամակ, մեծ մօր կողմէ ասեղնագործուած թաշկինակ մը, պէտք է պահպանուին։ Ո՛չ միայն ֆիզիքական իմաստով պէտք է պահպանուին, այլ պէտք է պահպանուին իբրեւ տեղեկատուութեան աղբիւր։ Եւ սերունդները զանոնք կ՚արժեւորեն միայն այն պարագային, եթէ անոնց ետին կայ տեղեկատուութիւն։ Ո՛չ մէկ երիտասարդ կրնաս մեղադրել, թէ տունին հին լուսանկարները կը նետէ… որովհետեւ չի գիտեր՝ ովքեր են անոնց մէջ։ Ուրեմն պէտք է զանոնք արձանագրել. թուականը, լուսանկարի մարդիկը երբ որ ճշդես, կ՚արժեւորուի սերունդներու կողմէ։ Նոյնը՝ ձեռագիրները եւ միւս վաւերագիրները։
-Այսօր աշխարհի մէջ այդ պատճառով թուայնացման մեծ շարժում կայ։
-Այն, ինչի մասին կը խօսինք՝ համաշխարհային խնդիրներ են, ամբողջ աշխարհի մէջ կայ այս բանը՝ ի՞նչ ընել, ո՞ւր պահել տունին հնութիւնները. Մենք շուտով այս ամէն ինչը ցուցասրահէն տուն կը տանինք, ո՞ւր պիտի պահենք զանոնք, ինչ պայմաններ պիտի ստեղծուին անոնց համար, որ աւելի չփչճանան՝ 100-է աւելի տարիներու իրեր կան հոս։
-Մտադիր չէ՞ք յանձնել թանգարաններուն։
-Թանգարաններուն մէջ տեղ չկայ։ Պատմութեան թանգարանի տնօրէնը, օրինակ, պատմեց, որ 400 հազարէ աւելի իրեր ունին, սակայն կը ցուցադրուի միայն մէկ տոկոսը։ Ո՞ր մէկ թանգարանին ըսես՝ տար իմ տունիս իրերն ալ պահէ։ Թուայնացնելը, այո՛, ամենադիւրին եւ ամենաառաջնային միջոցն է, որ կը կիրառուի, բայց, կը թուայնացնես միայն տեղեկատուութիւնը, ֆիզիքական իրը չես փրկեր։
Ընտանիքներն են, որ կրկին պէտք է մտածեն այս ուղղութեամբ, ձեւ մը գտնեն պահելու, փոխանցելու։
-Իսկ հնարաւո՞ր է ցուցահանդէսը տանիք նաեւ այն երկիրներ, ուրկէ ծագած են իրերը, ուրկէ որ անցած են իրերուն տէրերը՝ Թուրքիա, Սուիրա, Եգիպտոս, Լիբանան, Եւրոպա…
-Մեծ սիրով։ Կա՛յ նման գաղափար։ Եկանք այն միտքին, թէ շուտով պիտի հաւաքենք եւ ի՞նչ պիտի ընենք։ Ես կը կարծեմ, որ ասոնք պիտի շարունակուին հանրային ըլլալ, ցուցադրել ամէն տեղ, չտանիլ նորէն պահել դարակներու մէջ։
Այս ամէն ինչը իմ հօրս եւ մօրս ընտանիքները բերած են 1947-48 թուականներուն՝ Մեծ հայրենադարձութեան ժամանակ։ Մինչեւ երկու ամիս առաջ դարակներու մէջ էին, չէին հանրայնուացած։ Այս ցուցադրութիւնը Հայաստանի մէջ առաջին դէպքն է, որ ընտանիքի մը արխիւ կը ներկայացուի եւ կը ներկայացուի որպէս հազարաւոր նման ընտանիքներու պատմութիւն։
-Իսկ գիրք փոխանցուա՞ծ է այդ ընտանիքներէն։
-Ամենաշատը գիրքեր փոխանցուած են, բայց մենք բոլորը չենք բերած ցուցադրութեան, ասիկա փոքր մէկ մասն է միայն, պարզապէս տեղ չկար ցուցադրութեան եւ կազմակերպողներուն միտքն ալ այն էր, որ իրարու վրայ չլեցուի, չխցկուի, հանդարտ, պատշաճ ցուցադրութիւն մը ըլլայ։ Նոյնիսկ կահոյք բերած են իրենց հետ նաւով, այդ ալ ունինք, բայց թանգարանի սկզբունքներուն դէմ է իրերը բաց վիճակին մէջ ցուցադրելը։ Փափաքողները կրնան գալ եւ սիրով մեր տունին մէջ ցոյց կու տամ, ես դէմ եմ պահելուն, պէտք է հանրայնացնել։ Այս ամէն ինչը պէտք է փոխանցուի։
-Դուք այս ամէն ինչի մէջ մեծցած էք, ձեզի համար մանաւանդ ո՞ր մէկ իրը առաւել հոգեհարազատ է։
-Նախ անկեղծօրէն ըսեմ, որ ժամանակին ես չեմ սիրած այս ամէն ինչը։ Երբ պզտիկ ես եւ անընդհատ բանի մը մէջ ես, ատիկա չես արժեւորեր։ Խորհրդային տարիներուն մեր տունին մէջ այդ հին իրերը կային, ես կ՚երթայի ընկերուհիներուս տուներուն մէջ բոլորովին տարբեր իրեր կը տեսնէի՝ խորհրդային ժամանակաշրջանին բնորոշ ներքին յարդարանքի իրեր։ Մեր տունը միշտ տարբերուած է եւ այդ մէկը ինծի շատ կ՚ազդէր՝ բացասական իմաստով։ Երբ դարաշրջան փոխուեցաւ, նորոյթներ փոխուեցան եւ հիմա արդէն այս տարիքիս ես հասկցայ անոնց արժէքը։ Եւ ամենակարեւոր կէտը ասոնց անդրադառնալու՝ այն եղաւ, երբ մահացաւ ընտանիքի վերջին մեծը՝ իմ մայրս։ Եւ մենք՝ ես ու եղբայրս հասկցանք, որ հիմա մեծը մենք ենք, ուրեմն այս ամէն ինչը դուրս հանեցինք դարակներէն եւ զարմացանք, թէ ի՜նչ գանձեր ունինք։ Ժամանակին թէեւ չեմ սիրած այս ամէն ինչը, բայց իմ ճաշակս, ամէն պարագայի, ասոնց վրայ ձեւաւորուած է։ Ես հիմա այս միջավայրին մէջ կը բնակիմ եւ հայկական ընտանեկան ժառանգութիւնները հանրայնացելը դարձուցած եմ իմ կեանքիս նպատակներէն մէկը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան