ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ

21-րդ դարու ամենէն բուռն զարգացած փորձագիտութիւններէն մէկը՝ արհեստական բանականութիւնը (AI), աննախադէպ յառաջընթաց կը ցուցաբերէ ո՛չ միայն գիտական, այլեւ մշակոյթի ու արուեստի բնագաւառներէն ներս։ Սակայն արդեօք հնարաւո՞ր է, որ արհեստական բանականութիւնը ստեղծէ իրական արուեստ։ Այս հարցումը, որ տարիներ առաջ փիլիսոփայական նշանակութիւն ունէր, այսօր արդէն գործնական իրականութիւն դարձած է։

ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ ՄԵՔԵՆԱ՞Յ, ԹԷ ԸՆԿԵՐԱԿԻՑ

Արհեստական բանականութիւնը այսօր կրնայ վերարտադրել նկարներ, գրել պատմութիւններ, թատերական պատումներ, ստեղծել երաժշտութիւն եւ նոյնիսկ ժապաւէն մը։ Դիմելով խոր ուսուցման (deep learning) եւ մեծ լեզուային մոտելներու (LLMs)՝ այս համակարգերը հասկնալ եւ վերլուծել սկսած են ստեղծագործական կառուցուածքները, մարդոց յատուկ համարուած զգացական արտայայտութիւնները։ Բայց միթէ ստեղծագործութիւնը միայն կաղապարներու եւ տուեալներու վրայ հիմնուած վերլուծո՞ւմ մըն է, թէ ունի ներաշխարհի արտայայտութիւն՝ զոր միայն մարդը կրնայ արտաբերել։

Այստեղ հարց մը կը ծագի․ երբ արհեստական բանականութիւնը «կը ստեղծէ», արդեօք ան իսկապէս կը ստեղծէ՞, թէ միայն կը կրկնօրինակէ՝ հիմք առնելով այն բոլորը, որ ուսումնասիրած է։ Այլ խօսքով՝ արդեօք արհեստական բանականութիւնը «տեսիլք» ունի՞, թէ ստեղծածը ընդամէնը մօտեցում մըն է առանց զգացական բովանդակութեան։

Արուեստը դարեր շարունակ եղած է ինքնարտայայտման միջոց մը. լեզու մը, որու միջոցով մարդ արարածը բացայայտած է իր հոգեվիճակները, մշակոյթը եւ ապրումներու խորութիւնը։ Այս պարագային, կրնա՞յ մեքենայ մը զգալ կորուստ, սէր, կարօտ կամ յոյս։ Մարդուն արուեստը յաճախ ծնունդ կ՚առնէ անկարողութենէ, պայքարէ կամ ոգեւորութենէ։ Իսկ արհեստական բանականութիւնը չունի էակային պատմութիւն մը՝ կենսագրութիւն, բարոյական հաւասարակշռութիւն կամ հոգեբանական վէրք, որոնք աւանդական արուեստի աղբիւրն են։

Այդուհանդերձ, որոշ փորձագէտներ կը պնդեն, թէ արհեստական բանականութիւնը կրնայ դառնալ գործիք մը՝ ստեղծագործ մարդոց ձեռքին մէջ։ Օրինակ, երաժիշտ մը արհեստական բանականութիւնը կրնայ օգտագործել՝ իբրեւ ներշնչման աղբիւր կամ գեղանկարիչ մը՝ իբրեւ ձեւի եւ երանգի որոնման գործիք։ Այս պարագային, արհեստական բանականութիւնը չ՚ըլլար արուեստագէտը, այլ կ՚ըլլայ համահեղինակ կամ օգնական մը։

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈ՞ՒՄ, ԹԷ ՎՏԱՆԳ

Երբ արհեստական բանականութիւնը սկսի ստեղծել նոր մշակոյթի տարրեր՝ առանց մարդկային միջամտութեան, ուրեմն ինչպէ՞ս կը փոխուի մեր ըմբռնումը «արուեստագէտ» եզրոյթի մասին։ Արդեօք ապագային կարելի՞ է պատկերէ մը կամ բանաստեղծութենէ մը որոշել՝ մարդո՞ւ մը թէ արհեստական բանականութեան կողմէ ստեղծուած է։ Արդեօք կարեւո՞ր է այդ տարբերութիւնը։

Քննադատներ կը զգուշացնեն, որ արհեստական բանականութեան միջոցով ստեղծուած արուեստը կրնայ պատճառ դառնալ առեւտրականացման ստեղծագործական դաշտերու, ուր զգացական խօսքը փոխարինուած է արագ արտադրութեամբ։ Այս առումով, կարգ մը մարդիկ կը պնդեն, թէ մշակութային քաղաքականութիւններ պէտք է պաշտպանեն մարդկային արուեստը եւ միեւնոյն ժամանակ՝ վերահսկեն արհեստական բանականութեան դերակատարութիւնը։

Արհեստական բանականութեան եւ արուեստի փոխյարաբերութիւնը բարդ է եւ բազմաշերտ։ Արհեստական բանականութիւնը կրնայ ըլլալ նոր դռներ բացող ուժ մը, սակայն, միեւնոյն ժամանակ՝ պէտք է ըլլայ զգուշօրէն կիրառուող գործիք։ Մարդկային արուեստը դեռ ունի այն խորքը, զոր մեքենայ մը չի կրնար պատճէնել։ Բայց ապագային սահմանները կրնան աւելի ու աւելի մաքուր չըլլալ։ Այստեղ է, որ կու գայ մեր բարոյական պատասխանատուութիւնը՝ որոշելու, թէ ինչպէ՛ս, ո՛ւր եւ որքա՛ն պէտք է ներգրաւենք արհեստական բանականութիւնը մեր ստեղծագործ աշխարհի մէջ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2025