ԸՆԿԵՐ ԸԼԼԱԼ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԱՐԴՈՑ ՄԻՋԵՒ ԻՆԿԱԾ ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՃԱՏԵԼ (ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅՈՒԼԻՍԻ ՀԱՄԱՐ)

Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ. Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։ Հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 2024 թուականին՝ Հալէպ, Սուրիոյ Սուրբգրոց ընկերութեան համագործակցութեամբ։

Հազարաւոր հաւատացեալներ մտորումներու պատասխաններ կը փնտռեն նաեւ այս խորհրդածութիւններուն մէջ։

Կը ներկայացնենք յուլիսի համար գրուած խորհրդածութիւնները, որոնց մէջ հեղինակը իր պարզ ու սիրառատ լեզուով կը խօսի ներքին վերածնունդի, մերձեցումի, ներողամտութեան, հոգատարութեան եւ աստուածային սիրոյ վերապրումին մասին։ 

Կը ներկայացնէ տուն վերադարձի՝ այսինքն Աստուծոյ մօտ հոգեւոր վերագտնումի երկար ու նուրբ ճամբան։ Տունը խորհրդանիշն է խաղաղութեան, ներման եւ սիրոյ։ Ճամբուն վրայ մարդ կը կորսուի մեղքերու, կասկածներու եւ ներքին խռովութեան մէջ, բայց Յիսուս միշտ մեր կողքին կը քայլէ։ Տուն հասնելը միայն վերջնակէտ մը չէ, այլ՝ հոգեւոր հասունացում․ երբ մենք ալ կը դառնանք հայր ու մայր՝ սիրով, ներողամտութեամբ եւ ընդունող սրտով։

ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Տուն վերադարձը երկարատեւ ճամբորդութիւն մըն է: Միշտ ալ մեր մէջ կան բաժիններ, որոնք ցոփութեան մէջ կը տապլտկին կամ ընդվզումով կը բռնուին: Նախքան անոր անդրադառնալը, կ՚իյնանք տարօրինակ մեղքերու եւ բարկացկոտ խոկումներու մէջ: Մեր գիշերային եւ արթնութեան երազները յաճախ կը յիշեցնեն մեզի մեր կորսուած ըլլալը:

Հոգեւոր կրթութիւնը, ինչպէս՝ աղօթելը, ծոմապահութիւնն ու հոգատարութիւնը, միջոցներ են, որոնք կ՚օգնեն մեզի տուն վերադառնալ: Քալելու ատեն, յաճախ կ՚անդրադառնանք, թէ որքա՜ն երկար է ճամբան: Բայց եկէք չյուսահատինք, որովհետեւ Յիսուս մեզի հետ կը քալէ եւ կը խօսի մեր ամբողջ ճամբու ընթացքին:

Երբ զգուշութեամբ հետեւինք, կը տեսնենք, որ արդէն տուն ենք հասած, մինչ ճամբուն վրայ ենք տակաւին:

ՀԱՅՐ ՈՒ ՄԱՅՐ ԸԼԼԱԼ

Ի՞նչ պիտի ընենք, երբ տուն հասնինք: Երբ «Անառակ որդի»ի առակին երկու եղբայրները տուն կը վերադառնան՝ իրենց հօր քով, ի՞նչ կը պատահի: Պատասխանը շատ պարզ է. անոնք ալ իրենց կարգին հայր կը դառնան: Որդիները պէտք է հայրեր ըլլան, իսկ դուստրերը՝ մայրեր:

Աստուծոյ որդիներ ըլլալու միտքը իր մէջ կը խտացնէ երկու հիմնական գաղափար. աճիլ եւ Աստուծոյ նմանիլ:

Յիսուս բնաւ չի վարանիր եւ կ՚ըսէ. «Եղէ՛ք կատարեալ եւ ողորմած, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ եւ ողորմած է» (Մտ 5. 48, Ղկ 6.36):

Ինչպէ՞ս կարելի է իրագործել վերոյիշեալ պատուիրանը, եթէ ոչ տուն հիւրընկալելով մեր կորսուած եղբայրներն ու քոյրերը, ինչպէս մեր Հայրը կ՚ընէ:

ՏՈՒՆ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԻԼ

Ինչպէ՞ս ընդունիլ մեր կորսուած քոյրերն ու եղբայրները: Անոնց ընդառաջ վազելով, գրկելով ու համբուրելով եւ մեր պատուոյ հիւրերը ընելով եւ մեր հարազատներն ու բարեկամները դարձնելով զանոնք: Եւ ամենակարեւորը, բնաւ իրենց անցեալի մասին բացատրութիւններ չպահանջել, այլ միայն ցոյց տալ մեր գերագոյն ուրախութիւնը, թէ իրենք անգամ մը եւս մեզի հետ են (տե՛ս Ղկ 15.20-24):

Մէկ խօսքով, ըլլալ կատարեալ, ինչպէս մեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է, ինչ որ սրտանց ներել կը նշանակէ եւ անցեալը մոռնալ լիովին։

Կարեւորը ներկան է եւ միասին ըլլալը։ Եւ այն, ինչ մեր սիրտը կը լեցնէ, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն տուն դարձի երախտագիտութիւնը:

ՀՕՐԸ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐԸ

«Անառակ որդի»ի պատմութեան մէջ հայրը շատ կը տառապի, որովհետեւ խորապէս կը նախզգայ բոլոր այն դժուարութիւններն ու նեղութիւնները, զորս իր բացակայութեան զաւակը պիտի քաշէ ամէն օր։ Բացի այս պարագայէն, ան կը տեսնէ իր երէց զաւկին բարկութիւնն ու դառնութիւնը, որոնց հանդէպ անզօր կը մնայ:

Հօր կեանքին մեծ մասը սպասելով կ՚անցնի: Ան չի կրնար գտնել հնար մը, որպէսզի իր կրտսեր զաւակը տուն վերադառնայ, ոչ ալ մեղմել անդրանիկ որդւոյն զայրոյթը:

Ամէն ինչ կախում ունի իր զաւակներէն:

Սպասման տարիներուն, հայրը անընդհատ կ՚արտասուէ եւ քանիցս «մահը կը ճաշակէ»: Այդ տառապանքին պատճառով ալ ներքնապէս կը թեթեւնայ, եւ այս թեթեւութիւնը անոնց վերադարձին ժամը կը մօտեցնէ:

Մենք բոլորս կոչուած ենք այդ հօր նման ըլլալ:

ՀՕՐ ԵՒ ՄՕՐ ՍԷՐԸ

«Անառակ որդի»ին առակին մէջ յիշուած հայրը նոյնքան ալ եւ աւելի մայր է: Իր որդին դիմաւորելու համար անոր դուրս վազելը, զայն գրկելն ու համբուրելը, անոր լաւագոյն պատմուճան, կօշիկ եւ մատանի հագցնելը, ինչպէս նաեւ ի պատիւ իրեն փառաւոր խնջոյք սարքելը, այս բոլորը հեռաւոր նմանութեամբ նահապետի մը տիպար վարմունքը չէ բնականաբար, այլ կ՚արտայայտեն շատ աւելի սէր ու գորով, խնամակալի հոգատարութիւն եւ կատարեալ ներողամտութիւն, որոնց մէջ կը տեսնենք թէ՛ մայրական եւ թէ հայրական սիրոյ կատարեալ ներկայութիւնը:

Մեր երկնաւոր Հօր կատարեալ սէրը կը ներառէ եւ կը գերազանցէ հասկացողութիւնը այն սիրոյն, զոր մեր երկրաւոր հայրն ու մայրը կ՚ունենան իրենց զաւկին նկատմամբ: Կրնանք պատկերացնել մեզ գրկող աստուածային զոյգ ձեռքերը, իբրեւ ծնողական ձեռքեր։ Մէկը հոգ կը տանի, կը մխիթարէ ու կը հանդարտեցնէ, իսկ միւսը՝ կը քաջալերէ, կ՚օգնէ ու կը զօրացնէ:

Մենք ալ մեր կարգին կոչուած ենք ըլլալու հայր եւ մայր բոլոր անոնց, որոնք կ՚ուզեն տուն վերադառնալ:

ՆԱԽԱՆՁԷՆ ԱՆԴԻՆ

Նախանձը շատ շուտ ծնունդ կ՚առնէ մեր սրտերուն մէջ: «Անառակ որդի»ի առակին մէջ, երէց եղբայրը կը նախանձի իր կրտսեր եղբօր, երբ ան հօրենական ջերմ ընդունելութիւն կը գտնէ, հակառակ անոր, որ վերջինս չարաչար մսխած էր հօր ստացուածքը (տե՛ս Ղկ 15.30): Այգիին մէջ աշխատող մշակներու առակին մէջ ալ անոնք, որոնք ամբողջ օրը աշխատած էին, կը նախանձին վերջին ժամուն եկող եւ նոյն վարձքը ստացող մշակներուն (տե՛ս Մտ 20.1-6): Բայց հայրը երէց որդիին կ՚ըսէ. «Դուն միշտ իմ քովս ես, եւ իմ ամբողջ ունեցուածքս քուկդ է» (տե՛ս Ղկ 15.31): Իսկ կալուածատէրը կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ կը նախանձիք, որ ես այսպէս առատաձեռն եմ» (տե՛ս Մտ 20. 15):

Երբ իսկապէս կը վայելենք Աստուծոյ անսահման առատաձեռնութիւնը, պէտք է երախտապարտ ըլլանք այն բոլորին համար, զորս մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը ստանան: Նախանձը երբեք տեղ պէտք չէ ունենայ մեր սրտին մէջ:

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԿԸ ԲՈՒԺԷ

Մարդիկ յաճախ կ՚ըսեն. «Ժամանակը կը բուժէ»: Ասիկա ճիշդ չէ, երբ կը նշանակէ, թէ մենք ի վերջոյ պիտի մոռնանք մեզի հասցուած վէրքերը եւ պիտի կարողանանք ապրիլ իբրեւ թէ ոչինչ պատահած ըլլար: Ասիկա իսկական բուժում չէ, այլ պարզապէս իրողութեան անտեսում: Բայց երբ «ժամանակը կը բուժէ» արտայայտութիւնը կը նշանակէ հաւատարմութիւն դժուարին յարաբերութեանց մէջ, այն ատեն այդ խօսքին մէջ շատ աւելի մեծ ճշմարտութիւն կայ:

«Ժամանակը կը բուժէ»ն կ՚ենթադրէ ո՛չ թէ կրաւորական սպասում, այլ՝ ներման ու հաշտութեան ներուժ, պատրաստակամութիւն:

ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ ԲԺՇԿՈՂՆԵՐ

Չկայ մէկը, որ վիրաւորուած չէ: Մենք բոլորս ալ խոցուած մարդիկ ենք, ըլլա՛յ ֆիզիքապէս թէ՝ հոգեպէս: Գլխաւոր հարցումը այն չէ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք քօղարկել մեր վէրքերը, այլ այն, թէ ինչպէ՞ս կրնանք մեր վիրաւորուածութիւնը ուրիշին բարիքին ծառայեցնել:

Երբ մեր վէրքերը դադրին անպատուութեան աղբիւր ըլլալէ եւ դառնան բժշկութեան գործօն, մենք կը վերածուինք վիրաւոր բուժարարներու:

Յիսուս, Աստուծոյ վիրաւոր բուժարարն է. իր վէրքերուն միջոցով է, որ մենք բժշկուեցանք: Յիսուսի չարչարանքներն ու մահը ուրախութիւն եւ կեանք առաջ բերին: Իր նուաստացումը փառք ընձեռեց, իսկ մերժուիլը՝ սիրող ընկերութիւն մը: Իբրեւ Յիսուսի հետեւորդներ, մենք ալ կրնանք այնպէս ընել, որ մեր վէրքերը ուրիշներուն բժշկութիւն պարգեւեն:

ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ ՄԵՐ ՎԷՐՔԵՐԸ ԽՆԱՄԵՆՔ

Մեր ապրած մենութիւնը, նեղութիւնն ու վախի փորձառութիւնը կրնան ուրիշներուն համար շնորհքի վերածուիլ, յատկապէս, երբ լաւ ենք խնամուած: Այնքան ատեն, որ մեր վէրքերը բաց են եւ կ՚արիւնին, մենք վախ կ՚ազդենք ուրիշներու: Բայց երբ մէկն ու մէկը զգուշութեամբ խնամած է մեր վէրքերը, անոնք այլեւս կը դադրին վախ ազդելէ:

Երբ փորձարկենք ուրիշի մը բժշկարար ներկայութիւնը, այն ատեն կրնանք յայտնաբերել մեր սեփական բժշկութեան պարգեւը: Ատկէ ետք միայն մեր վէրքերը թոյլ կու տան մեզի լիովին համերաշխ ապրիլ մեր վիրաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ:

ՄԵՐ ՎԷՐՔԵՐՈՎ ՀԱՆԴԵՐՁ՝ ԼՍԵԼ

Վիրաւորուած մարդու մը հետ համերաշխ ապրիլ, չի նշանակեր անպայման անոր հետ մեր ցաւերու մասին խօսիլ: Այս ձեւը դժուար թէ օգտակար ըլլայ ցաւ ունեցող եւ տառապող մարդուն: Վիրաւորը բուժողն ան է, որ կր լսէ ցաւ ունեցողը, առանց երբեք խօսելու իր տուայտանքին մասին:

Երբ ապրած ենք ու քաշած ցաւագին դժուարութիւններ ու նեղութիւններ, կրնանք մեծագոյն ուշադրութեամբ եւ սիրով լսել յուսալքուած ընկեր մը, առանց մեր զգացածը մատնանշելու:

Ընդհանրապէս աւելի լաւ է մեր ցաւերուն վրայ չկեդրոնացնել տառապողին ուշադրութիւնը: Մենք պէտք է վստահ ըլլանք, որ մեր լաւ խնամուած ու փաթթուած վէրքերը թոյլ կու տան մեզի, ամբողջ սրտով լսենք ուրիշները: Ահա ա՛յս է բուժումը:

ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԵՒ ՏԱԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Կարեւոր է գիտնալ, թէ ե՛րբ պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք։ Յաճախ հակամէտ ենք տալու, միայն տալու առանց երբեք փոխարէնը պահանջելու: Ասիկա կրնանք իբրեւ առատաձեռնութիւն կամ նոյնիսկ հերոսութիւն նկատել: Բայց ասիկա քիչ մը աւելի քան հպարտ կեցուածք է, որ կարծես կը նշանակէ. «Ես ուրիշներէն օգնութիւն չեմ ցանկար, այլ միայն՝ տալ»:

Երբ շարունակ կու տանք, առանց փոխադարձուելու, շուտով կը սպառինք: Երբ, ըստ հարկի, ուշադրութիւն դարձնենք մեր ֆիզիքական, զգացական, մտային եւ հոգեկան պէտքերուն, այն ատեն է միայն, որ կրնանք ըլլալ նաեւ ուրախ տուողներ:

Կայ տալու եւ ստանալու ժամանակ: Եթէ երբեք կ՚ուզենք առողջ կեանք վարել, երկու պարագային ալ հաւասար ժամանակի պէտք ունինք:

ՏԱՌԱՊՈՂ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՍԸ ՃԱՆՉՆԱԼ

Անհատներուն պէս, ընկերութիւններն ալ կը տառապին: Ամէնուրեք կը գտնուին բազմաթիւ մարդիկ, որոնք կը հալածուին, կը շահագործուին ու աննկարագրելի ոճիրներու զոհ կը դառնան: Կան նաեւ բազմաթիւ տառապող ընտանիքներ, տառապող ընկերային շրջանակներ, միութիւններ, ցեղախումբեր ու նոյնիսկ ամբողջ ազգեր: Այս ժողովրդային հսկայ մարմնին մէջ, մենք պէտք է ի զօրու ըլլանք տեսնելու տառապող Քրիստոսը, որովհետեւ այդ զանգուածներն ալ ընտրուած են, օրհնուած, կտրուած եւ բաշխուած աշխարհին:

Երբ միասնաբար կը փորձենք արձագանգել մարդոց ցաւերուն ու տառապանքներուն եւ երբ մէկտեղ կ՚աշխատինք արդարութեան եւ խաղաղութեան ի խնդիր, անպայման խնամած ու հոգացած կ՚ըլլանք Քրիստոսը, որ տառապեցաւ եւ մեռաւ այս աշխարհի փրկութեան համար:

ԿԱՐԵՆԱԼ ԿՏՐԵԼ ՃԱՄԲԱՆ ՈՒ ԱՆՑՆԻԼ՝ ԻՐԱՐՈՒ ՍԻՐՈՅՆ

Մենք ընկերներ կը դառնանք, երբ կարենանք իրարու սիրոյն կտրել ճամբան ու անցնիլ: Հսկայ անջրպետ մը կայ ընդմէջ սպիտակամորթին ու սեւամորթին, երիտասարդին ու ծերին, առողջին ու հիւանդին, բանտարկեալին ու ազատին, հրեային ու հեթանոսին, իսլամին ու քրիստոնեային, բողոքականին, լատինին ու ուղղափառին միջեւ:

Բազմաթիւ ճամբաներ անցնելու կարիքը կայ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը շատ զբաղուած է իր իսկ շրջանակին մէջ: Ունի իր հարազատ ժողովուրդին հոգերն ու անձնական գործերը: Եթէ ժամանակ առ ժամանակ «կտրելով ճամբան» անցնինք եւ ուշադրութիւն դարձնենք ճամբուն միւս կողմը կատարուող անցուդարձին եւ պատահարին, պէտք է իսկապէս ընկեր-բարեկամներ դառնանք:

ՄԱՐԴՈՑ ՄԻՋԵՒ ԳՈՅԱՑԱԾ ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏԵՑՆԵԼ

Ընկեր ըլլալ կը նշանակէ մարդոց միջեւ ինկած հեռաւորութիւնը կրճատել: Այնքան ատեն, որ հեռաւորութիւն կայ մեր միջեւ ու չենք յաջողիր զիրար տեսնել, այլազան միտքեր ու գաղափարներ կ՚ունենանք, ուստի եւ յաճախ կը խուսափինք յարաբերելէ անոնց հետ։ Կրնայ ըլլալ, որ անոնք ալ նոյն վերաբերումը ունենան մեզի հանդէպ, որով երկուստեք կը մոռնանք, որ եղբայրներ ու քոյրեր ենք։

Երբ քաջութիւնն ունենանք կտրելու մեզ բաժնող ճամբան եւ իրարու աչքի մէջ նայիլ, այն ատեն միայն կրնանք տեսնել, թէ մենք բոլորս ալ Աստուծոյ զաւակներն ենք, մարդկային նոյն ընտանիքի անդամները:

ՄԵՆՔ ԱՅՆ ՉԵՆՔ, ԻՆՉ ՈՐ ԵՆՔ

Մեր զգացական կեանքը անընդհատ վերիվայրումներ կ՚արձանագրէ: Երբեմն կ՚ունենանք բազմատեսակ հոգեվիճակներ, որոնք կը տարուբերին ուրախութեան ու տխրութեան, տագնապներու եւ ներքին բուռն փոթորկումներու միջեւ: Շատ յաճախ մենք անզօր ենք հսկելու անոնց վրայ եւ զսպելու զանոնք եւ այնպէս կը թուի, թէ անոնք կը պատահին մեզի, քան մեր կողմէ կը ստեղծուին։

Հարկ է գիտնալ, որ մեր յուզական կեանքը նման չէ մեր հոգեւոր կեանքին, որովհետեւ մեր հոգեւոր կեանքը, Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին կեանքն է, որ մեր ներսիդին կը բնակի: Եւ երբ զգանք, որ մեր յոյզերը կը շեղին, ապա պէտք է զուգորդենք մեր հոգիները Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին եւ միշտ ու միշտ յիշենք, որ մենք այն չենք, ինչ որ կը զգանք:

 Ի՛նչ ալ ըլլան մեր տրամադրութիւնները, մենք կը մնանք Աստուծոյ սիրելի զաւակները։

ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ ՄԵՐ ՏԱՏԱՆՈՂ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Արդեօք մենք դատապարտուա՞ծ ենք մեր տրամադրութեանց կրաւորական զոհերը ըլլալու: Արդեօք պէ՞տք է պարզապէս ըսենք. «Այսօր բացառիկ լաւ կամ վատ տրամադրութիւն ունիմ», եւ պահանջենք, որ ուրիշներ յարմարին մեր քմայքներուն:

Թէեւ շատ դժուար է հաւասարակշռել մեր տրամադրութիւնները, սակայն, ի զօրու ենք աստիճանաբար կարգաւորելու զանոնք, շնորհիւ ապրուած հոգեւոր կեանքի մը, որ կրնայ մեր տրամադրութեանց խաղալիքը չդարձնել մեզ։

Ամէն օր կանուխ ժամերուն, ինչպիսին ալ ըլլայ մեր տրամադրութիւնը, երբ քանի մը վայրկեան յատկացնենք Աստուածաշունչի ընթերցման, սաղմոսասացութեան եւ աղօթքի, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ մեզի պարգեւած նոր օրուան, անմիջապէս կը տեսնենք, որ շողշողուն տրամադրութեամբ ենք լեցուն՝ բացուող նորեկ առտուան հանդէպ:

ՊԵՂԵԼ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՂԲԻՒՐԸ

Երբ մէկը կ՚անտեսէ, կը նախատէ եւ կը վիրաւորէ մեզ, ներքին խոր բողոք մը կը յառաջանայ մեր մէջ, որ կրնայ ըլլալ բարկութիւն, յուսահատութիւն, վրէժխնդրութեան կամ նոյնիսկ հատուցման խորունկ ցանկութիւն։ Կրնայ ըլլալ, որ գիշերներ ամբողջ խոկանք ու խորհինք փոխվրէժի զանազան ձեւերու մասին, որոնք կարող են մեզ հասցնել գերագոյն յուսահատութեան, նոյնիսկ անձնասպանական արարքի:

Ահաւասիկ ճիշդ այս պահերուն է, որ մենք պէտք է աւելի ուշադիր պեղենք մեր հոգեւոր աղբիւրները եւ գտնենք բուն այն ակունքը, որ աւելի խորերն է, քան ուրիշին կամ մեր անձին վնաս հասցնելու տենչը, եւ ուր ազատ ենք ներել եւ սիրել:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 28, 2025