ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԱՐՃ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

Այսօրուան աշխարհը, նոյնիսկ անհամար զարգացումներու եւ քաղաքակրթական յառաջընթացներու պայմաններուն մէջ, տակաւին բազում խոր ու ցաւոտ անհաւասարութիւններով ողողուած է։ Արդարութիւնը, որուն վրայ հիմնուած են մարդկային արժէքներու մեծ մասը՝ կ՚երեւի, թէ խախտուած է բազում ոլորտներու մէջ՝ ընդհանրապէս քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական համակարգերու սահմաններէն ներս։

Տնտեսական անհաւասարութիւնը այսօր ամենէն յստակ եւ ցցուն նշաններէն մին է արդի աշխարհի մէջ տիրող անարդարութեան։ Զարգացած երկիրներու մէջ հարստութիւնը կեդրոնացուած է համեմատաբար փոքր թիւով մարդոց մօտ, մինչ շատեր կը պայքարին հիմնական կարիքները ապահովելու համար։ Այս վիճակը ո՛չ միայն տնտեսական, այլ բարոյական խնդիր մըն է՝ քանի որ պիւտճէներու եւ տնտեսական ծրագիրներու մշակման ընթացքին, աղքատութեան եւ հասարակական ծառայութիւններու հասանելիութեան հարցերը երկրորդական կը նկատուին։

Միւս կողմէ, բազմաթիւ երկիրներու մէջ, քաղաքացիները չունին արդար ներկայացում, իրաւունքներու պաշտպանութիւն կամ մասնակցութիւն կարեւոր որոշումներու մէջ։ Այսպիսի իրավիճակներու պարագային, իշխանութիւնը կը դառնայ վերնախաւի գործիք մը՝ առաւել եւս խորացնելով անհաւասարութիւնները։ Ճիշդ ընտրութիւններու, արդար դատական համակարգի եւ արտայայտման ազատութեան բացակայութիւնը կը կորսնցնէ հաւասարութեան եւ արդարութեան հիմքերը։

Աշխարհի զանազան շրջաններէն ներս՝ ծագումի, սեռի, կրօնի, մաշկի գոյնի կամ ազգային ինքնութեան հիման վրայ տեղի կ՚ունենան մեծ թիւով խտրականութիւններ։ Նման պարագաներուն մէջ մարդիկ ո՛չ միայն անհաւասար հնարաւորութիւններ կ՚ունենան կեանքի մէջ, այլեւ կը դառնան համակարգային ճնշումներու զոհ։   

Մարդկութեան այլ կարեւոր մարտահրաւէրներէն մէկն ալ կլիմայական անարդարութեան հարցն է։ Կլիմայի փոփոխութեան վատ հետեւանքները հիմնականօրէն կը զգան այն բնակչութիւնները, որոնք քիչ մասնակցութիւն ունեցած են այդ փոփոխութեան պատճառներուն։ Խոցելի համայնքներ կը վճարեն այլոց անպատասխանատու շահագործումներու գինը։ Այսօր, կլիմայական անարդարութիւնը կը պահանջէ համաշխարհային յանձնառութիւն՝ պաշտպանելու համար բոլորի ապրելու իրաւունքը։

Այսօրուան աշխարհի մէջ տակաւին գոյատեւող դաժան ճշմարտութիւը՝ անարդարութիւնը ո՛չ միայն աղքատ երկրներու մէջ, այլեւ զարգացած ազգերու ընկերային կառուցուածքներու խորքին կայուն կերպով արմատացած է։ Ան արդէն սովորական տարր մը դարձած է մարդոց կեանքին մէջ. անարդարութեան գոյութիւնը կը մարսենք, կը շնչենք ու չենք դիմադրեր։ Բայց արդեօք կարելի՞ է լռել։

Աշխարհի վրայ արդարութիւնը երազ մը չէ, այլ նպատակ, որուն կարիքը ունին բոլորս՝ անհատաբար եւ հաւաքաբար։ Իրական արդարութիւն ձեռք բերելու համար հարկաւոր է համակարգային փոփոխութիւններ, հասարակական գիտակցութեան բարձրացում եւ միջազգային համերաշխութիւն։ Մարդկութիւնը պէտք է իր ջանքերը ուղղէ հաւասար հնարաւորութիւններու ստեղծման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ճշմարիտ ժողովրդավարութեան հաստատման։ Մինչ այդ, մեր պարտականութիւնն է չդադրիլ խօսելու, գրելու եւ գործելու՝ ի խնդիր աւելի արդար աշխարհի մը։

Անարդարութեան դէմ պայքարը կարելի է միայն, եթէ գիտակցինք, խօսինք եւ գործենք։ Մարդոց մեծամասնութիւնը լռութեան մէջ կ՚ընդունի անարդարութիւնը, կամ ալ կը մտածէ թէ՝ «միայն իմ ձայնովս ոչինչ կը փոխուի»։ Բայց պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ փոքր խումբերու համարձակ պայքարը կրնար փոխել համակարգեր, ստեղծել իրաւունքներ եւ վերադարձնել արժանապատուութիւնը։

Անարդարութիւնը մարդկային հասարակութեան ամօթն է, բայց նաեւ՝ ձգտում մը, որ պէտք է մղէ մեզ աւելի արդար, աւելի բարի եւ աւելի հաւասար աշխարհ մը կառուցելու։ Ամէն մարդ չի կրնար կառավարութիւն մը փոխել, բայց ամէն մէկս կրնանք ձայն մը բարձրացնել եւ երբ հազարաւոր ձայներ միանան, անարդարութիւնը այլեւս չի կրնար անտեսուիլ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 28, 2025