ԲԱԲԳԷՆ ԱԹՈՌԱԿԻՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԻՒԼԷՍԷՐԵԱՆ (23 ՄԱՅԻՍ 1868 - 9 ՅՈՒԼԻՍ 1936)

Անցեալ շաբաթ մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացուցինք երանաշնորհ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսի կեանքն ու գործունէութիւնը: Այսօր, պիտի ներկայացնենք երջանկայիշատակ հայրապետին գրիչին արգասիքը եղող հատուածներ, որոնք ընդհանրապէս կը վերաբերին Հայ Եկեղեցւոյ, հոգեւոր դաստիարակութեան, որոնց մէջէն ընթերցողը որոշ կերպով պիտի կարենայ պատկերացում մը ունենալ Բաբգէն Կաթողիկոսի հոգեւորականի կերպարին մասին:

Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի հանգելուն լուրը բաւական ուշ ստացած է՝ Ամերիկա եղած ժամանակ: «Տաւրոս»ի մէկ շարք գրութիւններով մանրամասնութեամբ անդրադարձած է Օրմանեանի Սրբազանի կեանքին ու գործունէութեան: Առաջին գրութենէն կու տանք հատուածներ.

* Օրմանեան Սրբազան վաճանա՜ծ…:

Տարօրինակ երեւոյթ մը չէ այս մահը:

Օրմանեանն ալ մահկանացու մըն էր եւ պիտի մահանար օր մը:

Բայց հասարակ մահկանացուներէն չէր Օրմանեան Սրբազան:

Իր մահուան լուրը շատ ուշ հասաւ Ամերիկա, առանց նոյն իսկ կարեւոր մանրամասնութեան:

Առաջին անգամ՝ Փարիզի Վերածնունդին մէջ է, (Բ. տարի, 14 դեկտմբ. 1918, թիւ 24, էջ 480) որ Արշակ Չօպանեանի տուած ծանօթութենէն առի մեր Սրբազանին մահուան բօթը:

Մեծանուն բանաստեղծ-գրագէտը, որ շատ մօտէն կը ճանչնար հանգուցեալը, շատ մը գոյժերու շարքին կ՚ըսէր, «Պոլսոյ մէջ՝ դեռ նոր վախճաներ է Օրմանեան Սրբազանը, բազմարդիւն պատկառելի գործիչն ու գիտունը»:

Մեր ազգային-եկեղեցական պատմութեան, մեզի ժամանակակից շրջանին, մեծագոյն դէմքերուն՝ ամենէն ուշագրաւն է Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան:

Անոր կեանքը կապուած է հայ-ազգային այնպիսի մեծ եւ կարեւոր դէպքերու, որոնք տեղի ունեցան ԺԹ. դարու վերջին կիսուն եւ Քսաներորդին սկիզբը: Եւ հետեւաբար իր կեանքը արժանապէս պատմագրելու համար պէտք է քանի մը հատորներ լեցնել:

Դպրեվանքը [Արմաշի] պաշտօնապէս բացուեցաւ 1889 սպտմբ. 18-ին: Օրմանեան եօթը տարի առաջնորդեց այդ նոր հաստատութեան, եւ 1896 նոյբ. 6-ին կոչուեցաւ Թիւրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան:

Օրմանեան Սրբազան Պատրիարքութիւնը վարեց մինչեւ 1908-ը, Օսմանեան Սահմանադրութեան տխրայուշ թուականը, եւ այդ միջոցին ստիպուեցաւ քաշուիլ իր տունը, եւ նուիրուեցաւ մատենագրական աշխատութեանց, մինչեւ 1913-ի աշունը, յետոյ Երուսաղէմ ղրկուեցաւ, Ս. Յակոբայ վանքը բարեկարգելու համար:

Օրմանեան Սրբազան հազիւ թէ գործին ձեռնարկեց հոն, պայթեցաւ մեծ պատերազմը, եւ երբ Երուսաղէմ գրաւուեցաւ անգլիական բանակի կողմէն, 1918-ին, Օրմանեան Դամասկոս տարուեցաւ զինուորական իշխանութեանց կողմէն, Կիլիկիոյ Ս. Կթղ.ին եւ ուրիշ եկեղեցականաց հետ: Իսկ Դամասկոսէն կը հասնի Կ. Պոլիս 1918 յուլիս ամսու մէջ:

Ինչպէս որ կը հաւաստէ տքթ. Վ. Թորգոմեան, Օրմանեան Սրբազան, Կ. Պոլսի անկումէն ետքը, կոչուած է պատրիարքական գործերը վարելու մինչեւ Զաւէն Պատրիարքի աքսորէն վերադարձը:

Բայց աշխարհի վրայ տիրող համաճարակին զոհ կ՚երթայ այս աշխոյժ ծերունին, իր 77 տարիներուն մէջ, «իր մտքի բոլոր կարողութիւններն անայլայլ» («Տաւրոս», Բ. տարի, թիւ 16, 1919 ապրիլ 19, շաբաթ., Պոստոն, էջ 250-251):

* Տէրունական աղօթքը -Հայր մեր- ցոյց կու տայ, թէ ի՞նչ է աղօթելու կերպն ու նպատակը: Բայց բաւական չէ այդչափը գիտնալ. աղօթելու պայմանն ալ պէտք է ճշդուի: Վասն զի առանձնական աղօթք կայ իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար եւ բոլոր հաւատացեալներու համախմբութեամբ կարգաւորուած աղօթքի եւ պաշտամունքի դրութիւն մըն ալ կայ: 

Առանձնական աղօթքի համար Աւետարանը կը յանձնարարէ մինակ փակուիլ սենեկի մէջ եւ այդպէս աղօթել (Մտթ. Զ.6.): Եւ սենեկի մէջ փակուիլ ու առանձնանալ կը նշանակէ աղօթողի համար միտքի կեդրոնացում: Եթէ ոեւէ աղօթաւոր չի կրնար կեդրոնացնել իր միտքը եւ միայն ու միայն աղօթքով զբաղիլ պահ մը, չի կրնար աղօթք ըրած ըսուիլ: Մարդուն միտքը զարմանալի է. ան կը զբօսնու, կը ցրուի, կը տարածուի ամէն նիւթի վրայ: Միտքի կեդրոնացումը պայմա՛ն է մտաւորական ամէն տեսակ աշխատանքի մէջ: Անուշադիր եւ միտքը ցրուած աշակերտներ ամենէն դժբախտ արարածներ են դպրոցի գրասեղաններուն վրայ: Գործի աշխարհին մէջ ալ այս է իրականութիւնը: Այս է պատճառը, որ միանձնական կեանքի մէջ աղօթողներ եւ ճգնողներ կը փակուին իրենց խուցերուն մէջ, որպէս զի միտքը չցրուի: 

Եկեղեցիներու մէջ, հասարակաց կամ հրապարակային աղօթքի մէջ ալ անհրաժեշտ պայման է ուշադրութիւն պաշտամունքին եւ միտքի կեդրոնացում: Ասոր համար եկեղեցիներու մէջ աղօթքի եւ երգի ձայներէն դուրս ուրիշ ձայներ պէտք չէ որ լսուին, եւ պաշտօնէից անհրաժեշտ շարժումներէն զատ ուրիշ շարժումներ պէտք չէ որ ըլլան: 

Ամենէն մեծ մեղք կարելի է համարել եկեղեցւոյ մէջ, պաշտամունքի պահուն, մա՛նաւանդ խորհրդաւոր աղօթքներու եւ արարողութեանց ընթացքին, խօսակցիլը, տեսակցիլը եւ այլն: Պէտք է խոստովանիլ, որ այս կողմէն շատ քննադատելի է Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ հոգեւոր պաշտօնէութեան անուշադրութիւնը: Պաշտամունքին խորհրդաւորութիւնը, հոգեկանութիւնը խանգարող եւ միտքերու կեդրոնացումը խափանող ամէն տեսակ անշնորհ եւ անվայել շարժումներ սովորական բաներ դարձած են մեր եկեղեցւոյ մէջ: 

Մտածել անգամ մը, թէ Աստուծոյ աներեւոյթ ներկայութեան կանգնած բազմութիւն մը, չի հասկնար իր կեցած տեղին ու իր կեցուածքին նշանակութիւնը, սոսկալի՜ է ասիկա: Եթէ այսպիսի անուշադրութիւն մը տեղի ունենար մեր կենցաղագիտութեան պայմաններուն մէջ, խորապէս պիտի վիրաւորուէին մարդոց արժանապատուութիւնները: Ի՛նչ որ ներելի չենք գտներ մարդոց առջեւ, ատոնց աւելի տգեղներն ու աններելիները կ՚ընենք եկեղեցւոյ մէջ, Աստուծոյ առջեւ: 

Ամէն հաւատացեալ պատասխանատո՛ւ է հասարակաց աղօթքին կանոնաւորութեան: Այս հիման վրայ է, որ հոգեւոր պաշտօնեաներու բոլոր դասակարգէն կը պահանջուի գիտակցութիւն, ջերմեռանդութիւն եւ երկիւղածութիւն պաշտամունքի մէջ՝ իրենց ինկած բաժինները կատարելու ատեն: Հանդարտ, յստակ, հնչեղ առոգանութիւն կարդացմունքներու եւ աղօթքներու մէջ. հասկցուած, ոգեւորեալ երգեցմունք, շնորհալի շարժմունք, վայելուչ եւ ուշադիր կեցուածք եւ հետեւում պաշտամունքի.- եթէ այս բոլորը արտայայտուին խորին լռութեան մէջ, միտքերը ինքնին կը կեդրոնանան եւ աղօթքը կը հասնի իր նպատակին: Երբ հոգեւոր պաշտօնեաներ կը թաչեն իրենց սաղմոսները եւ աղօթքները, երբ երգեցողներ երգերուն բառերը եւ իմաստը կը խեղդեն անարուեստ ու անճաշակ եղանակներու ծեքենաներով, հասարակաց միտքը չի մագնիսուիր եւ չի կեդրոնանար: 

Ամբողջ եկեղեցին մէկ սիրտ պէտք է ըլլայ եկեղեցւոյ մէջ, եւ մաքո՛ւր սիրտ մը, որպէս զի աղօթողներուն միտքը, անզբաղ եւ անզբօս, կեդրոնանայ եւ սեւեռուի աղօթքի նպատակին եւ կապուի Փրկչին: 

Այսպիսի սեւեռած ու կեդրոնացած աղօթք մը՝ կապուա՛ծ կը պահէ հաւատացեալը Յիսուս Քրիստոսին, իր բունին հաստատուած ուռին պէս («Սիոն», նոր շրջան, Ա. տարի, թիւ 5, մայիս, 1927, էջ 133-134):

* Մեր ամէնուն պարտքն է աղօթել եւ մաղթել, որ մեր սիրելի Հայրապետին [Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսի] ծերութիւնը օժտուի առողջութեամբ: 

Կը հրաւիրեմ ձեզ, սիրելի ժողովուրդ, որ մեզի հետ սրտագին մաղթանքներ ուղղէք Աստուծոյ «վասն խաղաղութեան ամենայն աշխարհի եւ հաստատութեան սրբոյ եկեղեցւոյ», այս հանդիսաւոր օրուան մէջ, եւ մա՛նաւանդ Մայր Աթոռոյ գահակալ Վեհ. Խորէն Ս. Կաթողիկոսի, Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռի գահակալ Ամեն. Թորգոմ Ս. Պատրիարքի, Կ. Պոլսի Պատրիարք Ամեն. Մեսրոպ Ս. Արքեպիսկոպոսի, մեր թեմակալ սրբազաններու եւ Հայ. Եկեղեցւոյ բոլոր ուղղափառ եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց, քահանայից եւ եկեղեցւոյ բովանդակ լրութեան համար: 

Մեր քրիստոնէական եւ քաղաքացիական պարտականութիւնն է նաեւ աղօթել տեղական եւ հոգատար իշխանութեանց համար, որպէս զի անոնք կարող ըլլան իմաստութեամբ կառավարել այս երկիրը, սիրոյ եւ խաղաղութեան մէջ եւ առաջնորդել անոր դէպի յառաջդիմութիւն, բարօրութիւն եւ երջանկութիւն: 

Ժողովուրդ հայոց, թո՛ղ այսօր արծարծուի մեր մէջ սէր, խաղաղութիւն, քրիստոնէական կեանք, եղբայրական սերտ զգացումներով, իբրեւ պատգամը շնորհաբաշխութեան այս հանդիսաւոր եւ երջանիկ օրուան, ի շինութիւն եւ ի պայծառութիւն Հայ. Եկեղեցւոյ, եւ ի փառս Ամենասուրբ Երրորդութեան՝ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Ամէն (Միւռոնօրհնութեան առիթով խօսուած քարոզէն հատուած: «Հասկ», ամսաթերթ Կիկիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Ե. տարի, 1936, թիւ 3-4, էջ 18):

Ամերիկայի մէջ գտնուած ժամանակ, «Հայաստանեայց Եկեղեցի» վերանագրով դասախօսութիւն մը տուած է, որ յետագային որպէս գրքոյկ հրատարակուած է Պոստոնի մէջ, 1924-ին: Այդ դասախօսութեան մէջ խօսելով Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ամբողջութեան մասին՝ որպէս կազմակերպուած հաստատութիւն, կը գրէ.

* Հայաստանի եկեղեցին, առնելով իր ամբողջութեան մէջ, իբրեւ կազմակերպեալ հաստատութիւն, իր պատմութեան ընթացքին կը ներկայանայ քանի մը որոշ հանգամանքներով.

1.- Իբրեւ հաստատութիւն, որ պահած է քրիստոնէական առաջին դարերու հաւատքը, աւանդութիւնները, սովորութիւնները, եւ զանոնք գործածած է իբրեւ միջոց աւետարանական սկզբունքները վերածելու ժողովուրդի կենցաղին:

2.- Իբրեւ կազմակերպեալ կրօնական հաստատութիւն՝ եղած է միանգամայն ազգային հաստատութիւն:

Վարդանանց պատմութեան մէջ, Եղիշէ կը նկարագրէ այն ազգային առանձնաշնորհումները, զոր կը վայելէր Հայաստանի եկեղեցին: Երբ Պարսից կառավարութիւնը զրկել ուզեց հայ եկեղեցին (ժողովուրդը) իր այդ առանձնաշնորհումներէն եւ ստիպեց, որ թողուն քրիստոնէութիւնը եւ մազդէական ըլլան, այն ատեն պայթեցաւ Վարդանանց պատերազմը:

Հայաստանի եկեղեցին էր, որ հայերէն գիրերը գտաւ եւ ստեղծեց հայ ժողովուրդի գրաւոր լեզուն: Հայաստանի եկեղեցւոյն հոգեւոր պետն էր, որ թագաւորական գահուն անկումէն ետքն ալ շարունակեց ներկայացնել աշխարհիկ իշխանութիւնը: Վերջապէս Հայաստանեայց Եկեղեցին է, որ միութեան կապ եւ յարաբերութեան կեդրոն եղած է ի սփիւռս աշխարհի ցիրուցան հայ ժողովուրդի համար:

3.- Իբրեւ կազմակերպեալ հաստատութիւն, իր կրօնական նկարագրով, այսօր կը պահէ իր ինքնօրէն եւ ինքնուրոյն յօրինուածքը, թէ՛ վաղեմի եւ թէ նոր, եւ կը ներկայացնէ համեմատական եզր մը հին եկեղեցիներու քով՝ իր իսկատիպ ժողովրդականութեամբ եւ պարզութեամբ:

4.- Հայաստանի եկեղեցին, իբրեւ կազմակերպեալ հաստատութիւն, ունենալով հանդերձ ազգային շատ շեշտուած նկարագիր, չէ դադրած հիմնովին կրօնական ըլլալէ: Եւ այսօր, երբ աշխատութեան եւ վարչական գործերու բաժանումներուն շնորհիւ այնքան յստակուած են ժողովուրդներուն կրօնական եւ քաղաքական գործառնութիւնները ընկերային կեանքին մէջ, ինչ որ ծանօթ է Ֆրանսայի պատմութեան մէջ եկեղեցւոյ եւ պետութեան բաժանում անունով, Հայց. Եկեղեցին, իր կրօնական նկարագրով պիտի բարեկարգուի, եւ իր կրթական ու դաստիարակութեան գործը յառաջ պիտի տանի ծառայութեան նո՛ր ուղիներէն: Վասն զի վերջին հալածանքներ, կենցաղի ահռելի տգեղութիւններով վիրաւորեցին մաքուր հաւատքը, եւ շատ մը աղուոր գիծեր եղծեցին հայ ժողովուրդին բարոյական մեծութիւններէն (էջ 7-8):

* Դէպի կատարեալը, դէպի բացարձակը. այս պիտի ըլլայ ձգտումն եւ ուղղութիւնը մեր ճիգերուն, մեր գործունէութեան, մեր բաղձանքնելուն, մեր երազներուն: 

Ինչ որ չենք գիտեր հիմա, պիտի գիտնանք օր մը:

Այս դասը միայն սուրբ կրօնքն է, որ կու տայ մարդկութեան, ի՛նչ որ չենք գիտեր հիմա

Հայ ժողովուրդին համար հարուստ եւ անկողոպտելի արժէք մըն է իր կրօնքը, ահա իրողութիւն մը, զոր չեն գիտեր շատերը, ահա ի՛նչ որ շատեր կ՚ուզեն ուրանալ հիմա, ըսուելու համար ազատամիտ, զարգացեալ, նոր, արդիական: 

Բայց այդ կրօնքն է՝ որ ստեղծեց հայու լեզուին գիրն ու գրականութիւնը, այդ կրօնքն է՝ որ թռիչք տուաւ հայ ճարտարապետութեան, այդ կրօնքն է՝ որ ներշնչումը եղաւ հայ բանաստեղծութեան եւ հայ գեղարուեստի բոլոր ճիւղերուն հագցուց փառահեղ պատմուճանը իսկատիպ արտայայտութեան, այդ կրօնքն է՝ որ այժմ կ՚ուզեն քանդել շատեր, որոնք հայերէն կը խօսին, հայերէն կը գրեն, եւ չեն ուզեր սորվիլ ինչ որ չեն գիտեր («Հասկ», ամսաթերթ Կիկիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Զ. տարի, 1937, թիւ 1, էջ 4):

* Կրօնքին բարձրագոյն նպատակը եւ վախճանը այս է.- մարդը մաքրել իր մեղքերէն եւ մօտեցնել Աստուծոյ. որովհետեւ Աստուած կը բնակի սուրբերու մէջ եւ սուրբ սիրտ ունեցողներն են, որ կը տեսնեն զԱստուած:

Ապաշխարելու համար պէտք չէ որ քրիստոնեայ մարդը Աւետարանի մէջ պատկերացուած Փարիսեցիներու պէս խոժոռ կերպարանք մը ունենայ, իբրեւ թէ ծոմապահութեան ճնշումներուն տակ. ո՛չ ալ Նինուէցիներու նման պէտք ունին քուրձեր հագնիլ եւ մոխիրի վրայ նստիլ: 

Քրիստոնեայ մարդուն ապաշխարութիւնը կը կայանայ իր մեղքերը ճանչնալու քաջութեան մէջ: Աշխարհիկ թագաւորութիւնը կը դատէ եւ չի ներեր. կը դատապարտէ: Աստուծոյ թագաւորութիւնը սիրոյ եւ թողութեան թագաւորութիւնն է: Անառակ որդիներ հայրական ներողութեան կ՚արժանանան հո՛ն, իրենց ինչքը եւ առողջութիւնը կորոնցնելէ յետոյ իսկ, հերիք է որ զգաստանան, ճանչնան իրենց յանցանքը եւ ողջմտութեան թափին տակ, իրենց խղճմտանքին առջեւ խոստովանին արիաբար եւ ըսեն, սխա՛լ ըրի, մեղանչեցի. պէտք է որ երթամ իմ սիրելի հօրս, իյնամ անոր ոտքերուն եւ ըսեմ. Հա՜յր, ես մեղաւոր եմ Աստուծոյ եւ քու առջեւ. ներէ՛ ինծի: 

Այս դաստիարակութիւնը եւ հոգեկան մարզանքը Աւետարանը միայն կրնայ տալ, քրիստոնէական կրօնքին եւ հաւատքին այդ ակնաղբիւրը եւ աստուածային պատուէրներուն այդ գանձարանը: 

Անոնք որ կը սիրեն զԱստուած եւ կ՚ամչնան մարդոցմէ, շուտով կ՚անդրադառնան իրենց սխալներուն եւ մեղքերուն վրայ, եւ քաջութեամբ կը պայքարին անոնց դէմ, կը խոստովանին զանոնք, եւ Կ՚ԱՊԱՇԽԱՐԵՆ, շեշտենք անգամ մըն ալ, նախ իրենց խղճմտանքին առջեւ եւ յետոյ իր եղբօր եւ ընկերութեան առջեւ («Հասկ», ամսաթերթ Կիկիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Դ. տարի, 1935, թիւ 3, էջ 23):

* Մե՜ծ, սքանելի՜ են բարոյական աշխարհի իրողութիւններն ու գործողութիւնները: Քրիստոսի հակառակորդները՝ բաց աչքերը՝ չկրցան տեսնել Անոր բարիքները, Անոր բարեգործութիւնները, զրկանքնենրը, աղօթքները, հրաշքներն ու հրաշալիքները ու ծիծաղեցան. մեղաւո՛ր է ըսին, ըսին՝ մենք զանի չե՛նք գիտեր թէ ուսկի՛ց է: Մենք մեր Մովսէսը ունինք, գիտենք որ Աստուած Անոր հետ խօսեցաւ, մենք Անոր կ՚աշակերտինք, Անոր աշակերտներն ենք. «որք տեսանենն՝ կուրասցին»:

Անդին կար հակապատկեր մը. կոյր կարծուածները. Քրիստոս՝ թուք եւ կաւ դրաւ անոնց աչքերուն վրայ՝ իր զարթուցիչ, իր հրաշալի խօսքերով եւ անոնք լաւ տեսան Քրիստոսի փառքերը, զգացի՛ն զայն, հաւատացի՛ն Անոր խօսքերուն ու գործերուն. «որ ոչն տեսանեն՝ տեսցեն»:

Բացէ՛ք ձեր աչքերը, Ե՛ղբարք, կրնայ ըլլալ որ Պետրոսի քունը ձեր թարթիչներն ալ ծանրացնէ, երբ Տէրը աղօթքի կեցած է:

Բացէ՛ք ձեր աչքերը, տեսնելու համար ձեր քրիստոնէական կեանքին ներքին կողմը. ոտնակոխ ընելու համար ինչ որ դէ՛մ է ճշմարտին:

Բացէ՛ք ձեր աչքերը՝ երեւոյթներէն, կեղծիքներէն չպատրուելու համար:

Բացէ՛ք ձեր աչքերը, սիրելու համար զիրար, հաւատալու համար բարիի յաղթանակին վրայ: Այսպէս բացուող աչքեր, քրիստոնէի՛ աչքեր են: Երբ ծնաք այս Սուրբ Աւազանէն եւ ընդունուեցաք Հայ. Ս. Եկեղեցւոյ լուսաւոր գիրկը՝ Աստուծոյ պաշտօնեայն ձեր աչքերը կնքեց. «Կնիքս այս՝ յանուն Յիսուսի Քրիստոսի, լուսաւորեսցէ՛ զաչս քո, զի մի՛ երբեք ննջիցես ի մահ» (Մաշտոց, Կանոն Մկրտութեան):

Պահեցէ՛ք ձեր լուսաւորուած աչքերը մահացուցիչ թմբիրներէ՛ն շնորհօք Տեռան մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, որուն վայելէ փառք յաւիտեանս. ամէն («Քարոզներ», առաջին հատոր, Կ. Պոլիս, 1904, էջ 53-54):

Երանաշնորհ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսի գրիչին ու միտքին արգասիքն է նաեւ «Քրիստոնէական. Ըստ Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ վարդապետութեան յատկապէս պատրաստուած մեր Ազգ. վարժարաններու եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ ուսանողներուն համար», տպուած՝ Երուսաղէմ, 1932-ին: Գիրքը պատրաստուած է հարցում պատասխանի ձեւով: Այստեղ, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը այդ հարցում պատասխաններէն:

* Ի՞նչ ըսել է Քրիստոնէական:

Քրիստոնէական կ՚ըսուին այն փոքր ու մեծ գիրքեր, որոնք կը սորվեցնեն Քրիստոնէական կրօնի դաւանութեան սկզբունքները եւ կրօնական ուրիշ գիտելիքներ (էջ 3):

- Ի՞նչ կը նշանակէ դաւանիլ:

Դաւանիլ կը նշանակէ բան մը ընդունիլ, խոստովանիլ, հաստատել: Հետեւաբար՝ դաւանութիւն կամ դաւանանք կը նշանակէ ընդունուած, խոստովանուած, հաստատուած բան մը. եւ հո՛ս՝ Քրիստոնէական կրօնք, հաւատք (էջ 3):

- Ի՞նչ կը նշանակէ Ուղղափառ:

Ուղղափառ՝ հայերէն թարգմանութիւնն է յունարէն օրթօ՛տոքս բառին, որ կը նշանակէ հաւատքի մէջ շիտակ կամ ուղիղ կարծիք ունեցող: Յունարէն բառը հայերէն տառադարձութեամբ (որթոդոքս) ալ կը գործածուի:

Անոնք որ պաշտօնապէս բանաձեւուած եւ ընդունուած դաւանանքը չեն ընդունիր, կը կոչուին չարափառ, թիւր կամ սխալ կարծիք ունեցող:

- Անհրաժեշտ պայմա՞ն մըն է ուղղափառութիւնը քրիստոնեայ ըլլալու համար:

Տարակոյս չկայ որ Յիսուս Քրիստոսի անունով բոլոր մկրտուածներ քրիստոնեայ են: Եւ անոնց ապրած կեանքը՝ ապացոյցն է իրենց հաւատքին եւ դաւանանքին ուղղափառութեան կամ չարափառութեան: Բայց եկեղեցիի մը միութեան եւ ներքին զօրութեան համար անառարկելի պէտք մըն է ուղղափառութիւնը:

Երբ եկեղեցւոյ մը անդամները իրարմէ տարբեր կարծիք ունին հաւատքի եւ դաւանանքի խնդիրներուն վրայ եւ այդ կարծիքները տեղի կու տան ներքին վէճերու եւ պառակտումներու, այդպիսի եկեղեցի մը տկա՛ր է ամէն կերպով (էջ 4-5): 

- Ի՞նչ է հաւատքը:

Հաւատք, բառին կրօնական առումով, կը նշանակէ ամուր վստահութիւն աստուածային ճշմարտութիւններու վրայ: Իսկ Պօղոս առաքեալ այսպէս կը սահմանէ հաւատքը. «Յուսացուած բաներուն հաստատութիւնն է եւ չտեսնուած բաներուն ապացոյցը կամ ստուգութիւնը» (Եբր. ԺԱ. 1) (էջ 7):

- Ի՞նչ է Հաւատամքը:

Հաւատամքը քրիստոնէական կրօնի հաւատալիքներուն բանաձեւն է եւ կամ, ինչպէս որ ըսինք առաջուանէ, Հաւատամքը առաջին Քրիստոնէականն է, որուն մէջ բանաձեւուած են Քրիստոնէութեան հաւատալիքները (էջ 13):

- Ի՞նչ կը նշանակէ խորհուրդ:

Խորհուրդ, բառին կրօնական եւ աստուածաբանական իմաստով, կը նշանակէ անտեսանլեի բաներու յայտնութիւնը, զոր օրինակ, մկրտութեան մէջ մկրտուողին քրիստոնեայ դառնալը՝ խորհուրդ մըն է, ծածուկ բան մը, եւ ա՛յն ծէսն ու արարողութիւնը, որոնց համեմատ կը կատարուի մկրտութիւնը, իրական արտայայտութիւնն է խորհուրդին: Հետեւաբար, խորհուրդ կը նշանակէ ո՛չ միայն ծածուկ բան մը, այլ նաեւ ատոր արտայայտութեան արտաքին ձեւերն ու կերպերը, կամ՝ արարողութիւններն ու ծէսերը (էջ 45):

- Ի՞նչ կը նշանակէ բարոյագիտութիւն:

Բարոյագիտութիւն կը նշանակէ մարդկային պարտականութիւններու գիտութիւն կամ բարոյական գիտութիւն:

- Ի՞նչ է ուրեմն կրօնքի բարոյագիտութիւնը:

Կրօնքին նպատակն է ո՛չ միայն մարդոց ճանչցնել ճշմարիտ Աստուածը, այլ նաեւ՝ աստուածային սկզբունքներու եւ պատգամներու վրայ հիմնուած կեանք ու կենցաղ մը ապրիլ տալ անոնց:

Դարձեալ, կրօնքին նպատակն է մարդը երջանիկ ընել՝ իրենց բոլոր հաւատքով եւ գիտակցութեամբ, Աստուծոյ սիրոյն եւ մարդկային ընկերութեան խաղաղութեան մէջ:

Հետեւաբար, կրօնքին բարոյագիտութիւնն է, որ կը սորվեցնէ այդ նպատակին համաձայն կեանք ու կենցաղ վարելու գիտութիւնը (էջ 131):

- Ի՞նչ կը նշանակէ Հայաստանեայց Եկեղեցի:

Հայաստանեայց Եկեղեցի կը նշանակէ Եկեղեցի Հայաստանցիներու, այսինքն եկեղեցի մը, որ ի բնէ կը պատկանի հայ ազգին կամ հայ ժողովուրդին: Ասոր համար կ՚ըսուի նաեւ Հայոց Եկեղեցի, Հայ Եկեղեցի (էջ 155):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 29, 2025