ԿԵՆԴԱՆԻ ԳԾԻ ՎԱՐՊԵՏԸ…
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուած է ֆրանսահայ անմահ նկարիչ Ժանսեմի (Յովհաննէս Սեմէրճեան) ցուցահանդէսը։ Երեւանի կեդրոնին գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ այս ձեռնարկը, որ եկած է համախմբել աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետի աւելի քան 120 ստեղծագործութիւնը։ «Ժանսեմ. կենդանի գծի վարպետը» խորագրուած է ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած աշխատանքները կը ցոլացնեն նկարչի՝ կեանքի նկատմամբ հետաքրքրական մօտեցումները ու կ՚արծարծեն այնպիսի նիւթեր, որոնք մշտապէս անոր ուշադրութեան կեդրոնին գտնուած են։
Ֆրանսական արդի արուեստի վառ դէմքերէն մին է Ժանսեմ, որ 2005 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրաբերած է 400 աշխատանք։ Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի։
Ժանսեմի նուիրաբերած գործերը հանգրուանած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ։ Այժմու իւրայատուկ ցուցահանդէսը համադրած են Նունէ Թադէոսեան եւ Վիգէն Գալստեան։ Ներկայացուած աշխատանքներէն շատերը առաջին անգամ կը ցուցադրուին։
*
Այսօրուան աշխարհը՝ չդադրող պատերազմներով, տնտեսական ու բարոյական ճգնաժամերով, քաղաքական անզուսպ աղմուկներով, բիրտ բախումներով՝ կարծես կը փորձէ գոցել այն ձայնը, որ ծնունդ կու տայ գեղեցկութեան, ապրումի ու ստեղծագործութեան։
Մարդկային հոգին՝ խռովուած, վախցած եւ յաճախ լքուած՝ քիչ-քիչ կը հեռանայ այն աշխարհէն, որ արուեստ կը շնչէ։ Այս բոլորին մէջ արուեստագէտին փառքը, որ ստեղծուած է տառապանքէ, մենակութենէ ու անսասան նուիրումէ, կը տկարանայ, կը խեղճանայ ժամանակի աղմուկին տակ եւ վտանգուած է մոռցուելու։
Եւ սակայն, բաւական է մէկ լուսաւոր նախաձեռնութիւն, մէկ խորիմաստ մշակութային ձեռնարկ եւ ամէն ինչ կը դադրի իր մռայլ ընթացքէն։ Այդ պահուն, կարծես աշխարհի աղմուկները կը խլանան, աւերակներու պատկերները կը փարատին ու հոգին կրկին կը դառնայ դէպի լռութիւնը՝ դէպի արուեստ։ Ահա այստեղ է արուեստի գաղտնի ուժը։ Ան չունի զէնք, բայց ունի զօրութիւն։ Չունի իշխանութիւն, բայց ունի նեշնչում եւ առաջնորդելու ուժ։ Արուեստի աշխարհին մէջ մէկ ակնթարթն իսկ բաւարար է, որ մարդը մոռնայ օրուան տագնապը ու կրկին տեսնէ ինքզինք։
Արուեստը միաժամանակ վերամիաւորող է։ Զայն նախ եւ առաջ կը միաւորէ երազողները, մեր մէջ կ՚արթնցնէ կարեկցանքը, յիշողութիւնը եւ երազը։
Ամէն անգամ երբ աշխարհը կը կորսնցնէ իր ներքին համաչափութիւնը, կարծես օգնութեան կը հասնի արուեստը։
Եւ ամէն անգամ, երբ կը հանդիպինք արուեստի ոգիով ցուցադրութեան, մաքուր ու մարդկային ձեռագիրի մը, կարծես կրկին վստահութիւն կը վերագտնենք՝ որ ո՛չ, արուեստը չի մեռնիր, եւ մարդը, ստեղծագործողը, արուեստագէտը տակաւին արժէք ունին։
Հայ մեծանուն նկարիչ Ժանսեմի (Յովհաննէս Սեմէրճեան) արուեստը մարդու եւ իրական կեանքի մասին է։
Ժանսեմի նման վարպետներն են, որոնք կը սփռեն համամարդկային լոյս մը՝ յուսալքութեան խաւարին մէջ։ Անոնք արուեստի լեզուով կը պատմեն այն, ինչ պատմութիւնը մոռցած է, կը պատկերեն այն դէմքերը, զորս ժամանակը սրբած է, կը լուսաւորեն այն հոգեւոր անկիւնները, ուր մարդը մինակ մնացած է իր ցաւին հետ։
ԱՊՐՈՂ ԳԻԾԻ ՎԱՐՊԵՏԸ
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուած է ֆրանսահայ նշանաւոր նկարիչ Ժանսեմի նկարներու ցուցահանդէսը՝ «Ժանսեմ. կենդանի գծի վարպետը» խորագրով եւ նուիրուած է մեծանուն արուեստագէտի 105-ամեակին։
Ցուցադրութիւն մըն է, որ կը գերազանցէ սովորական գեղարուեստական ձեռնարկը՝ դառնալով ներշնչող ուղեւորութիւն մը՝ կազմուած մարդկային ճակատագրերէ, որոնք անծանօթ են մեզի, բայց մէկ անգամէն հարազատ կը դառնան։
Այս վայելուչ ցուցադրութիւնը, որ կը տեւէ մինչեւ հոկտեմբերի 25-ը, ներառած է աւելի քան 120 գծանկարչական եւ գեղարուեստական գործեր, որոնք ներկայացուցած են Ժանսեմի արուեստին կարեւորագոյն շրջանը՝ 1960-80-ական թուականներու ընթացքին ստեղծած իր հրաշալի գործերը։
Այցելուներուն հնարաւորութիւն տրուած է վերապրելու այն տեսիլքն ու զգայունութիւնը, որուն միջոցով Ժանսեմ՝ աշխարհի թելադրած անտարբերութենէն անդին, լուսաւորած է մարդկային խոնարհ պատումներ, որոնք սիրտ եւ հոգի կը տաքցնեն։
Ներկայ ցուցադրութիւնը ընտրուած է այն հաւաքածոյէն, զոր նկարիչը նուիրաբերած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին։ Այդ հաւաքածոն շուրջ 500 ստեղծագործութիւններէ կազմուած բացառիկ նուիրատուութիւն մըն է, որ կը հաստատէ Ժանսեմը որպէս պատկերասրահի ամենախոշոր արուեստագէտ-բարերարը։
Ցուցադրութեան պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, նախարարի տեղակալներ Ալֆրէտ Քոչարեան եւ Արթուր Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, Իտալիոյ դեսպան՝ Ալֆոնսօ տի Ռիզօ, Վրաստանի դեսպան Կիորկի Շարվաշիծէ եւ բազմաթիւ արուեստագէտներ ու մշակոյթի գործիչներ։
Բոլոր ներկաները այն համոզումին էին, որ այս ցուցահանդէսը ձեւով մը Ժանսեմի վերածնունդն է․ 2013 թուականին կեանքէն հեռացած նկարիչը կը վերադառնայ թէ՛ իր հոգեւոր ներկայութեամբ, թէ՛ որպէս հայու զգացումներու, սփիւռքեան կեանքի ու համամարդկային ապրումներու խորհրդաւոր վկայ մը։
Պատերազմի ծանր տարիներէն ետք Ֆրանսայի մէջ արուեստի ուղղութիւն մը սկիզբ առած է, որուն հիմնական նիւթը դարձած է կեանքի անդունդը պատկերելը, մարդու տխրութիւնն ու միայնութիւնը, ճնշումն ու խեղդուած հոգիներու արտացոլումը ցոյց տալը։ Ժանսեմին հարազատ էր այդ գիծը, բայց անոր ստեղծագործութիւնները արմատներ առած են նաեւ իր մանկութենէն, ուր թախիծն ու վիշտը ներկայ էին ընտանեկան պատմութիւններուն մէջ։
Մանուկ հասակին օտար հող կոխած մարդուն համար իր արուեստին մէջ մանուկներու կերպարները դարձան իր հայրենակից քոյր, եղբայրները, անպաշտպան հոգիներ, որոնց միջոցով ան պատմեց իր դժուար մանկութեան ու իր ժողովուրդի ծանրագոյն ճակատագրին մասին։ Ծեր կանայք իր պատկերներուն մէջ նոյնպէս երկար տարիներու տառապանքի ու չմոռցուող ցաւի մասին կը վկայեն։
Նկարչի գիծն ու ձեւը կը մարմնաւորեն այն մարդը, որուն աշխարհի լոյսերէն բաժին չէ ինկած։ Անոր ստեղծագործական ճանապարհը՝ խորապէս յագեցած մարդասիրական ու ընկերային նիւթերով, ընդհանրապէս կը պատկերէ մէկ կողմ քաշուածները՝ աղքատներ, ծերեր, չարքաշ կիներ, տառապածներ եւ առօրէական ընթացքին մէջ անտեսուող դէմքեր։ Անոնք Ժանսեմի կտաւներուն ընդմէջէն արժանապատուութեամբ մուտք գործած են արուեստի պատմութիւն…
Իր գրեթէ ամբողջ կեանքը Ֆրանսա բնակած Ժանսեմին արուեստը մշտական ներկայութիւն եղած է Փարիզի, Թոքիոյի, Նիւ Եորքի, Պէյրութի եւ այլ քաղաքներու արուեստի սրահներուն մէջ։
Ան այն բացառիկ նկարիչներէն է, որ ողջ եղած ժամանակ իր երկու թանգարանները բացուած են Ճաբոնի մէջ։
Ժանսեմ ծնած է Սէօլէօզ, 1920 թուականին: 1922 թուականին ընտանեօք հաստատուած է Յունաստան, Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ, ուր անցուցած է մանկութիւնը․ այնուհետեւ Ժանսեմի մայրը, ամուսինին մահէն ետք, 1931 թուականին, որդիին կոտրած ոտքը բուժելու նպատակով կը մեկնի Ֆրանսա ու կը հաստատուի Փարիզի Իսի-լէ-Մուլինօ արուարձանին մէջ:
Փարիզի զարդարուեստի բարձրագոյն դպրոցի շրջանաւարտ Ժանսեմ 1944 թուականէն սկսած է իր ստեղծագործութիւնները ցուցադրել Փարիզի «Անկախներու սալոն»ին մէջ, իսկ 1950-ականներուն արդէն ստացած է շարք մը մրցանակներ՝ Ֆրանսայի, եւրոպական քանի մը այլ երկիրներու եւ Մեքսիքոյի մէջ, արժանանալով նաեւ ֆրանսացի գրողներու ուշադրութեան, որոնք իրենց գիրքերու ձեւաւորումներուն համար, իբրեւ նկարիչ, նախընտրած են ունենալ Ժանսեմի ձեռագիրը:
Այսօր դժուար է պատկերացնել ֆրանսական կերպարուեստը առանց Ժանսեմի, բայց հետաքրքրական է, որ ան դիպուածով մը յայտնուած է Ֆրանսայի մէջ եւ սիրելով Ֆրանսան, դարձած է այդ երկրին համար հոգեհարազատ մարդ մը, որ նաեւ իր ներդրումը ունեցած է ֆրանսական մշակոյթին մէջ:
Ժանսեմ մոռցուած, տառապած եւ աղքատ մարդիկը նկարելով՝ անոնց մէջ կը տեսնէ մաքրութիւն ու արժանապատուութիւն։ Այսպիսի վարպետներն են, որ մեզ կը յիշեցնեն, թէ արուեստը սոսկ պատկեր մը չէ՝ զայն հոգեվիճակ է, բարոյական ընթացք, անհունութեան մէջ արձակուած բոց մը, որ չի մարիր։ Անոնք կը պաշտպանեն մարդը մոռացումէն, կը կանգնեցնեն կործանման ընթացքը եւ կ՚առաջարկեն նոր եղանակ՝ դիտելու, զգալու եւ ապրելու։
Անոնք չեն ճառեր, բայց իրենց կտաւներով կը խօսին այն ճշմարտութիւններուն մասին, որոնց մասին վարժ ենք սովորաբար լռելու։ Ու երբ կը կանգնիս Ժանսեմի գործերուն դիմաց, կը զգաս՝ թէ ինք քեզի չըսած բան մը արդէն փոխանցած է՝ միայն առանց աղմուկի, առանց աղաղակի, լուռ եւ յաւերժական գծով։
Ինչպէս ինքն ալ կը յայտնէ․ «Ես չեմ գծեր գեղեցիկ դէմքեր. ես կը գծեմ ճակատագրեր»։
Նկարիչը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է լիթոկրաֆիի արուեստին՝ իբրեւ արտայայտման մատչելի եւ ժողովրդական ձեւի։ Ատոր միջոցաւ ան կը ձգտէր խօսիլ լայն զանգուածներու հետ, հասնիլ այն մարդոց, որոնք բացառուած էին թանգարաններէն ու սրահներէն։ Ժանսեմի գեղարուեստական մօտեցումը երբեք ինքնակեդրոն չէ եղած. ան կը հաւատար, թէ արուեստը պէտք է իջնէ ձեւական բարձրաթռիչքէ՝ դառնալով հոգեկան շփում՝ կեանքի ամենէն խոնարհ, ամենէն իսկական շերտերուն հետ։
Իր մարդասիրական տեսլականը՝ սնած Փարիզի մէջ, կը խորանար եւ կը հաստատուէր Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի սարսափներու բովէն անցնելու ժամանակ, ուստի զարմանալի չէ, որ Ժանսեմին պատկերասրահը գունագեղ չէ։ Անոր կտաւներուն երանգները մեղմ են՝ մոխրագոյններ, դեղիններ, պաղ կանաչներ, որոնք կը շնչեն ոչ այնքան վայելչութիւն, որքան՝ վերծանում, լռութիւն եւ յուզումով ներծծուած պատում։ Գծած կերպարները, որոնք նստած են կամ՝ կանգնած, նոյնիսկ՝ դէմքով դարձած, մագնիսական ուժ ունին։
Ի վերջոյ, Ժանսեմ կը մնայ ո՛չ միայն վարպետ նկարիչ, այլ նաեւ անողոք վկան այն ապրումներուն, որոնց վրայ կը հիմնուի մեր հասարակաց պատմութիւնը։ Ժանսեմի ստեղծագործութիւնը հայ ժողովուրդի տառապանքի արտացոլումէն զատ, նաեւ ամբողջ մարդկութեան մաքառող, բայց արժանապատիւ կեանքի վկայութիւնն է։ Անոր ստեղծած բարակ գիծերը՝ պարզ, մելամաղձոտ եւ խոնարհ, կը վերածուին ներաշխարհի խորհրդաւոր քարտէսի մը, ուր ամէն արտայայտութիւն ունի խորք, ամէն ստուեր՝ կեանք, ամէն աչք՝ պատմութիւն։
Արուեստի քննադատները Ժանսեմը կ՚անուանեն գեղանկարչութեան մարգարէ, որ մարգարէ մըն է ո՛չ միայն իր վարպետութեամբ, այլեւ նախ եւ առաջ իր տեսիլքով։ Ան չէր հետեւեր արուեստի նորաձեւութեան հոսանքներուն, չէր ջանար հմայելու, զարմացնելու, այլ կը մնար հաւատարիմ իր ներքին կոչումին։ Նկարիչը չի քարոզեր, բայց կը հրաւիրէ մտածելու, զգալու եւ կրկին մարդ ըլլալու։
Ֆրանսացի տեսաբաններ Ժանսեմը բնութագրած են որպէս միզերապլիստ՝ թշուառներու նկարիչ։
Ֆրանսացի տեսաբան Ք. Պլան Ժանսեմի մասին գրած է․ «Կորուսեալ հոգիները իրենց ապաստան գտած են բանաստեղծ-նկարչի գիրկը։ Ան կտաւին յանձնած է այն, ինչ աշխարհը չկարողացաւ տեսնել։ Ժանսեմի նկարները հայ ժողովուրդի ողջ յիշողութիւնն են»։
Իր արուեստը վերացական չէ, տեսանելի է, շօշափելի, ցաւոտ՝ բայց ապրող։ Եւ այդ ապրելու հաւատամքն է, որ զինք դարձուց համաշխարհային հոգեւոր ներկայութիւն՝ հայութեան եւ մարդկութեան պատկանող արուեստագէտ մարգարէ մը։
ԺԱՆՍԵՄԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ
- Այնպէս կը պատահի, որ կը տխրիմ, սակայն իմ բնութեան մէջ չկայ վատատեսութիւն, այլ՝ հակառակը: Բայց եթէ ներս մտնենք, ապա իմ մէջ խոր վիշտ պիտի տեսնենք- այդ վիշտը կայ ողջ հայ ժողովուրդի սրտին մէջ:
- Ես քառասուն տարիէ ի վեր Ֆրանսա կը բնակիմ։ Չեմ կրնար չսիրել Ֆրանսան։ Նոյնիսկ շատ կը սիրեմ։ Հողի մը վրայ ապրիլ քառասուն տարի եւ չսիրել՝ անհնար է։ Բայց ահա՝ Հայաստանը կայ։ Հայաստանն ալ կը սիրեմ։ Հայաստանը, հայութիւնը իմ երակներուս մէջ է։
Նայէ, նայէ՛ իմ նկարներուն։ Կրնա՞ս ըսել, թէ ֆրանսական չեն իմ նկարները։ Բայց կրնա՞ս ըսել ալ, թէ հայութիւն չկայ այդտեղ։
- Ամէն ինչ սկսաւ 1951-ին․ այդ տարին ես անընդմէջ ստացայ չորս հեղինակաւոր մրցանակ, եւ իմ առաջ բացուեցան պատկերասրահներու դռներ։ Իմ աշխատանքներս սկսան ճանաչում գտնել եւ ես 37 տարեկանին անուն մը ձեռք բերի ու հարստացայ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԸ՝ ՆՈՐՈՎԻ
Ամիսներ առաջ վերաբացուած պատկերասրահը նորովի շունչով կը ներկայանայ այսօր։
2021 թուականէն սկսեալ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը ենթարկուած է լայնածաւալ վերանորոգման աշխատանքներու, որոնք ընդգրկած են օդափոխութեան եւ ջերմախոնավային համակարգերու ամբողջական արդիականացում, նոր վերելակներու տեղադրում, ինչպէս նաեւ ցուցասրահներու նորաձեւ ու ժամանակակից ձեւաւորում։
Վերանորոգումի եւ վերասարքաւորման աշխատանքներ կատարուած են նաեւ պատկերասրահի շարք մը մասնաճիւղերու մէջ։ Պետական պիւտճէէն այդ նպատակով յատկացուած է աւելի քան 800 միլիոն դրամ։
Վերաբացումը ո՛չ միայն վերականգնած է մշտական ցուցասրահներու դասական ներկապնակը՝ մեծանուն վարպետներու գլուխ գործոցներով, այլեւ առիթ դարձած է պահոցներէն ցուցադրութեան բերելու այն գանձերը, որոնք երբեք չէին ցուցադրուած։
Պատկերասրահի թանգարանային հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ աւելի քան 41 հազար արուեստի գործ եւ շուրջ 200 հազար բացառիկ արխիւային նիւթեր։ Սակայն ցուցադրութեան տարածքի սահմանափակութեան պատճառով, ներկայիս հնարաւոր է ներկայացնել այդ հսկայ հաւաքածոյին միայն հինգ տոկոսը։
Նոր՝ շարժական ցուցադրութեան մօտեցումը հնարաւորութիւն կու տայ այցելուներուն պարբերաբար ծանօթանալու թաքուն մնացած կրաֆիքական աշխատանքներու, գեղարուեստի նմոյշներու եւ հազուագիւտ իրերու հետ՝ այսպիսով իւրաքանչիւր այցելութիւն վերածելով նոր բացայայտումի։
Վերաբացուած պատկերասրահի տասնեակ սրահներուն մէջ այսօր կը ցուցադրուին հայ կերպարուեստի ականաւոր վարպետներու եւ համաշխարհային կարգ մը արուեստագէտներու գործեր։
Ատկէ զատ, ցուցադրուած են նաեւ ձեւաւորումի-կիրառական արուեստի բացառիկ նմոյշներ՝ իւրայատուկ կահոյք, սպասք, զարդեղէն եւ զէնք, որոնք ամբողջականութիւն կու տան թանգարանի նորաշունչ միջավայրին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան