ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊՈԼՍՈՅ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. 1911

1911 թուականի ամրան Կոմիտաս Վարդապետ դասախօսութիւն մը կ՚ունենայ Էսաեան վարժարանին մէջ, Բերա: Ան կը խօսի պարի մասին՝ կարեւորելով պարը հայ մանուկի կեանքին մէջ: Մասնագէտներ կը դիտարկեն, որ բացի հայ երաժշտարուեստի մէջ ունեցած անփոխարինելի ներդրումէն, Կոմիտաս մեծ ներդրում ունեցած է նաեւ մեր պարարուեստի մէջ։ Ան ձեւով մը կը նկատուի առաջին հայ պարագէտը, պարահաւաքը: Կոմիտաս պարին մէջ նոյնպէս երաժշտարուեստ տեսած է եւ պարին նայած է այդ տեսակէտէ: 

Իսկ 113 տարի առաջ, Կոմիտաս Վարդապետ Պոլսոյ Էսաեան վարժարանին մէջ ունեցած իր դասախօսութիւնը արդիական է նաեւ այսօր: 

*

ՊԱՐՆ ՈՒ ՄԱՆՈՒԿԸ

ԿՈՄԻՏԱՍ

Մեր ընտրած նիւթին անցնելէ առաջ՝ հարկ կը զգամ բացատրել, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի մանկական երգեցողութիւնն ապագայ ազգային դաստիարակութեան գործին մէջ։ Երգեցողութիւնը դնդերներու շարժում մըն է, որ կ՚առաջանայ համապատասխան զգացումներէ: Մանուկն ի՛նչ զգացումի տակ որ ըլլայ, այդ զգացումը կ՚արտայայտէ որոշ երգերով։ Երգը ներքին՝ հոգեկան գգացումին արտայայտութեան մէկ ձեւն է, ուրեմն շարժում մըն է, եւ պարն ալ ինքնին շարժում մը ըլլալով, երգը կը զուգորդուի պարին հետ։ Զգացումներն ի՛նչ ուղղութեամբ որ ընթանան, երգն ու պարն ալ նոյն արտայայտութեամբ երեւան կու գան: Արդ կրնայ ըմբռնուիլ, թէ որքա՛ն կարեւոր են մանուկին դաստիարակութեան մէջ երգեցողութեան ընծայուելիք հոգածութիւնն ու պարտաւորութիւնը։

Պարն ամենահիմնական նշանակութիւն ունեցող երեւոյթ մըն է․ ամէն գեղարուեստ պարի մէջ կը պարփակուի։ Իբրեւ շարժում՝ պարը շատ կարեւոր դեր ունի ապագայ դպրոցական կեանքի գեղարուեստական շարժումի մէջ, վասն զի պէտք է գիտենալ, թէ ամէն գեղարուեստ, ինչպէս՝ երաժշտութիւն, քանդակագործութիւն, ճարտարապետութիւն եւ այլն, շարժում է։ Ամէն կեանքի մէջ պար կայ։ Արդէն ամբողջ տիեզերքի կեանքը պար չէ՞։ 

Մարդկային կեանքին մէջ երկու տեսակ պար կայ․ մին՝ ուրախական, միւսը՝ տխրական։ Թէեւ մարդիկ ներկայիս առաջինը կ՚ընեն, բայց հին ժամանակներուն՝ տխրականն ալ տեղի կ՚ունենար, ինչպէս մեր մէջ մեռելական պարեր, զորս յուղարկաւորութեանց ատեն կը կատարէին մեր նախնիք, իրենց տրտմութեան զգացումներուն համապատասխան շարժումներ առաջ բերելով։ Պարն ալ, ձայնական երգի նման առաջանալով, ողբերգութեան հասած է, իր զարգացումն ունեցած է օփերայի մէջ քաղաքակիրթ ազգերու մօտ...

Պարին ամենահասարակ ձեւն է ընտանեկան պարը, որուն մէջ միտք, զգացում առաջ կը բերենք: Եթէ ուրախանանք՝ կը շարժինք, եթէ տխրինք՝ դարձեալ: Արտաքին կեանքէն տպաւորուելով կը շարժինք եւ կ՚ազդենք ուրիշի մը, ան ալ իր կարգին կը շարժի կամ կը պարէ, եւ այսպէս՝ փոխանցաբար: Հանգիստ պիտի մնայինք, եթէ չտպաւորուէինք, այսպէս, ընտանեկան շրջանակի մէջ մէկը կ՚ելլէ, կը պարէ, ձեռքի, ոտքի, ունքի, երեսի շարժումներ կ՚ընէ, եւ ահա ուրիշներ ազդուելով՝ կը սկսին զայն ծափել, ու կ՚առաջանայ ընդհանուր ուրախութիւն:

Վայրենիի պարը պարզ է եւ կ՚արտայայտէ իր կեանքը: Ան ինքնապաշտպանութեան եւ ապրուստի վրայ միայն կը խորհի, եւ ասոնք են այդ պարին էական տարրերը: Ան իր զգացումներն արտայայտելու համար պարի շարժումներուն կ՚ընկերացնէ հասարակ նուագային գործիքներ-թմբուկ, քարէ ու մետաղէ շինուածներ: Մարդ մը, ազգ մը, որքան զարգանայ, նոյն չափով զարգացած երեւան կու գան պարն ալ, նուագն ալ, ինչպէս նախնական թմբուկը օփերայի մէջ դարձած է ամէն ձայն զգացնող գործիքը: Կարիքն ու զարգացումը զոյգ կ՚ընթանան: Ամէն ինչ, ամէն գեղարուեստ մարդկային ներքին, հոգեկան կեանքին արտայայտիչն է: Այսպէս եղած է սկիզբէն ի վեր: Հեթանոսներ երկու գլխաւոր պարեր ունէին՝ հոգեկան ու ժողովրդական, որոնք ներկայ ժողովուրդներու կեանքին մէջ փոխադրուած են իրենց նախնական դերերուն մէջ: Մեհենական շատ մը արարողութիւններ ու պարեր փոխանցեր ենք քրիստոնէութեան մէջ. հեթանոսական զոհը քրիստոնէութեան մէջ եղած է անդաստանօրհնէք, որ ձախ ու աջ երթուդարձովը պարը կը ներկայացնէ արդէն: Նոյնպէս եկեղեցական քշոց, բուրվառ ու ծնծղաներ մեր ազգային վայրենիի կեանքին արձագանգներն են, զորս արարողութեանց ատեն դպիրները զընգ հա՛ զընգ, քշէ՛ ու քշէ՛, այն աստիճան կը հնչեցնեն որ կատարուած ընթերցումներ բոլորովին անլսելի ու անհասկանալի կը մնան: 

Գալով ժողովրդային պարերուն, անոնք հեթանոսական օրերէն մինչեւ այսօր կ՚ապրին մեր մէջ, մինչ ֆրանսացիներուն եւ գերմաններուն մէջ կորսուած են: Ժողովրդային կամ աշխարհական պարերուն մէջ ալ կրօնական հետքեր կը շարունակեն. ինչպէս ջուր սրսկել՝ որ շարժում մըն է՝ պարի մըն է կապուած. Տեառնընդառաջին կրակէ ցատկել եւ զինուորական պարը, որ Մուշի դաշտին մէջ քանի մը գիւղեր ու Շատախ եւ Մոկք գոյութիւն ունի տակաւին, եւ «Շորոր» կ՚ըսեն ու կը պարեն հոն, ուր սուր կայ, թուր կայ՝ անով, եթէ ոչ կոպալով (բարակ փայտ):

Պարը, որ շրջան կը նշանակէ եւ նայլի կը կոչուի, իբրեւ աղաւաղումը լայէք բառին, որ նոյնպէս շրջան ըսել է, երեւան կու գայ հարսանեկան պարին մէջ, ուր քառասուն մարդ կը բոլորուին ու կը շարժին որպէս մէկ մարդ: Այնքա՜ն բնազդական կերպով զարգացած են: Այդ պարը, ամենազարգացած մարդը, ճիշդ անոնց պէս ընելու համար շատ երկար ճիգերու պիտի կարօտէր: Մտաւոր զարգացումի աստիճանին վրայ կը գտնուի պարի շարժումն ալ: Ուրեմն ազգի մը քաղաքակրթութեանն է կապուած իր պարին շարժումներու զարգացումը: Այն մարդիկ, որոնք նստուկ կեանք ունին, թոյլ են՝ ոչինչ կ՚ընեն, ոչ մէկ կերպով կը շարժին: Մի՞թէ թուլամորթ մարդը կրնայ արդէն սուր առնել, թուր առնել: Հոս տեղն է յիշել «Առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ» խօսքը. երգեցողութիւնն ու պարը կ՚առուգացնեն, կը մարզեն մարմինը: Բոլոր գեղարուեստները շարժումի մէջ կ՚արտայայտուին: Ուրեմն մանկական երգեցողութիւնն ինչքա՜ն կարեւորութիւն ունի ապագայ քաղաքակրթութեան մէջ: 

Ի՞նչ է կրթութեան, դպրոցին նպատակը: Մանուկը բարոյական կեանքի փիլիսոփայութիւնը, կեանքի հասկացողութիւնը չունի: Պէտք է անոր հոգեկան զգացումներուն հաւասարակշիռ դաստիարակութիւն մը տալ:

Որպէսզի երգեցողութիւնը դնդերներու միջոցաւ անոր ուղեղին բարերար ազդեցութիւն մը ունենայ, պէտք է գիտակցական ըլլայ: Երգը կը սորվին իբրեւ հաճոյքի առարկայ, եւ երբ մեծնան, ոեւէ ազդեցութիւն չեն կրեր անկէ՝ դարձեալ նոյն ակնարկով: 

Դատարկ հնչումէն դատարկ զգացում կ՚առաջանայ: Զգացումները կանոնաւորելու, ուղղելու, զարգացնելու համար հարկ է երգեցողութեան աւանդումին նպատակայարմար ուղղութիւն մը տալ: 

Մեր մէջ փոքրիկ մանուկներու կը սկսին սորվեցնել բարոյախօսական, խրատական, փիլիսոփայական երգեր, որոնց իմաստն ան չի հասկնար, ու չ՚ազդուիր այնպէս, ինչպէս պէտք էր: Մենք մանուկներու հոգեկան պահանջներուն յարմարցուած դասագիրքեր չունինք. մեր դասագիրքերը լեցուն են փիլիսոփայական, բայց ոչ ճիշդ մանկական նիւթերով: Մանուկը չ՚ըսեր «Յակոբ», այլ «Ակօ»՜…. ո՞վ ձեր մէջէն ուզած է կլլել կամ կլլած է քարեր: Բայց նոյնն ըրած էք մանուկներու համար: Անոնց, որ տակաւին կեանքի հասկացողութիւնը չունին, դուք տուած էք կեանքի փիլիսոփայութեան դասեր - ասիկա իր մտաւոր ստամոքսը չի կրնար մարսել. ծուռ, ծո՜ւռ դաստիարակութիւն է։ 

Իսկական վարժապետներ չկան: Եթէ մանուկը չի հասկնար ձեր դասաւանդութիւնը, յանցանքը ձերն է, որովհետեւ չէք կրցած հասկնալ անոր հոգին, պէտք է վար իջնել մինչեւ անոր հոգեկան աստիճանը եւ զայն առնելով ձեզի հետ բարձրացնել: Սխալ դաստիարակութեան արդիւնքն է, որ շատերը, որոնք հանճարներ պիտի ըլլային, եղած են գողեր, եւ արդէն երեւելի աւազակները երեւելի հանճարներ են: Սուր, թուր գործածելը տեսակ մը ուժ է: Փախչելու, պատիժէ՝ կախաղանէ ազատելու միջոցներ խորհիլը հանճարամտութիւն կը պահանջէ: Տեսնուած են աւազակներ, որոնք բանտէն ելլելէն ետք զգաստ հանճարներ դարձած են:

Մանուկը բնախօսական պակաս չունի, եթէ օժտուած է: 

Ընտանիքը որքան զարգացած ըլլայ, մանուկն ալ այնքան մտքի առաւելութիւններով երեւան կու գայ: Շատ վատ է, ընդհակառակն, անոր տպաւորութեան յանձնել գէշ վիճակներ, որոնցմէ մին է երես տալ. պէտք է անոր կարողութիւնները չափաւորել, կոկել, կանոնաւոր զարգացում մը ապահովել: Թէ ինչպէ՞ս մանուկները դաստիարակել՝ ո՛չ անհատականութեանը վնասելով եւ ո՛չ ալ կիրքերը, ձգտումները սանձարձակ թող տալով. ասոր միջոց ցոյց կու տանք մանուկները դասաւորել ձայնի կարգով, որովհետեւ ձայնը, որ անոր ուղեղային բջիջներուն կը յարաբերի նեարդի ու դնդերներու միջոցով, արտայայտիչն է անոր հոգեկան կարողութիւններուն: Հետեւաբար, երբ դասարանի մէջ նստեցնել տրուի ձայնի կարգով, անոնք ոչինչ վիրաւորանք կը զգան, եւ զիրար հաւասար նկատելով՝ չգիտցող մը գիտցողէն կը սորվի: Առաջնորդելու է բնութեան համաձայն: Պէտք է տխուր երգ չտալ երբեք՝ այլ ամէն ինչ աշխոյժ, եռանդ պիտի ներմուծէ անոնց հոգիներէն ներս: Ձայնի թիւեր գտնելով միջինը 5-էն վեր ընելու չէ 5 տարեկան մանուկի համար, եւ 7-էն վեր՝ 12 տարեկանի համար: 

Ինչպէ՞ս ուսուցանել: Նախ վարժապետն ինքը սորվելու է այն, զոր պարտի դասախօսել: Չորս տեսակ ձայն կայ՝ ձայն, կիսաձայն, բաղաձայն, անձայն: Մանուկին սկսել տալու է այս կարգով - ա՜, ա՜, ա՜յ, վերջը՝ ա՛յ, ա՛յ, ի՜, ու վերջ ի վերջոյ երգել եւ քալել կամ պարել տալու է: Երգեցողութիւնը սրտին հետ կապ ունի, որ ուղղակի հոգիին կ՚երթայ:

Ուսուցիչ պարոննե՛ր ու քոյրե՛ր, զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մօտեցէք դաստիարակութեան գործին. խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը: Դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է: Սխալ ուղղութեամբ՝ ազգ մը կը խորտակէք վերջը: Որքա՜ն ուրախալի է ինծի՝ տեսնել հոս համախմբուած ուսուցչական դասը, որ եկած է մանկավարժական դրութիւններ ուսանելու: Ռուսահայաստանի մէջ ուսուցչական խումբը քիչ մըն ալ տարբեր ուղղութեամբ է. հոն ամէն մէկն իր փորձառութիւններուն արդիւնքը, իր տեղակագիրը կը բերէ ժողովին, եւ այդ արդիւնքներէն ընդհանուր եզրակացութիւններ կը հանեն ու կը ներմուծեն վարժարաններու մէջ՝ որոնց ամէնուն ծրագիրը մէկ է եւ այդ ուղղութեամբ կը քալէ: Մէկէն ելած աշակերտը միւսին մէջ շատ հեշտիւ կը շարունակէ իր ընդհատած տեղը, մինչեւ հոս կրկին գիտութիւններ, լեզուներ սորվելու է՝ ուրիշ վարժարան մը հետեւելու համար:

Երանի՜ թէ օգտակար ըլլայի։

(Սղագրեց՝ Հ. Զօրթեան, տպագրուած «Ամէնուն տարեցոյց»ին մէջ, 1928)

ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐԸ ՀԱՅՈՑ ՄԷՋ

Հայոց մէջ շատ տարածուած են նաեւ մանկական պարերը, որոնք մանուկներ պարած են տօներու, զուարճանքներու, զանազան առիթներու ժամանակ՝ մեծահասակներէ զատ: Մանուկներու պարերը Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ զանազան անուանումներ ունէին եւ կը կատարուէին զանազան ձեւերով: 

Ազգագրագէտներն ու բանասացները նշած են, որ առիթներու ժամանակ սովորաբար մանուկներուն չեն արտօնած մեծերուն հետ պարել: Միայն հազուադէպ պարագաներու երեխաները մեծերու պարին միացած են պարաշարի աւարտին՝ այդպէս սորվելով պարել, բայց եթէ խանգարած են, զանոնք քշած, հեռացուցած են պարահարթակէն: Ազգագրագէտները եւ բանահաւաքները կրցած են Շատախի, Շիրակի, Հայաստանի այլ վայրերու մէջ տարածուած մանկական պարեր գրի առնել եւ եզրակացուցած են, որ մանկական պարերը ստեղծուած են երեք եղանակով.

1․ Անոնք ստեղծուած են մանկական միջավայրին մէջ՝ երեխաներուն պարով զուարճացնող մեծահասակներու օգնութեամբ։

2․ Եղած են ծիսական մանկական պարեր, որոնք սորվեցուցած են երեխաներուն ըստ ծէսի՝ առանձին, զոյգերով, որոշակի սեռի ու քանակի տարեկիցներու խումբերով, երբեմն նաեւ՝ մեծահասակներու հետ։

3․ Ստեղծուած են մեծահասակներու միջավայրին մէջ՝ որպէս ծիսական կամ աշխարհիկ պարեր, ծէսի վերանալու կամ այլ հանգամանքներով պայմանաւորուած, անցած են մանուկներուն, դարձած մանկական պարեր։ Ժամանակի ընթացքին բազմաթիւ մանկական պարերու պարագային կորսուած է երգի թեքստն ու պարեղանակը, վերածուած խաղի: 

Հայոց հինաւուրց մանկական պարերէն մեր օրեր հասած են շատ քիչ թիւով նմոյշներ: 

Հայկական մարշ

Այս պարը տարածուած էր Էջմիածնի շրջանի բոլոր գիւղերու մէջ: Մանկական պար է, սակայն հարսնիքներու կամ տօներու ժամանակ կատարած են նաեւ մեծահասակները։ Հայկական մարշը բաղկացած է մէկ արագ, աստիճանաբար արագացող մասերէ, ութ փոփոխուող քայլէ, կը շարժուին դէպի աջ՝ շրջանով։ Ձեռքերը կը դրուին քովը կեցողի ուսերուն: 

Սասնոյ Նիներ, Նիներ, Նիներ նա

Այս պարի ժամանակ երեխաները կը կազմեն շատ լայն շրջան՝ ձեռքերը կողմ տարածելով, ափերով կը բռնեն իրարու այնպէս, որ դաստակները ըլլան գօտկատեղի մակարդակին։ Դէպի աջ կը շարժուին, ձեռքերը կը ճօճեն ետ եւ առաջ։ Կշռոյթը աշխոյժ է, իսկ պարին ուղեկցուող խօսքերը մանկական զուարճախօսութիւն մըն է։ 

Հաու լլա

Սասնոյ այս մանկական պարը կը կատարեն դէպի աջ ցատկով, կ՚իջնեն աջ ոտքին, յետոյ վեր ցատկ դէպի ձախ, կ՚իջնեն ձախ ոտքին։ Թալինի Իրինդ գիւղին, ապա նաեւ Աշնակի մէջ գրառած է ազգագրագէտ, պարագիտութեան հայկական դպրոցի հիմնադիր Սրբուհի Լիսիցեանը: 

Եարխմբազ

Սասնոյ Եարխմբազ պարը կը կատարեն Հաու լլա պարին նմանող շարժումներով: Այս պարի թեքստը քրտերէն է։ Սիրային բովանդակութենէն կ՚ենթադրուի, որ պատկանած է ոչ-մանկական տարիքի երգերուն։

Զմբիկ, զմբիկ, պար արի

Այս պարը գրի առնուած է Աշնակի մէջ՝ 1932 թուականին։ Մեղեդին գրառուած չէ։ Զմբիկ տալ կը նշանակէ լողալու ատեն ոտքերով հարուածել ջուրին։ Զմբիկը էգ ձին է՝ զամբիկը։ Զմբիկ տալ իմաստէն մասնագէտներ ենթադրած են, որ կը նշանակէ զոյգ ոտքով թռիլ ու պարել: Երեխաները շուրջպար կը բռնեն, ձեռքերը կը ճօճեն աջ, ձախ կամ ետ ու առաջ, կքած կը նստին, կը ցատկեն զոյգ ոտքով։ Կարելի է նաեւ ձեռքերը ձգել եւ ծափել։ Որոշ վայրերու մէջ կը ծափեն ու ձեռքերը կը զարնեն մէկ իրենց, մէկ դիմացինի ձեռքերուն։

Գաջէ, գու

Մանկան այս պարերգը գրառուած է Արթիկի մէջ, պարած են 7-12 տարեկանները։ Պարած են առանց առիթի, երբ փափաքած են։ Պարած են գոց շրջանով՝ իրարմէ հեռու դասաւորութեամբ, արմունկները ուղիղ անկեան տակ ծալելով՝ դաստակները առաջ, ճկոյթները բռնած։ Ոտքի ու ձեռքի իւրաքանչիւր հարուածին երեխաները կը կրկեն՝ ը, ը, Գաջէ, գու…

Հա, բախչայ

Այս պարը կը պարեն գոց շրջանով։ Ձեռքերը կը բռնեն երկու տարբերակով. մէկ աջ ափը կը դնեն կողքը կեցողի ձախ ափին՝ ինչպէս ձեռքերը ներքեւ խոնարհուելու ատեն, կը կենան իրարմէ հեռու եւ երկրորդ տարբերակը՝ կը կենան հեռու, «ճանկ» բռնուածքով, ձեռքերը դաստակներէն ներքեւ, արմունկները բաց։ Ձեռքերու մատները ճանկաձեւ կը բռնեն կողքը կեցողի մատներէն: Իսկ պարին ուղեկցող երգը կը կատարեն այսպէս՝ երկու երեխայ կ՚երգէ մէկ տունը, մէկ այլ զոյգ կը կրկնէ այդ տունը։ Առաջին երկու տուներուն ժամանակ կը պարեն կանգնած, միւսներու պարագային՝ կքած նստած: Պարած են Արթիկի շրջանը, Ալեքսանդրապոլ, Ղարաքիլիսա, միայն բացօթեայ վայրերուն մէջ, գոց տարածքներու մէջ չեն պարած։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 3, 2025