ԱՆՑԵԱԼԻ ԿԱՐՕՏԸ

Ա՜խ, այն հին ժամանակները, մեր մանկութիւնն ու վաղ պատանեկութիւնը, այն երանելի ժամանակները, երբ կը ժպտէինք մեր սիրելիներու հետ, որոնք գուցէ հիմա մեզ հետ չեն… Այն հարցերը, որոնք մեզ շատ տխրեցուցին, լացուցին, որոնց մասին օրեր շարունակ խորհեցանք, այսօր գրեթէ բոլորը «անկարեւոր» կը թուին։ Բոլորս մեր կեանքի ընթացքին գոնէ անգամ մը նոյնպէս զգացած ենք եւ յայտնած ենք մեր կարօտը անցեալի նկատմամբ:

Անոնք, որոնք կեանքէն ոչինչ կը սպասեն, սխալ կը սահմանեն կեանքը։ Ապրիլը գործընթացի շարունակութիւն չէ, ծէս չէ, նոյնիսկ նոր օրուան սկիզբը չէ։ Ապրիլը պարզապէս գիտակցութեան վիճակ մըն է: Մարդիկ միշտ կենդանի են եւ կը զգան այս մէկը։ Եթէ մարդ իսկապէս աննպատակ է, եթէ ան կը պնդէ, որ որեւէ նպատակ կամ ակնկալիք չունի, ան պէտք է կանգնի սենեակի մը մէջ եւ սպասէ՝ մինչեւ որ կորսնցնէ գիտակցութիւնը, իսկ յետոյ մեռնի: Ապրելու վրայ հիմնուած այլ սահմանումներ մեր կեանքին «իմաստ մը աւելցնելու» արդիւնք են, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ գոյութիւն ունինք եւ կ՚ապրինք:

Ըսենք որ կեանքէն սպասում մը չունիք, բայց միեւնոյն ժամանակ այնքան ալ համարձակ չէք աւարտելու ձեր կեանքը, կը վախնաք մահէն։ Այս պարագային ձեր վախն ու մահը իմաստ մը կը ստանան: Այսպէսով բան մը կը պահանջէք կեանքէն՝ այսինքն կան բաներ, որոնք ձեզ տակաւին կենդանի կը պահեն։ Այն ամէն ինչ, որ իմաստ մը ունի, թէկուզ փոքր, մարդու կապուածութիւնն է կեանքին։ Հետեւաբար, կարելի չէ ապրիլ առանց նպատակի կամ ակնկալիքի։

Մարդը կ՚որոշէ շարք մը նպատակներ, որոնք բաւական ուժեղ են իր կեանքը պահպանելու համար, որոնցմէ ամենայայտնին երջանկութիւնն է։ Երջանկութեան փնտռտուքը կը վերաբերի անխտիր բոլոր մարդոց՝ անկախ կրօնէն, լեզուէն, ցեղէն կամ դասէն: Բազում մարդիկ կը նախընտրեն համատեղել իրենց նպատակները երջանկութեան հետ: Կը հաւատանք, թէ երջանիկ կ՚ըլլանք, եթէ մեր նպատակները իրագործենք: Մարդիկ ըստ այդմ կ՚երազեն եւ ըստ այդմ կը ձեւաւորեն իրենց նպատակները: Այնուամենայնիւ, այստեղ խնդիր մը կը յառաջանայ։ Մարդիկ կ՚երազեն գեղեցիկ ապագայի մասին, բայց երբեմն հանգամանքները մեր ծրագիրներուն համահունչ չեն զարգանար։ Այդ պարագային անհատը չի կրնար յոյսով նայիլ ապագային: Իսկ մենք կ՚ուզենք երջանկութիւն տեղադրել այնտեղ, ուր յոյս կայ:

Ի՞նչ կ՚ըլլայ, եթէ ապագան ակնյայտօրէն մռայլ է, եթէ երազանքներու իրականացումը շատ քիչ հաւանական է։ Ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ, եթէ մարդ չի կրնար ապագային գտնել այն երջանկութիւնը, որ մինչ այժմ իմաստ տուած է իր կեանքին: Պատասխանեմ՝ մարդ կ՚ուզէ վերադիրքաւորուիլ, որովհետեւ սա անհրաժեշտ կը համարէ։ Նպատակը, որ մարդուն հնարաւորութիւն կու տայ ապրիլ, պէտք է միշտ թարմ մնայ: Եթէ մարդ իր ապրած ժամանակ խաղաղ ըլլար, իր երջանկութեան յոյսը ապագային չէր դներ, իսկ եթէ ապագայէն ակնկալածը չկայ, ի՞նչ կը մնայ։ Անցեալ։ Սա է պատճառը, որ մարդիկ, որոնք դժգոհ են իրենց ապրած ժամանակէն, չեն կրնար իրենց երջանկութիւնը տանիլ դէպի ապագայ եւ կ՚ընկճուին իրենց միջավայրի յանկարծակի փոփոխութեան պատճառով, կ՚ուզեն վերադառնալ անցեալի։ Մարդու կեանքը կ՚անցնի երջանկութեան որոնումով, որպէսզի երթը շարունակուի։ Կեանքի այն նպատակը, որ չ՚երեւիր ապագային, անպայման կը դրուի անցեալի մէջ եւ կը յայտնուի անցեալի կարօտը։

Ինչո՞ւ կը տենչանք անցեալին: Ինչո՞ւ անցեալը յաճախ աւելի լաւ, աւելի ջերմ, աւելի սիրառատ եւ ջերմ կը թուի: Հոգեբան Քրիստին Պատչօ կ՚ըսէ, որ մարդոց մեծամասնութիւնը կը կարօտնայ անցեալը, բայց իրականութեան մէջ անոնք չեն կարօտնար իրենց մանկութեան հերոսները, դպրոցը կամ հեռատեսիլի շոուները, այլ կը կարօտնան իրենց անհոգ ժամանակները, իրենց սիրելիները, արձակուրդները եւ այն անձը, որ նախապէս եղած են: Մեզմէ շատեր չեն ուզեր վերադառնալ այն ժամանակները, երբ երեխայ էինք, երբ ստիպուած էինք ծնողներէն թոյլտուութիւն խնդրել նոյնիսկ ամենաչնչին գործ մը ընելու համար, նաեւ յատկապէս երբ ֆիզիքապէս թոյլ էինք, չէ՞: Մենք կ՚ուզենք վերահսկել մեր կեանքը եւ ինքնուրոյն որոշումներ առնել անոր վերաբերեալ: Մենք կ՚ուզենք, որ անցեալը վերադառնայ մեզի, այլ ոչ թէ վերադառնալ անցեալի: Մենք չենք ուզեր հրաժարիլ այն բանէն, թէ ո՛վ ենք այսօր եւ կ՚ուզենք վերադարձը անցեալի լաւ երեսակներու, զգացումներու ու մարդոց։ Այլ խօսքով՝ այսօր տեղափոխել եւ լրացնել մեր կարօտցածներու դատարկութիւնը։

Ինչո՞ւ կը կարօտնանք անցեալը։ Ամենապարզ պատասխաններէն մէկը այն է, որ մենք ծանօթ ենք անցեալին: Մենք գիտենք, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է։ Ներկան լի է մարտահրաւէրներով, իսկ ապագան՝ անորոշութիւններով, որոնց պէտք է դիմակայել եւ յաղթահարել: Ապագան անորոշ է, անյատակ փոս մը եւ յաճախ սարսափելի: Հետեւաբար, մեզի համար բնական է տենչալ իտէալական անցեալին: Յիշենք նաեւ, որ մարդու միտքը հոգեպէս առողջ ըլլալու համար կը հետեւի վատը մոռնալու ռազմավարութեան։ Անցեալի դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները յիշելու փոխարէն կը յիշենք լաւ եւ հաճելի ժամանակները: Անխուսափելի արդիւնքը՝ անցեալի կարօտը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 3, 2025