ՍԻՐԱՅԻՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ՝ Ի ՊԱՀ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՐԽԻՒԻՆ… ԱՅԺՄ ՉՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼՈՒ ԽՆԴՐԱՆՔՈՎ
Պատմական արժէքով նամակներու հաւաքածոյ մը օրերս յանձնուած է Ռուսաստանի Պետական արխիւին։ Անոնք խորհրդային ժամանակաշրջանի ամենանշանաւոր եւ հակասական արուեստագէտներէն մէկուն՝ Վլատիմիր Վիսոցքիի եւ անոր կնոջ՝ ռուսական արմատներով ֆրանսացի նշանաւոր դերասանուհի եւ երգչուհի Մարինա Վլատիի սիրային նամակներն են։ Նամակները Ֆրանսայէն Ռուսաստանին փոխանցած է Մարինա Վլատին եւ յստակ խնդրանք ներկայացուցած է՝ իր կենդանութեան օրերուն այդ նամակները չհրապարակել եւ միայն մահէն ետք հանրայնացնել։ «Ռուսական պետական արխիւը կը յարգէ այդ ցանկութիւնը», յայտարարած են ռուսական գլխաւոր արխիւէն եւ կղպած, թաքցուցած անցեալ դարու աղմկալից սիրոյ պատմութիւններէն մէկուն վկայութիւնը՝ օր մը ի վերջոյ հրապարակելու հեռանկարով։
Այս յանձնման մասին լուրը մամուլը անմիջապէս լուսարձակի տակ առաւ եւ լրագրողներն ու լրատուամիջոցները սկսան լայնօրէն լուսաբանել եւ պատմական համաթեքստեր գտնել։
Մարինա Վլատիի փոխանցած այս նամակները միայն արխիւային փաստաթուղթեր չեն։ Անոնք կը բանան դուռ մը՝ դէպի խորհրդային մշակոյթի ամենախոր, ամենատաղանդաւոր ու հակասութիւններ մարմնաւորող երգիչներէն մէկուն ներաշխարհը, ապրած կեանքը։
Վլատիմիր Վիսոցքին, որ ծնած է 1938 թուականի յունուարի 25-ին Մոսկուայի մէջ եւ մահացած՝ 1980 թուականին, ընդամէնը 42 տարեկանին, դարձած էր Խորհրդային Միութեան միլիոնաւոր երիտասարդներու կուռքը։ Իր երգերուն մէջ անոնք կը լսէին այն, ինչ պետական քարոզչութիւնը չէր համարձակեր արտաբերել՝ ազատութեան ձգտում, արդարութեան պահանջ, կեղծիքի մերժում, մարդուն մերկ ու անկեղծ ձայնը։
Վիսոցքին հեղինակային երգիչ էր՝ գրած եւ կատարած է շուրջ եօթհարիւր երգ։ Այդ երգերը կը շրջէին ձայնագրութիւններով, ձեռքով կրկնօրինակուած ժապաւէններով, գաղտնի լսումներու միջոցով։ Գրաքննութիւնը անոնց դէմ պատնէշ կանգնեցուցած էր, իսկ իշխանութիւնները՝ մշտական վերահսկողութիւն։
Վիսոցքին ընդունուած չէր խորհրդային պաշտօնական մշակոյթի շրջանակներուն մէջ, նոյնիսկ հալածուած էր։ Կենդանութեան օրօք իր բանաստեղծութիւններէն միայն մէկը տպագրուած տեսած էր։
Մահուընէ յետոյ միայն եւ յատկապէս Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, ան ըստ արժանւոյն գնահատուեցաւ՝ մրցանակներով, կոչումներով, պաշտօնական ճանաչումով, որոնք, սակայն, քիչ նշանակութիւն պիտի ունենային իրեն համար կենդանի օրերուն։
Իշխանութիւնները կը գիտակցէին, որ գործ ունին բացառիկ տաղանդի մը հետ, որ արտասահմանի մէջ աւելի ընդունուած էր, քան սեփական երկրին մէջ։ Գոց վարչակարգը չէր հանդուրժեր այդ մէկը։
Վիսոցքին նաեւ նշանաւոր դերասան մըն էր՝ կերտած էր բազմաթիւ յիշարժան կերպարներ խորհրդային շարժանկարներու եւ թատրոնի բեմերուն վրայ։ Իր խաղը մոլեգին էր, անկաշկանդ, երբեմն՝ սարսափելի ճշմարտացի։ Ան ազատ ոգին էր, որ կը մարմնաւորէր, ինչը ընդունելի չէր իր ապրած օրերուն։
Վիսոցքիի մահը եւ յուղարկաւորութիւնը դարձան խորհրդային իրականութեան ողբերգական խորհրդանիշներէն մէկը։ 1980 թուականին անոր մահուան մասին խորհրդային թերթերը գրեթէ չյայտնեցին։ Իշխանութիւնները կը փորձէին արագ յուղարկաւորել այլախոհ արուեստագէտը եւ մեծ աղմուկ չհանել։ Բայց Մոսկուայի փողոցները լեցուեցան հազարաւոր մարդոցմով։ Ասիկա այն հազուադէպ պահերէն էր, երբ ժողովուրդը լուռ ու յամառ կերպով կը հակադրէր պաշտօնական լռութեան։ Կը պատմեն, որ շէնքերու պատուհաններէն բարձրաձայն կը հնչէին Վիսոցքիի երգերը, մինչ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը ժամեր շարունակ կը ձգուէր։
Այս բարդ ու փոթորկալից կեանքին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունեցած է Մարինա Վլատին՝ ռուսական ծագումով ֆրանսացի գեղեցկադէմ դերասանուհին, որուն իսկական անունն է Մարինա Փոլեակովա-Պայտարովա։
Ան 1967 թուականին Մոսկուա գացած էր հիւրախաղերու, եւ բեմին վրայ առաջին անգամ տեսնելով Վիսոցքիի խաղը՝ ցնցուած էր անոր ուժէն, խելայեղութենէն, անսովոր ձայնէն։ Այդ առաջին հանդիպումը, ինչպէս ինք կը նկարագրէ իր գիրքին մէջ, ճակատագրական դարձած է։
Վլատին եւ Վիսոցքին ամուսնացած են 1970-1980 թուականներուն։ Տասներկու տարի միասին ապրած են՝ բաժանումներով, հաշտութիւններով, փախուստներով եւ վերադարձներով։ Մարինա Վլատին գիտէր Վիսոցքիի թմրամոլութեան եւ գինեմոլութեան մասին։ Հաւատացած էր, որ իր սէրը կրնար փրկել տաղանդաւոր մարդը այդ ճիրաններէն։ Բայց սէրը միշտ չէ, որ կը յաղթէ ինքնակործանման ուժերուն։ Ան մնաց Վիսոցքիի կեանքին մէջ իբրեւ մեծ ու անփոխարինելի սէր՝ կիսելով հալածանքները, գոց համակարգին յարուցանած դժուարութիւնները, հիւանդութիւններու պատճառած տանջանքը։
Մարինա Վլատին ինքն ալ բազմակողմանի արուեստագէտ մըն է։ Ան դերասանուհի ըլլալէ զատ նաեւ երգչուհի է, ի միջի այլոց՝ Շարլ Ազնաւուրի «Քեզի համար, Հայաստան» երգի կատարողներէն մէկը, կը զբաղի քանդակագործութեամբ եւ գրականութեամբ։ Վիսոցքիի մասին գրած է գիրք մը՝ «Վլատիմիր կամ ընդհատուած թռիչք» վերնագրով, ուր անկեղծ ու դաժան մանրամասնութիւններով կը պատմէ իրենց համատեղ կեանքի մասին։ Այդ գիրքը մեծ ընդունելութիւն գտած է բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր Վիսոցքիի արուեստը կենդանի յիշողութիւն է։
Գիրքին էջերէն կը բխի ո՛չ միայն մեծ սիրոյ պատմութիւն մը, այլ նաեւ խորհրդային իրականութեան մերկ ճշմարտութիւնը։ Բեմին վրայ շղթաներով կապուած դերասանը, ընթրիքի սրահին մէջ լուռ աչքերով նայող երիտասարդը, գիշերային երգերը, անսպասելի վերադարձները, վէճերն ու հաշտութիւնները, ամուսնութեան պարզ արարողութիւնը, աղքատիկ ուրախութիւնները եւ ծանր կորուստները կը միաձուլուին մէկ ճակատագրի մէջ։
Այսօր Մարինա Վլատին կը բնակի Ֆրանսա։ Ան արդէն 88 տարեկան է եւ իր կեանքի ամենանուրբ, ամենանձնական վկայութիւնները վստահած է ռուսական արխիւին՝ լռութեան պայմանով։ Այդ լռութիւնը, սակայն, վերջնական չէ։ Ժամանակի խորքէն այդ նամակները օր մը պիտի խօսին։ Եւ երբ խօսին, անոնք պիտի պատմեն երկու արուեստագէտներու սիրոյ մասին, նաեւ՝ ամբողջ դարաշրջանի մը խեղդուած շունչին մասին։
Իր ինքնակենսագրական գիրքին մէջ Մարինա Վլատին կը գրէ, որ Խրիմի աստղադիտարանի աստղագէտները Վլատիմիր Վիսոցքիի անունով կոչած են նոր յայտնաբերուած մոլորակ մը։ Այդ մոլորակը կը թափառի անթիւ աստղերու հետ, վիթխարի Ծիր կաթինի մէջ՝ փոքրիկ կէտ մը, բայց յաւերժ։
ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ՝ «ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԿԱՄ ԸՆԴՀԱՏՈՒԱԾ ԹՌԻՉՔ»ԷՆ
Բեմին վրայ մոլեգնօրէն կը պոռար, կը ցնցուէր կիսամերկ մարդ մը: Գօտկատեղէն մինչեւ ուսերը ան փաթթուած էր շղթաներով: Սարսափելի տեսարան մըն էր: Բեմը թեքուած էր դէպի յատակը, եւ շղթաները, որոնք չորս մարդ մէկ կողմէն կը քաշէին, ո՛չ միայն կը կաշկանդէին անոր մէջ գերեվարուածը, այլեւ՝ չէին ձգեր, որ ան իյնայ: Ինչպէս ողջ դահլիճը, ես ալ ցնցուած էի դերասանի ուժով, խելայեղութեամբ, անոր անսովոր ձայնով: Ան այնպէս մը կը խաղար, որ միւս գործող անձերը աստիճանաբար կը մնային ստուերի մէջ: Բոլորը յոտնկայս կը ծափահարէին:
*
Ներկայացումէն ետք ընթրիք կազմակերպուած է: Մենք կը սկսինք ընթրիքի: Ես կը սպասեմ այն հրաշալի դերասանին, կ՚ուզեմ շնորհաւորել, բայց կ՚ըսեն, թէ ան տարօրինակ բնաւորութիւն ունի եւ, հնարաւոր է, որ ընդհանրապէս չգայ ալ: Ես սրտնեղած եմ:
Աչքիս պոչով կը նկատեմ, որ դէպի մեզ կու գայ ոչ-բարձրահասակ, անշուք հագուած երիտասարդ մը: Ես հպանցիկ կը նայիմ անոր, ու բաց մոխրագոյն աչքերն են միայն, որ պահ մը կը գրաւեն իմ ուշադրութիւնս: Բայց սրահին մէջ հնչող բացագանչութիւնները կը ստիպեն ընդհատել իմ պատմութիւնս ու շրջիլ անոր կողմը: Ան կը մօտենայ, լուռ կը վերցնէ իմ ձեռքս ու երկա՜ր չի ձգեր, յետոյ կը համբուրէ զայն, կը նստի իմ դիմացս ու աչքը այլեւս ինձմէ չի կտրեր: Անոր լռութենէն ես նեղութիւն չեմ զգար, մենք այնպէս մը կը նայինք իրարու, կարծես միշտ ծանօթներ եղած ենք: Ես գիտեմ, որ այդ դուն ես: Բնաւ նման չես ներկայացման մէջ մռնչացող հսկային, բայց քու նայուածքիդ մէջ այնպիսի ուժ մը կը զգացուի, որ ես կը վերապրիմ այն ամէն ինչը, ինչ որ զգացի թատրոնին մէջ: Իսկ մեր շուրջ վերսկսուած է խօսք ու զրոյցը: Դուն չես ուտեր, չես խմեր, դուն կը նայիս ինծի…:
*
-Վերջապէս հանդիպեցայ Ձեզի,- կ՚ըսես դուն: Կ՚ըսես նաեւ, որ կ՚ուզէիր հեռանանք այստեղէն, որպէսզի երգես ինծի համար: Կ՚որոշենք երեկոյին մնացած մասը անցընել՝ «լ՚Իւմանիթէ»ի թղթակից Մաքս Լէոնին քով: Ինքնաշարժին մէջ կը շարունակենք լուռ նայիլ իրարու: Քու դէմքիդ մերթ լոյս է, մերթ՝ ստուեր: Ես կը տեսնեմ քու քնքոյշ ու ճառագուն աչքերը, կարճ խուզած մազերը, յոգնածութենէն փոս ինկած այտերը: Դուն գեղեցիկ չես, քու արտաքինդ ոչ մէկ բանով աչքի կը զարնէ, բայց նայուացքդ անսովոր է: Անմիջապէս, որ կը հասնինք Մաքսին քով, կը վերցնես կիթառը: Զիս կ՚ապշեցնէ քու ձայնդ, քու ուժդ, քու ճիչդ: Ու նաեւ այն, որ նստած ես ոտքերուս քով ու կ՚երգես ինծի համար միայն: Ես աստիճանաբար կը սկսիմ ըմբռնել քու երգերուդ իմաստը, անոնց դառն զաւեշտն ու խորութիւնը: Դուն կը բացատրես, որ թատրոնը քու արհեստդ է, իսկ բանաստեղծութիւնը՝ կիրքդ: Եւ տեղւոյն վրայ, առանց որեւէ անցումի, կ՚ըսես որ վաղուց կը սիրես զիս:
*
Մէկ ուրիշ հանդիպման ժամանակ խորտկարանը մարդաշատ է, բոլոր կողմերէն շրջապատած են զիս, բայց երբ դուն կը յայտնուիս, կը ձգեմ իմ ծանօթներս ու մենք կ՚երթանք պարելու: Դուն կը կենաս ոտքերուդ ծայրերուն վրայ եւ իմ ականջիս խելացնոր խօսքեր կը շշնջաս: Ես կը խնդամ, իսկ յետոյ արդէն միանգամայն լրջօրէն կ՚ըսեմ, որ դուն անսովոր մարդ ես, քեզի հետ շփուիլը հետաքրքրական է, բայց ես ընդամէնը քանի մը օրով եկած եմ, իմ կեանքս շատ բարդ է, երեք երեխայ ունիմ, ունիմ աշխատանք, որ լիակատար նուիրում կը պահանջէ, եւ Մոսկուան ալ հեռու է Փարիզէն… Դուն կը պատասխանես, որ դուն նոյնպէս ընտանիք ու երեխաներ ունիս, աշխատանք ու փառք ունիս, բայց այդ ամէն ինչը չի խանգարեր, որ ես քու կինդ ըլլամ: Նման լկտիութենէն ապշած՝ ես կը համաձայնիմ յաջորդ օրն ալ հանդիպիլ քու հետդ:
*
…Երկուքս ալ տակաւին երեսուն տարեկան չկանք, ես բաժնուած եմ, դուն կը բաժնուիս։ Իսկ մեր առջեւը ամբողջ կեանք մըն է: Զգուշօրէն կ՚ըսեմ. «Լաւ, ըսենք, թէ ամէն ինչ կարգին է, բայց ես քեզի սիրահարուած չեմ»:
-Կարեւոր չէ, կ՚ըսես դուն,- ես կը կարողանամ քեզ գրաւել, կը տեսնես»:
-«Նախ՝ քնքշալի նամակ մը կը ստանամ Մոսկուայէն: Յետոյ, ճիշդ նոյն ժամանակ, երբ կը մտածեմ, թէ ի՞նչ կը կատարուի իմ հետս, ինչո՞ւ այսպէս կը տխրիմ, հեռախօսազանգը կ՚ընդհատէ իմ տխուր խոհերս: Դուն ես: Կը լսեմ քու սրտառուչ ձայնդ, կոկորդս կը սեղմուի: Խօսակցութենէն ետք կը դնեմ լսափողն ու կը հեկեկամ: «Դուն սիրահարուած ես, աղջի՛կս»,- կ՚ըսէ մայրս: Ես կը ջանամ ուրիշ բացատրութիւն գտնել՝ գործս շատ է, յոգնած եմ, բայց հոգիիս խորքին մէջ կը հասկնամ, որ ան իրաւացի է: Ես անհամբեր կը սպասեմ մեր հանդիպումին:
Մոսկուա կու գամ իմ մօրս եւ պզտիկներուս հետ: Դուն մեկնած ես հեռաւոր Սիպերիա՝ նկարահանումներու: Կ՚ըսեն, թէ պիտի վերադառնաս երկու ամիս յետոյ միայն: Երեխաները կը տեղաւորեմ «Մոսֆիլմի» աշխատողներու ճամբարին մէջ: Կը սկսին նկարահանումներուն աշխատանքները, որոնք շուրջ մէկ տարի պիտի տեւեն:
Այդպիսի երեկոներէն մէկուն ժամանակ դուն կը յայտնուիս շեմին, եւ լիակատար լռութիւն կը տիրէ: Կը մօտենաս իմ մօրս, կը ներկայանաս եւ յանկարծ բոլորին աչքին առջեւ կը գրկես զիս: Ես նոյնպէս յուզմունքս պահել ի վիճակի չեմ: Մայրս կը շշնջայ. «Ի՜նչ համակրելի երիտասարդ է, եւ գեղեցիկ ալ անուն ունի»: Երբ մինակ կը մնանք, կ՚ըսես, թէ այդ ամբողջ ժամանակ չես ապրած, թէ ամիսները տանջալի կերպով երկար թուացած են քեզի…:
*
…Յետաձգուած ներկայացումներ, բեմադրիչներուն հետ վէճեր ու կռիւներ, քամիին տուած դրամներ, կորսուած կամ պատառոտած հագուստ, քերծուածքներ ու կապտուկներ, դանակի վէրքեր, ճանապարհային բազմաթիւ պատահարներէ տուժած ընկերներ, իմ ընդհատուած նկարահանումները, իմ տագնապը եւ վիրաւորական այն խօսքերը, զորս դուն ըսած ես ինծի… Եւ այդ պարագաներուն անհրաժեշտ է քեզ հանգստացնել, զայրոյթս զսպելով՝ ներել քեզ, որովհետեւ դուն կ՚ամչնաս ու քանի տակաւին չեմ գրկած, երեխայի պէս չեմ օրօրած, չես մխիթարուիր…
Միայն երկու անգամ իմ մէջ ուժ չգտայ այդպէս վարուելու: Առաջին անգամ՝ մեր համատեղ կեանքի ամենասկիզբը, երբ զառանցանքի մէջ ուրիշ անունով դիմեցիր ինծի: Երկրորդ անգամ՝ երբ զիս նետեցիր միջանցք ու գոցուեցար լոգարանին մէջ, որպէսզի ձեռքիդ շիշը պարպես: Զայրոյթէն շնչահեղձ ըլլալով՝ ես դուռը շրխկացուցի ու առանձին ձգելով, հեռացայ: Երկու անգամն ալ, բնականաբար, դուն դժոխային տանջանքներու մէջ էիր: Ես՝ նոյնպէս:
*
Քեզի կը յաջողի մեր ամուսնութիւնը գրանցող գիրուկ կինը համոզել, որ ձեւակերպումը կատարէ ոչ թէ մեծ, ծաղկազարդ դահլիճին մէջ, ուր երաժշտութիւն ու լուսանկարիչ կայ, այլ՝ պարզապէս իր առանձնասենեակը: Ան կը համաձայնի:
Պատճառը իրավիճակի անպատշաճութիւնն է. երկուքիս համար ալ այս մէկը երրորդ ամուսնութիւնն է:
-Վեց ամուսնութիւ՜ն, հինգ երեխա՜յ, ընդ որում՝ տղաներ,- կը բացագանչէ կինը:
-Կը վստահի՞ք, արդեօք ձեր զգացումներուն: Ձեզի հաշիւ կու տա՞ք արդեօք՝ այսպիսի լուրջ քայլի մը դիմելով: Յուսամ՝ այս անգամ ամէն ինչ լաւ կշռադատած էք:
Ե՛ւ ծիծաղս, ե՛ւ լացս կու գայ: Բայց կը տեսնեմ, որ ուր որ է՝ դուն կը պոռթկաս ու կը զսպեմ ինքզինքս: Արագ կը ստորագրենք նշուած տեղերը ու րոպէներ անց արդէն ամէն ինչ աւարտած էր:
Դուն ամուսնութեան վկայականը բռնած ես, ինչպէս թատրոնի՝ այս պահուն նոր գնուած տոմս, ինչ որ մեծ դժուարութեամբ ձեռք ձգած ես՝ բազմութեան վրայէն ձեռքդ երկարելով: Քայլերգի ներքոյ, ճերմակ քօղերով հարսնացուներուն միջով, գրկախառնուած դուրս կ՚ելլենք: Մենք ամուսնացած ենք:
*
Եօթանասունվեց թուականի օգոստոս: Եուկոսլաւիա ենք, Սւետր-Ստեֆանօ փոքրիկ կղզիին մէջ: Դուն կը նկարահանուիս այստեղ: Եկած եմ քեզի հետ: Փարիզէն կը զանգահարէ քոյրս: Ան կը խնդրէ, որ նստիմ, մինչ սարսափը կը պատէ զիս, իսկ յետոյ կը յայտնէ, որ տունը կողոպտած են: Այն ամէն ինչը, որ ես գնած եմ քսան տարուայ աշխատանքով, անհետացած է: Թանկարժէք իրեր, արծաթեղէն, մուշտակներ, տեսախցիկներ, ձայնասփիւռային սարքեր… Իմ վերաբերմունքս խիստ կը շփոթեցնէ քոյրս: Ես կը սկսիմ քրքջալ, յետոյ շունչ քաշելով՝ կ՚ըսեմ. «Ընդամէնը այդքա՞նը»:
Ես կը վախնայի, որ տղաներէս որեւէ մէկուն դժբախտութիւն մը պատահած է: Եւ իսկապէս, ի՞նչ է իրերուն կորուստը իմ ապրած սարսափին համեմատ: Այդ լուրը քեզի կը յայտնեմ ուրախ՝ ինչպէս զուարճալի պատմութիւն մը: Իսկ դուն չափազանց վրդովուած ես: Քու աչքիդ գանձեր են բոլոր այդ իրերը: Ստիպուած եմ քեզ սփոփել: Անշուշտ, ցաւալի է այդ ամէնը. գողցուած զարդեղէնին մէջ էին նաեւ իմ մօրս փոքրիկ մատանիները, զորս ան կը կրէր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Իմ հետս ատոնք չվերցուցի, վախնալով, որ ծովը լողալու ժամանակ կը կորսնցնեմ: Ինչ կը վերաբերի մնացածին, կարելի է նորէն գնել, եւ, ի վերջոյ, ես կարող եմ հրաշալի ապրիլ առանց արծաթեայ սպասքի, առանց թանկարժէք զարդերու ու միւս իրերու: «Բայց մուշտակները,- կ՚ըսես դուն,- ձմրան ատոնց կարիքը շատ կը զգաս Մոսկուայի մէջ, ատկէ զատ, ատոնք քու միակ, պերճանքդ էին»:
Ո՜չ, միակը չէ, ես նաեւ կօշիկներ կը սիրեմ, իսկ կօշկեղէնին չեն դպած: Կը խոստովանիմ, որ կը ցաւիմ ջրաքիսէ մեծ մուշտակին համար, որուն մէջ ինծի այնքան տաք կը զգայի ու կը նմանէի իսկական ազնուազարմ տիրուհիի: Բայց գոյութիւն ունին հրաշալի փքաբաճկոններ, յաճախ ես անոնք լեռներու մէջ հագած եմ: Եւ, ընդհանրապէս, կարեւոր չէ այդ ամէնը, երեխաները ողջ ու առողջ են, մենք երջանիկ ենք, կ՚աշխատինք, կեանքը հրաշալի է:
*
…Խրիմի աստղադիտարանի աստղագէտները Հրատ ու Լուսնթագ մոլորակներու ուղեծիրերուն միջեւ յայտնաբերած նոր մոլորակը անուանած են Վլատիմիր Վիսոցքի:
Մոլորակներու միջազգային մատեանին մէջ այն 2374 համարին ներքոյ է: Ես յաճախ կը նայիմ աստղերուն ու կը ժպտիմ այն միտքէն, որ անթիւ մոլորակներուն շարքը, վիթխարի Ծիրկաթինին մէջ փոքրիկ կէտ մը կը թափառի եւ երկնային յաւերժ այդ մարմինը իմ ամուսինիս անունը կը կրէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան