ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ. ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱՌՈՅԹԸ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Հաղորդակցական գործառոյթը, ինչպէս արդէն ծանօթ է, կարեւորագոյն տեղ կը գրաւէ մարդու կեանքին մէջ։ Մարդը իր բնոյթով ընկերային էակ մըն է եւ առանց հաղորդակցութեան կարելի չէ երեւակայել անոր լիիրաւ մասնակցութիւնը հասարակութեան կեանքին։ Աշխարհի հետ յարաբերութեան այս ուղին ո՛չ միայն տեղեկութիւններու փոխանակում է, այլեւ՝ ինքնութեան ձեւաւորման, արժէքներու փոխանցման եւ համախմբման կարեւոր միջոց։ Հաղորդակցութիւնը կը դառնայ այն կամուրջը, որուն միջոցով անհատը կը մտնէ հասարակական կեանք եւ իր տեղը կը գտնէ համայնքին ընդհանրական յարաբերութիւններուն մէջ։
Այսօր համացանցը դարձած է հաղորդակցութեան հիմնական միջոցը։ Ժամանակակից աշխարհին մէջ, ուր շարժուն հեռախօսի մը լուսաւոր էքրանը շատերուն համար բացուած է իբրեւ աշխարհի պատուհան, հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը եւս կը հանդիպի նոր իրականութիւններու։
Անցեալին հայ ըլլալը կը փոխանցուէր ընտանիքէն, թաղէն, դպրոցէն, եկեղեցիէն, մամուլէն․ այսօր սակայն, աւելի ու աւելի բազմաթիւ երիտասարդներ իրենց «հայկական փորձառութիւնը» կը կերտեն «Instagram»ի պատմութիւններէն, «TikTok»ի կարճ տեսանիւթերէն, «YouTube»ի զրոյցներէն կամ «Facebook»ի ընդարձակ համայնքէն։ Այս երեւոյթները այլեւս նորութիւն չեն, այլ իրականութիւն մը, որ կամայ թէ ակամայ կը ձեւաւորէ նոր սերունդին ինքնութիւնը։
Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ ապրած է ցրուած աշխարհագրութեամբ։ Լիբանանի, Պոլսոյ, Փարիզի, Լոս Անճելըսի կամ Պուէնոս Այրէսի մէջ ծնած հայ երիտասարդները իւրաքանչիւրը իր պատմութիւնը ունի, սակայն, ընկերային ցանցերը զանոնք կը համախմբեն նոյն հարթակին վրայ։ Ոմանք այս երեւոյթը կը նկարագրեն իբրեւ «տեսողական քաղաք» մը, ուր թափառող միտքեր, երգեր, պատկերներ ու յուշեր կը միախառնուին՝ վերածուելով համատեղ յիշողութեան։
Այս նոր իրականութիւնը յատուկ կերպով կը ձեւաւորէ յարաբերութիւնները։ Սփիւռքեան պատանի մը այսօր կրնայ իր նոյն քաղաքին մէջ ապրող ընկերոջը ծանօթանալ ո՛չ թէ եկեղեցւոյ պատարագի ընթացքին կամ պարախումբի ելոյթին, այլ՝ դիմատետրի մէկ գրառման տակ ձգած մէկ-երկու բառնոց մեկնաբանութեան միջոցով։ Յարաբերութիւններու այս նորավարժ ձեւը կը կերտէ ինքնութեան նոր շերտ մը․ անիկա կը մօտեցնէ հեռաւորները, կը ջնջէ սահմաններու կարծր պատերը եւ կը դառնայ ապրող կապի հարթակ։
Արդիւնքը զուտ գործնական փոխանակում մը չէ․ ան կը դառնայ ինքնագիտակցութեան շարունակական ուսուցում։ Եթէ անցեալին ինքնութիւնը կը ձեւաւորուէր աւանդոյթներու շուրջ, այսօր ան կը վերաձեւուի նաեւ առցանց հանդիպումներու մէջ։ Հաղորդակցական գործառոյթը, ուրեմն, այլեւս միայն լեզուական կամ գրաւոր միջոց չէ․ ան դարձած է թուային ներկայութեան հենքը, որ հայուն համայնքային կեանքին կը բերէ նոր երանգներ ու նոր հարցադրումներ։
ԼԵԶՈՒՆ՝ ՆՈՐ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ
Ընկերային ցանցերու ամենակարեւոր հետեւանքներէն մէկը կը դրսեւորուի լեզուի տարածքին մէջ։ Հայերէնը, որ դարերու ընթացքին գոյատեւած ու բարգաւաճած է մամուլի, գրականութեան, դպրոցներու ու ընտանիքներու միջոցաւ, այսօր կ՚ունենայ նոր տարածք մը՝ կարճ տեսանիւթերու, թեթեւ ու բազմամարդ լսարանով երգերու, կամ պատկերագրական զուարճալի ստեղծագործութիւններու աշխարհին մէջ։
Ընկերային կապի համացանցային հարթակները՝ «TikTok», «Instagram», «YouTube» եւ այլն, կը բանան աննախադէպ դռներ՝ հայ երիտասարդներուն համար։ Պոլսոյ, Պէյրութի, Հայաստանի, Լոս Անճելըսի եւ աշխարհի հեռաւոր բոլոր անկիւններուն մէջ ապրող պատանիներ ու երիտասարդներ ունին այսօր հնարաւորութիւնը ստեղծելու հայերէնով զուարճալի, ուսուցողական կամ առօրեայ իրականութիւնը արտացոլացնող տեսանիւթեր։ Երբ Լոս Անճելըսէն հայ պատանի մը, օրինակ, իր «Instagram»ի պատմութեան մէջ կը դնէ հայերէն երգի մէկ տողը կամ կ՚ըսէ պարզ ու անակնկալ արտայայտութիւն մը մայր լեզուով, այդ փոքրիկ գործողութիւնը կը դառնայ բազմաթիւ արձագանգներու աղբիւր։
Թէեւ այս լեզուական փորձառութիւնը երբեմն մակերեսային կը թուի, այնուամենայնիւ, կը պահէ կենդանի կապ մը մայր լեզուին հետ։ Աւելին՝ անիկա կը վկայէ, որ հայերէնը չունի միայն անցեալի ժառանգութեան բեռը, այլ կրնայ նաեւ ինքն իրեն վերածնիլ նոր միջավայրերու մէջ։ Շատեր՝ ուսուցիչներ, ծնողներ, գրողներ ու մշակոյթի նուիրեալներ, կը քաջալերեն այս փոքր քայլերը, որովհետեւ ի վերջոյ անոնք կը սնեն շարունակականութեան զգացումը։ Կը քաջալերեն, որովհետեւ կը գիտակցին, թէ այլապէս լեզուն կրնայ մեկուսի մնալ…
Այսպիսով, լեզուն կը մտնէ նոր միջավայր․ կը դառնայ ճկուն, շարժուն ու արարող։ Արդէն իրականութիւն է, որ հայերէնը մուտք գործած է նոր լսարաններու մէջ եւ այնտեղ կը փորձէ գոյատեւելու նոր ձեւեր։ Այս ընթացքը ետ կը պահէ մեկուսացումէ, կը բերէ նաեւ ինքնավստահութիւն, որ հայերէնը գիրքերու էջերէն կամ եկեղեցւոյ պատարագէն դուրս կրնայ ապրիլ նաեւ շարժուն սարքի փոքրիկ էքրանին վրայ։
ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԻԲՐԵՒ ԱՊՐԱՆՔ ԵՒ ԻՆՔՆԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆ
Ժամանակակից ընկերային ցանցերու մէջ հայ մշակոյթը շատ յաճախ կը ներկայանայ մակնանշուած եւ ցուցադրական երեսով։ Տիգրան Մեծի պատկերը կրող շապիկներ, հայկական նիւթերով զարդարուած յուշանուէրներ, հայ գրողներու դիմանկարներով գաւաթներ, եռագոյն գոյներով թեւնոցներ եւ տասնեակ այլ առօրեայ իրեր կը դառնան նոր սերունդի ինքնարտայայտութեան միջոց։ Ասոնք վկայութիւն են, որ մշակոյթը այլեւս չի սահմանափակուիր միայն պատմական գրականութեամբ, երկու արարորվ հայերէն թատրոնով կամ դասական երաժշտութեամբ․ ան կը տարածուի առօրեայի մանրամասնութիւններուն մէջ եւ կը վերածուի մատչելի խորհրդանիշներու։
Ճիշդ է՝ այս երեւոյթին մէջ մշակոյթը երբեմն կը պզտիկնայ, կը դառնայ մակերեսային, իսկ ինքնութիւնը կը սահմանափակուի միայն արտաքին նշաններով, բայց միեւնոյն ատեն պէտք է ընդունիլ, որ այս «ապրանքային» երեսակն ալ ինքնարտայայտութեան ձեւ մըն է։ Բազմաթիւ երիտասարդներու համար անիկա առաջին քայլն է՝ իրենց կապը հաստատելու մայրենիին եւ հայութեան հետ։
Ընկերային ցանցերը դարձած են մեծ ցուցափեղկեր, ուր մշակոյթը կը ներկայացուի պարզեցուած եւ արագ սպառման ձեւերով։ Նկատելի է, որ պակսած է խորքային յիշողութիւնը, գիտակցական քննադատութիւնը, պատմական շերտերու ընկալումը, բայց, ակնյայտ է նաեւ ինքնութեան պահպանումի ճիգը։ Անիկա կը դառնայ նշան, որ երիտասարդը, նոյնիսկ մակերեսային մակարդակի վրայ, կը փորձէ իր տեղը գտնել ազգային յիշողութեան մէջ։
Մշակոյթը այսպէս կը դառնայ երկդիմի երեւոյթ, որուն միջոցով պատանին ու երիտասարդը, այնուամենայնիւ, կը փորձեն ըսել․ «Ես հայ եմ»։
Ապագայի մարտահրաւէրը այն է, թէ ինչպէ՛ս այս մակերեսային նշանները կրնան վերածուիլ աւելի խորքային մշակութային փորձառութեան՝ լեզուի, պատմութեան, արուեստի եւ արժէքներու գիտակցութեան։
ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒՄ
Հայ ժողովուրդը կը կրէ ծանր բեռ մը՝ անցեալի կորուստներու եւ տառապանքներու յիշողութիւնը, որ անսահմանելի ու անչափելի եղած է։ Դարեր շարունակ այս յիշողութիւնը փոխանցուած է գիրքերով, վկայութիւններով, յուշագրութիւններով, թանգարաններով… Մեր քարէ յուշարձանները, հատորներով գիրքերը, դասագիրքերը, ձեռագիր մատեանները, դասարաններու մէջ աւանդուած պատմութիւնները եղած են անփոխարինելի միջոցներ՝ յիշողութիւնը կենդանի պահելու եւ սերունդէ սերունդ հասցնելու։
Այսօր, սակայն, իրականութիւնը փոխուած է։ Մեծ թիւով հայ երիտասարդներ առաջին անգամ կը ծանօթանան այդ պատմութեան ո՛չ թէ գիրքի մը էջերէն, այլ ընկերային ցանցերու վրայ երեւցող կարճ տեսանիւթի մը, նկարի մը, պատկերի մը, արտայայտութեան մը միջոցով։ Այս դռները, որոնք լայն բացուած են համացանցի շնորհիւ, մատչելի դարձուցած են պատմութիւնը՝ հասանելի հազարաւորներու համար։ Բայց միեւնոյն ատեն վտանգ մըն ալ կայ․ երբ ողբերգական անցեալը եւ հերոսական պատմութիւնը հասցուած են «կարճ տեսանիւթի» չափի, նոյն այդ չափով ալ նաեւ նօսրացած եւ յարմարեցուած պատկերներ կը դառնան…
Խորքային կրթական հիմերը ետ կը քաշուին եւ պատմական յիշողութիւնը կը վերածուի անցողիկ լուսապատկերի մը։
Այդուհանդերձ, ընկերային ցանցերը հայ երիտասարդներուն կը պարգեւեն նոր ու բազմաշերտ ինքնութիւն։ Անոնք միաժամանակ կը լսեն զանազան համայնքներու ձայները՝ Պէյրութէն, Պոլիսէն, Փարիզէն, Լոս Անճելըսէն կամ Երեւանէն։ Արդիւնքը բազմաբեւեռ ինքնութիւն մըն է, ուր «հայկական»ը կը գոյակցի համաշխարհային տարրերուն հետ։ Այս երեւոյթը կրնայ ըլլալ հարստութիւն, որովհետեւ կը սորվեցնէ բաց ըլլալ աշխարհին։
Համայնքային հաստատութիւնները՝ դպրոցները, մամուլը, եկեղեցիները եւ մշակութային միաւորները, երբեմն կը միջամտեն այս ընթացքին։ Անոնք կը փորձեն պահել ինքնութեան խորքէն եկող ուժը եւ զայն փոխանցել նոր սերունդներուն։ Բայց նոյն այդ համայնքներուն մէջ ալ ընկերային ցանցերու աշխոյժ ներկայութիւնը անուրանալի է։ Երիտասարդները շատ աւելի յաճախ կը նախընտրեն համացանցը, քան՝ երգչախումբ երթալ, թատրոն խաղալ կամ թանգարանին մէջ նիւթ մը սերտել։
Այս երկդիմի իրականութիւնը նոր հարցադրումներ կը ստեղծէ։ Պէ՞տք է արդեօք զատել «աւանդական» եւ «ժամանակակից» ինքնութիւնները, թէ՞ կարելի է զանոնք համադրել։ Մամուլը եւ մտաւորական հարթակները կրնան դառնալ միջնորդներ՝ ստեղծելով այն բեմը, ուր ցանցային տպաւորութիւնը կը միանայ խորքային մշակութային յիշողութեան։
Հայկական ինքնութիւնը դարեր շարունակ հիմնուած է դասական փոխանցման միջոցներու վրայ՝ գիրք, դպրոց, եկեղեցի, ընտանիք եւ այլն։ Այսօր, սակայն, ընկերային ցանցերը ձեւով մը գրաւած են այս փոխանցման միջոցներուն տեղը։ Անոնք կը խթանեն լեզուի գոյատեւումը, կը տարածեն մշակոյթը, կը համախմբեն աշխարհասփիւռ համայնքներ եւ կը ստեղծեն նոր կապեր։
Հետեւաբար, հարցը այլեւս այն չէ, թէ ընկերային ցանցերը վնասակա՞ր են, թէ՞ օգտակար։ Հարցը այն է, թէ ինչպէ՛ս մենք, իբրեւ ժողովուրդ, կ՚օգտագործենք զանոնք։ Կը բաւարարուի՞նք, որ մեր ինքնութիւնը վերածուի համացանցային գրութեան մը կամ մակնանշուած ապրանքի, թէ՞ պիտի փորձենք այդ հարթակները դարձնել մեր լեզուին, մշակոյթին ու յիշողութեան համար պահպանման եւ զարգացման նոր առիթներ։
Ընկերային ցանցերը անցողիկ երեւոյթ չեն, անոնք գոյութեան եւ ինքնութեան անբաժանելի մասնիկն են, անփոխարինելի գործիքներ են ողջ աշխարհին համար։ Անոնք կը փոխակերպեն հաղորդակցութեան ձեւերը, կը ներգրաւեն լեզուն նոր միջավայրի մէջ, կը մաքրեն կամ կը մակերեսայնացնեն մշակոյթը, նաեւ միեւնոյն ատեն կը ստեղծեն աննախադէպ կապեր ու հաւաքական փորձառութիւն։ Այս երկդիմի իրականութիւնը՝ վտանգներու եւ հնարաւորութիւններու համադրութիւնը, մեր սերունդին առջեւ է իբրեւ հիմնական մարտահրաւէր։
Հետեւաբար, ապագան կախում ունի մեր գիտակցութենէն․ եթէ քալենք մակերեսային սպառման ճամբով, ինքնութիւնը կրնայ նօսրանալ եւ դառնալ արագ մոռցուող պատկեր։ Բայց եթէ կարողանանք այս հարթակները լեցնել իրական բովանդակութեամբ՝ լեզուի հարստութեամբ, մշակոյթի կենդանի շունչով, պատմութեան արմատներով եւ արժէքներու յստակ փոխանցումով, այն ատեն ընկերային ցանցերը պիտի դառնան ո՛չ թէ վտանգ, այլ՝ օգուտ։ Այդ կամուրջը մեզի պիտի արտօնէ ապրիլ աւելի բաց, շարժուն եւ վստահ հայկական ինքնութեամբ՝ առանց կորսնցնելու խորքը, առանց մոռնալու յիշողութիւնը։
Հայ ըլլալու պատմութիւնը կը շարունակուի այս նոր էքրաններուն վրայ։ Հարցումը բաց է, բայց պատասխանները՝ մեր ձեռքերուն մէջ։
Հայ ըլլալու հարցումը դարերէ ի վեր բաց մնացած է եւ երբեք վերջնական պատասխան մը չէ գտած։ Ան մշտապէս փոփոխուող հարցում մըն է, որ կը ստանայ նոր երեսակներ ժամանակի, աշխարհագրութեան եւ սերունդներու զարգացման ընթացքին։ Երբեմն հայ ըլլալը կը ճնշէ իբրեւ պարտաւորութիւն, երբեմն կը լուսաւորէ իբրեւ շնորհք։ Բայց որեւէ պարագայի՝ ան միշտ կը մնայ անձնական եւ միաժամանակ հաւաքական ճակատագիր։
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ
Երբ կը խօսինք աշխոյժ հայկական համայքներու մասին, առաջինը կը յիշենք Լոս Անճելըսի հայկական համայնքը։ Ան արդէն իսկ դարձած է հայութեան երկրորդ մայրաքաղաքը։ Ո՛չ միայն թիւով, այլ որովհետեւ այստեղ կը միանան ու կը դրսեւորուին հայ ըլլալու բոլոր նոր փորձառութիւնները։
Լոս Անճելըսի հայութիւնը այսօր միայն գաղութ մը չէ։ Ան համաշխարհային կեդրոն մըն է, ուր հայկական ինքնութիւնը այստեղ կը վերանորոգուի եւ կը ստանայ նոր երեսակներ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները վաղուց կերտած է իր ներգաղթական բազմերանգ պատկերը։ Այդ մեծ ձուլարանին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի հայութիւնը։ Հայերու պատմութիւնը այնտեղ միայն ներգաղթի եւ հաստատումի ընթացք մը չէ․ ան նաեւ ինքնութեան վերակերտումի, նորարարութեան ու համաշխարհային ներկայութեան վկայութիւն մըն է։
Հայերու առաջին քայլերը դէպի Ամերիկա կը տանին դէպի 19-րդ դարու վերջը։ Առաջին հայ բանուորները կը հաստատուին գործարանային քաղաքներու մէջ՝ փնտռելով ապահով կեանք եւ աշխատանքի հնարաւորութիւն։ Բայց, Առաջին աշխարհամարտէն ետք ալիքը կը մեծնայ․ գաղթականներ կը տարածուին ԱՄՆ-ի զանազան նահանգներու մէջ։
Լոս Անճելըսի հայութիւնը կը ստանայ իր մեծ թռիչքը 1960-70-ական թուականներուն, երբ Միջին Արեւելքի անկայուն իրավիճակները կը մղեն նոր գաղթի։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, Իրանի յեղափոխութիւնը, Խորհրդային Հայաստանի ծանր պայմանները՝ հազարաւոր ընտանիքներ կը տանին դէպի Արեւմտեան ափ։ Անոնց կը միանան Պոլիսէն, Հալէպէն, այլ քաղաքներէ գացած հայեր։ Այս ալիքները կը կերտեն բազմաշերտ համայնք մը․ լեզուական, մշակութային ու աշխարհայեացքային զանազանութիւնները կը միանան միեւնոյն քաղաքին մէջ։
Լոս Անճելըսի փողոցները կը լեցուին հայկական խանութներով, սրճարաններով, գրախանութներով ու դպրոցներով։ Կլենտէյլը, որ այսօր արդէն կը նկատուի հայկական քաղաք, իր քաղաքապետական մարմիններուն մէջ ունի հայերու բնական ներկայութիւն։
Լեզուական հարցը ԱՄՆ-ի հայութեան յարատեւ մարտահրաւէրն է։ Հայկական դպրոցները եւ համայնքային աշխոյժ կեանքը մեծ դեր ունին հայերէնի պահպանումին մէջ։ Բայց, այստեղ ալ ծագած է լեզուական հետաքրքրական երեւոյթ մը՝ «Արմէնիշը», ուր հայերէն նախադասութեան մէջ անգլերէն բառեր կը խառնուին։ Պատանին տանը կը խօսի հայերէն կամ խառն լեզուով, դպրոցին մէջ՝ անգլերէն։ Այս բազմաշերտ ինքնութիւնը երբեմն կը ստեղծէ «երկու աշխարհներու միջեւ» ապրելու զգացում, բայց նաեւ կը դառնայ հարստութիւն՝ ամերիկահայ ինքնութեան նոր ձեւ։
Մշակոյթը այնտեղ կը ծաղկի նոր ձեւերով։ Թատերախումբերը, երիտասարդական, երաժշտական նախաձեռնութիւնները, հայկական փառատօները, շարժապատկերի արտադրութիւնը կը բանան նոր բեմեր։ Հայկական հեռուստաալիքները, ռատիոկայանները, առցանց հարթակները սովորական կերպով մտած են ամերիկահայերու կեանքը։
Լոս Անճելըսի հայութիւնը կը կերտէ ո՛չ միայն մշակութային, այլեւ տնտեսական ու քաղաքական ներկայութիւն։ Հայ ձեռնարկատէրեր, բժիշկներ, իրաւաբաններ, դերասաններ, քաղաքական գործիչներ լայն մասնակցութիւն ունին երկրի կեանքին մէջ։
Թէեւ աշխարհիկ համայնքը կենսունակ է, եկեղեցին ու դպրոցը կը շարունակեն մնալ իբրեւ սիւներ։ Եկեղեցիներու շուրջ կը կազմակերպուին բազմաթիւ միջոցառումներ ու կը համախբեն հայերը, իսկ դպրոցներու ցանցը կը պահէ հայերէնը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը։ Լոս Անճելըսի հայ երիտասարդը ապրելով բազմազգ միջավայրի մէջ՝ միաժամանակ կը հետեւի ամերիկեան փոփ մշակոյթին՝ չմոռնալով հայկական հարսանեկան պարերը, խնջոյքի երգերը։ Տեղացի երգիչներու եւ արուեստագէտներու հետ այդ մէկը կը լրացնեն եւ կը ճոխացնեն Հայաստանէն հոն հաստատուած երգիչները, անհատները։
Ամերիկահայերու ինքնութեան պահպանման եւ ձեւաւորման մէջ մեծ դեր ունի բազմազանութիւնը. այս մէկը արգելք կ՚ըլլայ, որ ամերիկահայը ամբողջութեամբ հեռանայ իր ինքնութենէն։ Հոն հայկականի ընտրանք մը միշտ կայ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԿԱՊԸ
Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Լոս Անճելըսի հայութիւնը մնաց ամենագործուն օժանդակ ուժերէն։ 1988-ի երկրաշարժէն մինչեւ 2020-ի պատերազմը, ան միշտ օգնութեան առաջնագիծին վրայ եղաւ։ Միլիոնաւոր տոլարներ հոսեցան դէպի Հայաստան՝ դպրոցաշինութեան, առողջապահութեան ու բարեսիրական աշխատանքներու միջոցաւ։ Այս կապը երբեմն քննադատուեցաւ իբրեւ անարդիւնաւէտ, բայց, ան չի դադրիր մնալէ կամուրջ մը հայրենիքին հետ։
Թէեւ աշխոյժ եւ կենսունակ համայնք մըն է, սակայն, անոր պարագային ալ հարցումը բաց կը մնայ․ ինչպէ՞ս պիտի շարունակուի այս պատմութիւնը։ Հայ ըլլալը Ամերիկայի հողին վրայ կը պահանջէ յանձնառութիւն, ստեղծագործութիւն եւ յարատեւ աշխատանք։ Փրկուած նախնիներու յիշողութիւնը, համացանցի արագացեալ աշխարհը, աւանդական եկեղեցին եւ… Հոլիվուտի փայլը… Ահա այս պայմաններու առջեւ է հեռաւոր ափերուն վրայ ապրող հայը՝ աշխարհի խելայեղ վազքին հետ, բայց նաեւ՝ նախնիներու յիշողութեան սարդոստայնին մէջ խճճուած…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան