ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍԱԾԱՂԻԿԸ. ԳՏՆԵԼ ՁՄՐԱՆ ՊԱԿՍՈՂ ԱՐԵՒԸ

Ձմեռը սովորաբար կը ներկայանայ որպէս բնութեան հանդարտութեան ու նահանջի եղանակ։ Հիմա այն պահն է, երբ ծառերը կը մերկանան, գետինը կը թացնայ, արեւը կը պակսի եւ վառ գոյները կը նահանջեն… Մոխրագոյն ու ճերմակ երանգները կը թագաւորեն։ Սակայն այս ընդհանուր պատկերին զուգահեռ, ուշադիր աչքին կը բացուի այլ իրականութիւն մը՝ համեստ, բայց յամառ, աննկատ, բայց խորիմաստ․ ատիկա ձմեռնային ծաղիկներու գոյութիւնն է։

Խօսքը ջերմատուներու, ջերմոցներու կամ սենեակներու մէջ արհեստական ջերմութեան տակ պահուած ու ձմրան խնամուող ծաղիկներուն մասին չէ․ անդրադարձը կը վերաբերի այն բուսատեսակներուն, որոնք իրենց բնական ընթացքին մէջ, բաց երկինքի տակ, սառնութեան ու ձմեռուան եղանակային խստութեան մէջ իսկ կը ծաղկին։ Անոնք բնութեան ներքին օրացոյցով առաջնորդուող գոյութիւններ են, որոնց ծաղկումը կախեալ չէ մարդկային միջամտութենէն, այլ եղանակի իսկական ընթացքն է, որ զանոնք շարժումի մէջ կը դնէ։ 

Այս իմաստով, ձմեռնային ծաղիկները բնութեան ինքնաբուխ կամքի արտայայտութիւնն են. ապացոյց, որ կեանքը երբեմն կը բացուի ամենէն անսպասելի պահուն։

Այս ծաղիկները, կարծես, անտեսանելի լոյսի փոքրիկ կաթիլներ են, որոնք հպարտօրէն կը ցոլանան գորշ ձմեռնային աշխարհին մէջ։ Չկան գունագեղ պայծառ երանգներ, որոնք կը գրաւեն հայեացքը, բայց անոնց փխրուն ու նուրբ ճերմակ գլուխները, թեթեւ վարդագոյն կամ պուտական թերթիկները կը պատմեն կեանքի անդաւաճանութեան եւ դիմադրողականութեան մասին։ Յայտնի չէ՝ այս ծաղիկները ինչպէ՛ս յաջողած են գոյատեւել ցուրտին ու քամիներու դաժանութեան, սակայն, ճակատագիրը կամ բնութիւնը ինքնին, կարծես, այդ համեստ գոյութիւնները կը պաշտպանէ եւ իր խնամքով կը պահէ անոնց մանրանկարչական գեղեցկութիւնը։

Ձմեռնային ծաղիկներ ըսուածի պարագային վայրիի եւ մշակածի սահմանը յաճախ կը խառնուի։ Իրենց բնոյթին մէջ անոնք մեծ մասամբ վայրի են, սակայն, մարդը զանոնք ընտրած, բազմացուցած ու պարտէզ բերած է՝ առանց փոխելու ասոնց ձմեռուան մէջ ծաղկելու բնական սովորութիւնը։ Բնութիւնը այստեղ կը մնայ ստեղծողը, իսկ մարդը՝ միայն խնամողը։ 

Բայց ձմրան այս անարեւ օրերուն աւելի խորհրդաւոր են դուրսը՝ անտառներու, դաշտերու, ձորերու մէջ կանգուն մնացած, լեռներու ստորոտներուն ձմրան պաղին ծաղկող ծաղիկները։ 

Այս ծաղիկները բնութեան հակասական հրաշքն են։ Անոնք չեն ծաղկիր արեւի առատութեան կամ մեղմ հովերու գգուանքին մէջ, այլ՝ ցուրտին, սառնամանիքին եւ երբեմն ձիւնին մէջ է անոնց հրաշալի ծաղկունքը։ Այս մէկը կենսաբանական իրադարձութիւն մըն է, իսկ լայն իմաստով՝ խորհրդանշական գործողութիւն մը՝ տոկունութեան, յոյսի եւ զուսպ գեղեցկութեան։

Ձմեռնային ծաղիկներուն մէջ ամենէն յայտնիներէն մէկը ձնծաղիկն է՝ ձիւնածաղիկը։ Անոր ճերմակ, բաց կապտաւուն, երբեմն թոյլ մանիշակագոյն խոնարհ գլուխը, որ ծալուելով կարծես գետնին պիտի հասնի, կը ծագի ձիւնի շերտերէն, յաճախ ձմեռուան կէսին՝ ազդարարելով գարնան մօտալուտ գալը։ Ձնծաղիկը բնութեան խօսուն նշանն է, որ կեանքը կը շարունակուի նոյնիսկ այն ատեն, երբ ամէն ինչ կանգ առած կը թուի։ Անոր նրբութիւնը խաբուսիկ է․ իրականութեան մէջ ան հաստատուն է, ամրակուռ եւ ճշգրիտ իր ժամանակին մէջ։ 

Գեղեցիկ է նաեւ դաշտերուն մէջ ծաղկող ձմեռնային յասմիկը, որ կը բանայ իր թերթիկները ձմեռուան վերջաւորութեան՝ նախքան գարնան սկիզբը։ Իր վառ դեղին ծաղիկները կը բացուին մերկ ճիւղերուն վրայ՝ առանց տերեւներու, կարծես ձմեռուան մոխրագոյնին մէջ յանկարծ ժպտացող աչուկներ ըլլան։ 

Ձմեռնային ակոնիտը՝ հայերէն «շնթուր» բառով անուանակոչուած, փոքրիկ, բայց պայծառ դեղին ծաղիկ մըն է, որ յաճախ կը ծագի ձիւնի հալքին հետ։ Անիկա կը ծաղկի շատ վաղ եւ կը փոխանցէ արթնացման ու ներքին շարժումի զգացումը։

Վաղ քրմածաղկի որոշ տեսակներ, հակառակ տարածուած պատկերացումին, կը ծաղկին ձմեռուան վերջին։ Մանիշակագոյն, դեղին կամ ճերմակ ծաղիկները կը բուսնին ցուրտ հողէն՝ յայտարարելով եղանակներու լուռ փոխակերպումը։

Ձմեռնային վարդը՝ քամելիան կը ծաղկի ուշ աշունէն մինչեւ ձմեռուան կէսը։ Իր խոշոր, յղկուած ծաղիկները կը յիշեցնեն, թէ ձմեռը կրնայ ունենալ նաեւ շքեղ ու դասական գեղեցկութիւն։

Վաղ ալպեան մանուշակը որոշ տեսակներու պարագային կը ծաղկի ձմեռուան ընթացքին՝ նուրբ վարդագոյն կամ կարմրագոյն երանգներով։ Իր ոլորուն ցօղուններն ու սրտաձեւ տերեւները ձմեռուան պարտէզին կը հաղորդեն նրբագեղ շարժում։

ՔՐԻՍՏՈՍԱԾԱՂԻԿԸ

Ձմեռուան ծաղիկներուն մէջ իր առանձնայատուկ ու պատուական տեղը կը գրաւէ ձմեռնածաղիկը՝ հելեպորոսը, որ բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ ճանչցուած է «Քրիստոսի վարդ», «Քրիստոսածաղիկ», «Ծննդեան վարդ» եւ այլ բանաստեղծական անուանումներով։ Անիկա կը ծաղկի դեկտեմբերէն մինչեւ փետրուար, այն շրջանին, երբ բնութիւնը կարծես կը լռէ, իսկ կեանքը կը սեղմուի ներքին տարածքներուն մէջ։ Ճիշդ այս լռութեան մէջ է, որ քրիստոսածաղիկը կը բանայ իր խոհուն ներկայութիւնը։

Անոր մուգ կանաչ, խիտ տերեւները կը ստեղծեն խորք ու ծանրութիւն, իսկ ծաղիկները՝ բաց, երբեմն մանիշակագոյն, երբեմն ալ ճերմակ, կը հաղորդեն չափաւոր, բայց ազդեցիկ գեղեցկութիւն մը։ Քրիստոսածաղիկը չի փնտռեր ուշադրութիւն իր պայծառութեամբ. ան կը ներկայանայ հանգիստ, զուսպ, կարծես կը յիշեցնէ, թէ գեղեցկութիւնը պարտադիր չէ՝ աղմկոտ կամ ցոլացող ըլլալու համար։

Այս ծաղիկին ձմեռնային ծաղկունքը բնական կերպով կապուած է Սուրբ Ծննդեան շրջանին հետ։ Դարեր շարունակ քրիստոնեաները անոր ծաղկումը ընկալած են որպէս խորհրդանշական նշան՝ մանուկ Յիսուսի ծնունդին։ Ծաղիկին ճերմակ գոյները մեկնաբանած են որպէս մաքրութեան եւ անմեղութեան նշան, իսկ անոր ձմեռուան խստութեան մէջ ծաղկիլը՝ որպէս սիրոյ եւ զոհաբերութեան խորհրդանիշ՝ ուղղակիօրէն առընչուած Քրիստոսի կերպարին։

Բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ քրիստոսածաղիկը ունեցած է նաեւ հոգեւոր կամ աստուածային երանգ։ Եւրոպական միջնադարեան արուեստին եւ եկեղեցական պատկերագրութեան մէջ յաճախ կարելի է հանդիպիլ այս ծաղիկին՝ Սուրբ Ծննդեան տեսարաններու մէջ, որպէս քիչ մը թաքուն, բայց նշանակալից ներկայութիւն։ Անիկա երբեմն կը տեղադրուի մսուրին մօտ, երբեմն ալ կը բռնէ երկրորդական դիրք մը Սուրբ Ծննդեան պատկերներուն մէջ, սակայն, իր խորհուրդը կը մնայ անփոփոխ՝ լոյսի ծաղկում խաւարի մէջ։

Քրիստոսածաղիկը գեղեցիկ է իր նրբագեղ լռութեամբ, ինքնամփոփ ներկայութեամբ եւ իր ներքին ծանրութեամբ։ Այդ իմաստով, ձմեռուան խորհրդանշական սիրտն է՝ խորը եւ խոստմնալից։

Ձմեռային ծաղիկները միասին կը կազմեն ձմեռուան խոհուն այգին, ուր գեղեցկութիւնը չ՚աղմկեր, այլ կամաց կը բացուի՝ դիտողին համբերութիւն պարգեւելով։ Անոնք կը վկայեն, թէ բնութիւնը նոյնիսկ իր ամենէն խստապահանջ եղանակին մէջ չի հրաժարիր գեղեցիկը ստեղծելէ։

Հայկական բնաշխարհին մէջ եւս ձմեռնային ծաղիկները բացառութիւն չեն։ Մեր լեռնաշխարհի որոշ շրջաններու մէջ կարելի է հանդիպիլ վաղածաղիկներու, որոնք ձմեռուան վերջին կամ գարնան շեմին կը բանան իրենց առաջին թերթիկները։ 

Ձմեռնային ծաղիկները միայն բուսաբանական երեւոյթներ չեն։ Անոնք ներշնչած են գրականութիւն, արուեստ եւ մտածողութիւն։ Եւրոպական գրականութեան մէջ ձնծաղիկը յաճախ դարձած է վերածնունդի եւ յոյսի խորհրդանիշ, իսկ հայկական հոգեւոր ու ժողովրդական մտածողութեան մէջ՝ ձմրան ծաղիկի մը ծաղկիլը կը նշանակէ փորձութեան մէջ զօրաւոր մնալ։

Այս ծաղիկները մեզ կը սորվեցնեն սպասումի արժէքը։ Անոնք չեն շտապեր, չեն մրցիր գարնան, ամրան առատութեան հետ։ Իրենց ժամանակը յստակ է, իրենց ներկայութիւնը՝ սահմանափակ, բայց ազդեցութիւն ունեցող։ Այդ իմաստով, անոնք կը յիշեցնեն մարդկային կեանքի այն փուլերը, երբ մարդ կը գտնուի մենութեան, ցուրտի կամ լռութեան մէջ, սակայն, կը պահպանէ իր ներքին ծաղկումը։

Ժամանակակից աշխարհի արագ ընթացքին մէջ ձմեռնային ծաղիկները կ՚ունենան նաեւ մշակութային ու բարոյական պատգամ մը։ Անոնք մեզ կը հրաւիրէն դանդաղիլ, նկատել մանրուքները, արժեւորել այն գեղեցկութիւնը, որ բացայայտ չի յայտնուիր։ Ձմեռուան մէջ ծաղկող ծաղիկը ուշադրութիւն կը պահանջէ․ ան զինք չի պարտադրեր, այլ կը սպասէ տեսնող աչքի։

Վերջապէս, ձմեռնային ծաղիկները կը յիշեցնեն, թէ կեանքը մէկ եղանակով չի սահմանափակուիր։ Սառնութեան մէջ ծաղկող ծաղիկը խոստում մըն է՝ ո՛չ ակնառու, ո՛չ ցուցադրական, բայց՝ անկեղծ․ խոստում մը, որ գարունը հեռու չէ, եւ որ կեանքը կրնայ ծաղկիլ նոյնիսկ ձիւնին տակ։

ԱՐԵՒԻ ՊԱԿԱՍԸ

Ձմեռը բոլորին համար չէ, որ սիրելի է։ Շատեր տհաճութեամբ կը դիմաւորեն տարուան այս եղանակը՝ երկար ու մթին գիշերները յիշելով, ցրտահարող քամիները, արեւի պակասը եւ օրուայ դանդաղ ընթացքը վանելով իրենց միտքէն։ Պաղը, լոյսի պակասը, անշտապ օրերը կը ստիպեն մարդուն զգալ կանգ առած ժամանակին հոսքը, մինչ կեանքը կը շարունակէ հոսիլ իր սեփական պայմաններով։

Արեւը ամրան ամիսներուն մեզի կու տար ուրախութեան, կեանքի եւ եռանդի տաք ու լուսաւոր շունչը, իսկ ձմրան անոր ճառագայթները այնքան նուրբ կ՚ըլլան, որ կարծես իրենց պարտադրուած լռութեան մէջ խստապահանջ գաղտնիք մը պահեն։ 

Կը ստեղծուի լուռ համակեցութիւն մը, որուն մէջ ամէն մէկ գոյութիւն ստիպուած է հոգեբանական եւ կենսաբանական տեսանկիւնէ դիմակայել այս պայմաններուն։ Արեւի եւ ցերեկային լոյսի պակասը մարդկային մարմնին, հոգեկան աշխարհին եւ առօրեային ունի խոր եւ ակնառու հետեւանքներ, որոնք պէտք է լուրջ նկատի առնել։

Առաջին եւ ամենայստակ հետեւանքը կենսաբանական է. երբ արեւը քիչ է, մեր մարմինը կը զգայ լոյսի ու անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու պակասը, որոնք անհրաժեշտ են Տէ. կենսանիւթի արտադրութեան համար։ Տէ. կենսանիւթը, չկատարելով իր գործառոյթը, խանգարելով կրածինի (քալսիում) իւրացումը, կրնայ պատճառ դառնալ ոսկորներու թուլացման, մկանային ուժի նուազման եւ մարդու ախտամերժութեան անկման։ Այս փուլը, որ ամէն տարի ձմրան ամիսներուն կը կրկնուի, կը հանդիպի շատերուն, ո՛չ միայն տարեցներուն, այլեւ երիտասարդ եւ առողջ մարդոց։

Ձմրան երեւոյթներու միւս հետեւանքը հոգեկան աշխարհին մէջ է։ Միջազգային հետազօտութիւնները հաստատած են, որ լոյսի պակասը կապուած է ձմեռնային ընկճախտ կոչուած հոգեկան վիճակին հետ՝ կը յառաջանայ եղանակային յուզման խանգարում։ Մարդիկ կը դառնան անկայուն, յոգնած, տրամադրութիւնը կը խեղճանայ, ուժերը կը սպառին, ախորժակը կը փոխուի… Ձմեռը կը դառնայ ո՛չ միայն բնական լոյսի պակասի ժամանակ, այլեւ՝ ներքին զգացական բացակայութեան։ Արեւի պակասը կ՚ազդէ նաեւ քունի բնական ընթացքին։ Քունը կարգաւորող հորմոնը՝ մելաթոնինը, ձմեռնային մութին մէջ աւելի շատ կ՚արտադրուի։ Արդիւնքը այն է, որ մարդը աւելի երկար ու ծանր քուն կը զգայ, առաւօտները դժուար կը զարթնի եւ օրուան ընթացքին կը տպաւորուի, թէ օրը կարճ է, իսկ աշխատանքը՝ ծանր։ Մարդը կը զգայ մշտական քնկոտութիւն ու դանդաղում։

Շատերը տեւական այս հարցումներու մէջ են․ «Ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի լրացուի այս պակասը»։ Այս հարցին պատասխանները բազմաշերտ են եւ կը պահանջեն բժշկական, հոգեբանական եւ առօրեայ մօտեցումներ։

Առաջին եւ պարզ քայլը լոյսի քանակը ուժեղացնելու մէջ է, ձգել, որ տան եւ աշխատասենեակի պատուհաններէն լոյսի ամբողջական ճառագայթները անցնին, խորհուրդ կու տան տեղադրել լուսազդեցիկ, լուսաւոր սարքեր, որոնք կ՚ազդեն օրկանիզմի ներքին կենսաբանական ժամացոյցին։ Այս սարքերը կ՚օգտագործուին առաւօտեան՝ 20-30 րոպէ, որպէսզի մարմինը ստանայ արեւի պակասի փոխարինող ազդակ։

Յաջորդը սննդակարգի միջոցով լոյսի պակասը լրացնելու միջոցն է։ Տէ. կենսանիւթի աղբիւրները. ինչպէս՝ իւղոտ ձուկերը, հաւկիթի դեղնուցը, հանքանիւթերով հարստացուած կաթնեղէնը պէտք է ընդգրկուին առօրեայ սննդակարգին մէջ։ Նաեւ օգտակար են որոշ կենսանիւթերով հարուստ պտուղներ՝ նուռ, նարինջ եւ այլն, որոնք ախտամերժումը կ՚ամրացնեն եւ հոգեկան յարմարութիւն կու տան։

Գործնական առօրեայ միջոցներ եւս կան. ֆիզիքական աշխուժութիւնը եւ շարժումը ձմրան անարեւ ամիսներուն նպաստաւոր ազդեցութեան պարտադիր պայմաններն են։ Եթէ ատոնք կատարուին բաց երկինքին տակ, կը նպաստեն արեան շրջանառութեան, սիրտի առողջութեան եւ հոգեկան դրութեան բարձրացման։

Հոգեկան առողջութեան պարագային կարեւոր է արեւի պակասը լրացնելու հոգեբանական դրսեւորումները՝ մտերմութիւնը ընկերներուն հետ, երաժշտութիւն լսելը, գիրք ընթերցելը, ստեղծագործական զբաղումները, տօները ընտանիքի, սիրելիներու հետ տօնելը… այս գործողութիւնները կը ծառայեն ներքին լոյսի վերստեղծման։ 

Կը մնայ նաեւ հոգեւոր միջոցը՝ ապաւինիլ հոգեւոր կառոյցներուն, անոնց տուած հոգեւոր սնունդին… Հին հայկական վանքերու պատուհանները այնպէս մը շինուած էին, որ ներսը միշտ լեցուն էր բնական լոյսով. ձմեռնային խաւարին մէջ աղօթքի եւ երգերու միջոցով մարդը նաեւ կը ստեղծէր ներքին լոյս, որ կը մեղմացնէր արեւի բացակայութիւնը։ 

Վերջապէս, ամէն մարդ կրնայ փոքր քայլերով օգնել իր մարմինին եւ հոգիին՝ պայքարելով լոյսի պակասին դէմ․ օրակարգի յստակ կառոյցը, առաւօտեան լոյսի ազդեցութիւնը, սննդակարգի եւ շարժման զուգակցումը կը գծեն ուղի մը, որ ձմրան տխրութեան մէջ մարդը չի կորսնցներ իր կենսուրախութիւնը եւ ներքին հաւասարակշռութիւնը։

Ձմեռը իր խաւարին մէջ ունի իր գեղեցկութիւնը, բայց գիտակցաբար ու պրպտումով մենք կրնանք զայն դարձնել լոյսի եւ ներքին ջերմութեան շրջան։

Արեւի պակասը տեղ մը նաեւ պարտադրանք է մենք մեզի՝ զայն կը ստիպէ ուշադրութիւն դարձնել մեր ներքին եւ արտաքին լոյսին, եւ այդ ձմրան խաւարին մէջ մարդկային հոգին կը վերածուի ճառագայթող աղբիւրի:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2025