ՕՐԱՑՈՅՑԸ
Կաղանդը անհնար է պատկերացնել առանց օրացոյցի, որ պատմութեան ընթացքին միշտ ուղեկցած է մարդուն։ Եւ Կաղանդը կարգ մը պարտադիր իրողութիւններու հետ կը բերէ նաեւ օրացոյցը՝ որպէս տարուայ գլխաւոր պատկեր: Կար ժամանակ՝ օրացոյցը սպասուած հրատարակութիւն մըն էր, բայց, վաղուց նաեւ տեղ գտած է ժամանակակից թուային սարքերու մէջ: Բայց եւ այնպէս, թուղթային օրացոյցը անցեալ չէ. ան իր արժէքը միշտ պիտի պահէ՝ քանի որ մարդկային հասարակութեան կազմաւորման զուգընթաց՝ անոր կեանքի կարեւորագոյն բաղկացուցիչը եղած է:
Մարդիկ ժամանակը կը հաշուեն անվերջ, կը դասաւորեն գործերը, ընելիքները, ժամադրութիւններ եւ ճամբորդութիւններ կը կատարեն՝ նայելով օրացոյցին: Մարդկութիւնը միշտ ալ հաշուած է ժամանակը, ժամանակի միաւորները կարեւոր եղած են, ուստի օրացոյց ստեղծելու առաջին փորձերը մարդ արարածին կողմէ կատարուած է վաղնջական ժամանակներուն՝ կազմելով այդ մէկը քարերու վրայ կամ այլ եղանակներ գտած է՝ հաշուելով օրերը, տարիները…
Զանազան ժողովուրդներ ունեցած են ժամանակը հաշուելու իրենց ձեւերը՝ բոլորն ալ առընչելով Արեգակի պտոյտներուն եւ լուսնային փուլերուն հետ: Յատկանշական է, որ հնագոյն՝ պարսկական, եգիպտական եւ այլ օրացոյցներու կարգին, իր տեղն ունեցած է նաեւ հայկական օրացոյցը: Հայը՝ ըլլալով արեւի երկրի բնակիչ եւ, ըստ էութեան, արեւապաշտ, հինէն ի վեր գործածած է արեգակնային օրացոյց: Հայկական օրացոյցը քանի մը տարե-գըլուխ ընդունած է։ Ասոնցմէ մին է Հայկայ թուականը, որ կը կոչուի նաեւ Հայկայ շրջան, Բուն Հայկայ թուական կամ Բուն թուական Հայոց։ Ըստ Ղեւոնդ Աղիշանի հաշուարկներու՝ Հայկ նահապետը բռնաւոր Բելը սպաննած է Նախքան Քրիստոս 2492 թուականի Նաւասարդի 1-ին (օգոստոսի 11-ին)։ Այդ յաղթանակի օրը մեծ օր եղած է հայերուն համար եւ անոնք այդ օրը նկատած են իրենց տարեգլուխի սկիզբը, որ պայմանականօրէն կը կոչուի Բուն թուական հայոց կամ Հայկայ թուական: Ժամանակ մըն ալ հայերը իրենց նոր տարին սկսած են գարնանային գիշերահաւասարի օրը՝ մարտի 21-ին, որ կը համապատասխանէ հայոց Արեգ ամսուայ Արեգ օրուան։ Այդ մէկը կը նշանակէ, որ հայերը իբրեւ տարեգլուխ ընդունած են նաեւ գարնան սկիզբը, բնութեան զարթօնքը եւ նոր տարուայ առաջին ամիսն ու առաջին օրը Արեգ կոչած են՝ ցանկալով, որ արեւը բերքառատ դարձնէ տարին։
Հին հայկական օրացոյցը միշտ չէ, որ ճշգրիտ կազմուած է, անճշդութիւններ ալ եղած են: Թէեւ հայերն ունեցած են հմուտ տոմարագէտներ, որոնք կարող էին Յուլեան տոմարէն օգտուելով ճշգրտել հայկական օրացոյցը, բայց Հայ Եկեղեցին իր ազգային դիմագիծը պահելու համար դաւանաբանական պայքար կը մղէր բիւզանդական եկեղեցւոյ դէմ եւ չէր համաձայներ ընդօրինակել օտարներու տոմարական ճշդումները։
Վերջապէս 584 թուականին, Դուինի ժողովի ժամանակ, Մովսէս Եղիվարդեցի կաթողիկոսի առաջարկով հայերը կ՚ընդունին նոր, ճշդուած տոմար մը, որ կը կոչուի Հայոց մեծ թուական։ Ըստ այդ տոմարի՝ առաջին տարին կը սկսի 552 թուականի յուլիսի 11-ին։
Տասնմէկերորդ դարուն հայերը շարժական տոմարէն անցում կը կատարեն անշարժ տոմարին։ Յովհաննէս սարկաւագը 1085-ին կը բարեփոխէ Հայոց տոմարը, որ կը կոչուի Հայոց անշարժ տոմար, Հայոց փոքր թուական կամ Սարկաւագադիր թուական։ Հայկական այս նոր տարեգլուխի սկիզբը 1085-ի օգոստոսի 11-ն է։
Յետագայ դարերուն այդ տոմարը հայերը զուգահեռաբար կը գործածեն Հայոց մեծ թուականին հետ։ 1317-ին, Ատանայի ժողովին ժամանակ հայերը կ՚որոշեն կիրառել Յուլեան տոմարը։ Սակայն այ վերջինը չկարողացաւ դուրս մղել հայկական ազգային տոմարները՝ Բուն Հայկայ թուականն ու Հայկայ մեծ թուականը։ Մինչեւ 1317-ը Յուլեան տոմարը անծանօթ չէր հայերուն։ Երկրորդ դարի սկիզբներուն, Տրայիանոս եւ Ատրիանոս կայսրերու ժամանակ, երբ Հայաստանը հարկատու էր Հռոմին, հայերը պարտադրուած կարճ ժամանակ մը առաջնորդուած են նաեւ Յուլեան տոմարով։
Տասնվեցերորդ դարու նշանաւոր տոմարագէտ Ազարիա Ջուղայեցին կը կազմէ օրացոյց մը, որ ծանօթ է Ազարիայի կամ Ջուղայեցիներու տոմար անունով։
Ի վերջոյ, այսօր կը գործածուի Գրիգորեան տոմարը, որ զանազան երկիրներու մէջ գործածութեան դրուած է զանազան ժամանակներէ սկսեալ: Ներկայ Հայաստանի տարածքին, օրինակ, Գրիգորեան տոմարը կը գործածուի Խորհրդային Միութեան իշխանութեան հաստատումէն ետք՝ 1920-ականներու սկիզբէն ի վեր: Զայն պաշտօնապէս այդ ժամանակ ընդունած է Հայոց Եկեղեցին:
Յայտնի է, որ հեթանոսութեան շրջանին հայութեան մէջ հայկական եւ օտար տոմարներու հաշիւը կը պահէին քուրմերը։ Քրիստոնէութիւն ընդունելէ յետոյ հայկական օրացոյցը դարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ մենաշնորհը։ Մեսրոպեան գիրերու գիւտէն ետք հայկական տոմարի մասին բազմաթիւ տեղեկութիւններ արդէն կը պահպանուէին գրաւոր ձեռագիրներու եւ վիմագիր արձանագրութիւններու մէջ:
1513 թուականին Վենետիկի մէջ լոյս կը տեսնէ «Պարզատումար»ը: Ատիկա հայերէն առաջին տպագիր օրացոյցն է եւ տօնացոյցէն զատ անոր մէջ կան նաեւ եղանակի փոփոխութիւններու, բերքատուութեան, երկրաշարժներու եւ հիւանդութիւններու գուշակութիւններ, երազահան, մարմնախաղաց… Իր ժամանակի տպագրական մակարդակի չափանիշներով «Պարզատումար»ը բարձր կարգի տպագրութիւն է եւ այսօր ալ կը հիացնէ իր որակով:
Անցած 500 տարուայ ընթացքին հայոց մէջ լոյս տեսած են 1000 անունէ աւելի հայերէն օրացոյց ու տարեցոյցներ, որոնք իրենց պատուաւոր տեղը ունին հայ տպագրութեան պատմութեան մէջ: Հայկական օրացոյցներու զգալի մասը չէ պահպանուած, իսկ պահպանուածները մեր ազգային գանձարանին մաս կը կազմեն եւ անվերջ ուսումնասիրութեան կը կարօտին:
Միայն 1513-1800 թուականներուն լոյս տեսած է հայերէն 76 օրացոյց: Ատոնք տպագրուած են Վենետիկ, Պոլիս, Հռոմ, Նոր Ջուղա, Ամսթերտամ, Մարսէյլ, Էջմիածին, Նոր Նախիջեւան, Ասթրախան, Կալկաթա եւ հայ տպագրութեան այլ կեդրոններու մէջ: Հայ տպագրութեան սկզբնաւորումէն յետոյ, հայկական տպագրութեան երկրորդ կեդրոնը կը դառնայ Պոլիսը։ Եւ պատահական չէ, որ տպագրութեան առաջին փուլին 76 տպագիր օրացոյցէն 32-ը բաժին կ՚իյնայ Պոլսոյ:
Հայկական տպագիր օրացոյցները զանազան անուններ ունեցած են: Ինչպէս հարուստ է օրացոյցներու պատմութիւնը, այնպէս ալ հարուստ է այն բառամթերքը, որմով կոչուած են օրացոյցները եւ անոնց նմանատիպերը: Այսպէս, հայոց մէջ անոնք կոչուած են պարզատումար, տոմար, տումար, տօնացոյց, տօնացուցակ, հանապազօրդեան, եղանակ, գազամիա, տարեցոյց, ընկեր հայկական, տարենիշ, յուշատետր, էփիմերտէ (էֆիմերտէ) ալմանախ, կաղանդք, կաղանդացոյց (նաեւ՝ կաղանդիկոն), տօնապատճառ, տօնամակ (տօնանամակ), տօնական գիրք, տարեգիրք, տարեգլուխ, նաեւ՝ տարեմուտ։ Այս բառերը հոմանիշներ դարձած են տպագիր օրացոյցներու անուանումներուն մէջ եւ ատոնցէ իւրաքանչիւրը իր զատ նշանակութիւնը ունեցած է: Յատկանշական էր էփիմերտէն, (յունարէն էփիմերիտոս-օրագիր, առօրեայ դէպք բառէն), որ օրացոյց ըլլալով նաեւ սնոտիապաշտական տեղեկութիւններ կը պարունակէր մոլորակներու ազդեցութեան, անցքերու եւ եղանակներու գուշակութեան, երազներու մեկնութեան, գրբացութիւններու եւ այլնի մասին։ Ըստ որոշ բնորոշումներու, զայն տգէտ տէրտէրներու եւ պառաւներու ձեռքերուն էր միշտ: Հայոց մէջ առաջին էփիմերտէ (էփիմերետէս) կազմողը Սարգիս Արքեպս. Սարաֆեան Պոլսեցին էր:
Այդ ժամանակ տարածում գտնելով՝ շատեր կը կարծէին, թէ էփիմերտէն Եփրէմվերտի անունին հետ կապ ունի եւ իբր ան գիտուն մարդ մը եղած է եւ այդ գիրքը կազմած է։ Մինչդեռ, սա ո՛չ թէ հեղինակին անունն էր, այլ՝ օրացոյցին տեսակը: Հայերէն առաջին էֆիմերտէն տպագրուած է 1748 թուականին, Վենետիկ:
ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱԵՐԿԱՐԱԿԵԱՑ ՕՐԱՑՈՅՑԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Է
Հայկական տպագիր օրացոյցներու առաջին փուլին դրուեցաւ ամենաերկարակեաց տպագիր օրացոյցի հիմնաքարը։ 1757-ին, Վենետիկի մէջ սկսաւ լոյս տեսնել Մխիթարեան միաբանութեան օրացոյցը։ Ատիկա աշխարհի ամենաերկարակեաց տպագիր օրացոյցն է, որու հրատարակութիւնը ոչ մէկ տարի ընդհատուած է։ Իր երկարակեացութեամբ աշխարհի մէջ երկրորդ տեղը կը գրաւէ «Գոթայի ալմանախը», լոյս կը տեսնէ 1763-ին, Գոթա (այժմ՝ Գերմանիա) քաղաքին մէջ, գերմաներէն եւ ֆրանսերէն, տարեգիրք է՝ զանազան կենսագրականներով եւ դիւանագիտութեան վերաբերեալ յօդուածներով։ Լոյս տեսած է ընդհատումներով, իսկ Մխիթարեաններու հայկական օրացոյցը կը մնայ աշխարհի ամենաերկարակեաց պարբերական հրատարակութիւնը:
Տոմարական զանազան տեղեկութիւններու ու եկեղեցական տօներու կողքին, 19-րդ դարու սկիզբներու օրացոյցներուն մէջ սկսան երեւնալ վիճակագրական տեղեկութիւններ, պատմա-բանասիրական յօդուածներ, գեղարուեստական գործեր։ Կալկաթա տպագրուած 1816-1874-ի օրացոյցներուն մէջ, օրինակ, կը տրուէին այդ տարիներու հնդկահայերու ծնունդները, ամուսնութիւնները, մահերը։ Վենետիկի Մխիթարեաններու օրացոյցը կը բացուէր բանաստեղծութեամբ, իսկ Պոլսոյ մէջ Գէորգ Միւհենտիսեանի տպագրած օրացոյցին մէջ (1828-1842) առաջին անգամ էջեր դրուեցան նօթագրութեան համար։ Արամեաններու տպագրած օրացոյցներուն մէջ երեւցան այսպիսի խորագրեր. «Հայ նուիրապետութիւնը, կրօնական ու քաղաքական ժողովոյ անդամք», «Ցուցակ գահակալութեան թագաւորաց եւ իշխանաց», «Անուանի տիրող տանց եւ ժամանակագրութիւնք նոցա», «Թիւ բնակչաց երկրին», «Քաղաքական ժամանակագրութիւն» եւ այլն։ Միաժամանակ, այս օրացոյցին մէջ կը տրուէին Օսմանեան կայսրութեան դրամները, չափերը, կշիռները։ Ծանուցումը (յայտարարութեան իմաստով) առաջին անգամ կիրառուած է Արամեաններու օրացոյցին մէջ։
1870-ին Արամեան օրացոյցը հայկական օրացոյցներու պատմութեան մէջ եւս մէկ նորութիւն ներմուծեց. «Ցանկ տօնելի անուններու», «Հայերէն լրագիրներ», «Ծանուցումներ»։
Առաջին փուլին (1513-1800) հայկական օրացոյցները կը տպագրուէին բացառապէս հայերէն։ Երկրորդ փուլին (1801-1915) երեւան եկան երկլեզու, եռալեզու, նոյնիսկ՝ քառալեզու օրացոյցներ: Հրատարակողները, բնականաբար, նկատի կ՚առնէին ստեղծուած քաղաքական պայմանները եւ գրաքննութեան խոչընդոտներէ անցնելու համար իրենց օրացոյցներուն մէջ որոշ նիւթեր կը տպագրէին պաշտօնական լեզուով տուեալ երկրի, ուր կը տպագրուէր հայկական օրացոյցը։ Ատկէ զատ, այդ՝ օտար երկիրներու մէջ ապրող շատ հայեր մոռցած էին մայրենին եւ հայկական օրացոյցի օգնութեամբ կը փորձէին վերագտնել իրենց ազգային դիմագիծը։ Օտար լեզուի կողքին, անոնք կը ջանային գիտնալ, թէ հայերէն ինչպէ՛ս կը կոչուին նոր տարին, զատիկը, ամիսը, օրը եւ այլն։ Համադրելով օրացոյցներու հայերէն ու օտար գիրերը՝ շատ հայեր կը ջանային այդպէս սորվիլ հայերէն:
Այդ նոյն ժամանակամիջոցին Պոլսոյ մէջ սկսան տպագրուիլ հայատառ թրքերէնով օրացոյցներ։ Ատիկա պատմական դրդապատճառ ունէր եւ հրատարակիչները գիտակցելով այդ մէկուն՝ հայ մշակոյթի այդ ուրոյն ձեւը կ՚որդեգրէին: Հայկական օրացոյցներու տպագրութեան երրորդ փուլը կը նկատուի 1916-էն մինչեւ մեր օրերը եւ այդ մէկը թերեւս տպագրութեան ամենազարգացած փուլն է՝ հակառակ, որ օրացոյցները իրենց ձեւերուն մէջ յաճախ կ՚ընդօրինակեն անցեալի տպագրութիւնները:
Մատենագէտներ հայերէն երրորդ (կամ երկրորդ) ամենաերկարկեաց օրացոյցը կը նկատեն Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցինը։ Հայ տպագիր օրացոյցի համաշխարհային պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ եղած են նաեւ Պոլսոյ Խասգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Երեմիա քահանայի օրացոյցները, որոնք կ՚անուանէին «Սխալացոյց»: Պոլսոյ մէջ օրացոյցի հրատարակութեան մենաշնորհը կը պատկանէր Պատրիարքարանին: Այդ արտօնութիւնը 1865-ին Պատրիարքարանը տուած էր Խասգիւղի Երեմիա քահանային՝ պայմանով, որ ան տարեկան 80 հազար ղրուշ վճարէ կեդրոնական սնտուկին: S. Երեմիա չյարգեց այդ պայմանը եւ 15 տարի շահագործեց իր մենաշնորհը՝ իր ձեռքն առնելով Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի հայերէն օրացոյցներու հրատարակութեան գործը: Ան հմուտ տոմարագէտ էր, բայց, միեւնոյն ժամանակ, վէճերու առարկայ եղած են իր օրացոյցները, որովհետեւ ան, չհանդուրժելով մրցակցութեան՝ իր տպագրած օրացոյցներուն մէջ կ՚ուղղէր 1870-ականներուն լոյս տեսած ուրիշ օրացոյցներու սխալները: Երեմիա քահանայի օրացոյցի հրատարակչական գործին ժամանակին անդրադարձած է մամուլը, Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի միջեւ քննարկման նիւթ եղած են այդ օրացոյցները, որոնց իր մանրապատումներուն մէջ Յակոբ Պարոնեան նոյնպէս անդրադարձած է՝ նշելով, որ Երեմիան նկատի չառնելով իր օրացոյցներու սխալները՝ ուրիշներու սխալները ցոյց կու տայ իր «Սխալացոյց»ին մէջ: Մեծ երգիծաբանը Երեմիա քահանայի այդ հրատարակութիւններուն մասին գրած է զանազան դիրքերէ գնահատելով: Սակայն Տէր Երեմիան չկրցաւ այդ մենաշնորհը իր ձեռքը պահել. Պոլսոյ մէջ աւելի հմուտ տոմարագէտներ մէջտեղ եկան։ Անոնք կ՚ուղղէին Տէր Երեմիայի օրացոյցի սխալները եւ նոր օրացոյցներ կը հրատարակէին:
19-րդ դարուն, Տէր Երեմիայէն յետոյ, հայկական տպագիր օրացոյցի պատմութեան մէջ մեծ յառաջընթաց դարձան Նահապետ Ռուսինեանի օրացոյցները։ Բանաստեղծ-բանասէրը փորձեց շարժել կղերական ճահիճը եւ նոր ձեւ ու բովանդակութիւն տալ օրացոյցին։ Սակայն, անոր հրատարակութիւնները արտաքուստ միայն կը նմանուէին օրացուցային պայքարի։ Իրականութեան մէջ, Ռուսինեան յառաջ կը քշէր ազգային առաջադիմութեան շատ հարցեր։ 1855-ին, Պոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ անոր «Տարեցոյց»ը, որ մեծ աղմուկ հանեց։ Պատրիարքարանը հեղինակը մեղադրեց դաւանանքէն շեղուած վարդապետութեան մէջ եւ արգիլեց «Տարեցոյց»ի վաճառքն ու գործածութիւնը։ Իր «Տարեցոյց»ին մէջ Ռուսինեան ամիսներուն օտար անունները կու տար հայերէն թարգմանութեամբ՝ միամիս, երկամիս, եռամիս, քառամիս, հնգամիս եւ այլն… Այս անուններէն զատ, Ռուսինեան բանաստեղծական անուններ ալ կ՚որոշէր ամիսներուն համար՝ համաձայն տարուայ չորս եղանակներուն՝ Բոյսի ամիս, Ծաղկի ամիս, Տոթի ամիս, Պտղի ամիս, Մրրկի ամիս եւ այլն:
Պոլսոյ մէջ Երեմիա քահանայէն եւ Նահապետ Ռուսինեանէն յետոյ հայկական օրացոյցի հրատարակութեան բնագաւառին մէջ երրորդ եւ ամենախոշոր դէմքը Թէոդիկն է։ Անոր «Ամէնուն տարեցոյցը»ները (1907-1929) իրենց համապարփակ, համայնագիտարանային բնոյթով փառաւոր էջ գրեցին հայ տպագիր խօսքի պատմութեան մէջ։
Թէոդիկը ո՛չ միայն բարձրացուց հայկական օրացոյցի հեղինակութիւնը, այլեւ իր հրատարակութեան այնպիսի ձեւ ու բովանդակութիւն մը տուաւ, որ անոր տարեցոյցները դարձան հայկական մշակութային կեանքի անփոխարինելի յիշատակարան-համայնագիտարաններ եւ այսօր ալ նոյն հետաքրքրութեամբ կը թերթուին:
Անցեալ դարասկիզբին օրացոյցներ եւ տարեցոյցներ կը տպագրէր նաեւ պոլսահայ մամուլը եւ ատոնք ձրիօրէն կը բաժնէր իր ընթերցողներուն: Այդպիսի սպասուած հրատարակութիւններ էին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի տարեցոյցները, գրպանի օրացոյցները…
Խորհրդային Հայաստանի մէջ նոյնպէս օրացոյցները եղած են սպասուած հրատարակութիւններ:
Ուշագրաւ է, որ հայ-խորհրդային առաջին պատի օրացոյցը պատկերազարդած է աշխարհահռչակ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանը, 1924 թուականին:
Հայաստանի մէջ լոյս տեսած ամենաերկարակեաց օրացոյցը «Յիշարժան տարեթիւեր»ն է, զոր կը հրատարակէ Հայաստանի Ազգային գրադարանը, 1948 թուականէն ի վեր: Այս հրատարակութիւնը պարզ օրացոյց մըն է, սակայն գիրքի մը բովանդակութեան չափ հարուստ նիւթ կը պարունակէ: «Յիշարժան տարեթիւեր»ը հրատարակուելով ամէն տարի՝ կը ներկայացնէ ընթացիկ տարուայ նշանաւոր յոբելեանները, դէպքերը, իրադարձութիւնները, ինչ որ անփոխարինելի օգնութիւն մըն է տարուայ հեւքին հետեւողներուն համար: Տարուան ամենակարեւոր յիշատակութիւնները ամփոփուած կ՚ըլլան «Յիշարժան տարեթիւեր» տարեգիրքին մէջ, յոբելեաններէն զատ նշուած են նաեւ պետական եւ եկեղեցական տօները, յիշատակելի օրերը, ՄԱԿ-ի տօնացոյցը եւ այլն: Լրագրողներ, միջոցառումներու կազմակերպիչներ, մշակութային կեդրոններ, կրթական հաստատութիւններ եւ նմանատիպ կառոյցներ մեծապէս կ՚օգտուին այս գիրքէն:
Կարդալով պատմաբան Հայկ Խաչատուրեանի՝ հայկական օրացոյցներու մասին գիրքը (որմէ ալ տեղեկութիւններ քաղած ենք այս նիւթին համար), կը տեսնենք, որ տպագիր օրացոյցը մեծ տարածում գտած է հայոց մէջ։ Սա եղած է հայերէնը պահելու, տարածելու, մատչելի եւ նախընտրելի նիւթերու միջոցով լեզուն սիրցնելու միջոց: Օրացոյցները եղած են սպասուած հրատարակութիւններ եւ մեծ հաշուով անոր ընթացքը կապուած եղած է կրօնքի հետ: Կրօնքը եղած է օրացոյցի ստեղծողը, ձեւաւորողը, պահպանողը եւ այդ մէկը պատահական չէ, որովհետեւ շատ հին ժամանակներուն կրօնական պատկերացումները կապուած եղած են երկնային-աստղագիտական երեւոյթներու հետ, իսկ օրացոյցը այդ երեւոյթներու հիման վրայ ստեղծուած իրողութիւն մըն է: Կապուած ըլլալով հոգեւոր կեանքին, եկեղեցւոյ՝ օրացոյցի սպասուած ըլլալը կը վկայէ նաեւ հաւատքի մեծ դերը՝ ազդեցութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին վրայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստան