ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՇՈՒՆՉԸ ԵՒ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲԻ ՄԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
Տարին կը գտնուի իր վերջին շունչի եզրին։ Դեկտեմբերի ցուրտ մը կը շրջի փողոցները, շէնքերուն պատուհանները կը փայլեցնեն թեթեւ դեղին լոյսերը, իսկ մարդիկ՝ յոգնած, բայց, լուռ յոյսով, կը բանան իրենց աչքերը նոր սկիզբի մը ակնկալութեամբ։ Դեկտեմբերի օրերը ունին իրենց անփոփոխ, հազիւ զգալի, բայց, անչափ հարազատ մրմունջը։ Օդին մէջ ինքզինք կը դրսեւորէ այն յատուկ հոտը, որ միայն տարեվերջի օրերուն կը զգացուի՝ միեւնոյն ժամանակ հմայք եւ քիչ մը ափսոսանք… Քաղաքը կը կրծէ ցուրտը, սակայն, մարդոց աչքերը կը կրեն ջերմութիւն մը ներքեւէն՝ հոգիէն։
Ահա այս օրերն են, երբ կ՚ուզենք կանգ առնել ու լսել մենք մեզ։ Ո՛չ թէ սուր հարցումներով եւ ո՛չ ալ կտրուկ ինքնաքննադատութեամբ, այլ նուրբ շունչով մը, որ կը փափաքի ըսել. «Այս տարի եւս ողջ մնացիր, պայքարեցար, պահեցիր լոյսդ… ապրի՜ս»։
Սակայն, ինչո՞ւ տարեվերջին այդքան աւելի յուզական կը դառնանք։ Գուցէ որովհետեւ մարդ արարածը խորհրդանշաններու հետ կապուած է․ մեզի պէտք է սկիզբ մը, վերջ մը ու միտք մը, որ կարծես կը շեշտէ. «Կրնաս կրկին սկսիլ»։ Իսկ Նոր տարին այդ հնարաւորութիւնն է՝ փաթթուած գունաւոր թուղթերով, լոյսերով, կազմակերպուած աղմուկով եւ տաք խոստումներով։
Իսկ ի՞նչ է «սկիզբը»։ Արդեօք օրացոյցի թերթ մը շրջե՞լը, թէ հոգիէն դուրս հանելու համարձակութիւնը այն, ինչ որ երկար տարիներ պահուած էր՝ ամօթով, վախով կամ կասկածով։ Ահա այստեղ է, որ կը սկսի Նոր տարուան խորհրդաւորութիւնը։ Ո՛չ հրավառութիւններուն մէջ եւ ո՛չ ալ ճոխ սեղաններու շուրջ, այլ այն պահուն, երբ աշխարհէն անկախ՝ մեր ներսը կը սահի միտք մը, որ կը շշնջէ․ «Կարելի է նոր սկիզբ մը»։
Տարին մեր առջեւ արձանագրած կը դնէ՝ իր ծանր, երբեմն բեկորոտ, երբեմն փայլուն օրերը։ Որքա՜ն կը ծանրանան վերջին օրերը, կարծես ամբողջ կեանքը վայրկեաններու մէջ կը փորձէ անընդհատ ընծայել իրական հաշուարկ մը. ի՛նչ ունեցար, ի՛նչ կորսնցուցիր, ի՛նչ պահեցիր, ի՛նչ թողեցիր՝ կամայ թէ ակամայ։ Երբեմն կը թուի, թէ անցեալ տարին աւելի շատ հարցումներ թողած է՝ քան պատասխան։
Անհնար է Նոր տարին պատկերացնել առանց երազներով։ Բայց, նաեւ անհնար է չխօսիլ այդ փոքրիկ, անսպառ վախերուն մասին, որոնք կը կրծեն մեր ուրախութեան ծայրը. վախ, որ գուցէ այս տարի եւս պիտի կրկնուի. վախ, որ պիտի չբաւէ մեր ընթացքը. վախ, որ բան մը պիտի կորսուի… Բայց, յետոյ կը զարմանաս, թէ որքան ուժգին է մարդկային միտքն ու հոգին։ Մենք ունինք վերականգնելու զարմանալի կարողութիւն մը։ Երբեմն չենք գիտեր սա, բայց, մեր ներսի լուռ ուժը գիտէ։ Եւ սա՛ է Նոր տարուան իրական լեզուն՝ ո՛չ թէ ճոխութիւնը, ո՛չ թէ աղմուկը, ո՛չ թէ ծրագրերու հազարաւոր ցանկերը, այլ մարդու ներսի յամառ մղումը՝ շարունակելու։
Երբ աշխարհ դարձեալ կը հասնի տարուայ մը վերջաւորութեան եւ օրացոյցի վերջին թղթիկները կը ճմլուին մեր ձեռքերուն մէջ, կը սկսի մեր կեանքի այն յատուկ ու խորհրդաւոր շրջանը, ուր ժամանակը կարծես դանդաղ կ՚ընթանայ։ Տերեւաթափ ծառեր, դուրսի ցուրտ օդը եւ քաղաքի լռութեան մէջ խառնուած ուրախութեան մրմունջ մը՝ այս բոլորը միասին կը կազմեն Նոր տարուան մթնոլորտը, որու մէջ իւրաքանչիւր անձ իր հոգիին մէկ անկիւնը կը դարմանէ՝ յիշելով անցեալը, ապրելով ներկան եւ յոյսով նայելով իր ապագային։
Ոմանց համար Նոր տարին պարզ օրացոյցի փոփոխութիւն մըն է, բայց, շատերու համար աւելի խորքային հրաւէր մը՝ վերագտնելու իրենց անձը, մաքրելու իրենց հոգին եւ հաւաքելու իրենց ներքին ուժերը՝ նոր ճամբաներու առաջին քայլերը առնելու համար։ Չէ՞ որ մարդ երբեմն իր կեանքի մէջ այնպէս մը կը քալէ, որ չի նկատեր անցեալ օրերը, չի լսեր սեփական սրտին մեղմ ձայնը։ Իսկ ահա Նոր տարին կու գայ այս լռութիւնը խախտելու, մեզ կը կանգնեցնէ ամբողջ տարուայ դիմաց եւ կը հարցնէ. «Ի՞նչ սորվեցար այս տարի եւ ո՞ւր կը տանին քեզ քու յոյսերդ»։
Եւ մենք՝ իբրեւ մարդ, կը սկսինք շատ ուղղամիտ ու անկեղծ երկխօսութեան մը մեր ներսիդիին հետ։ Մենք մեզի կը յայտարարենք մեր վախերը, մեր սայթաքումները, մեր յաղթանակները, մեր սէրը, մեր կարօտները… Եւ այս անգամ անոնք աւելի բարձր կը հնչեն, որովհետեւ տարուան վերջաւորութեան մօտենալով՝ իւրաքանչիւր ապրում կը դառնայ յիշատակ։
Նոր տարին կը միացնէ անցեալն ու ապագան կէտի մը վրայ։ Այդ կէտը անգտանելի, նուրբ ու աներեւոյթ վայր մըն է, ուր մարդ կը կարողանայ ինքզինք հաւասարաչափ տեսնել՝ ի՛նչ եղած է եւ ի՛նչ կ՚ուզէ դառնալ։ Այս նուրբ պահուն շատեր կը խորհին իրենց նախնիներուն, ընտանիքներուն, արմատներուն մասին։ Կը մտածեն, թէ ինչպէս պիտի ապրին այս նոր սկիզբը՝ աւելի արժանավայել, աւելի արթուն, աւելի հոգատար։
Տարուան սկիզբը պահ մըն է, որ մեզ կը հրաւիրէ հանգչելու մեր հոգիներու մէջ հաւաքուած աղմուկէն եւ լսելու այն, ինչ որ մեր սրտերը իսկապէս կը փափաքին։ Աւելի իրական, աւելի արդար, աւելի լիայոյս աշխարհ մը ստեղծելու փոքրիկ, բայց, անկեղծ ձգտումը ամէն մարդու մէջ նոյն ուժով կը ծաղկի այս օրերուն։ Ճիշդ է՝ ժամանակը միայն թուական մը կը փոխէ, բայց, մարդ կ՚ունենայ վերածնուելու, ներելու եւ վերսկսելու հազուագիւտ, գրեթէ սրբազան առիթ մը։
Երբ Նոր տարուան լոյսերը կը բացուին, ապա անոնք միայն փողոցները չեն լուսաւորեր. անոնք կու գան վառելու մեր մէջ ամփոփուած լռիկ հաւատքը, թէ վաղը կրնայ աւելի նուիրական եւ գեղեցիկ ըլլալ։ Կեանքի ծանօթ ու անծանօթ ուղիները մեզ կը հասցնեն անակնկալ տեղեր, սակայն, իւրաքանչիւր նոր սկիզբ մեզի կը յիշեցնէ, թէ մարդ կը կերտէ իր ճակատագիրը՝ ո՛չ միայն ենթարկուելով, այլեւ՝ որոշելով, սիրելով եւ երբեմն ալ համարձակելով։
Ճիշդ է՝ աշխարհը մեզ կը գրկէ իր բաւական ծանր ու դաժան բնոյթով։ Օրինակները բազմաթիւ են՝ պատերազմներ, անհանգիստ լուրեր, մարդկային կորուստներ, անհատական պայքարներ… Բայց, Նոր տարին միշտ ալ կը գտնէ միջոց մը՝ մեզի յիշեցնելու, թէ որքան ալ կեանքը ծանր ըլլայ, մարդու սրտին մէջ կայ աւելի ամուր ուժ մը, որուն անունը յոյսն է՝ հաւատք լաւ օրերու, արդարութեան, խաղաղութեան եւ սիրոյ։
Իւրաքանչիւր Նոր տարի ունի իր կախարդանքը։ Ոմանց համար ան մեծ նպատակներու սկիզբն է, ոմանց համար՝ հին վէրքերու փակումը, իսկ ուրիշներու համար՝ նորակերտ յոյսերու փայլը։ Բայց, բոլորիս համար բացառիկ առիթ մըն է՝ փոշին թօթափելու ծանր օրերէն եւ իրարու ըսելու այն պարզ, բայց, խորունկ ճշմարտութիւնը. «Կը մնանք միասին։ Կը շարունակենք քալել նոյն ճամբով՝ նոյն լուսաբացին նայելով»։
Եւ հիմա, երբ կը հասնինք այս ճամբաբաժանին՝ հինը դանդաղ կը հեռանայ, նորը կը զգուշանայ մօտենալ։ Բայց, երկուքն ալ կը խօսին նոյն լեզուով․ «Պիտի շարունակես»։ Ու ես ալ կ’աւելցնեմ՝ պիտի շարունակենք։ Աւելի հաստատակամ, աւելի լուռ, աւելի խաղաղ, այո՛, աւելի սիրելով։
Որքան կը լսեմ մարդոց տարեվերջեան մելամաղձոտ պատմութիւնները՝ այնքան կը յամառիմ մաղթել այլ բան՝ ո՛չ թէ մեծ յաղթանակներ, այլ մեծ հանգստութիւն։ Մեծ լռութիւններ, որոնք ո՛չ թէ կը խլացնեն, այլ կ՚ողջունեն սիրտը։
Եւ հիմա, երբ քաղաքին լոյսերը կը սփռուին անորոշ, մեղմավառ շողերով, կը թուի, թէ ամբողջ աշխարհը կը սպասէ՝ ո՛չ աղմուկով, այլ համեստ համբերութեամբ։
Յաճախ կը կարծենք, թէ ժամանակը հեռու կը քալէ մեզմէ, բայց, Նոր տարին վերյիշում մըն է, որ իրականութեան մէջ պիտի արթննանք նոր երազներով, նոր նպատակներով եւ մի՛շտ նոյն՝ աւելի լաւը ըլլալու գաղտնի մղումով։ Իսկ այսօր, այս անցումային ժամուն, սիրտս կ՚ուզէ խորին երախտագիտութիւնով գրել, թէ թող 2026-ը ըլլայ այն տարին, երբ մեր հոգիները աւելի ազատ կը շնչեն, մեր մտքերը թռիչք կ՚առնեն՝ առանց վախի, մեր աչքերը կը վառին նոր սկսած սիրոյ, անկեղծ բարեկամութեան ու ապահով յուշերու շողերով։ Թող իւրաքանչիւր առաւօտ մեզի պարգեւէ խաղաղութեան գոնէ պզտիկ, բայց, անկեղծ բաժինը։ Թող կարողանանք իրարու եւ մենք մեզի նայիլ համակրական զգացումով՝ ըմբռնելու, ներելու եւ սիրելու անկեղծ ցանկութեամբ։
Թող Նոր տարին առիթ ըլլայ ձեր սրտերուն մէջ մոռցուած երազները նորոգելու, խանդավառութեամբ լեցնելու իւրաքանչիւր օրուայ քայլը, խաղաղութիւն տարածելու ձեր շրջապատին մէջ ու փոխադարձ սիրոյ եւ համբերութեան նոր էջ մը բանալու։
Նոր տարին թող ըլլայ բարի հող մը մեր բոլոր ցանկութիւններուն համար եւ մատուցէ նոր արեւածագեր՝ լի յուսով եւ գիշերներ՝ լի հանգստացնող լռութեամբ։ Թող Նոր տարին իրականացնէ այն հաւանականութիւնը՝ կարօտը վերածելու հանդիպման, հեռաւորութիւնը՝ ջերմութեան, իսկ անհանգիստ պահերը՝ վստահութեան։
Թող ձեր տուները լեցուին ամբողջական համերաշխութեամբ, ձեր ընտանիքները՝ առողջութեամբ եւ ձեր հոգիները՝ այն քաղցր ապահովութեամբ, որ միայն ներքին խաղաղութենէն կը սերի։
Բարի, լուսաւոր եւ օրհնեալ Նոր տարի՝ ձեր տան, ձեր սրտին եւ ձեր ճամբաներուն համար…
Շնորհաւոր Ամանոր։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ