ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՂ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳԱՂՏՆԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԸ. ՃՆՇԻՉ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ճնշիչ հանդուրժողականութիւնը ընդունումն է ընկերային եւ կառավարական գործադրութիւններու եւ քաղաքականութեան, որոնք կը սահմանափակեն ազատութիւնը բացարձակ ձեւով։ Ֆրանքֆուրթի դպրոցի տեսաբան, ընկերաբան եւ փիլիսոփայ Հերպերթ Մարքուզէ այս սահմանումը յօրինած է «Մաքուր հանդուրժողականութեան քննադատութիւն» (1965) գիրքին համար, զոր ան հեղինակած է Ռոպերթ Վոլֆի եւ Պերինկթըն Մուրի հետ։

Մարքուզէ կը պնդէ, որ ճնշիչ հանդուրժողականութիւնը երկու հիմնական ձեւ ունի.

1- Հաստատուած վերաբերմունքի եւ գաղափարներու չմտածուած ընդունում, նոյնիսկ երբ անոնք ակնյայտօրէն կը վնասեն այլ մարդոց կամ շրջակայ միջավայրին: Այստեղ գոյութիւն ունի աւելի դանդաղ եւ անուղղակի գործընթաց մը, որ թոյլ կու տայ իրավիճակներուն եւ իրադարձութիւններուն աստիճանաբար վատթարացնել հասարակութեան բարեկեցութիւնը, կենսապայմաններն ու միջավայրը՝ հաստատութիւններու կողմէ պարտականութիւնները չկատարման կամ անհատներու անտարբերութեան պատճառով։ Կլիմայի փոփոխութեան եւ շրջակայ միջավայրի ապականման մասին զգուշացումներուն ցաւալիօրէն դանդաղ արձագանգը ասոր օրինակն է։

2- Բարձրաձայն հաստատել այն գործողութիւնները, որոնք ակնյայտօրէն վիրաւորական են այլ մարդոց համար: Այստեղ հանդուրժողականութիւն կայ մարդոց ազատութեան սահմանափակման ուղղեալ ուղղակի միջամտութիւններու նկատմամբ։ Ասոր վառ օրինակն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Անգլիոյ կառավարութիւններու՝ քաղաքացիական իրաւունքները պաշտպանող «Habeas Corpus»ը անվաւեր ճանչնալու կամ սահմանափակելու աջակցութիւնը:

Մարքուզէ կը պնդէ նաեւ, որ իսկական հանդուրժողականութիւնը կրնայ գոյութիւն ունենալ միայն այն պարագային, երբ իրական ազատութեան այս սահմանափակումներու չեն հանդուրժուիր:

Հանդուրժողական մօտեցման հիմնական նպատակին հասնիլը կը պահանջէ, որ հակառակ գերիշխող քաղաքականութեան, վերաբերմունքի եւ տեսակէտներու քննադատութեան, հանդուրժողականութիւնը տարածուի նաեւ արգիլուած կամ ճնշուած քաղաքականութեան եւ քննադատելի տեսակէտներու վրայ: Այն ինչ որ այսօր կը յայտարարուի եւ կը կիրառուի որպէս հանդուրժողականութիւն, յաճախ կը ծառայէ իշխանութեան կողմէ ճնշումներու գործադրման։

Հանդուրժողականութիւնը ինքնին նպատակ մըն է։ Բռնութեան վերացումը եւ ճնշումներու նուազեցումը մարդոց եւ կենդանիներու համար անհրաժեշտութիւն եւ նախապայման է դաժանութենէն պաշտպանուելու տեսակէտէ։ Նման հասարակութիւն մը դժբախտաբար տակաւին գոյութիւն չունի. նման հասարակութեան մը յառաջացումը արդէն կասեցուած է համաշխարհային ծաւալով բռնութեան եւ ճնշումներու պատճառով:

Կարելի է ըսել, որ մարդոց կարիքները, փափաքներն ու ակնկալիքները անսահման են, նաեւ անընդհատ փոփոխուող՝ ըստ մշակոյթի, միջավայրի կամ ժամանակաշրջանի։ Աշխարհը հիմնականին մէջ կը ձեւաւորուի տնտեսական եւ քաղաքական համակարգերով։ Ընկերային փոփոխութիւնները տեղի կ՚ունենան այս կարգի զանազան բաղադրիչներու արդիւնքին։ Ներկայ դրամատիրական կարգը կ՚որոշէ մարդոց փափաքները, վարքն ու նախասիրութիւնները։ Շուկայավարումը հասարակութեան համար կը յօրինէ կարիքներ, որոնք կը վաճառուին երազանքներու ստեղծմամբ։ Այս կարգը, որ նպատակ ունի պահպանել իր գոյութիւնը, զերծ չի մնար նոր պայմաններ ստեղծելէ, որոնք կը նպաստեն եւ կը ծառայեն անոր շարունակականութեան։

Հերպերթ Մարքուզէ կ՚ըսէ նաեւ, որ «մշակոյթի արդիւնաբերութիւնը» նպատակ ունի շարունակականութիւն ապահովել՝ իրական կարիքներէն դուրս կեղծ կարիքներ ստեղծելով եւ խրախուսելով սպառումը։ Կեղծ կարիքները կը մատուցուին անհատներուն՝ ճնշում գործադրելու համար անոնց վրայ։ Այս կերպով կեղծ կարիքները հիմնուած են մշակոյթի արդիւնաբերութեան վրայ, իսկ մշակոյթի արդիւնաբերութիւնը հիմնուած է մշակոյթի եւ դրամատիրութեան միջեւ յարաբերութիւններու վրայ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 4, 2025