ԳԵՏԻ ԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ՄԵՋ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ. ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ՈՒ ԱՄԵՆԱԳԵՂԵՑԻԿ ԽԱՂԱՀՐԱՊԱՐԱԿԸ ՇՈՒՏՈՎ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ
Երեւանի կեդրոնը՝ Օղակաձեւ զբօսայգիի կանաչապատ եւ լայնաշունչ գօտիներուն մէջ, սեպտեմբերին պիտի բացուի Հայաստանի ամենամեծ հանրային խաղահրապարակը, որ մինչ այժմ միայն երազանք կրնար թուիլ։ Մօտաւորապէս 2000 մեթր քառակուսի տարածքով եւ իր տեսակին մէջ առաջինը պիտի ըլլայ միջազգային բարձր չափանիշներուն համահունչ այս նոր միջավայրը, ուր ազատութիւնը, ապահովութիւնը մշակոյթը եւ ներառականութիւնը պիտի միախառնուին։ Ասիկա նոր էջ մը պիտի ըլլայ Երեւանի քաղաքային կեանքին մէջ, որուն շնորհիւ հազարաւոր մանուկներու մանկութիւնը՝ ընտանիքներու առօրեայէն դուրս պիտի արժեւորուի նաեւ համայնքային կեանքին մէջ։
Այս նախաձեռնութիւնը ծնած է «Կերոն» զարգացման հիմնադրամի եւ Երեւանի «Կենտրոն» վարչական շրջանի համագործակցութենէն։ «Կերոն»ը վերջին տարիներուն դարձած է Հայաստանի մէջ քաղաքային նորարարական նախաձեռնութիւններու, մշակոյթի եւ հանրային կեանքի արդիականացման կարեւոր շարժիչ ուժ։
Հիմնադրամը կը ձգտի բարելաւել առօրեայ քաղաքային կեանքը, որդեգրած է երկարատեւ առաքելութիւն մը՝ ստեղծելու այնպիսի վայրեր, ուր մարդը, իր բոլոր տարիքներով եւ ունակութիւններով, կ՚ունենայ տեղ՝ ազատ, ուրախ եւ արժանապատիւ զգալու։
Հիմնադրամը կ՚իրականացնէ Հայաստանի զարգացման ծրագիրներ՝ ներգրաւելով մասնագէտներ՝ ամբողջ աշխարհէն, առաջ մղելով ենթակառուցուածքային զարգացումը եւ ամրապնդելով Հայաստանի ներկայութիւնը միջազգային ասպարէզին մէջ:
«Կերոն»ի հիմնադիրներն ու ղեկավարները կը պատկերացնեն Հայաստան մը, ուր կը միաւորուին լուսաւոր միտքերը աշխարհի զանազան անկիւններէն՝ նպաստելով ստեղծման այնպիսի միջավայրի մը, ուր նախաձեռնող մասնագէտները կը փափաքին ապրիլ, ստեղծագործել եւ ձեւաւորել բարեկեցիկ ապագայ՝ բոլորին համար:
Մէկ տարուան ընթացքին կատարուած բազմատեսակ աշխատանքը այսօր «Կերոն» հիմնադրամը ճանաչելի դարձուցած է Հայաստանի մէջ եւ երկրի սահմաններէն դուրս։
ՆՈՐ ԽԱՂԱՀՐԱՊԱՐԱԿԸ
Երեւանի ամենամեծ՝ շուրջ 2000 մեթր տարածքով, ժամանակակից եւ անվճար խաղահրապարակը գրեթէ կ՚աւարտի եւ պիտի շահագործուի սեպտեմբերի կէսերուն՝ Օղակաձեւ զբօսայգիի 6-րդ հատուածին մէջ՝ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մօտ։ Նախագիծը սկիզբ առած էր այս տարուան մայիսին՝ «Կերոն» զարգացման հիմնադրամի եւ «Կենտրոն» վարչական շրջանի միջեւ ստորագրուած յուշագրով։ Այս քայլը եզակի է, որովհետեւ Երեւանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը ստեղծուին հանրային խաղահրապարակներ, որոնք միջազգային չափանիշներուն համապատասխան են, հասանելի են բոլոր երեխաներուն՝ ներառեալ զանազան ֆիզիքական կարողութիւններ ունեցողները։
Երեք խաղահրապարակ պիտի ըլլայ․ առաջին խաղահրապարակը, որ շուտով պիտի բացուի, «Թաքնուած գետի գաղտնիքները․ կարմրախայտ» անունը ունի։ Զայն կը կերտուի իբրեւ մանկական ջրային աշխարհ մը՝ ալիքներով, ձուկերով եւ կղզիներու նմանող տարածքով։
Կեդրոնական տարրը պիտի ըլլայ Հայաստանի գետերու բնորոշ ձուկերէն մէկուն՝ կարմրախայտին վիթխարի խաղային կառոյցը։ Ան ալիքաձեւ կախովի ցանցերու հետ միասին պիտի կազմէ շուրջ 27 մեթրնոց խաղային համալիր մը, ուր երեխաները պիտի կարենան մագլցիլ, սահիլ եւ խաղալ թէ՛ միայնակ, թէ՛ ընկերներու խումբով։
Տարածքը բաժնուած է երեք տարիքային մակարդակներու․ 0-3, 3-7 եւ 7-12, եւ իւրաքանչիւր խումբ ունի իր տարիքին համապատասխան փորձառութիւնն ու զբաղումները։ Խաղահրապարակը կը ներգրաւէ արկածային խաղեր՝ մագլցման ցանցերու եւ փապուղիներու միջոցաւ, բնական նիւթերու հիմքով զգայական եւ շօշափելի խաղեր, ինչպէս նաեւ բազմազան սահարաններ։
Երեւանի այդ տարածքին մէջ տեղադրուած են սարքաւորումներ, որոնք արդէն իսկ օգտագործուող են յառաջադէմ եւրոպական քաղաքներու մէջ։ Երեւան բերուած են բացառիկ խաղային տարրեր, որոնք յատուկ այս նախագծին համար ստեղծած են աշխարհի առաջատար արտադրողները։
Նախագիծը մշակուած է համայնքի մասնակցութեամբ․ ծնողքի, զանազան տարիքի երեխաներու եւ յարակից տարածքի բնակիչներու կարծիքները հաւաքուած են քննարկումներու ընթացքին։ Այս ձայները լսուած ու ներառուած են նախագծման փուլին մէջ, ինչ որ խաղահրապարակը դարձուցած է համայնքային համատեղ ստեղծագործութիւն։
Նկատի առնուած են նաեւ ծնողքի յարմարութիւնները․ խաղահրապարակը կը պարունակէ յարմարաւէտ նստարաններ, որոնց վրայ նստելով՝ մանուկներու խնամակալները կրնան տեսնել ամբողջական տարածքը՝ աչքի տակ պահելով երեխաները։ Բոլոր գօտիներուն մէջ տեղադրուած են փափուկ ծածկոյթներ՝ խճաքարային կամ լաստիկէ, իսկ խաղային տարրերու աւելի քան 50 տոկոսը պատրաստուած է բնական փայտէ։ Քառասուն տոկոսը վերամշակուած է գործածուած նիւթերուն, որոնց մէկ մասը հաւաքուած է նոյնիսկ ովկիանոսներէ։
Նկատելի է, որ բնապահպանական սկզբունքները առաջնային տեղ գրաւած են, ինչպէս նաեւ կարեւորուած են առկայ կանաչապատ տարածքներու պահպանումը եւ նոր կանաչ գօտիներու ստեղծումը։
Նախագիծին մէջ ներգրաւուած են միջազգային եւ տեղական փորձառու մասնագէտներ․ «UrUrban» ընկերութիւնը պատասխանատու եղած է յղացական մշակման եւ վերահսկողութեան, իսկ «DSVent» ընկերութիւնը՝ շինարարական ու չափագիտական աշխատանքներուն համար։
Նոր խաղահրապարակը առաջին հերթին երեխաներուն համար ուրախութեան եւ ազատ շարժումի վայր մըն է։ Սակայն ան շատ աւելի մեծ նշանակութիւն ունի՝ իբրեւ նոր մշակոյթի սկիզբ Երեւանի մէջ։ Խաղը այստեղ կը դառնայ զուարճանք, զարգացում, մանուկներու շարժողական հմտութիւններու կատարելագործում, ընկերային շփում, ստեղծագործական երեւակայութեան բացում եւ նմանակուած գետի հետ շփումի առիթ։
Այս եւ շուտով բացուելիք միւս երկու խաղահրապարակներու շնորհիւ Երեւանը քաղաք մը պիտի ըլլայ, ուր մանկութեան ձայնն ու երազանքը քաղաքաշինական իրականութեան վերածուած են։
Այս նախագիծը վկայութիւն է, որ Երեւանն ու Հայաստանը պատրաստ են որդեգրելու այնպիսի լուծումներ, որոնք կը ծառայեն ապագային։
«Կերոն» զարգացման հիմնադրամը այս քայլով մէկ անգամ եւս կը հաստատէ իր դերը իբրեւ նոր յղանցքներու եւ գաղափարներու առաջնորդ եւ նուիրեալ իրականացնող։ Հիմնադրամը կը վստահեցնէ, որ քաղաք մը կրնայ կերտուիլ ո՛չ միայն քարով ու շինանիւթով, այլեւ՝ ժպիտով ու խաղով։ Իսկ այդ ժպիտները կը պատկանին ապագայ սերունդներուն։
Անվճար, մեծ ու լուսաւոր խաղահրապարակները պիտի դառնան համայնքի միասնականութեան, բնապահպանման կամքի եւ մանկութեան արժեւորուած ներկայութեան խորհրդանիշներ։ Հետեւաբար, սեպտեմբերեան այս ձեռնարկը Երեւանի պատմութեան մէջ պիտի մնայ թուական մը, երբ քաղաքը առաջին անգամ իր ճամբան կը բանայ դէպի իսկապէս ներառական եւ արդիական քաղաքային մշակոյթ։
Պէտք է ըսել, որ Երեւանը վաղուց կարիքը ունի նման խաղահրապարակներու։ Այո՛, մայրաքաղաքին մէջ կան որոշ հանրային խաղահրապարակներ, բայց, անոնք քիչ են, փոքր, նաեւ՝ հիմնականին մէջ չեն կառուցուած մասնագիտական չափանիշներով։ Շատերուն մէջ բացակայ են ներառական լուծումները, բազմազանութիւնը եւ ապահով միջավայրի տրամաբանութիւնը։ Մինչդեռ մեծ քաղաքներու համար նման վայրերը կ՚ունենան կենսական դեր․ անոնք կը նպաստեն մանկական առողջ ու բնական աճին, կը ստեղծեն հանրային միասնականութեան նոր տարածք։ Անվճար, հանրային եւ ապահով խաղահրապարակները քաղաքին շնչառութեան մասն են․ անոնք կը կոտրեն քարեղէն մենութիւնը եւ կը դառնան այն վայրերը, ուր ընտանիքները կը գտնեն հանգիստ, ուր փոքրերը կը սորվին շփում։ Աշխարհի շարք մը քաղաքներ վաղուց հասկցած են այս ճշմարտութիւնը։
Օրինակ՝ Քոփենհակը յայտնի է իր նորարարական եւ բնութեան հետ համատեղուած խաղահրապարակներով, ուր երեխաները կը խաղան՝ կապ ստեղծելով շրջակայ միջավայրին հետ։
Անգլիոյ «Holland Park»ի եւ «Queen Elizabeth Olympic Park»ի խաղահրապարակները արդէն իսկ ուսանելի տիպարներ են՝ բազմաշերտ փորձառութիւններով ու ներառական լուծումներով։
Նիւ Եորքի «Central Park»ի խաղային գօտիները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ մայրաքաղաքներու արկածային խաղահրապարակները վաղուց դարձած են քաղաքային մշակոյթի անբաժան մասը։ Իսկ Թոքիոյի մէջ խաղահրապարակները կը կեդրոնանան անվտանգութեան եւ խիտ բնակչութեան պայմաններուն մէջ ստեղծարար խաղային լուծումներ տալուն վրայ։
Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ մանկական խաղահրապարակները այլեւս պարզ ճօճանակ եւ սահարան չեն․ անոնք քաղաքային կենսակերպի մտածուած մասն են, կը ձեւաւորեն սերունդներու առողջութիւնը, մտածողութիւնը եւ ընկերային կապերը։ Հետեւաբար Երեւանի մէջ այսպիսի խաղահրապարակներու ստեղծումը կարիքի դրսեւորում չէ միայն, այլեւ մօտեցում մը, որ Երեւանը կը դնէ աշխարհի մեծ քաղաքներու կողքին։
Միաժամանակ սեպտեմբերեան բացումը ուրախ առիթէն աւելի պատասխանատուութիւն մըն է․ եթէ կ՚ուզենք, որ Երեւանը իսկապէս դառնայ ժամանակակից եւ մարդկային քաղաք մը, պէտք է խնամքով ու պատասխանատուութեամբ վերաբերիք այսպիսի նոր տեղերուն։ Մարդիկ երբեմն անխնայ կը վերաբերին հանրային վայրերուն՝ մտածելով, որ ձրի է, ուրեմն մինչեւ վերջ պէտք է չարչրկել։ Մինչդեռ զայն սերունդներու համար է․․․
ԿԱՐՄՐԱԽԱՅՏԸ
Հետաքրքրական է կարմրախայտ ձուկին գաղափարը, որ մտայղացողները դրած են այս խաղահրապարակի հիմքին մէջ։ Կարմրախայտը պատմական եւ բնապահպանական իմաստով Հայաստանի գետերուն հարազատ խորհրդանիշն է։ Այս ձուկի տեսակը միաժամանակ վարժանքի եւ արկածի մղող խորհրդանիշ է՝ իր փոքր, բայց անընդհատ շարժուն ու կենսունակ կերպարով, ինչպիսին է նաեւ մանկութեան շարժաբանութիւնը։
Նման խորհրդանիշը խաղահրապարակին ներմուծելը ունի բազմապիսի իմաստներ՝ մանկութեան կապը բնութեան հետ․ երեխաները կը զուարճանան սահարաններուն վրայ, ցանցերուն մէջ, ճօճանակներուն վրայ խաղալով, բայց նաեւ ներքին հոգեբանական կապ կը ստեղծուի բնութեան եւ ջուրին հետ։
Ասիկա ճանաչում մըն է նաեւ հայկական բնութեան․ կարմրախայտը տեղական բնապահպանման ժառանգութեան փոքրիկ, բայց խորհրդանշական ներկայացումն է, ինչ որ երեխաները կը գիտնան եւ հպարտութիւն կը զգան իրենց ազգային բնական միջավայրին հանդէպ։
Ճարտարապետական եւ տեսողական ազդեցութիւնը նոյնպէս մեծ է․ վիթխարի կարմրախայտի կառուցուածքը կեդրոնական տեսարան կը հանդիսանայ՝ մէկ տեղի վրայ հաւաքելով երեխաներու ուշադրութիւնը, յուզական ու ստեղծագործական ներգործութիւն ունենալով խաղին վրայ։
«Կերոն» հիմնադրամի այս նուէրը՝ Երեւանին, նաեւ խորհրդանշական է. ան կը միացնէ նորարարութիւն, բնապահպանութիւն, մշակութային ինքնութիւն եւ հասարակական պատասխանատուութիւն՝ ընդգծելով, որ Երեւանը մայրաքաղաք է, բայց նաեւ՝ համայնք, ուր ապագան կը սկսի երեխաներու ժպիտներէն ու անվտանգ խաղէն։
ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Մինչ այդ, Երեւանի քաղաքապետարանը ունի այլ նախաձեռնութիւն մը, որուն մէջ ներգրաւուած են Երեւան քաղաքի տարեցները։ Քաղաքապետարանը մայրաքաղաքի զանազան շրջաններէ մեծ մայրիկներն ու մեծ հայրիկները հանրաշարժերով պտոյտի կը տանի Հայաստանի զանազան տեսարժան վայրերը։
Այս անգամ Երեւանի Աջափնեակ շրջանէն մեծ մայրիկներ եւ մեծ հայրիկներ օրերս այցելեցին Տաթեւի վանական համալիրը։ Ճամբորդութեան ամբողջ ընթացքին անոնց կ՚ուղեկցէին ընկերային աշխատող, առողջապահութեան մասնագէտ, պատմող, որպէսզի ճամբան ըլլար ուսանելի, հետաքրքրական, ապահով ու յարմարաւէտ։
Ճամբուն տարեցները նոյնպէս պատմեցին հին յուշեր եւ նոր ծանօթութիւններ ձեռք ձգեցին։
Նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի․ ընդհանուր առմամբ նախատեսուած է իրականացնել 55 ճամբորդութիւն՝ ինն զանազան ուղղութիւններով։ Շուրջ 1100 տարեց պիտի ստանայ առիթը բացայայտելու Հայաստանի գեղեցիկ վայրերը եւ ուղղակիօրէն հաճելի ժամանակ անցընելու նոր բարեկամներու հետ։
Յստակ է, որ այս ծրագիրը միայն զբօսանք մը չէ․ ան մարդասիրութիւն եւ հոգատարութիւն է՝ ուղղուած ընտանիքի այն անդամներուն, որոնք քիչ կ՚ելլեն տուներէն եւ մատնուած են ձանձրանալու, մեկուսանալու։ Մեծ քաղաքներու առօրեան, ժամանակակից աղմկոտ կեանքն ալ ինքնին կը մեկուսացնէ տարեցները, իսկ այսպիսի նախաձեռնութիւնները կը վերադարձնեն զիրենք համայնքային կեանք։ Հայաստանի հնավայրերու ու բնութեան հետ հանդիպումը կը դառնայ նաեւ ինքնութիւն վերապրելու եւ արժէքներ փոխանցելու պահ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան