ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ (1890-1962)
Կը շարունակենք այսօր ներկայացնել Գուրգէն Մխիթարեանի գրական վաստակէն նշխարներ:
Այսպէս, «Հայրենիք» ազգային, քաղաքական եւ գրական օրաթերթին մէջ յօդուած մը ունի՝ «Մեր բանաստեղծութեան յատկանիշները», ուր կը կարդանք.
* Ի՞նչ կը գրեն մեր բանաստեղծները եւ ի՞նչպէս կը գրեն:
…Ըսուած է, մէկէ աւելի հեղինակաւոր գրողներու կողմէ, մէկէ աւելի անգամներ, թէ մենք բանաստեղծներ ունինք, բայց բանաստեղծութիւն չունինք. վիպագիրներ ունինք, բայց վէպ չունինք, եւ վերջապէս՝ ունինք քննադատներ, բայց ո՛չ քննադատութիւն…:
Կարելի է շարունակել դեռ խորհրդածութիւնը հայ մշակոյթի այլ ճակատներու մասին ալ, հասնելու համար նոյն եզրակացութեան: Այսինքն՝ ունինք անհատական, հետեւաբար մասնակի տաղանդներ եւ ստեղծագործութիւններ, բայց ամբողջական, ազգային ոչինչ ունինք, կամ քիչ բան, շատ քիչ բան:
Ուրիշներ թող խօսին մեր մշակոյթի ա՛յլ մարզերու մասին, - երաժշտութիւն, նկարչութիւն, ճարտարապետութիւն: Ինչ կը վերաբերի բանաստեղծութեան, մենք կրնանք հիմնական ճշդում մը ընել, ճի՛չդ հակառակ բանաձեւը հաստատելով: Կրնանք յայտարարել, թէ մենք, իրականին մէջ, ունինք բանաստեղծութիւն, բայց ո՛չ բանաստեղծներ, ինչպէս ունինք վէպ, բայց ո՛չ վիպասաններ, ինչպէս քննադատութիւն, բայց ո՛չ քննադատներ: Տարօրինակ թուի թերեւս այս շրջումը, բայց կասկած չկայ, որ աւելի ճիշդ է ան ու իրաւ, քան առաջին բանաձեւը կամ, առնուազն, նուազ անիրաւ, եթէ կ՚ուզէք:
Ունինք բանաստեղծութիւն, որովհետեւ կարելի է երկու-երեք հատոր կազմել -եթէ ոչ աւեւլի- բարձրագոյն ներշնչումով, ձեւով ու խորքով անխոցելի, ըսել կ՚ուզենք ճշմարիտ բանաստեղծականութեամբ օծուն քերթուածներէ եւ պարծենալ անոնցմով: Ներկայանալ աշխարհի եւ ըսել՝ թէ հայը հոգի ունի եւ հոգեկան կեանք, վիշտ ունի եւ ուրախութիւն: Ունի կեանքի խորունկ ու վերասլաց ըմբռնում, սրտի բուռն ալեկոծումներ, ներշնչումի ու իմացական խռովքի խորունկ պահեր զատ բոլորէն, օտար ազգերու ունեցածներէն: Բայց հաղորդական բոլորին, իր ինքնատպութեամբ, ներզօր ապրումներով եւ բաղակցութեան հետաքրքրական եղանակով: Կրնանք մեզի պահել այս քերթողութիւնը եւ գոհանալ, սփոփուիլ եւ նոյնիսկ հպարտանալ անով արդարօրէն: Կրնանք սակայն, եթէ հարկ ըլլայ՝ տանիլ զայն մեզմէ հեռու, մեզմէ դուրս, իբրեւ ցեղային ստեղծագործութիւն, իբրեւ հայ հոգիի ծաղկում, իբրեւ հայ բանաստեղծութիւն, հայ երգին, հայ ճարտարապետութեան ու մանրանկարչութեան հետ, որոնք նուիրագործուած են, իբրեւ առանձնայատուկ ու մեծարժէք նուաճումներ, իբրեւ հայ հոգիէն ու հայ հանճարէն ճառագայթող ցոլքեր:
…Ինչ որ չունի՞նք. -բանաստե՛ղծն է, բանաստեղծները, այսինքն՝ այն արուեստագէտները, որոնք իրենց գրական ստեղծագործութեան մէջ աւելի են, շա՛տ աւելի հարուստ, քան մենք ենք, քան բազմութիւնները. աւելի՝ քան մեր ժամանակն ու միջավայրը կը կազմեն: Այս վերջիններուն հետ անշուշտ, բայց վեր անոնցմէ. խուրունկ, լիաշունչ ու նորօրինակ, արտայայտութեամբ թէ զգացումով, արուեստով թէ հոգեկան նուաճումով: Մէկ խօսքով, արուեստագէտի ամբողջական դիմագծութեամբ: Մեր բանաստեղծները -առնուազն մեծ մասը անոնց- հատուածներու, մասնաւոր քերթուածներու մէջ բանաստեղծ են առաւելապէս, ո՛չ իրենց գործին ամբողջութեանը, կամ բոլոր մասին մէջ: Երբե՛մն, քիչ անգամ միայն, քերթուածի մը ամբողջութեանը մէջ բանաստեղծ կրնան ներկայանալ անոնք:
…Կը բացատրուի երեւոյթը, անշո՛ւշտ, քանի որ մարդիկ, թէ իսկ բանաստեղծ, չսորվեցան եւ պիտի չսորվին բնութեան ձայնին հետեւիլ, իրենց տրուած շնորհովը միայն գոհանալու համար: Չսորվեցան անոնք գրել ա՛յն ատեն միայն, երբ չեն կրնար չգրել, այսինքն՝ ճշմարտօրէն ներշնչումի պահերուն. մեծ յուզումներու վայրկեաններուն, մեծ հրճուանքներու շուքին տակ եւ միայն ա՛յդ վայրկեաններուն: Քանի՞ պահ կամ վայրկեան կարելի է հաշուել օրական մարդոց հոգիներու պատմութեան մէջ, իրաւ խլրտումներու, մեծ ալեկոծումներու յատուկ: Մեր ժամանակը առօրեայով լեցուած է, եւ հոգիները քիչ անգամ իրենք իրենց վրայ կը գալարուին եւ քիչ անգամ մենք մեզի կ՚անդրադառնանք: Հոգեկան մակընթացութիւնները հազուադէպ են գրեթէ: Բանաստեղծութիւնը անդրադարձումի այս խորունկ պահերու բաբախումն է, ծորումը անոնց, մինչ մեր օրերուն -ի՜նչ ողբերգութիւն: Գրականութիւնը -բանաստեղծութի՛ւնը յատկապէս- կ՚արտայայտուի այսօր, ամէն վայրկեան, ամէն սեղանի առջեւ, ուզուած պահու մը, պահանջուած ատեն: Հոգեկան ծորում գրեթէ գոյութիւն չունի: Ճարտարարուեստը, իր շունչով ու ոգիով, օրէ օր կը թափանցէ գրականութենէն ներս, որ երբեմն տաճար մըն էր, հեթանոսներուն առջեւ փակ դռներով: Այսօր «բեղուն» կ՚ըսենք գրողի մը համար, իբր վկայական գրագէտի կամ բանաստեղծի, առանց յիշելու Մեծարենցը, երկու նիհար հատորներով: Առանց անդրադառնալու որ կրկնուող բազմապատկուող էջերը յաճախ կրկնումներ են, առանց լոյսի ու նոր երկինքներու:
Ո՛ւր էր թէ բանաստեղծները, մե՛ր բանաստեղծները մանաւանդ, գիտնային մեծ յուզումներով հակիլ փոքրիկ էջերու վրայ, քանի մը տողերու մէջ զսպելու համար իրենց հոգեկան ալեկոծումները: Քանինե՜ր այսօր, սակայն, սրտի երկու բաբախումով սպիտակ լայն էջեր կը ծածկեն…
…Բայց անցնինք:
Ի՛նչ վերապահութիւն ալ ընենք, ունինք հայ բանաստեղծութիւն մը, -այս է մեր համոզումը: Բանաստեղծութիւն մը՝ որ հարուստ ու հետաքրքրական յատկանիշներով կը ներկայանայ («Հայրենիք», շաբաթ, դեկտեմբեր 19, 1987, էջ 3):
«Երկունք» հասարակական, գիտական եւ գրական ամսաթերթին մէջ, որ եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Պոլսոյ ուսանողական միութեան օրկանը, ստորագրած է «Անհատի ազատագրման փուլերը» յօդուածը, ուր կը կարդանք.
* Մարդկային կեանքի ո՛րեւէ երեւոյթի ուսումնասիրութեան ատեն, ամէն վայրկեան ստիպուած ենք նկատի ունենալ, որ իւրաքանչիւր երեւոյթ շարք մըն է օղակներու, որոնց պարզերն ու նախնականները, այս կամ այն աստիճանով եւ արտայայտութեամբ, կը գտնուին կենդանական տեսակներու մօտ:
Կենդանիներու եւ մարդոց ֆիզիքական եւ ներքին՝ զգացական կեանքի մէջ չկան երբեք կտրուածքներ, որոշ գծեր ու սահմաններ, որոնք վճռապէս մատնանիշ ընէին երեւոյթի մը ծնունդը կամ վերջաւորութիւնը: Ընդհակառակը, ձուլման, նոյնցման բազմաթիւ գծերով իրարու միացած են անոնք:
…
Նախնական դարերուն, երբ գոյութեան պայքարը այնքան խիստ էր եւ դժուարին, ուժեղի, զօրաւորի տիրապետութիւնը իբր բնական հետեւանք մարդկային կեանքի միակ օրէնքը կը դառնայ: Բիրտ ուժի շշմեցնող ազդեցութեան տակ, անհատական եւ խմբական գիտակցումները, կը ձուլուին եւ կը բաղադրուին բնազդներուն հետ մէկ կամ մէկ քանի ուժեղներու, որոնք կեանքի լծակը դառնալով ենթարկուած կը պահեն բազմաթիւ ուրիշ անհատներ:
Պահանջներու նոյնութիւնը եւ ուժերու անհաւասար բայց բնական բաշխումը, շահագործման էական պատճառներն են եղած: Ասոր համար է, որ ուժեղի կողմէ տկարներու շահագործումը, որ հին ու նոր հասարակարգերու հիմերը կը կազմէ, հասարակաց է մարդու եւ կենդանիի համար:
Կենդանիներու մօտ կը գտնենք ո՛չ միայն շահագործման առաջին ծլարձակումները, այլեւ ընդհանրապէս մեր ամբողջ կեանքի մանրանկարը:
…
Սեռական նախընտրանքը, զաւակներու հանդէպ մօր սէրը բաւարար կապերը կ՚ըլլան առաջ բերելու համար ընտանիքը, որ ամուսնութեան հաստատումով, այսինքն կնոջ անհատականացումով վերջնական կազմ կը ստանայ:
Հօրտայական այս միօրինակ կեանքին նորակազմ ընտանիքը այլեւս քայքայողի, լուծողի դեր կը կատարէ: Ժամանակի ընթացքին կ՚ամրանան ընտանեկան կապերը, կը հիւսուին ծագումի աւանդութիւններ, եւ կը շեշտուի որոշ ընտանիքի մը վերաբերելու գիտակցութիւնը, մինչեւ որ վերջնապէս ընտանեկան եսը կազմակերպելով կը հակադրուի հօրտայական խմբական եսին:
Ընտանիքը չի կրնար ըլլալ տեւականօրէն ծնողքի ու զաւակներու միացման նեղ շրջափակին մէջ: Նոյն ծագումը ունեցողի արենակցական կապերը աւելի կը թանձրանան եւ սկզբնական նեղ շրջագիծը ընդարձակուելով կը վերածուի ազգակցական, նահապետական ընտանիք-համայնքին, որուն մէջ տէրն է երէցը, նահապետը: Սեփականութիւնը, խմբական ըլլալէ կը դադրի եւ կը բաժնուի ընտանիք-համայնքներու միջեւ, որոնք հետզհետէ կը բազմանան շնորհիւ գլխաւոր ընտանիքէ մը նոր բաժանումներու:
Անհատը իր ապաստանը ընտանիքին մէջ կը փնտռէ: Այլեւս որոշ էր, որ ինքը այսինչ ցեղին եւ անոր որոշ մէկ ճիւղաւորութեան կը պատկանի: Սակայն միայն այդքան:
Անհատականացումը տեղի կ՚ունենայ արտաքին հասարակական միջավայրին հօրտային կամ համայնքին նկատմամբ, բայց երբեք ընտանիքին: Ընտանեկան շրջանակէն ներս նոյն շփոթութիւնը, նոյն անտարբերութիւնը կայ անհատի մասին: Շէֆերու խաղալիք, անոնց կամքի ենթակայ, հասարակութեան սեփականութիւնը ըլլալէ թէեւ կը դադրի անհատը, սակայն կը ստանայ նոյն կախումի դիրքը աւելի անձուկ շրջանակի մը, ընտանիքին մէջ: Իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ, ուրիշներէ անկախ, բացարձակ տէր էր նախնիքները ներկայացնող տարեցը, հայրը, որ կրօնական եւ դատական միակ իշխանութիւնն էր, միակ սեփականատէրը, ինչպէս հողի, առարկաներու, կենդանիներու, նոյնպէս ընտանիքի բոլոր անդամներուն: Իբրեւ ընտանիքի ես-ը մարմնաւորող, ան՝ բացարձակ իրաւունք ունէր անոնց հարկադրելու իր կամքը կամ ինչպէս պարզ առարկայ, վաճառելու եւ ի հարկին սպաննելու զանոնք՝ առանց պատասխանատուութեան:
Ընտանեկան ես-ը կը շարունակէ տակաւին պահել իր ուժը, նոյնիսկ քաղաքակրթութեան շրջանին, Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ: Սակայն անգամ մը որ կը կազմուին ցեղեր, դասակարգեր եւ ղեկավարելու, տիրապետելու զգացումը երկար շրջան մը կ՚ապրի, դասակարգային եւ պետական ուժը -Ես-ը գերակշիռ դիրք կը ստանայ: Պետութիւնը կը դառնայ այլեւս հարկադիր եւ գրեթէ միակ բարձրագոյն հաստատութիւնը:
Անհատի համար ընտանեկան սահմանները կրկին կը քանդուին, եւ աւելի լայն օղակներու, աւելի ազատ ասպարէզի մէջ կ՚իյնայ ան: Պետութիւնը կը հետաքրքրուի անհատով եւ անոր վրայ իր իրաւունքները, իր լուծը կ՚օրինականացնէ:
Ընտանիքի իշխանութիւնը տեղի կու տայ եւ անհատի սեփականութեան իրաւունքը կը փոխանցուի պետութեան, որ կը կրթէ զայն իր ուղղութեամբ, յանուն հասարակութեան «բարօրութեան» եւ «հայրենիքի բարգաւաճման»:
Պետութիւնը որոշ տարիքէ մը ետք, անհատը կը սնուցանէ, կը դաստիարակէ, կը մարզէ իր սովորութիւններուն եւ պահանջներուն համաձայն, իրեն ծառայեցնելու, իրեն քաղաքացի պատրաստելու համար:
…
Ամբողջ միջին դարու շրջանին, մարդկային միտքը կը սառի: Մտաւորական կեանքը դարեր ետ նետուելով, անհատաբար, իբր առանձին անձնաւորութիւն մտածելու հնարաւորութիւն անկարելի կը դառնայ: Մտաւորական աշխարհին մէջ անհատը, իբր անկախ միտք ունեցող էակ, հաւատքի ժանտ շղթաներով կաշկանդուած՝ կը ծծուի կաթոլիկ եկեղեցիին զանգուածէն:
…
Օրէնքի՜ առաջ…
Հնարաւոր եղա՛ւ, սակայն, կամ որքան հնարաւոր էր Յեղափոխութեան բերած կարգերուն մէջ անհատի ամբողջական ազատագրումը, որ չափանիշն է ամէն ժամանակի հասարակութիւններու զարգացման ու անոնց նպատակը: Կամ այլ խօսքով օրէնքը կարողացա՛ւ անհատի ազատութեան վերջին հանգրուանը, վերջին փուլը հանդիսանալ: Ասոնք առանձին ուսումնասիրութեան հարցեր են («Երկունք», Ա. տարի, 1 յուլիս 1912, թիւ 1, էջ 7-14):
Նոյն ամսաթերթին մէջ «Ընկերվարութիւնը եւ անհատի ազատագրումը» վերնագիրը կրող յօդուածին մէջ կը գրէ.
* …Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ներկայիս մէջ, մարդ անհատը, ընկերային միջավայրի մը մէջ ապրելով, իր նմաններու հետ շփուելու եւ մշտական յարաբերութիւն ունենալու ստիպուած է: Այնպէս որ անհատը այլեւս կրկնակ անձնաւորութիւն կը ներկայանայ, իբրեւ առանձին, անկախ ներաշխարհ մը ունեցող էակ եւ իբրեւ ընկերութեան անդամ, զինքը շրջապատող անձերէն կախում ունեցող էակ:
Ամէն մարդ առանձին վերցուած, ունենալով սեփական պահանջներ ու ձգտումներ, բնական կերպով որքան կարելի է մեծ չափով անոնց գոհացման կը ձգտի: Սակայն այդ պահանջներուն կամ ձգտումներուն գոհացման վայրը ընկերային միջավայրը ըլլալով, ո՛եւէ անհատի ձգտումները անհրաժեշտաբար կը բախին ուրիշ անհատներու կամքին ու ձգտումներուն: Որով, անհատին համար ընկերութեան միւս անդամները շատ յաճախ արգելող սահման եւ հակադիր ուժ կ՚ըլլան:
Պահանջներու եւ կամքերու այս հակադրութիւնը մէկ կողմէն առաջ կը բերէ ընկերային միջավայրին մէջ կեանքի մրցումը: Իսկ միւս կողմէն, մարդոց կարգ մը պահանջներու նոյնութիւնը, տարտամ, յաճախ զօրաւոր փոխադարձ համակրանքը -ինչպէս ծնողքի եւ զաւակի համակրանքը- ու բնական կռուի համար մեծ ուժի պէտքը կ՚առաջացնեն կեանքի գործակցութիւնը, որ բաղադրուելով կեանքի մրցումին հետ, միասին կը կազմեն մարդու մղած տիեզերական մարտը -կեանքի պայքարը:
Ֆրանսական յեղափոխութիւնը նոյն դարերու մեծագոյն զիջումը ձեռք բերաւ ընկերութենէն, ի նպաստ անհատին: Անհատը նոր փուլի մէջ մտաւ անկէ յետոյ, ազատագրուած «օրէնքով եւ օրէնքի առաջ»:
Տուրքերու տակ կքած, զրկուած ու նոր կեանքի չքեղ հեռապատկերով շլացած զանգուածի գործակցութեամբ, երրորդ դասակարգը, պուրժուազեան դրութեան միակ տէրը դարձաւ յեղափոխութենէն ետքը: Ի՞նչ ըրաւ սակայն պուրժուազիան: Ազնուականութեան թափուր թողած հրապարակը գրաւելով, ան՝ բարձրագոչ յայտարարեց ամէն անհատի հաւասարութիւնն ու ազատութիւնը՝ նուիրագործելով նոյն ատեն մասնաւոր սեփականութեան սկզբունքը: Պահ մը կարծել տուաւ, թէ անհատը կաշկանդող կապերը անյայտացած էին այլեւս: Սակայն հիասթափումը չուշացաւ:
Յեղափոխութեան ալիքները իջան կրկին, շրջապատը խաղաղեցաւ եւ հասարակական կեանքը իր հունին մէջ մտաւ:
Իրականութիւնը հաստատեց, որ անհատի դրութիւնը չէր փոխուած: Իսկ խոստացուած «ազատութիւնն» ու «հաւասարութիւնը» թուղթերու վրայ ոսկետառ արձանագրութիւն մնալու եւ հասարակաց ամպիոններէ իբր խայծ գործածուելու սահամանուած էին:
…
Այսպէս ուրեմն իրական կեանքի վերլուծումը ցոյց կու տայ, որ մինչեւ յեղափոխութիւն եւ մինչեւ մեր օրերը, ընկերութեան զիջումներն ու տեղատուութիւնները անհատի պահանջներուն առջեւ, քաղաքական բնոյթ ունենալով, ընկերային կառուցուածքը չեն կրցած փոխել հիմնապէս, այլ միայն կարկտաններով՝ անոր արտաքին կեղեւը:
Փաստերը եկան ապացուցանել, որ անհատի օրինական, քաղաքական ազատութիւնը անարժէք էր եւ իրապէս անգոյ, քանի որ ան տնտեսապէս գերի կը մնար տակաւին:
…
Արդ, ընկերվարութիւնը այսօր իսկ, ամէն տեղ հանրապետութեան կողմնակից է եւ կը պահանջէ ընդհանուր քուէարկութիւն այր մարդու եւ կին մարդու մասնակցութեամբ: Ասով ան ուրիշ բան չ՚ըներ, եթէ ոչ անհատի անմիջական քօնթրօլի իրաւունքը կը հաստատէ անոր զարգացման միջոցին -գիտութեան վրայ, որ շահագործման միջոց դարձած է:
Ընկերվարութիւնը քաղաքական եւ ընկերային աշխարհին մէջ կնոջ ազատագրումը կը պահանջէ, ֆէմինիստական շարժման կը գործակցի, եւ կը դատապարտէ ներկայ բռնի ամուսնութեան ծնունդ ընտանեկան կազմը. ինչո՞ւ. որովհետեւ, կին անհատին այրերու հաւասար իրաւունքով ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքն է, որ կ՚ուզէ ապահովել եւ միայն սիրոյ վրայ հիմնել ընտանիքը:
Ընկերվարութիւնը կը պահանջէ պատերազմներու ի սպառ վերացումը եւ միջազգային հաշտարար ատեաններու հաստատումը: Արդեօք անհատը չէ՞ որ նկատի ունի: Որո՞նք են որ ապրելու, խաղաղ զարգացման պէտք ունին: Անշուշտ ընկերութիւնը կազմող անդամները, որոնց զլացուած է այդ իրաւունքները՝ դեռ մինչեւ այսօր:
Ընկերվարութիւնը կը պահանջէ կրթութեան ազատագրումը դասակարգային ճիրաններէն եւ ի հարկին զաւակներու հեռացումը ծնողքի «բնական» համարուած բնազանցական իշխանութենէն:
Ո՞վ չգիտէ որ մանուկը ներկայ կրթական ռէժիմին մէջ կը խեղաթիւրուի, կը վտանգէ իր անհատականութիւնը դասակարգային կաղապարում ստանալով, որ ան իր ծնողքին կամ մեծերուն ազդեցութեան ներքեւ կ՚անբարոյանայ յաճախ խաթարելով իր մատաղ հոգին: Մանուկներու ազատ եւ անկաշկանդ կրթութիւնը՝ հեռու դասակարգային եւ ծնողական իշխանութենէն, ընկերութեան համար չէ՛ որ կը պահանջուի, այլ նոյնինքն մանուկ-մարդուն ապագայ անձնաւորութեան համար:
Ընկերվարութիւնը կը պահանջէ ոճրագործներու դէմ պատիժի բացարձակ վերացումը, զանոնք դարմանելու պէտքը շեշտելով: Ան կ՚ուզէ քննել պատճառները եւ անոնց անհետացումով փրկել անհատը եւ ջնջել երեւոյթը՝ ոճրագործութիւնը: Այստեղ ալ ան՝ նկատի ունի ո՛չ թէ ընկերութիւնը, այլ ոճրագործին անձնաւորութիւնը, այլապէս ընկերութեան վնասակար ոճրագործ անհատը պիտի զոհէր իսկոյն:
Դարձեալ ընկերվարութիւնը կրօնքի չէզոքացումը եւ միայն գիտութեան ընդհանրացումը կը պահանջէ յայտարարելով անոնց հակադրութիւնը: Այս պարագային ալ միթէ՞ գերազանցօրէն անհատապաշտ չէ ան, քանի որ անհատը այնքան ազատ է, որքան գիտակ է իր եւ բնութեան ու մարդոց միջեւ եղած յարաբերութիւններուն:
Սակայն արդեօք այս պահանջներու իրականացումը հնարաւո՞ր է կամ ի՞նչ կ՚արժէ, երբ ընկերային-տնտեսական կազմը նոյնը կը մնայ:
Ժողովրդական օրէնսդրութեամբ անհատի անմիջական քօնթրօլը խաբկանք մը չպիտի ըլլայ միայն, քանի որ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը սեփականազուրկ է եւ հետեւաբար անգէտ սեփականատիրական յարաբերութեանց:
Կինը ազատագրելով, անոր ընկերային քաղաքական եւ բարոյական իրաւունքներ տալով, միթէ՞ իր արթնցած պահանջներուն եւ դրամատէրերուն ստրուկը, այս վերջիններուն հաճոյքի առարկայ դարձուցած չենք ըլլար, երբ իր տնտեսական դրութիւնը նոյնը կը մնայ: Կարելի՞ է վերցնել պատերազնները, ոճրագործական արարքները, երբ անոնց ամենամեծ պատճառը՝ տնտեսական կողոպուտը եւ հակադրութիւնները չեն վերցուած: Ինչպէ՞ս կարելի է գիտութիւնը ընդհանրացնել հասարակական ամէն խաւի սեփականութիւնը դարձնել զայն, երբ կրթութիւնը իր բոլոր աստիճաններով կը շարունակէ առանձնաշնորհումը մնալ տնտեսապէս ապահով դասակարգին:
Ընկերվարութիւնը, երբ այլ պահանջներուն հետ, ընկերութեան տնտեսական կառուցուածքի յեղաշրջման պահանջը կը դնէ, ոչ թէ ընկերութեան այլ իսկական անհատապաշտական թէզին պաշտպան կը ներկայանայ:
Անհատի տնտեսական, ուրեմն իրական ազատագրման պահանջով, ընկերվարութիւնը կը ներկայանայ դարաւոր ազատագրական շարժման ընթացքին հանգրուան մը, եւ անհատապաշտութեան նուաճումին շքեղ վայրկեանը, ուր կը ձգտին մարդկութեան որոնող ու անհանդարտ մտքի յառաջապահները եւ քրտնաճակատ աշխատաւորութիւնը («Երկունք», Ա. տարի, 1 օգոստոս 1912, թիւ 2, էջ 39-43):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
- վերջ -
Վաղարշապատ