ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
«Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, բայց Իր իսկ ստեղծած մարդիկը զԻնք չընդունեցին» (Յհ 1.11)
Ս. Ծնունդ է դարձեալ:
Մարդիկ վազքի մէջ են:
Նոր տարուան տօնական օրերը տակաւին իրենց թարմութիւնն ու հմայիչ ազդեցութիւնը չեն կորսնցուցած:
Միւս կողմէ, մարդիկ կը պատրաստուին՝ արդէն իսկ պատրաստուած են նշելու Ս. Ծնունդը մեր Փրկիչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի. այն ծնունդը, որ մարդկութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքը փոխեց:
Մարդկութիւնը, մինչեւ Յիսուս Մանուկի ծնունդը մէկ կողմէ խաւարի մէջ էր, աշխարհով կ՚ապրէր, իսկ միւս կողմէ մնայուն փնտռտուքի մը մէջ էր՝ թէ՛ գիտութեան առումով եւ թէ հաւատքի:
Հաւատքի պարագային, մարդիկ հասած էին որոշակի գիտակցութեան մը, թէ հակառակ որոշ գիտական ու քաղաքակրթական նուաճումներու, հոգեպէս, սակայն, կ՚ապրէին մթութեան մը մէջ. մթութիւն մը, որ պատած էր անոնց միտքերը եւ թոյլ չէր տար իրենց յստակօրէն տեսնելու աշխարհը մէկ կողմէ, միւս կողմէ ինքզինք, որով կարենար մարդկութիւնը հասկնալ իր կոչումը, իր առաքելութիւնը:
Այդ խաւարը փարատելու համար էր, արդարեւ, որ Ամենաբարին Աստուած ղրկեց Իր Միածին Որդին, որպէսզի ցրուէ մարդուն միտքին, հոգիին ու սիրտին վրայ ծանրացած մթութիւնը եւ անոր փոխարէն Քրիստոսի լոյսը ծագէր: Խաւարի եւ լոյսի այս յարաբերակցութիւնը լաւագոյնս կը նկարագրէ Յովհաննէս Աւետարանիչը՝ գրելով. «Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով՝ կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը: Աշխարհի մէջ էր Անիկա, աշխարհը Իրմով ստեղծուեցաւ, սակայն աշխարհը զԻնք չճանչցաւ: Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, բայց Իր իսկ ստեղծած մարդիկը զԻնք չընդունեցին: Իսկ զԻնք ընդունողներուն եւ Իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու. ո՛չ արեան ճամբով եւ ո՛չ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ՝ Աստուծմէ ծնելով» (Յհ 1.9-13):
Այո՛, աշխարհը Իրմով ստեղծուեցաւ, որովհետեւ՝ «աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը: Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր: Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր: Անոր էր որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց. առանց Անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց: Կեանքը Անով սկիզբ առաւ: Եւ կեանքը մարդոց համար լոյսն է, որ խաւարին մէջ կը փայլի. բայց խաւարը չկրցաւ հասկնալ զԱյն» (Յհ 1.1-5):
Յովհաննէս աստուածաբան առաքեալին այս տողերը կարդալով, մեր մտածումներուն մէջ կը գոյանայ այն բացարձակ ճշմարտութիւնը, որ մարդ Աստուծոյ ձեռագործն է՝ ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհը: Աւելին, մարդ երբ Աստուծմէ կը հեռանայ, մթութեան ու խաւարի մէջ կը յայտնուի, որով կը կորսնցնէ ուղիղ ընթացքը, իսկ Աստուծմով կը լուսաւորուի եւ կը վերադառնայ ուղիղ ճանապարհին եւ այդ ճանապարհով կ՚ընթանայ դէպի իր նպատակ-վախճանակէտը՝ Աստուած, որմէ ստեղծուեցաւ:
Եւ երբ մարդ իր արարքներուն պատճառով շա՜տ հեռացած էր Աստուծմէ, ո՛չ միայն կորսնցուցած էր ուղիղ ճանապարհը, այլեւ ամբողջութեամբ խաւարի ու մթութեան մէջ յայտնուած էր, Աստուած յարմար նկատեց Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկել, որ գալով՝ լուսաւորեց ամբողջ մարդկութիւնը, քանի որ՝ «այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղկ 2.11), այլեւ, որովհետեւ՝ «Անիկա Իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ» (Մտ 1.21):
Եւ այո՛, Տէր Յիսուս Իր ծնունդով մարդկութիւնը փրկեց իր մեղքերէն եւ զայն վերստին արժանացուց Աստուծոյ որդեգրութեան: Փարատեց մարդկութեան խաւարը եւ Իր ճշմարիտ լոյսով լուսաւորեց զայն:
Այսօր, սակայն, երբ աւելի քան երկու հազար տարիներ անցած են Յիսուս Մանուկի ծնունդէն, մարդկութիւնը դարձեալ յայտնուած է մթութեան մէջ՝ հոգեւոր մթութեան մէջ: Կորսնցուցած է ուղիղ ճանապարհը եւ ոլոր-մոլոր ճամբաներով կ՚ընթանայ՝ երբեմն գիտակցաբար եւ երբեմն ալ անգիտակցաբար: Այսօրուան մարդը Յիսուս Մանուկի ծննդեան ժամանակաշրջանին ապրող մարդոց նման, հեռացած է Աստուծմէ եւ ինքզինք նետած է խաւարի մէջ եւ այդ խաւարին մէջ կը «պայքարի, Աստուծոյ անունը կանչելով եւ Աստուծոյ դիմելով», անգիտանալով, որ խաւարին մէջ զԱստուած գտնելը անկարելի է, մանաւանդ երբ այդ խաւարը իր հոգիին ու միտքին վրայ է, որ կը տիրէ:
Երկու հազար տարիներ առաջ ծագած Արդարութեան Արեգակը, որ անգնահատելի եւ անգին հարստութիւն մըն էր՝ ձրիօրէն պարգեւուած մարդուն, այսօր նոյն այդ մարդը, ցաւօք, կորսնցուցած է այդ հարստութիւնը, ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով նիւթական, աշխարհիկ եւ անցողակի հարստութիւններու վրայ, որոնք այսօր կան եւ վաղը պիտի չքանան: Իսկ Յիսուս Մանուկը, այդ անգնահատելի եւ անգին Հարստութիւնը, ո՛չ ոք կրնայ խլել զԱյն մեզմէ, ո՛չ կ՚անցնի, ո՛չ կ՚անէանայ, ո՛չ արժէքը կը կորսնցնէ, ընդհակառկն, մարդն է, որ զԱյն կորսնցնելով անարժէք կը դառնայ, կը փոշիանայ:
Յիսուս Մանուկի Սուրբ Ծնունդի այս տօնը թող որ առիթ մը ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար կրկին անգամ գտնելու մեր այդ անգին Հարստութիւնը, առնելու զԱյն մեր ներսիդին, Անով հարստանալու եւ Անով յաղթահարելու մեր բոլոր դժուարութիւնները, յատկապէս խաւարը, որ մայրն է մեր բոլոր դժուարութիւններուն: Յիշենք եւ լաւապէս գիտակցինք, որ Յիսուս Մանուկով է միայն, որ ի զօրու կ՚ըլլանք յաղթահարելու խաւարը, հեռացնելու զայն մեզմէ եւ ապրելու լոյսին մէջ, ընդունելու այդ Լոյսը, որով իշխանութիւն ստացած կ՚ըլլանք Աստուծոյ որդիներ ըլլալու՝ Աստուծմէ ծնելով:
Չմոռնանք նաեւ, որ այդ անգնահատելի Հարստութիւնը ճոխութիւնն ու աղմուկը չի՛ սիրեր, այլ՝ խաղաղութիւնն ու պարզութիւնը: Խաղաղ ու աննշան անկիւնի մը մէջ ծնաւ Ան, Իր անկողինը կենդանիներու յատուկ պարզ ու խեղճուկ մսուր մըն էր, Իր երկրաւոր ծնողներէն ետք զԻնք դիմաւորողներն ու Իրեն երկրպագողները մէկ կողմէ պարզ հովիւներ էին, միւս կողմէ մոգեր՝ այդ օրերու գիտնական համարուողները: Այս բոլորը մեզի համար յստակ պատգամ մը պիտի ըլլայ, որ զԻնք փնտռելու եւ զԻնք վերստին մեր ներսիդին ունենալու համար պէտք է խորագէտ ըլլանք՝ մոգերուն նման եւ միաժամանակ անմեղ՝ հովիւներուն նման (հմմտ. Մտ 10.16), եւ այդ ժամանակ է, որ Յիսուս Մանուկը պիտի յայտնուի մեր ներսիդին որպէս Փրկիչ եւ Օծեալ Տէր, որպէս մեր մեղքերը քաւող Զոհ եւ որպէս մեզ լուսաւորող ու հարստացնող ճշմարիտ լոյս եւ անգնահատելի ու անգին Հարստութիւն:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ