ԱՊՐՈՂ «ԳՈՅՆԵՐԷՆ»
Հայաստանի «Սպիտակ»ի մեծ, սարսափելի եւ մահացու երկրաշարժէն ետք, Կլենտէյլի մեր ապրած փողոցի դրացի-հարեւան դարձած էր Սերկէյը, իր բազմամարդ ընտանիքով: Ու կամաց-կամաց, զանազան առիթներով, ե՛ւ պատշաճ, ե՛ւ յարգալիր. բարեկամացանք: Դրացնութիւնը մեզ միացուց: Սկսանք մեր կամ իր բնակարանէն ներս, «անպաշտօն» հաւաքուիլ: Մէկտեղուիլ: Երթալ-գալ: Փոխադարձ այցելութիւններ տալ: Ա՜լ, իրարու օտարներ կամ հիւրեր չէինք սեպուեր: Ուտել-խմել: Մանաւանդ՝ խմել: Աւելին՝ ժամանակը սպառող յուշեր պատմել: Երբեմն ալ օղիի ազդեցութեան տակ ինքնաբուխ եւ ինքնակոչ՝ միասին երգել: Վերջապէս, տեղացիներով եւ օտարներով խճողուած մեր փողոցին մէջ, ինծի համար, հայկական «ովասիս» մը դարձած էր Սերկէյենց տունը:
Ու յանկարծ առաւօտ մը, «տուներէ հեռու», մեզի տեղեկացուցին, թէ մեր Սերկէյը, իր հիւանդ հայրը կորսնցուցած էր: Ուրեմն, իբրեւ սրտակից դրացի, ինծի կ՚իյնար առաջին իսկ հերթին հանդիպիլ եւ ցաւակցութիւն յայտնել: Ու այր ու կին փոյթով «վազեցինք» հարեւանիս մօտ:
Հոն, տան ընդարձակ հիւրանոցին մէջ խճողուած տնեցիները, նախ բոլորն ալ մեզի իրենց մարող ժպիտներով դիմաւորեցին: Իրաւունք ունէին: Իմ կարգիս, առաջին իսկ հերթին սկսած էի մտմտալ, թէ «ինչպէ՞ս պիտի կարենայի չափել այս մարդուն վիշտը, եւ անշուշտ՝ մխիթարել»:
-Լաւ որ եկա՛ք.- ցած եւ հոգեկան տառապանք հագած ձայնով մեզ ընդունեց տարիներու հարեւանս: Տեսանելի էր, թէ Սերկէյ, իր տնեցիներուն նման, ինքզինքին հետ հաշտ չէր:
«Բնական երեւոյթ էր». կը մտածէի: Կորսնցուցած էր հարազատ մը: Մէկը՝ որ հինգ մանչերու եւ չորս դուստրերու հայրն էր եղած: Բայց, ասոր կողքին, սգաւոր եւ մանաւանդ «ծուռ» երեսներով շրջանակուած ներկաներու դէմքերէն դատելով, մտովի կռահեցի. «սուգի կողքին ուրիշ բաներ ալ ըլլալու էին...»:
Ու «բարի եկաք»ի, եւ «արի՛ էստեղ...»ի «քլիշէ» բառերու տարափէն եւ անոր կողքին հիւընկալող զանազան նախադասութիւններ արտասանուելէ ետք, տանտիրոջ կողքին զիս նստեցուցին, ներկաներուն հետ մէկ առ մէկ ջերմ ձեռնուելէ եւ «կեանքը ձեզի» ըսելէս ետք: Ապա, ի՜նչ մեղքս պահեմ, անհամբեր սպասեցի, որ մէկը ինծի «լաւ որ եկաք»ը բացատրէր: Արդարացնէր: Պատճառաբանէր: Յստակացնէր: Որպէսզի, միտքս հանդարտէր: Եւ ահա վերջապէս, Սերկէյի կինը՝ տիկին Լիտան, բարձրաձայն խորունկ շունչ մը քաշելէ ետք, խզելով սենեակի անհամ լռութիւնը, յուզուած սկսաւ խօսիլ: Նախ, խղճալի դէմքով պատմեց ննջեցեալի կեանքէն դրուագներ: Բարի յիշեց անոր կարգ մը սովորական եւ անսովոր արարքներէն ու խօսքերէն բաժիններ, միշտ «էլի գիտէ՛ք...» մը իբրեւ վկայութիւն բերելով: Ու հազիւ քանի մը յուշեր պատմելէ ետք, յանկարծ Սերկէյի մեծ աղջիկը թուղթ ու մատիտ բերելով ինծի յանձնեց ու ցած ձայնով ըսաւ.
-Հօբա՛ր, արի գրի՛ր։
Բարեբախտաբար տիկին Լիտան, կարծես անակնկալ հարցումներուս առաջքը առնելու միտումով, ի՛նք անմիջապէս սկսաւ պարզել այդ թուղթ-մատիտին «ներկայութեան» պատճառը ու արդարացուց, ըսելով. «տեղական հայկական թի-վիին հանգուցեալի մասին «ծանուցում» պիտի տրուէր: Ուրեմն պէտք էր մահազդը պատրաստուէր, առաւել՝ անոր կողքին քանի մը տող ալ կենսագրութիւն: Սանկ …«մի քանի բառ… էլի… դո՛ւ իմանում ես…»:
Ու մեր բացակայութեան, այս «պարտականութիւնը» որոշած էին ինծի յանձնել:
Չմերժեցի: Ինչպէ՞ս կարելի էր մերժել: Մեղայ… «հարիւր» տարուայ հարեւաններ էինք: Եղածը ինչ էր որ…: Ու պարտաճանաչ եւ խելօք աշակերտի նման, անցայ «քարտուղարական» աշխատանքիս: Ականջս միշտ բոլորի բերաններուն պահելով, սկսայ կարգով գրել սգակիրներու անուաններն ու անոնց կապերը: Աստուած իմ, այս ի՜նչ ընտանիք…:
Այսպէս. ննջեցեալի զաւկին մէկը՝ Շուէտ: Միւսը՝ Սպանիա: Մեծ դուստրը՝ Ուքրայնա: Ան միւսը՝ Մոսկուա: Տակաւին փոքր տղան՝ Տուպայ: Իսկ անկէ քիչ մը մեծը՝ Կիւմրի: Աւելին՝ մահացողին մեծ քոյրը՝ Իտալիա: Միւս քոյրը՝ Աւստրիա: Իսկ պզտիկ փեսան՝ Իսթանպուլ:
Իրապէս որ չզարմացայ: Հաստատ գիտէի, որ ներկայիս իւրաքանչիւր հայու տունէ ներս նման աշխարհի «քարտէս»ը կը պարզուի. անպայման: Փաստ՝ անգամի մը համար աչք մը պէտք է նետել հայկական թերթերու մէջ տեղ գտած մահազդներուն ու պիտի տեսնէք, թէ պիտի պարզուի միեւնոյն «տեսարանը»:
Ահա քեզի «հայոց պատմութիւն»: Կը ծնիս տեղ մը, կ՚ապրիս ուրիշ տեղ ու կը մեռնիս հեռու անծանօթ «տեղ»:
Մինչ հարեւանս լռութեամբ ինծի կը հետեւէր, յանկարծ, չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, սենեակը «Բաբելոնը» յիշեցնող, անժամանակ աղմուկով մը լեցուեցաւ: Ամէն բան իրար խառնուեցաւ:
Մէկը՝ «հօբար...մեծ փեսին անունը մի յիշիր», ուրիշ մը՝ «...հօբար... ջնջի՛ր այն միւսին անունն ալ», անդիէն՝ «փոքր հօբարիս անունը ճըղի՛ր...», ասդիէն՝ «նրա անունը մի՛ յիշեր՝ խնդրում եմ...»:
Սենեակը դարձած էր դատասրահ. «այո՛..., ո՛չ... գրի՛ր... ճըղէ՛... արժանի չի՛... անամօթ...»:
Նորութիւններ չէին. ընտանեկան հին ու նոր հարցերու փախումներուն արդիւնքն էին այս բոլոր արտայայտութիւնները: Իմ կարգիս, հաւատարիմ իմ պաշտօնիս՝ հնազանդեցայ: Կատարեցի բոլոր ճշդումները... դուրս ձգեցի «անարժաններուն» անունները ու պահեցի՝ «արժանիները»:
Թէեւ արտասանուած բառերն ու «ծանօթութիւնները» դառնութեան ձայներէն հիւսուած էին, սակայն, առաջին իսկ վայրկեանէն մտքիս մէջ բացած էին մտածումի նոր ակօսներ: Ու այս բոլորին մէջ, այդ պահուն փորձեցի ես զիս փնտռել:
Իսկապէս, յիշողութեան զարմանալի խաղ: Աշխարհի զանազան ժողովուրդներու նման, մեծ երկիրներու քաղաքական խաղերու զոհ դարձած, մենք ալ ինքնակամ եւ յօժարակամ, մեր ապրած երկիրներէն կամ ծննդավայրերէն եկած ու հաստատուած էինք այս երկրին մէջ եւ իբրեւ «փրկութեան լաստ», ամէն օր ճակատագրի հանդիպման սպասած էինք: Ու գաղտնիք մը չէ... Բոլորս ալ հատիկներու նման տարածուած էինք դէպի նոր ու զանազան «աշխարհներ»: Օտար: Անծանօթ: Ու սկսանք ապրիլ խառն ժամանակներու մէջ, որոնց դրական եւ բացասական անդրադարձներէն անմասն չէինք կրնար մնալ: Մէկ խօսքով՝ փոխան հայրենիքի, իբրեւ նոր կեանք, ընտրած էինք օտար հողը: Առանց բացառութեան, բոլորս ալ մեր մտայնութիւնները հաւաքած մեզի հետ բերած էինք մեր ոխերն ու քէները, ատելութիւններն ու ներքին եւ արտաքին հարցերը: Անոր համար, յաճախ մնացած էինք ձեւով մը ամպերու մէջ, մշուշապատ մտքերով եւ թափառական, սեւն ու ճերմակը իրար խառնած, հեռացած մեր ազնիւ գիծերէն:
Ահա սփիւռքահայ կեանքի աղաւաղուած պատկերներէն խոցելի բաժիններ, որոնք գծուած էին նեղմիտ մտածումներու խառնակ գոյներով: Անոր համար չէինք անդրադառնար, որ ժամանակի վազքին հետ, ստուեր մը դարձած էինք, միլիոնաւոր ստուերներու մէջ: Թէեւ ազատ երկնքի տակ կ՚ապրէինք, բայց կ՚ապրէինք երկու կեանք եւ երկուքն ալ՝ հակասական:
Ու ինծի համար, այդ վայրկեանին, Սերկէյենք պերճախօս վկայութիւնն էին այս բոլորին:
Նորութիւն մը բերողի կամ ըսողի կամ արտայայտուողի յաւակնութիւնը չունիմ: Բայց, կը կարծեմ, որ իբրեւ մտահոգ հայ, ունիմ պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը նման «բաներ» յիշեցնելու, կրկնելու, մատնանշելու: Արդէն տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս խոցելի դարձած էին մեր զիրար կապելու ջանքերը: Որովհետեւ, տակաւին մեր հին թերութիւններէն դուրս չէինք եկած: Տակաւին չենք սրբագրած մեր հին ու նոր սխալները: Որովհետեւ, մենք բոլորս ալ «անսխալականներ» ենք...: Աւելին՝ երբեք չենք ընդունած մեր սխալները: Անիմաստ մտքի «ախորժակ-մտահոգութիւններէն» չենք ազատուած: Չենք պահած էականը՝ ազգայինը: Կարծես անցեալի եւ ապագայի հետ, ներքին պայքար մըն է, որ կը մղէինք բոլորս ալ: Թէեւ օտար եւ ազատ երկնքի տակ կ՚ապրէինք, սակայն չենք մոռցած իրարու հանդէպ մեր ոխը...:
Աշխատանքս աւարտելէս ետք, խոստացայ համակարգիչով «դասաւորել»: Ապա, ոտքի ելայ, «ալ երթանք մը». կնոջս աչքովս նշան ըրի: Ժամանակը եկած էր մեկնելու ու մտովի իմ այս հեռանալս կ՚արդարացնէի ըսելով. «հիմա, հո՛ս, այս ժամուն, վէճ-վիճաբանութեան, կամ սխալներ ճշդելու, յանցանք եւ յանցաւոր փնտռելու ժամանակը չէր... ու ես ալ իբրեւ դատաւոր... չէի եկած... այսչա՛փ..., սուրճս խմած էի... ցաւակցութիւններս ալ ջերմ եւ լայն բաժնած...կը բաւէր...»:
-Ո՞ւր ես գնում.- միջամտեց դրացիս. չի՛ կարելի... արի նստի՛ր...
Ու Սերկէյ, պինդ մը թեւէս վար քաշելով, զիս տեղս նստեցուց: Վայրկեանին տնեցիք գոնեակի եւ օղիի շիշերը երկար ճաշասեղանին վրայ շարել սկսան: Ապսպրուած խորովածը հասած էր արդէն:
-Լաւ էլի՛, հարեւան ջան, սանկ պատառ մը հաց միասին ուտենք, հօրս հոգուն ալ...:
Ու սենեակը դարձեալ աղմուկով լեցուեցաւ: Ննջեցեալի առաջին հոգեճաշը սկսած էր:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ԱՄՆ