ՔԼՈՏ ՄԵԼԼԱՆ. ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՔՈՒՐ ԳԻԾԻ ՎԱՐՊԵՏԸ
Քլոտ Մելլան ծնած է Փարիզ, 1598 թուականին եւ մահացած է նոյն քաղաքը՝ 1688 թուականին։ Ան եղած է յայտնի փորագրիչ եւ նկարիչ մը, որուն անունը ամենէն աւելի կապուած է իւրայատուկ գծանկարչութեան ոճի մը հետ։ Մելլանի գործերուն հիմնական յատկութիւնը այն է, որ ան մէկ գիծով կը ստեղծէր դիմանկարներ, սուրբ պատկերներ եւ կրօնական բնոյթով տեսարաններ, ինչպէս նաեւ անաթոմիք ու խորհրդանշական նկարներ։
Քլոտ Մելլան գեղարուեստական ուսումը ստացած է Փարիզի մէջ, բայց 1619 թուականին մեկնած է Իտալիա, ուր մնացած է մինչեւ 1628 թուականը։ Հռոմի մէջ ներշնչուած է իտալական պարոքի վարպետներէն՝ մասնաւորաբար Քարաւաճիոյէն եւ Ֆրանչեսքօ Վիլլամենայէն։ Սակայն ան ամենէն շատ ազդուած է փորագրութեան վարպետներէն Աննիպալէ Քարաչիէ եւ Սիմոն Վուէթէ։ Վերադառնալով Ֆրանսա՝ ան կը հաստատուի Փարիզ, ուր կ՚աշխատի արքունիքին եւ եկեղեցական աւանդութիւններուն համար։
ՄԷԿ ԳԻԾ՝ ԱՄԲՈՂՋ ՊԱՏԿԵՐ
Մելլանի գործերը իրարմէ կը տարբերին ո՛չ միայն բովանդակութեամբ, այլեւ թեքնիքով։ Ի տարբերութիւն իր ժամանակակից փորագրիչներուն, որոնք կը գործածէին խաչաձեւ գիծեր, Մելլան կը կիրարկէր միայն մէկ շարունակական գիծ։ Այս թեքնիքով ամենէն յայտնի օրինակն է «Le Saint Suaire»։
Այս դիմանկարը, որով ներկայացուցած է Յիսուս Քրիստոսի դէմքը՝ փաթթուած վիճակի մէջ, ամբողջովին փորագրուած է մէկ ոլորուող գիծով, որ կը սկսի Քրիստոսի քիթէն եւ կը շարունակուի՝ մինչեւ ամբողջ պատկերին եզերքը։ Այս աշխատանքը ո՛չ միայն հրաշալի նկար մըն է, այլեւ խորհրդանշան մը՝ Քրիստոսի միասնականութեան եւ աստուածային ամբողջութեան։
Մելլանի աշխատանքները պարզ են իրենց արտայայտութեան մէջ, բայց բովանդակալից։ Ան չի ձգտիր ճոխութեան կամ շքեղութեան, այլ կը փափաքի մատուցել ներքին լոյս մը։ Իր հերոսները յաճախ կրնան ունենալ նաեւ ո՛չ միայն գեղարուեստական, այլ հոգեւոր բովանդակութիւն։
Մելլան յաճախ իր աշխատանքներուն կ՚ընդգրկէր լատիներէն նշանաբաններ կամ աստուածաշնչային յղումներ, որոնք կը լրացնեն պատկերին խորքը։ Օրինակ՝ «Le Saint Suaire»ի տակ գրուած է՝ «Formatum miraculo», թարգմանաբար՝ «Ստեղծուած է հրաշքով»։
Քլոտ Մելլանի ժառանգութիւնը շատ խոր ազդեցութիւն ձգեց փորագրութեան պատմութեան մէջ։ Ան ապացուցանեց, թէ հնարաւոր է սահմանափակ միջոցներով բարձր գեղարուեստական արդիւնք ստեղծել։ Իր մէկ գիծով ստեղծուած պատկերները մինչեւ այսօր կը դասուին իբրեւ փորագրութեան վարպետութիւն։
Ժամանակակից արուեստի շրջանակներուն մէջ ալ, Մելլան կը դիտուի որպէս մինիմալիզմի նախակարապետ մը, որ իր գիծին միջոցաւ կը փոխանցէ բարդ զգացումներ եւ գաղափարներ՝ առանց խճճուածութեան։
Մելլան ապրած է երկար կեանք մը։ Իր ժառանգութիւնը այսօր կը պահուի մեծ թանգարաններու մէջ՝ Փարիզի Լուվրի, Անգլիոյ եւ Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթընի նման նշանաւոր թանգարաններու մէջ։ Անոր աշխատանքները միշտ կը հիացնեն գրեթէ բոլորի աչքերը եւ կը մնան իբրեւ ապացոյց, որ պարզութիւնը կրնայ ըլլալ հզօրագոյն ձեւերէն մէկը արուեստին մէջ։
Ան եղած է ճշմարիտ վարպետ մը, որուն համար մէկ գիծը կը հաւասարէ ամբողջ աշխարհ մը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ