«ԱԼԻՔԸ». ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

2008 թուականին Գերմանիոյ մէջ նկարահանուած է «Ալիքը» (Die Welle) ժապաւէնը, որու բուն նիւթն է հասարակութեան մէջ լիազօրութիւններու չարաշահումը, զանգուածային հետեւողականութիւնը եւ բռնապետութեան գործադրման ահռելի դիւրութիւնը։ Ժապաւէնը ներշնչուած է իրական դէպքերէն՝ Գալիֆորնիոյ 1967 թուականի «The Third Wave» փորձառութենէն, որու ընթացքին ուսուցիչ մը փորձեց իր աշակերտներուն ցոյց տալ, թէ ինչպէս կարճ ժամանակի մէջ կարելի է կարգապահութեան եւ հպատակութեան ենթադրեալ «դրական» արժէքներուն միջոցով ստեղծել գերիշխող, հաւատարմութեան եւ ուժի մշակոյթ մը։

Ժապաւէնի դէպքերը տեղի կ՚ունենան Գերմանիոյ միջին քաղաքի մը մէջ, ուր աւագ դպրոցական դասարան մը, քաղաքական համակարգերու մասին շաբաթի մը ընթացքին կը քննարկէ՝ արդեօք Գերմանիոյ մէջ նոր բռնապետական շարժում մը հնարաւո՞ր է։ Աշակերտներուն մեծամասնութիւնը կը պատասխանէ «ոչ»՝ համոզուած ըլլալով, թէ պատմութիւնը իր դասը տուած է։ Սակայն ուսուցիչ Ռայներ Վենքեր, աշակերտներուն կարծիքը «փշրելու» եւ զիրենք ուսուցանելու համար կը ծրագրէ նոր փորձարկում մը՝ մարզուած, կարգապահ, միասնական խումբ մը ստեղծելով։

Փորձարկումը կը սկսի պարզ քայլերէ․ կարգապահ յարաբերութիւն, միասնական նստելաձեւ, յստակ կանոններ եւ նոյնիսկ համազգեստի նման սպիտակ վերնաշապիկ։ Աշակերտներ անմիջապէս կը սկսին իրենց ինքնութիւնը կապել այս նոր խումբին հետ, զոր կը կոչեն «Ալիքը»։ Խումբին անդամ ըլլալ կ՚ընթանայ հպարտութեան եւ պատկանելիութեան զգացումով, իսկ դուրս մնացողները կը դառնան ծաղրի առարկայ կամ թշնամի։

Ժապաւէնը յառաջանալով կը բացայայտէ, թէ ինչպէս մարդ առանց գիտակցելու կը զիջի իր ազատ մտածողութիւնը, եթէ իրեն տրուի պատկանելիութեան, կարգ ու կանոնի եւ ուժի պատրանքը։ Աշակերտները կը դառնան աւելի ու աւելի բռնի, կը տարածեն շարժումը դպրոցէն դուրս եւ ճնշում կը գործադրեն անոնց վրայ, որոնք չեն ուզեր մասնակցիլ։ Աշակերտ մը նոյնիսկ կրնայ իր ամբողջ ինքնութիւնը կապել շարժումին՝ վտանգելով իր հոգեբանութիւնը եւ մտերիմ յարաբերութիւնները։

«Ալիքը» խորապէս կը շեշտէ, որ բռնապետութիւնը միայն պատմական երեւոյթ մը չէ, այլ կրնայ ծնիլ հասարակութեան մը մէջ, եթէ մարդիկ պատրաստ են յանձնելու իրենց անհատականութիւնը՝ փոխարէնը ստանալու պատրանքային անվտանգութիւն եւ միասնականութիւն։ Ժապաւէնը կը ցուցնէ նաեւ, թէ ինչպէս խարիսխ չգտնող երիտասարդութիւնը, որ կը տառապի ինքնութեան անորոշութենէն կամ ընտանեկան տագնապներէն, աւելի արագ կախեալ կը դառնայ նման շարժումներէն՝ փնտռելով ուժի, ընկերութեան եւ նշանակութեան զգացում։

Վերջաբանը կտրուկ եւ ցնցող է․ ուսուցիչը՝ հասկնալով, որ իրավիճակը դուրս եկած է իր վերահսկողութենէն, կը փորձէ կանգնեցնել շարժումը՝ բացայայտելով իր աշակերտներուն, թէ ի՞նչ կը նշանակէր այս «խաղը»։ Բայց մինչ այդ, արդէն վնասը կատարուած կ՚ըլլայ եւ աշակերտներէն մէկը նոյնիսկ կը հասնի ողբերգական կէտի մը, որովհետեւ անկարող կը դառնայ զատել իրականութիւնը իր ստեղծած նոր գաղափարական աշխարհի պատրանքներէն։

«Ալիքը» ժապաւէնը ժամանակակից գերմանական շարժանկարի աշխարհին մէջ եզակի ստեղծագործութիւններէն մէկն է, որ կը վերյիշեցնէ պատմութեան ամենաողբերգական ուսուցումները՝ առանց քարոզչական ուղիղ գիծերու, այլ՝ հոգեբանական եւ հասարակագիտական խորին դիտարկումով։ 

«Ալիքը» կը դիտարկուի իբրեւ ժամանակակից զգուշացում․ մեզմէ ոչ մէկը զերծ է զանգուածային մտածողութեան եւ իշխանութիւններու գայթակղութենէն։ Յոյսը կը մնայ միայն այն, որ հասարակութիւնը գիտակցի իր անցեալին եւ անընդհատ հետազօտէ, ուսումնասիրէ իր առաջնորդները, իր փորձառութիւնները եւ այն խմբային լարումները, որոնք շեշտուած կերպով կը խաբեն մարդուն ինքնութիւնը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025