«ԱՐԱՄԵԱՆ» ՏԱՌԱՏԵՍԱԿԸ՝ 170 ՏԱՐԵԿԱՆ - ՊՈԼԻՍԷՆ ՓԱՐԻԶ ԵՒ ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՃԱՆԱՉՈՒՄ
Հայ տպագրութեան պատմութիւնը անհնար է պատկերացնել առանց տառատեսակներու։ Հայ առաջին տպագրիչ Յակոբ Մեղապարտի եւ անոր հետեւորդներու հիմնած գործը բաւարար չէր հայ տպագրութեան պատմութիւնը կատարելագործելու համար։
Տպագրական գործը մանաւանդ կատարելագործելու եւ հայկական տպագիր թեքստը պատշաճ կերպով ընթերցողին հասցնելու համար անհրաժեշտ էին նոր տառատեսակներ։ Աշխարհի մէջ անթիւ են տառատեսակները, բայց կան առասպելական տառատեսակներ, որոնք շրջած են տուեալ լեզուի տպագրական ընթացքը, իսկ հայերէնի համար այդ մէկը դարձած է «Արամեան» տառատեսակը, որ բացի լայն գործածութիւն ունենալէ, նաեւ հիմք հանդիսացած է ուրիշ տառատեսակներու համար։ Ընդհանրապէս տառաստեղծներու գործը նման է արուեստի, ճարտարապետութեան, ճշգրիտ գիտութիւններու արգասիքի։ Բաւաւար չէ միայն գեղեցիկ տառեր ստեղծելը, անոնք նաեւ պէտք է գործածական, դիւրընթեռնելի ըլլան, դիւրին կերպով շարուին, գրաւեն ընթերցողը եւ չյոգնեցնեն։ «Արամեան» տառատեսակը բաւարարած է գեղագիտական եւ բոլոր միւս պահանջները, ահա ինչու՝ գոյատեւելով այդքան տարիներ, հասած է թուային դարաշրջան եւ նոյն յաջողութեամբ կը կիրառուի նաեւ համակարգիչներու մէջ։
«Արամեան» տառատեսակը հիմնուած է Փարիզ՝ 19-րդ դարուն։ 1855 թուականին Ճանիկ Արամեան Օսմանեան կայսրութենէն գացած է Փարիզ, ուր կը հիմնէ գրաձուլարան, ուր ալ կը ստեղծուի այս նշանաւոր տառատեսակը, որ կը կոչուի իր անունով։
Ճանիկ Արամեան, մինչ Փարիզ երթալը, գրաշարութեան, տպագրական արուեստի գաղտնիքները սորված է Պոլիս։ Իսկ Պոլիս ալ ան փոխադրուած էր Իզմիթէն, ուր ծնած է՝ 1820 թուականին՝ համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Պոլսոյ մէջ ան սորված է արհեստներ, գրաշարութենէն զատ նաեւ՝ դերձակութիւն, աշխատած է այդ ասպարէզներուն մէջ։ Զբաղուելով ինքնակրթութեամբ՝ Արամեան նաեւ ֆրանսերէն սորված է եւ 1846 թուականին փոխադրուած է Փարիզ, հոս ալ զբաղած է դերձակութեամբ, ապա՝ փորագրութեամբ, այնուհետեւ վերջնականապէս հմտացած է տպագրական գործին մէջ։ Ան նպատակ ունէր տպարան հիմնել եւ կատարելագործել հայերէն տառաձեւերը՝ եւրոպական տառաձեւերու օրինակով։ Բարելաւման հիմնական ուղղութիւնը լատինական «հնաշխարհիկի» ձեւերու ընդօրինակումն էր։ Արամեան իր առջեւ նպատակ դրած էր նախ եւ առաջ գրանշաններու կանոնաւոր ձեւը ուղղաձիգ դարձնել, ինչպէս նաեւ՝ բացառել տառերու ծոցաւորումները, որով շարուածքը կը դիւրանար, իսկ տառերը զատ-զատ ընկալուելով՝ աւելի ճանաչելի կը դառնային։
Այդ նպատակով Արամեան կ՚աշակերտէ Փարիզի մէջ նշանաւոր տպագրիչ Վալթերին, փորձ ձեռք կը բերէ անոր տպագրատան մէջ ու ժամանակի ընթացքին կը ստեղծէ հայկական կարգ մը տառատեսակներ, որոնք կը կիրառէ հայկական տպագրութեան մէջ։
1859 թուականին Ճանիկ Արամեան կը հիմնէ սեփական տպարանը, ուր կը տպագրէ Ստեփան Ոսկանի «Արեւմուտք»ը, Գաբրիէլ Այվազովսքիի «Մասեաց աղաւնի» ամսագիրը եւ այլ հրատարակութիւններ։ Փարիզի մէջ աշխատելու տարիներուն Արամեան կը շփուի քաղաք ժամանած հայ գրող եւ հրապակարագիր Միքայէլ Նալպանտեանի հետ, որու կարգ մը ստեղծագործութիւնները Արամեան նոյնպէս կը տպագրէ։ Անոր տպագրած աշխատանքներու շարքին են. «Ֆելիքս եւ Փաւլինէ», «Հրաւէր սիրոյ», Ժագ Անրի Պեռնարտէն տը Սեն Փիէռի «Փոլ եւ Վիրժինի», Խ․ Միսաքեանի «Տքնութիւնը եւ սփոփանք հայրենասէրի» (1860)։ Նոյն 1860 թուականին ան կը տպագրէ նաեւ իր հեղինակած «Դասարան Հայկազն Մանկաց» այբբենարանը։ Արամեան նաեւ որպէս գծանկարիչ նկարազարդած է այդ դասագիրքի քանի մը նիւթերը. ինչպէս՝ «Հայկի պատերազմը», «Վահէի մահը», «Տիգրան Բ․-ի պատերազմը հռոմէացիներուն դէմ», «Աւարայրի ճակատամարտը» եւ այլն։ Արամեանի հեղինակած այդ դասագիրքը այսօր կը ցուցադրուի Երեւանի Հայ գրատպութեան թանգարանին մէջ, եւ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Ճանիկ Արամեանի տաղանդը, իբրեւ վիմագրիչ, փորագրիչ, գծանկարիչ, նորաձեւ տառերու ստեղծող, գրող։
Հայկական տպագրութեան մէջ իր անունը ձգած Ճանիկ Արամեանը եղած է հազուագիւտ աշխատասէր ու գործունեայ մարդ մը։
1862 թուականին ան նիւթական խնդիրներով՝ տպարանը կը փոխադրէ Մարսէյլ։ Սակայն այստեղ գործը կրկին լաւ չ՚ընթանար, ան քանի մը գիրք հազիւ կը հրատարակէ եւ ի վերջոյ կը դառնայ Պոլիս։
1865 թուականին Ճանիկեան Պոլսոյ մէջ կը դառնայ Արքունի տպարանի տեսուչը։ Աստիճանաբար գործը կը լաւանայ, կը յաջողի նոր տպարան հիմնել եւ բազմաթիւ գիրքեր հրատարակել։ Միւս կողմէ, Պոլիսը կ՚ապրէր տպագրութեան զարթօնք մը եւ այդ մէկը նոյնպէս կը նպաստէ, որ Արամեան դառնայ յաջողակ տպագրիչ, բազմաթիւ գիրքեր, դասագիրքեր, ամսագիրներ հրատարակէ։ Ան հեղինակած է «Արամեան» օրացոյցը, տպագրած է «Ծրագիր կանոնադրութեան Ազգային ընդհանուր տուրքի», «Կանոնագիր Ս. Երուսաղէմայ վանից», Գարագաշի (Անտոն Մատաթիա) գիրքերէն, Եղիշէ, Կողբացի Նարեկացի, Խրիմեան Հայրիկ։ Իր տպարանին մէջ հրատարակուած են նաեւ Յակոբ Պարոնեանի, Ծերենցի, Պետրոս Դուրեանի, Խորէն Գալֆայեանի, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի եւ այլոց գիրքերէն։ Միաժամանակ Ճանիկ Արամեան 1871 թուականին Պոլսոյ իր տպարանին մէջ տպագրած է «Երգարան թատերական»ը, եղած է նաեւ թարգմանիչ եւ թէ՛ իր թարգմանութիւններէն տպագրած է, թէ՛ ալ ուրիշ թարգմանութիւններ, որոնք կը կատարէին ժամանակի պոլսահայ թարգմանիչները, եւ արտասահմանեան շատ ստեղծագործութիւններ հայերէնով առաջին անգամ նոյնինքն Պոլսոյ մէջ կը տպագրուէին։
Այս բոլորէն զատ Արամեան նաեւ հեղինակած է բազմալեզու բառարաններ։ Մատենագէտներ յստակեցուցած են, որ ընդհանուր առմամբ Ճանիկ Արամեան Փարիզի մէջ տպագրած է 36, Մարսէյլ՝ 4, իսկ Պոլիս՝ 283 գիրք։ Այդ բոլորն ալ բարձրարուեստ հրատարակութիւններ էին, քանի որ Արամեան գծանկարչի, տառաստեղծի իր ճաշակը կը ներդնէր գործին մէջ։ Իսկ հայկական տառաստեղծման պատմութեան մասնագէտներն ալ փաստած են, որ Արամեան ստեղծած է 73 տառատեսակ, որոնք թէեւ բոլորն ալ գործածուած են տպագրութեան մէջ, բայց ամենակենսունակը եղած է Արամեանը։
Մեր պատմութեան մէջ Ճանիկ Արամեան երեւցած է նաեւ իբրեւ հրապարակախօս եւ իբրեւ այդպիսին յայտնի դարձած 1864 թուականին՝ «Պոլոժենիէ» կանոնադրութեան շուրջ ծագած բանավէճին մասնակցելով եւ պաշտպանած է այդ կանոնադրութիւնը, որով պէտք է առաջնորդուէր Հայ Եկեղեցին՝ պատմական Հայաստանը 1828 թուականին ռուսական տիրապետութեան տակ անցնելէ յետոյ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին դժկամութեամբ ընդունած է «Պոլոժենիէ» կանոնադրութիւնը, ժողովուրդը զայն իրաւամբ համարած է հայոց ազգային իրաւունքներն ու աւանդոյթները սահմանափակող օրէնք մը։ Միաժամանակ «Պոլոժենիէ»ն ինչ-որ առումով նպաստած է հայոց եկեղեցւոյ ներսը որոշակի կարգ ու կանոնի հաստատման, սակայն, դրուելով ամբողջովին կառավարութեան հսկողութեան ներքոյ՝ հայոց եկեղեցին անկէ նիւթական օժանդակութիւն չէր ստանար։ Եկեղեցիի գոյութեան նիւթական հիմքը ժողովուրդի նուիրատուութիւնն ու եկեղեցական կալուածքներէն ստացուող եկամուտն էր։ Ի վերջոյ, «Պոլոժենիէ»ն 1917 թուականին դադարեցաւ գործելէ։
Հայ մամուլի մէջ իր հետքը նոյնպէս ձգած է Ճանիկ Արամեան՝ հանդէս գալով քանի մը ծածկանուններով եւ գրական անուններով. ինչպէս՝ Կըռկըռիկեան, Թոռնակ, Հայասեր Գաղղիացի եւ այլն։
Ճանիկ Արամեան մահացած է 1879 թուականի ապրիլի 16-ին՝ Պոլիս։ Ըստ տեղեկութիւններու, անոր շիրիմը կը գտնուի Խասգիւղի գերեզմանատան մէջ։
ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԷՆ
(Պատմութիւններ գրաշարութեան մասին)
ԱՃԱՌԵԱՆԻ ՕՐԷՆՔԸ
Մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի կինը՝ Սոֆիկ Աճառեան, իր յուշերուն մէջ Աճառեանի կեանքէն եւ գրաշարութեանը վերաբերող հետաքրքրական պատմութիւններ կը գրէ։ Ան կը յիշէ, որ Աճառեան «Քննութիւն Վանի բարբառի» աշխատութեան մէջ յայտնաբերած էր օրէնք մը, որ յատուկ էր այդ բարբառին։ Մեծ լեզուաբանը այդ օրէնքը կոչած էր «Աճառեանի օրէնք», գրած էր գլխագիր տառերով, ընդգծած էր զայն եւ նոյնիսկ գիրքը տպագրութեան յանձնելու ժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրած էր անոր վրայ եւ խնդրած, որ գրաշարեն գլխատառով, շեղ տառերով, այնպէս մը, որ ակնառու ըլլայ։
1952 թուականին կը տպագրուի «Քննութիւն Վանի բարբառի»ն, բայց, Աճառեանի ցանկութիւնը կը մնայ անկատար․ «Աճառեանի օրէնքը» կը գրաշարուի սովորական տառերով։ Աճառեանը երբ կը նկատէ այդ մէկը, շատ կը նեղուի։ Ան շարունակ կը կրկնէր, թէ այդ մարդիկ ինչո՞ւ իր ցանկութիւնը նկատի չեն առներ, կը յամառին եւ կ՚ընեն իրենց ըսածն ու ուզածը, կարծես հեղինակէն աւելի մեծ իրաւունքներ ունեցած ըլլան։ Աճառեանը այնքան նեղուած էր, որ յատուկ դիտողութիւն ըրած էր գիրքի խմբագրին, ան ալ չքմեղանք գտնելով ըսած էր, թէ գրաշա՛րը այդպէս շարած է, իսկ սրբագրիչները չեն նկատած։
Աճառեանը երկար ժամանակ չէր հանդարտիր եւ միշտ կը կրկնէր.
-Կ՚երեւի «հմուտ» մարդ մը չէ հասկցած այդ օրէնքին նշանակութիւնը եւ սովորական տառերով գրաշարած է, իսկ նոյնքան «հմուտ» սրբագրիչներն ու խմբագիրները իրենք եւս չեն նկատած այդ օրէնքին իմաստը։
Աճառեանը նաեւ կ՚ըսէր. «Երանի հնարաւոր ըլլար, որ ես գրաշարէի որոշ գիրքերս, ինչպէս ըրած է, օրինակ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբաններէն Հ. Արսէն Ղազիկեանը՝ իր կարգ մը աշխատութիւններու տպագրութեան ժամանակ։
ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ ԳՐԱՇԱՐՆԵՐՈՒՆ
Հրատարակութեան յանձնուած իր գիրքերուն տպագրութեան ընթացքին, որպէսզի շարուածքը ըլլայ արագ եւ խնամքով, Աճառեան անձամբ գրաշարներուն կու տար դրամական նուէրներ եւ անոնցմէ ատոր փոխարէն ստացական կը վերցնէր։ Անգամ մը կինը կը հարցնէ․ «Հրաչեա՛յ, եթէ դուն գործաւորներուն նուէր կու տաս, ապա ինչո՞ւ ստացական կը վերցնես, եւ յետոյ՝ անոնք ինչպէ՞ս կը համաձայնին ստացական տալ»։ Աճառեան կը բացատրէ, թէ հարկադրուած է ստացական վերցնել՝ յիշելու համար է այդ մէկը, այլապէս գործաւորներուն դէմքերը կարող էր մոռնալ եւ մէկ հոգիի նուիրել քանի մը անգամ, իսկ միւսին՝ ոչ մէկ անգամ։ Եւ որովհետեւ վստահ էին իր ազնուութեան վրայ, գիտէին, որ ան այդ ստացականները երբեք չի գործածեր իրենց վնասելու համար, անվախ կերպով կու տային։
Տպագրական արտադրամասի ղեկավարները, երբ կը գիտնան Աճառեանի մտերմութիւնը՝ բանուորներուն հետ, կը խնդան եւ խաղ մը կը խաղան։ Ընթացքի մէջ գտնուող շարուածքը անոնք ձգձգել կու տան։
Աճառեան տպարան կ՚այցելէ, կը տեսնէ, որ ոչինչ գրաշարուած է, գրաշարներն ալ կ՚ըսեն, թէ պատճառը վարպետներէն պէտք է գիտնալ։ Նոյն տպարանին մէջ կ՚աշխատէր գրաշարապետ Արտաշէսը՝ Աճառեանի՝ բանտի մտերիմ ընկերներէն մէկը։ Աճառեանը կ՚երթայ անոր քով եւ կը հարցնէ պատճառը։ Գրաշարապետը կ՚ըսէ․ «Տպարանի աշխատողները շատ լսած են ձեր մասին եւ կ՚ուզեն ձեզի հետ ծանօթանալ։ Ուստի, դուք ալ, փրոֆեսէօր, աշխատողներուն փափաքը կատարած ըլլալու համար հրաւիրեցէք մեզ բոլորս ձեր տուն, կու գանք, լաւ մը կ՚ուրախանանք, կը վերյիշենք մեր անցեալը, պատմութիւններ կը պատմենք եւ ամէն ինչ լաւ կ՚ըլլայ»։
Տուն երթալով՝ Աճառեան կ՚ըսէ․
-Սոֆի՛կ, կ՚ուզեմ հրաւիրել տպարանի աշխատակիցները, հիւրասիրենք. անոնք շատ կ՚ուզեն ինծի հետ ծանօթանալ։
Վարպետ Արտաշէսի գլխաւորութեամբ գործաւորները կ՚այցելեն Աճառեանի տուն եւ շատ ուրախ էին, որ Աճառեանի սեղանակիցը կ՚ըլլան։ Աճառեանը, երբ կը նկատէ, որ կրտսեր բանուորները չկան, կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ չեն եկած։ Վարպետը ժպտալով կ՚ըսէ, թէ անոնք վաղուց են կերած եւ խմած եւ յետոյ ալ՝ անոնց կարելի չէր երես տալ, շփացնել՝ մեծերուն հետ սեղանակից դարձնելով։ Վարպետներէն մէկը Աճառեանի կենացին սրտալի ճառ կ՚արտասանէ.
-Յարգելի՛ փրոֆեսէօր, մենք ձեր մասին շատ հիացական բաներ լսած ենք, բայց այսօր անչափ ուրախ ենք, որ ձեզի հետ կը գտնուինք նոյն սեղանին առաջ։ Ինչ որ լսած էինք, աւելին տեսանք։ Դուք գործաւորին հետ գործաւոր էք, փրոֆեսէօրին հետ՝ փրոֆեսէօր։ Մեր ցրուիչները ձեզ շատ կը սիրեն։ Ձեզ մօտ գալու, մամուլ բերելու համար ձեռքէ ձեռք կը խլեն։ Կը ցանկանանք ձեզ երկար կեանք եւ բեղմնաւոր գործեր։
Աճառեան նոյնպէս գոհ էր այդ հանդիպումէն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ