ԻՆՉՈ՞Ւ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԼՌԷ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԱԳԱԹԻՆ

Պատմութեան ընթացքին բազմիցս հանդիպած ենք այն երեւոյթին, ուր անհատ մը՝ հարստութեան, քաղաքական կապերու կամ խորհրդաւոր ազդեցութեան շնորհիւ, կը հասնի իշխանութեան այնպիսի մակարդակի, որ սովորական հասարակական վերահսկողութիւնը այլեւս անոր վրայ չի գործեր։ Ճեֆրի Էփսթիյնի անունը մեր օրերուն դարձաւ այդ երեւոյթին ամենացնցիչ խորհրդանիշներէն մէկը։ Սակայն «Էփսթիյն»ը միայն անհատ մը չէ. ան կառուցուածք է, համակարգ է եւ ամենէն առաջ՝ հարցում է մարդկային բարոյականութեան մասին։

Այս հարցումը կը պարտադրէ մտածել ո՛չ միայն այն մասին, թէ ի՛նչ ըրաւ մարդ մը, այլ թէ ինչպէ՛ս ամբողջ համակարգ մը՝ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային, թոյլ տուաւ այդ մարդուն գործել գրեթէ անպատիժ։

Ճեֆրի Էփսթիյնի անունը այլեւս անհատ մը չի նշանակեր։ Ան դարձած է խորհրդանիշ մը՝ այն համակարգին, որուն մէջ իշխանութիւնը կրցաւ տարիներ շարունակ գործել առանց բարոյական կամ օրէնսդրական արգելքներու։ Այս իրականութիւնը անհնար է անտեսել կամ բացատրել իբր «առանձին դէպք»։

ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՈՐՊԷՍ ՊԱՇՏՊԱՆԻՉ ՎԱՀԱՆ

Իշխանութիւնը պատմականօրէն երբեք չէ եղած միայն ուժ գործադրելու միջոց մը։ Ան նաեւ պաշտպանիչ վահան մըն է։ Երբ անհատ մը կը գտնուի ազդեցիկ ցանցերու կեդրոնը՝ ելմտական, քաղաքական վերնախաւ, մետիա եւ անվտանգային կառոյցներ, ան կը սկսի գործել այնպիսի տարածքի մը մէջ, ուր բարոյական սկզբունքները կը դառնան ճկուն, իսկ օրէնքները՝ բանակցելի։

Էփսթիյնի պարագային, իշխանութիւնը չէր բխեր ընտրուած պաշտօնէ կամ պետական լիազօրութենէ։ Ան կը ծնէր գաղտնիքէ եւ հարստութենէ։ Գաղտնիքը միշտ ալ իշխանութեան հիմնական տարրերէն մէկն է։ Ով որ կը պահէ ուրիշներու գաղտնիքները, ան կը դառնայ անփոխարինելի։ Իսկ անփոխարինելին՝ կը մնայ անպատիժ։

Էփսթիյն առանձին չէր եւ ան պաշտպանուած էր՝ ո՛չ միայն անձերու, այլ ամբողջ մշակոյթի մը կողմէ։ Քաղաքական վերնախաւ, ելմտական շրջանակներ, ակադեմական հաստատութիւններ եւ լրատուական կառոյցներ՝ բոլորը տարբեր մակարդակներով գիտէին, կը կասկածէին կամ ընտրեցին լռել։ Այդ լռութիւնը մեղսակցութիւն էր։

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՋԱՏՈՒՄԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳԷՆ

Մեծ հարցումը հետեւեալն է․ ինչո՞ւ նման պարագաներու մէջ բարոյականութիւնը չի գործեր իբր արգելակ։ Պատասխանը անհատական մեղքի սահմաններէն անդին է։ Ժամանակակից արեւմտեան հասարակութիւնները աստիճանաբար բարոյականութիւնը առանձնացուցած են իշխանութենէն։ Արժէքը չափուեցաւ օգտակարութեամբ, ազդեցութեամբ եւ շահով։

Երբ շահը կը դառնայ գերագոյն չափանիշ, բարոյականութիւնը կը վերածուի ձեւական լեզուի, որ կը գործածուի միայն հանրային յայտարարութիւններու մէջ։ Իրական որոշումները կը կայացուին փակ սենեակներու մէջ, ուր բարին ու չարը այլեւս գոյութիւն չեն ունենար որպէս բարոյական դասակարգեր, այլ միայն որպէս ռիսք կամ օգուտ։

ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Էփսթիյնի կերպարը նաեւ կը բացայայտէ լռութեան համակեցութիւնը։ Շատեր գիտէին, շատեր կը կասկածէին, բայց քիչեր խօսեցան։ Այս լռութիւնը պատահական չէ։ Անիկա պայմանագրային է, թէեւ ո՛չ գրուած։ Լռութիւնը կը փոխանակուի պաշտպանութեան, դիրքի կամ շարունակական ազդեցութեան հետ։

Այս իմաստով, Էփսթիյն միայն կէտ մըն էր լայն ցանցի մը մէջ։ Անոր շուրջ գտնուող մարդիկը՝ անկախ իրենց գաղափարական դիրքերէն կամ հրապարակային բարոյական հռետորաբանութենէն, մաս կազմեցին լռութեան այդ շղթային։

«ԷՓՍԹԻՅՆ» ՈՐՊԷՍ ՀԱՅԵԼԻ

Ան արդեօք բացառութի՞ւն էր։ Պատմութիւնը կը յուշէ՝ ոչ։ Ան ժամանակակից տարբերակն է այն դասական տիպարին, ուր իշխանութիւնը կը վերածուի ինքնանպատակ համակարգի։ Նման պարագաներու մէջ խնդիրը ո՛չ թէ մէկ մարդու «այլասերումն» է, այլեւ՝ ամբողջ մշակոյթի մը, որ ներողամիտ կ՚ըլլայ ուժեղին հանդէպ եւ անողոք՝ թոյլին։

Այս հայելին մեզ կը ստիպէ հարցնել նաեւ մեր դերին մասին՝ որպէս հասարակութիւն, որպէս մետիա, որպէս մտաւորականներ… Երբ բարոյականութիւնը կը դառնայ միայն անհատական առաքինութիւն, այլ ո՛չ համակարգային պահանջ, ան կը պարտուի իշխանութեան։

«Էփսթիյն» կերպարը մեզի կը յիշեցնէ, որ իշխանութիւնը ինքնին չարիք մը չէ, բայց, երբ ան կը խզուի բարոյական վերահսկողութենէն, կը դառնայ վտանգաւոր։ Անցեալէն մինչեւ այսօր, մարդկութիւնը բազմիցս կանգնած է այս խաչմերուկին։ Հարցը միշտ նոյնն է՝ արդեօք կ՚ուզե՞նք համակարգ մը, ուր ուժը հաշուետու կ՚ըլլայ, թէ՛ աշխարհ մը, ուր բարոյականութիւնը կը լռէ՝ գագաթներուն վրայ։

Այս հարցումին պատասխան տալը միայն անցեալը հասկնալ չէ։ Ան մեր ապագան ձեւաւորելու փորձ մըն է։

Այս պատմութիւնը կը բացայայտէ բարոյական ճգնաժամ մը։ Մարդու իրաւունքներու, ազատութեան եւ արդարութեան մասին բարձրաձայնող համակարգ մը միեւնոյն ժամանակ չկարողացաւ պաշտպանել ամենախոցելիները։ Երբ շահը դարձաւ գերագոյն արժէք, բարոյականութիւնը դուրս մղուեցաւ որոշումներու սեղանէն։

Ամենէն մտահոգիչը այն չէ, որ նման ոճրագործութիւն մը տեղի ունեցաւ, այլ այն է, որ ան կրցաւ երկար շարունակուիլ։ Ինչպէս աւելի առաջ ալ նշեցինք, սա կը նշանակէ, որ խնդիրը անհատական չէ։ Խնդիրը կառուցուածքային է։ Եւ կառուցուածքային խնդիրները չեն լուծուիր մեղաւոր մը զոհաբերելով։

Այսօր, երբ Էփսթիյն այլեւս կենդանի չէ, գոյութիւն ունի այս ամբողջ պատմութիւնը փակուած համարելու վտանգը։ Բայց, այս գործը փակուած չէ, քանի դեռ իշխանութիւնը կը մնայ անպատիժ, մետիան՝ ընտրովի խօսող, իսկ զոհերը՝ երկրորդական, նոյն պատմութիւնը պիտի կրկնուի ուրիշ անուններով։

Թերթերու, մտաւորականներու եւ հասարակութեան պարտականութիւնն է չբաւարարուիլ միայն բողոքելով, այլ պահանջել հաշուետուութիւն։ Առանց այդ պահանջին, բարոյականութիւնը պիտի շարունակէ զոհուիլ՝ ուժեղներու յարմարութեան, հանգստութեան համար։

Էփսթիյն «մեռաւ»։ Բայց, եթէ համակարգը չփոխուի, անոնք, որոնք զինք ստեղծեցին, դեռ այստեղ են։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 6, 2026