ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ (1851- 1908)

Կ՚աւարտենք Եղիա Տէմիրճիպաշեանի մասին մեր աշխատասիրութիւնը, անոր կազմած «Փիլիսփայական բառարան»էն փունջ մը բառեր ներկայացնելով մեր ընթերցողներուն: Բառարանը լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ, 1879 թուականին: Տէմիրճիպաշեան այս բառարանին վրայ իր անունը չէ՛ դրած, այլ գործածած է Ա. Ազատախոհեան ծածկանունը:

Բառարանին սկիզբը հետեւեալ ձօնը կատարած է.

* Կը ձօնեմ այս գիրքն այն աննման աղջկան, որ հանրային լուսաւորութեան սուրբ տենչովն պատարուն, նուիրեց Բառգրքիս ի տպագրութիւն՝ իր բազմամեայ խնայից արդիւն: Կրնար այդ գումարով նա գնել ոսկեայ շղթայ մ՚իր վզին, այլ չուզեց որ նա պապից շղթան ալ երկա՜ր ծանրանայ ժողովրդեան մտքին:

Սիրելի ընթերցող, եթէ այս մասին՝ երդուած չըլլայի մնայ յաւիտեան լռին, բարեացակամ լքեալ դասուն՝ այն օրհնեալ կուսին անունն ապաքէն պիտի տեսնէիր այս երկիս ճակատն, եւ հոն պիտ՚ ընթեռնուիր իր գործոյն վայել դրուատն:

Արդեօք երդմնազա՞նց պիտի համարուէի խոստովանելով միայն որ… Բարերարուհիս վարպետուհիս է միանգամայն, եւ այս բառարանն արդարեւ պատուական եւ իմաստնոց ընթերցման արժան յիշատակարան մը պիտ՚ ըլլար, եթէ բուն իսկ գրչէն ելլար այն գերահանճար էակին, որ տուն տուաւ միայն դուն տետրիս հեղինակին… (էջ 3):

Անցնինք բառարանէն փունջ մը բառեր ներկայացնելով մեր ընթերցողներուն:

ԱԳԱՀ.- Պէտք է որ ագահ ըլլանք գիտութեան, վասն զի ամենէն երկարակեաց մարդուն կեանքն իսկ հազիւ հազ կը բաւէ իւրացնել այն ծանօթութեանց գանձն, որ մեզ ժառանգ մնաց ի նախնեաց եւ որ այնքան յաւելաւ ի շնորհս արդեաց (էջ 5):

ԲԱՅ.- Բայն ըլլալ, ընել, ըլլուիլ կը ցուցնէ. ուստի եւ երեք է. էական, ներգործական, կրաւորական: Օրինակ էական բայի. «Ամէն բան նորաշինելի է. կը խորհիմ, ուրեմն կամ», ըսաւ Տէքառդ, իմաստասիրութեան նորոգիչն: Օրինակ ներգործականի. «Հարուածեցէք նախապաշարումներն ու մոլորութիւններն, աղբիւր ամենայն թշուառութեանց», կը գրէր Էմէ-Մառդէն առ Լամառդին: Օրինակ կրաւորականի. «Փիլիսոփաներէն կը հալածուիմ…», կը գանգատէր Օկիւսդ Գօնդ, դրական իմաստասիրութեան հիմնադիրն (էջ 6):

ԲՆԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔ.- Դեռ որքա՜ն ապուշ, պարզամիտ, տգէտ մարդիկ, -այս տեսակ մարդերն Հռոմէադաւան ազգաց մէջ ամենէն աւելի կը գտնուին, ի շնորհս պապական կղերին,- դեռ ո՜րքան տգէտ մարդիկ, որոնք կը հաւատան, թէ «երկնից միահեծան թագաւորն»՝ այս ինչ ժողովուրդին կամ այն ինչ իշխանին ի նպաստ, ըստ քմաց կը փոխէ մերթ բնութեան անյեղլի օրէնքն, ինչպէս երկրի թագաւորներն ըստ քմաց կ՚աւրեն ու կը նորոգեն իրենց Տէրութեան օրէնքներն:

Արժան է կրկնել Իմաստասէրին հետ թէ՝ ո՛չ Աստուած ստեղծեց մարդն իր պատկերին համեմատ, այլ մարդն ստեղծեց Աստուած իր պատկերին համանման (էջ 6-7):

ԳԻՐՔ.- Անմա՜հ մարդ մ՚, որ իբր անհաւատ հռչակուած է նանրահաւատ մարդկան աշխարհին մէջ, այլ որ ամենէն մեծ եւ անեղծ հաւատն ունեցաւ, այն է մարդկային ազգին յառաջատական լուսաւորութեան եւ բարւոքման հաւատն, գրոց օգտակարութեան վրայ հետեւեալ կերպով կը ճառէ իւր անթիւ եւ ամենօգտակար գրքերէն մէկուն մէջ. «Ո՞վ կը վարէ մարդկութիւնն յառաջադէմ երկիրներուն մէջ. անոնք որ կարդալ եւ գրել գիտեն: Ո՛չ Իպոկրատն կը ճանչնաս դուն, ոչ Պօէռհավն, ոչ Սիտէնհամն. այլ այդ գիտնոց գրքերն ընթերցած մարդուն կը վստահիս մարմինդ: Իսկ հոգիդ անոնց կը յանձնես, որոնք թոշակ կ՚ընդունին Աստուածաշունչ կարդալու համար, այլ որոց յիսունն ուշի ուշով կարդացած չէ զայն ծայրէ ի ծայր: …Ի մի բառ, վայրենի ժողովուրդներէն զատ, աշխարհիս բոլոր ազգերն ալ գրքերով կը կառավարուին»:

Այս տողերուն հեղինակն ո՞վ է.- Այն իսկ՝ որուն գրքերէն ելաւ Գաղիոյ մեծ յեղափոխութիւնն, որուն բարիքներն յանգէտս կը վայելեն համօրէն ազգք եւ ազինք, ընդ որս եւ Հայք: Կարդա՛ Սահմանադրութիւն եւ Հայ ժողովուրդն, երկասիրութիւն Պ. Հրանտ Ասատուր հանճարեղ պատանւոյն (էջ 7-8):

ԳԻՒՏ.- Հայոց Կաթողիկոս, որ անուանի է մանաւանդ մուրացկանութենէ ազատելուն համար իր նախկին աշակերտակիցն, հայ պատմագրաց հայր անմա՛հ Խորենացին, որուն ողբերուն կարծես յաւիտեան արժանանալու դատապարտուած է Հայոց աշխարհն… (էջ 8):

ԳՐԻՉ ԵՒ ՍՈՒՐ.- Այս վերնագրով Մինաս Չերազ զանազան օրագրաց մէջ յօդուածներ հրատարակեց, մեծաւ մասամբ լեզուաբանական, որոց մէջ իբր առաջին վիճաբան, առաջին քերական եւ առաջին գրական մարդ կը փայլի երիտասարդ եւ բոցեռանդ Հասգիւղցին: Այդ յօդուածոց վերջինն, որ պատասխան մ՚է առ նախագահական պատմագիրն Հայկազեան կաճառին, արդարեւ գրական եւ իմաստասիրական գլուխ գործոց մ՚է, եւ կը յայտնէ, թէ Հայկազեան կաճառին նախագահն իրօք Մինաս Չերազ էր,- առանց սակայն ուրանալու Տ. Խորէն Նար-Պէյի մեծ արժանիքն իբր հայագէտ եւ իբր գրագէտ (էջ 9):

ԴԱՀԻՃ.- Դահիճն այն չէ՛ որ կը գլխատէ, այլ այն որ գլխատել կու տայ: Դահիճն օրէնքն է, որ աւա՜ղ, դեռ այսօր եւրոպական համալսարանաց բեմերուն բարձրէն դաս կը տրուի փիլիսոփայութեան հետ. այն փիլիսոփայութեան, որ քառասուն դար առաջ դատապարտեց մարդասպանութիւնն, ինչ ձեւի տակ եւ ինչ շարժառիթով ալ կատարուի… (էջ 9-10):

ԵՐԿՈՒ ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻՆԵՐՆ.- Կղերն եւ կառավարութիւնն… (էջ 10):

ԶԷՆՔ.- Պէտք է որ ամէն մարդ գիտնայ զէնք գործածել, որպէս զի, ի հարկին, կարենայ պաշտպանել իր անձն եւ իր ազգն անիրաւ յարձակողաց դէմ: Տասնեւիններորդ դարուն… երկրորդ կէսին մէջ՝ ամչնալով կու տանք այս պատուէրն (էջ 13):

ԹՇՈՒԱՏՈՒԹԻՒՆ.- Տգիտութեան եւ անձնասիրութեան արդիւնք, որ գիտութեամբ եւ ընկերասիրութեամբ պիտի չնչուի աշխարհէս (էջ 18):

ԹՈՒԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ.- Պէտք է որ ամէն գիտութեանց հաւասար եւ գուցէ իսկ աւելի ուշադրութիւն ընծայուի Թուագիտութեան եւ պատմութեան ուսուցման. զի դա հիմն, իսկ սա պսակն է գիտութեանց (էջ 18):

ԺԱՄԱՆԱԿ.- «Ժամանակի գործ է». թուլամորթին նշանաբանն եւ իմաստնոյն յառաջաբանն է այդ խօսքն: Օրինակով խօսինք:

Երեք տարի առաջ եթէ անձնասէր եւ թուլամորդ Հայոց առաջարկուէր անձնուէր ազգայնոյ մը կողմէն. «Դուք ալ ինձ նման կը մտածէք թէ՝ առանց նախապէս լուսաւորութիւն ընդունելու չը կրնար փրկուիլ մեր հայրենիքն: Արդ, մեր առաջին պարտքն է միանալ այսօր եւ Արարատեան Ընկերութիւն մը կազմել, որ նպատակ ունենայ Հայաստանի մէջ ուսում ծաւալել ձրիապէս»: Ի՞նչ պատասխանի պիտ՚ արժանանար ազգասիրին այս հրաւէրն: Ահա. «Անշուշտ մեր հայրենեաց ազատութիւնն առանց լուսաւորութեան իրագործուիլն եղջերուաքաղ մ՚է. եւ այդ վեհ նպատակն անշուշտ մեծ ընկերութիւն մը կրնայ գործադրել միայն. սակայն, եղբայր, ժամանակի գործ է այդ: Թողունք որ այդպիսի ընկերութիւն մ՚երբեք չը կրնար կազմուիլ այս անմիաբան ազգին մէջ. Հա՜յ, վա՜յ»: «Սակայն, Պարոն, կամաւ կը կուրանաք այն բազմաթիւ ընկերութեանց եւ միաբանութեանց նկատմամբ, ամենքն ալ Հայ անդամներէ կազմուած, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կը տեւեն եւ կը գործեն ազգին մէջ յաւէտ կամ նուազ աշխուժութեամբ»: Նոյն պատասխանին անփոփոխ կրկնութիւն, երէկ, այսօր, վաղ եւ յաւիտեա՜ն: Այս օրինակով իմացանք, թէ անձնապաշտ մարդուն համար ի՛նչ կը նշանակէ ժամանակն:

Տեսնենք այժմ թէ խոհուն եւ աշխատասէր անձ մ՚ինչ կը խորհի այս մասին: Շատեր կը գանգատին, թէ Արարատեան Ընկերութիւնն դեռ չը կրցաւ լուսաւորել բոլոր Հայաստանն: Իմաստունն ի՞նչ կը պատասխանէ լսելով այս գանգատն. «Ժամանակի գործ է այդ. արդի պայմաններն ի նկատի առնելով մանաւանդ, մէկ աւուր, մէկ տարուան, մէկ դարու մէջ չը կրնար լուսաւորուիլ ամբողջ Հայաստանն: Ինչպէս անհատ մը, ժողովուրդ մ՚ալ յանկարծ կերպարանափոխ չ՚ըլլար. բնութիւնն եւ ոչ մարդկութիւնն ուսում չեն ըներ: Մենք աշխատինք անդուլ կերպով, այլ կարգով եւ կանոնով. եւ ժամանակին թողումք մնացածն ընել: Ամէն ընկերային կատարելագործման հարկաւոր տարրն է Ժամանակն, ըսաւ իմաստուն եւ իմաստասէրն Էմիլ Լիդէ» (էջ 19-20):

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ.- Ժողովրդային լուսաւորութեան երկու միջոցներն են լրագիրք եւ լսարանք:

Լսարանաց հաստատութիւնն դեռ չը գտաւ հարկաւոր ընդարձակութիւնն ազգին մէջ. եւ ատենաբանք ընդհանրապէս աւելի գրական աշխատութիւններ կը կարդան քան ժողովրդական բանախօսութիւններ կ՚ընեն մեր լսարանաց մէջ:

Իսկ լրագրապետք տարօրինակ կերպով կը սխալին, եթէ կը կարծեն, որ ժողովրդային լուսաւորութեան մեծապէս կը նպաստեն, առատ քաղաքական լուրեր եւ խորհրդածութիւններ հրատարակելով (էջ 20):

ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԻՒՆ.- Եթէ մարդիկ աւելի ժուժկալութիւն ունենային, բժշկութիւնն ամենէն շահաւոր արուեստներէն մին չը պիտ՚ ըլլար այսօր (էջ 20):

ԼԵԶՈՒ.- Առաջին մարդուն լեզուն ինչպէ՞ս էր: Ինչպէս էր իր միտքն ու մարմինն, այսինքն աղքատ եւ մերկ: Մարդիկ ալ ի սկզբանէ անասնոց նման ճիչեր հանել գիտէին միայն, ուստի եւ առաջին բառերն պարզ ձայնարկութիւններ եղած են: Յետոյ, տակաւ առ տակաւ, իրենց տեսած առարկայից եւ զգացած պիտոյից անուններ տալով, ստեղծուեցան միավանակ բառերն, որոնք արմատ կը կոչուին, եւ որոց սկիզբն կամ վերջն մասնիկներ աւելցուելով բարդ եւ ածանց բառերն յառաջ եկան ժամանակաւ: Ուստի անհրաժեշտ կերպով ամէն լեզու միավանկային վիճակէ բազմավանկայինի կ՚անցնի. եւ գիտական մեծ սխալ մ՚է կարծելն որ լեզուներն յառաջագոյն զարգացեալ վիճակ մ՚ունէին եւ հետզհետէ դէպ անկում են դիմած: Չենք խօսիր այն եղկելի էակաց վրայ, որոնք դեռ կը հաւատան թէ լեզուներն, տառերն եւ գառերն Սաբեկայ ծառէն կը կախէ Աստուած… (էջ 21):

ԼՈՅՍ, ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ.- Որքա՜ն մարդիկ որոնք լոյս կը քարոզեն եւ դեռ խաւարի մէջ են իրենք: Պէտք է որ լուսաւորիչ մը նախ ինք ըլլայ լուսաւորուած, ո՛չ փայտակոյտներու եւ մատենադարանաց հրդեհներու, այլ գիտութեան անաղօտ լուսովն լուսաւորուած ըլլայ (էջ 22):

ԾԻԱԾԱՆ.- Ս. Գիրքն կը պատմէ, թէ ջրհեղեղէն ետեւ մարդոց հետ հաշտութեան ի նշան Աստուած ծիրանի գօտին մէջքէն հանեց եւ օդին մէջ տարածեց: Ուստի ամէն անգամ որ ծիածան տեսնենք, պէտք է որ ըսենք, յիշելով Ս. Գիրքն. «Աստուած դարձեալ տրտմած էր մարդկութեան դէմ. ահա կը հաշտուի նորէն»:

Մերթ ծիրանի գօտին պատերազմի դաշտին վրայ ալ կ՚երեւայ, ուր որդիք մարդկան՝ իրար կը յօշոտեն իբր գազան… Այն ատեն արդեօք ինչի՞ նշան է ծիածանն… դարձեա՞լ հաշտութեան նշան… (էջ 23):

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ.- Ինչպէս հագուստն, տունն ալ ամէն դարու մէջ մարդկային ազգին զգացմանց եւ գաղափարաց տեսանելի եւ շօշափելի մէկ պատկերն է: Քարն եւ փայտն իբր գիր կը ծառայէին, անմահ Կիւդդէնպէրկի գիւտէն առաջ: Կարդացէք Նօդր-տամ-տը-Բարիին հրաշալի էջերն ճարտարապետութեան եւ տպագրութեան վրայ:

Երջանկայիշատակ Նիկողոս Պալեան Հայ ազգին առաջին ճարտարապետն եղած է. ճարտարապետ նաեւ, կը հաւաստէ «երի՜ցս ողբացեալ Ռուսինեան» ազգային սահմանդրութեան անխախուտ շէնքին (էջ 31):

ՄԱՍԻՍ.- Հայաստանի ամենէն բարձր եւ նուիրական լեռն, որու կատարին վրայ, կ՚ըսէ առասպելն, դադար առաւ Նոյեան տապանն: Դրախտն ալ Հայաստանի մէջ տնկեց Աստուած, ըստ առասպելին: Հարկ չէ ըսել որ ժողովրդոց երեւակայութեան անդրանիկ ծնունդն, այդ առասպել կոչուած բոյսն՝ ամէն երկրի մէջ ծլած եւ յաւէտ կամ նուազ տարբերութեամբ նոյն պտուղն արտաբերած է:

Թողունք, Հայեր, անցեալն ու առասպելն, եւ հետեւինք ճշմարտութեան: Արդ, ճշմարտութիւնն այն է թէ մեր հայրենեաց ոչ միայն մէկ մասն, այլ Արարատ աշխարհ կրնայ բոլոր դրախտի փոխարկուիլ, եթէ կամենանք ազգովին: Զի կամենալն է կարենալ. Vouloir c’est pouvoir (էջ 32-33):

ՉԷԶՈՔ.- Անգղիերէն անուններն արական, իգական կամ չէզոք են: Պէտք է՜ր որ չէզոք Անգղիան չէզոք սեռ ալ ունենար իր լեզուին մէջ (էջ 41):

ՋՐՀԵՂԵՂ.- Երկրագնտիս յեղափոխութեանց եւ կերպարանափոխութեանց մէջ աւագ դեր խաղացած է ջուրն. այլ ամենէն մեծ ջրհեղեղն այն չէ զոր Մովսէս կը յիշատակէ: 

Մենք ի նոցանէ ենք, որոց համար Աստուածաշունչն արդարեւ գրական եւ բանաստեղծական գանձ մ՚եւ ընդհանուր պատմութեան համար թանկագիրն վկայարան մ՚է: Այլ երբեք գիտական խնդրոց համար Սուրբ Գիրքին չենք դիմեր, ոչ իսկ Անսիգլօբէտիին, այլ գիտութեան նորագոյն հրատարակութեանց. դեռ անցեալ օր գրուած գիրք մը կը բանանք, եւ ոչ անցեալ ժամանակաց յիշատակարաններն (էջ 43):

ՍԷՐ.- Սէրն երեք գիրով կը կապուի, այլ սիրահարներն յաճախ շղթայով կը կապուին, աւա՜ղ… (էջ 46):

ՍՈՒՐԲ.- Մեր բառարանին մէջ չը կայ (էջ 46):

ՐՈՊԷ.- «Բասգալի մը կամ Նեւտոնի մը կենաց քանի մը րոպէներն աւելի թանկագին են քան ամբոխին բոլոր կեանքն»: Այլ Բասգալ մը կամ Նեւտոն մ՚առանց ամբոխին չեն կրնար ծնիլ (էջ 48):

ՑԱՒ.- Իմ ցաւս… այն է թէ ազգասիրական եռանդն օր ըստ օրէ կը մարի մեր մեծատանց սրտին մէջ: Իմ ամենամեծ ցաւս… այն է թէ ծնած իսկ չէ դեռ այդ ոգին իրենց պայազատաց սրտին մէջ.- բաց ի պատուաւոր բացառութեանց, որոց առաջինն է գուցէ Գաբրիէլ Էֆէնտի Նորատունկեան, Ատենապետ Արարատեան Ընկերութեան (էջ 49):

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ.- Պէտք է որ փիլիսոփայութիւնն գիտական ըլլայ, եւ գիտութիւնն փիլիսոփայական (էջ 49):

ՕԴ.- «Անտեսանլեի եւ անշօշափելի բան մ՚»: Ուրեմն հոգի՞ է: Այո՛. կեանքն անհնար է առանց օդի: Օդահան գործեօք պարպէ տեղւոյ մ՚օդն, եւ այդ դատարկ տեղւոյն մէջ անասուն մը ձգէ: Աչօք պիտի տեսնես, յայնժամ, եւ ձեռօք պիտի շօշափես՝ այն «անտեսանելի եւ անշօշափելի բանն» ի՜նչ զօրութիւն ունի…: Եւ իրաւուքն պիտի տա՜ս նախնեաց որք կը պաշտէին օդն, ինչպէս հողն, եւ ջուրն, եւ հուրն… (էջ 52):

ՖԷՆԸԼՕՆ.- Մանկավարժութեան Այբուբենին անտեղեալ ուսուցիչներ, -աւա՜ղ, յոյժ բազմաթիւ այս անտարբեր անուսումնասէր ազգին մէջ…-, ընթերցարանէն յետոյ՝ թարգմանութեան համար՝ Ֆէնըլօնի Les aventures de Télémaque, Արկածք Տելեմաքայն կը տան ուսանողաց, որոնք դեռ ոչ քերականութիւն են ուսած, ոչ գրականութիւն, ոչ պատմութիւն, ոչ աշխարհագրութիւն, ոչ դիացաբանութիւն:

Մտնենք գաղղիերէն լեզուի դասարան մ՚ եւ փոքրիկ հարցաքննութիւն մը կատարենք. «Ի՞նչ կ՚ուսանիս, պատանի.- Տելեմաք կը թարգամնեմ: Ո՞վ է Կալիբսօ. Չը գիտեմ: Ոդիսեւս ո՞վ էր. Չը գիտեմ: Ի՞նչ կ՚իմանաս անմահութիւն ըսելով. Չը գիտեմ: Կրնայի՞ր յաւէրժահարս մ՚ինձ նկարագրել. Չը գիտեմ: Ո՞ւր է Իգակէն, Փիւնիկէն, Տիւրոս, Եգիպտոս. Չը գիտեմ…: Ապրի՜ս. կամ մանաւանդ ուսուցիչդ ապրի՜… բայց դպրոցէն դուրս: Լայն է աշխարհն, եւ գործունէութեան ասպարէզն անսահման…»:

Ֆէնըլօն, աննման մարդ, աննման ալ մատենագիր է: Վերոյիշեալ Արկածք Տելեմաքայն գաղղիական մատենագրութեան հրաշակերտաց մին ըլլալէ զատ, ամենաբարձր արժանիք մ՚ալ ունի մեր աչաց. այդ անմա՜հ գիրքն՝ ընդ քօղով դատաքննութիւն եւ դատապարտութիւնն է Լուդովիկեայ Չորեքտասաներորդի կառավարութեան. այն մեծ Լուդովիկոսին, որ հոմանուհւոյ մ՚էր յանձնած իւր մարմին, եւ Յիսուսեանի մ՚իւր հոգին… (էջ 52-53):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 5 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2025