ՎԱԽՆ ՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

Վախը՝ անծանօթին նկատմամբ, սոսկալի յուշերու, ձախողութեան հաւանականութեան եւ առանձին մնալու մտահոգութեան ծնունդն է։ Ան մարդուն ամենէն հիմնարար զգացումներէն մէկն է, զոր կը փորձենք չէզոքացնել՝ կարգ ու կանոնի, վարժութեան եւ ծանօթ միջավայրի մէջ կաշկանդուելով։ Սակայն այս կայունութիւնը ընդամէնը պատրանք մըն է։ Աշխարհը կը շարժի, ժամանակը կ՚անցնի եւ ամէն բան կը փոխուի։ Փոփոխութիւնը անխուսափելի է։ Անկախ մեր նախընտրութիւններէն՝ ամէն օր մեր մարմինը, մեր մտքերը եւ մեր շրջապատը կը փոխուին։

Մարդկային կեանքի անբաժանելի մէկ մասն է վախը։ Ան միշտ հոն է՝ խաւարը նշմարող մեր աչքերուն ետին, ապագայի անորոշութեան մէջ եւ ոչ մէկը ի զօրու է անցնող ժամանակին առջեւ դիմանալու։ Բայց երբ կը խօսինք փոփոխութեան մասին, վախը կը վերածուի անհանգստութեան եւ երբեմն ալ անդամալուծող ուժի։ Փոփոխութիւնը ինքնին բնական է, բայց անոր դիմաց մեր արձագանգը՝ վախով, դիմադրութեամբ կամ ընդունումով, կը ձեւաւորէ մեր ապագան։

Ինչպէ՛ս վախը կը ներգործէ անհատի եւ ընկերութեան վրայ, երբ դէմ յանդիման կու գայ փոփոխութեան։ Ինչպէ՛ս կարելի է այդ վախը վերածել շարժիչ ուժի, փոխանակ անոր գերին դառնալու։

Վախը բնազդային է՝ ան անցեալի փորձառութիւններէ եւ ծինային ժառանգութիւններէ բխող զգացական ու հոգեբանական հակազդեցութիւն մըն է։ Երբ մարդը անծանօթ վիճակի մը կը դիմագրաւէ՝ անոր ուղեղը «պայքարիլ կամ փախչիլ» մեքենականութիւնը կը գործածէ։ Այս մէկը օգտակար է իրական վտանգի պարագային, բայց շատ անգամ, յատկապէս փոփոխութեան դէմ, ան կը դառնայ անտեղի արգելք։

Բայց ինչո՞ւ կը վախնանք փոփոխութենէն։ Որովհետեւ ան մեզ դուրս կը բերէ մեր հաւասարակշռութենէն։ Ան մեզ կը ստիպէ նոր իրավիճակներու դիմաց կանգնելու՝ առանց նախապէս գիտնալու, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք։ Այս անորոշութիւնը՝ վախ կը ստեղծէ։ Մենք կը նախընտրենք մնալ ծանօթ ցաւի մը մէջ, քան թեւակոխել դէպի անծանօթ առողջութիւն։ Սակայն եթէ վախին մէջ մնանք, կեանքն ալ կը կանգնի։ Մարդը պէտք է քալէ՝ նոյնիսկ երբ ճամբան մշուշոտ է։

Անձնական կեանքի մէջ, օրինակ, աշխատանք փոխելու, երկիր մը թողելու կամ նոյնիսկ կարծիք մը արտայայտելու վախը կրնայ ծնիլ անհասցէ վտանգի զգացումէ։ Ընկերային մակարդակի վրայ, ժողովուրդներ յաճախ կը վախնան նոր մշակոյթներէ, արհեստագիտութենէ կամ նոր արժէքային համակարգերէ, որոնք կը սպառնան իրենց հաստատուած ինքնութեան։

Աշխարհը կը փոխուի՝ ըլլայ մեր կամքին հակառակ։ Թեքնոլոժի, կլիմայական փոփոխութիւն, գաղթ, տնտեսական անհաւասարութիւններ, քաղաքական վերիվայրումներ… Բոլորը կը պարտադրեն փոփոխութիւն։ Մենք կրնանք կա՛մ դիմադրել, կամ ալ սորվելով այդ ալիքներուն հետ շարժիլ։ Հակադրութիւնը յաճախ կը բարդացնէ անցումը՝ խորացնելով բաժանումները, վախերը եւ բեւեռացումները։

Երբ վախը կը տիրէ, մարդը կը դիմէ ծանօթին, նոյնիսկ եթէ ան վնասակար է։ Այս պատճառն է, որ յաճախ հին համակարգեր, անարդար կանոնակարգեր կամ անցողիկ ինքնութիւններ կը վերակենդանանան՝ իբրեւ անվտանգութեան պատրանք։ Բայց այս պատրանքը երկար չի տեւեր։ Աշխարհը կը մղէ մեզ յառաջ եւ մենք պէտք է ընտրենք՝ ճզմուի՞լ, թէ աճումին գիրկ բանալ։

Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի վերաճիլ մեր վախերէն։ Առաջինը՝ ճանաչումն է։ Երբ մարդ կրնայ «բանաւորել» իր վախը, այդ մէկը կը նուազի։ Երկրորդը՝ կրթութիւնն ու տեղեկատուութիւնն է։ Բան մը, որ ճանչցուած է, աւելի դիւրին կը դառնայ զայն վերահսկել։ Երրորդը՝ համերաշխութիւնն է. երբ մարդ առանձին չէ իր վախին մէջ, ան աւելի քիչ կը զգայ «հակառակ» ըլլալու ճնշումը։

Անձնական առումով՝ վախը կրնայ վերածուիլ շարժիչ ուժի, երբ մարդ զայն կը վերացնէ իբրեւ մարտահրաւէր։ Շատ յաջող մարդիկ իրենց ամենամեծ յաջողութիւնները արձանագրած են ճիշդ այն պահուն, երբ վախցած են՝ բայց յառաջացած։

Վախն ու փոփոխութիւնը կապուած են իրարու։ Անոնք զիրար կը սնեն, բայց նաեւ զիրար կրնան փոխակերպել։ Վախը չէր կարենար արմատաւորուիլ, եթէ փոփոխութիւնը չըլլար։ Բայց փոխադարձաբար, փոփոխութիւնը չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ մենք մեր վախերը չճանչնանք, չընդունինք եւ չսորվինք զանոնք ուժի վերածել։

Վախը կարելի է վերածել ուժի՝ եթէ ընդունինք զայն որպէս ազդակ՝ շարժելու, հարցնելու, ուսումնասիրելու եւ ստեղծելու։ Ամէն մեծ գիւտ, արուեստի գործ կամ մարդկային յառաջխաղաց ծնած է այն պահերուն, երբ մէկը չվախցաւ փոփոխութենէն, այլ ընդհակառակը՝ ընդառաջեց զայն։

Այսօրուան խառնաշփոթ աշխարհին մէջ, մեր բոլորն ալ՝ անհատական, ընկերային թէ ազգային մակարդակով, կը գտնուինք ընտրութեան առջեւ. կառչի՛լ ծանօթին եւ կամաց մարել կամ դիմագրաւել վախը, փոխուիլ եւ վերածնիլ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 8, 2025