ՃՈՐՃԻՕ ԱՐՄԱՆԻ. ՀՐԱԺԵՇՏ՝ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ԱՐՔՈՒՆԻՔԻ ԻՇԽԱՆԻՆ
Աշխարհի նորաձեւութեան պատմութեան գիրքին մէջ ոսկետառով գրուած է Ճորճիօ Արմանիի անունը, սակայն, այսօր բոլորը սեւ գոյնով երիզած են անոր նկարը եւ հրաժեշտ կու տան նորաձեւութեան արքային։
Ճորճիօ Արմանի՝ իտալացի մեծ վարպետը, որ իր խոհուն ու նրբաճաշակ ոճով թելադրեց 20-րդ դարավերջի ու 21-րդ դարասկիզբի զգեստաւորման գեղագիտութիւնը, մահացաւ 91 տարեկանին՝ Միլանոյի իր տունին մէջ՝ շրջապատուած սիրով, հարազատներով․․․
Արմանիի անունը վաղուց անցած է պարզ ձեւագէտի սահմաններէն․ ան դարձաւ մշակոյթի, ոճի եւ ինքնութեան խորհրդանիշ մը։ Իր ստեղծած հագուստը չի սահմանափակուիր նորաձեւութեան բեմերով կամ կարմիր գորգի վայրկենական փայլով․ ան կրցաւ կերտել համեստ առօրեայի եւ փառահեղ հանդիսութեան անթաքոյց ներդաշնակութիւնը։
ՆՐԲՈՒԹԵԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
Արմանիի «պարզութեան արուեստը»՝ (մաքուր գիծեր, պարզ գունային համադրութիւններ, ազատ շեշտուած ձեւեր), դարձաւ նորաձեւութեան դպրոց։ Ան բացաւ այն դուռը, որուն ետին հագուստը այլեւս չէր պարտադրեր, այլ կը խոստովանէր։ Իր մատուցած տարազները թօթափեցին կարծրատիպերու խստութիւնը եւ ներարկեցին շարժման ազատութիւն, թեթեւութիւն, բայց նաեւ՝ անբեկանելի արժանապատուութիւն։ Թեթեւ, առանց աստառի բաճկոնները, նուազագոյն գոյներով պարզ տաբատները ան համարձակօրէն մտցուց նորաձեւութիւն եւ ատոնք դարձան յաջողակ տղամարդոց պարտադիր յատկանիշ։ Իսկ կիներու համար ան ստեղծեց «power suit»ը՝ ուսերուն վրայ բարձիկներով բաճկոնը՝ տաբատին հետ, որ կը մարմնաւորէ ութսունականներու գործարար կիներուն խորհրդանիշը։
Հոլիվուտի յիշատակելի պահերու մէկ մասը կապուած է Արմանիի անունին։ «Ամերիկեան պնակալէզ» նշանաւոր շարժանկարին մէջ Ռիչըրտ Կիրի կերպարով սկսած, մինչեւ «Օսքար»ի բեմին վրայ շքեղութեամբ փայլող տասնեակ դերասանուհիներ ու դերասաններ՝ բոլորը վկայած են, որ Արմանիի հագուստը ինքնին պատմութիւն է։
«Ամերիկեան պնակալէզ»ի մէջ Ռիչըրտ Կիրի անոր ձեւած տարազը յետոյ աւելի քանի 200 շարժանկարի մէջ երեւցած է։
ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՏԵՍԻԼՔ
Ճորճիօ Արմանի հիմնեց իր ընկերութիւնը 1975 թուականին։ Յաջորդ յիսուն տարուան ընթացքին ան կը պահպանէր ընկերութիւնը անկախ կարգավիճակով՝ խուսափելով մեծ ընկերութիւններու թելադրանքէն։
«Ֆորպզ» ը նորաձեւութեան արքային կարողութիւնը անոր մահուան պահուն կը գնահատէր աւելի քան 10 միլիառ տոլար։ Անոր գործարար աշխարհը միայն հագուստով, լրացում-իրերով, օծանելիքներով եւ շպարի գեղադեղերով չէր սահմանաբակուած․ ան ընդարձակուեցաւ նաեւ դէպի ճաշարաններ ու գիշերային ակումբներ, շքեղ պանդոկներ, ներքին յարդարում եւ նոյնիսկ մարզանք՝ բոլոր այս ոլորտներուն մէջ ներդնելով գումար եւ յաջողելով։
Նորաձեւութիւնը իրեն համար միայն արուեստ չէր․ զայն հաւասարապէս տեսիլք էր, կարգապահութիւն եւ տնտեսագիտական ճշգրտութիւն։ Այս համադրութեամբ Արմանիի ստեղծած տունը վերածուեցաւ համաշխարհային կայսրութեան մը՝ որուն անունը այսօր կ՚արտասանուի նոյն վստահութեամբ, ինչպէս «Տիոր»ի կամ «Շանէլ»ի։
ՄԱՐԴԸ՝ ԳՈՐԾԷՆ ԱՆԴԻՆ
«Արմանի»ի աշխատակիցները կը վկայեն, թէ Արմանի չէր ապրեր միայն բարձրաշխարհիկ բեմերու փայլին մէջ։ Ան մօտ էր իր խումբին, կը բաժնէր առօրեայ հոգերը, պարզ հանդիպումներուն ժամանակ կը յատկացնէր։ Ձեւագէտ մըն էր, որ համոզուած էր, թէ ոճը միայն զգեստ չէ, այլ՝ վերաբերմունք կեանքի հանդէպ։
ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ
Ճորճիօ Արմանիի մահը մեծ դատարկութիւն ձգեց նորաձեւութեան տիեզերքին մէջ։ Բայց անոր ժառանգութիւնը պիտի շարունակէ ապրիլ՝ իբրեւ մշտագոյն դաս, որ կը սորվեցնէ, թէ իսկական գեղեցկութիւնը պարզութեան ու ազնուութեան մէջ է։ Արմանիի շնորհիւ ամբողջ սերունդ մը սորվեցաւ, որ կարելի է ըլլալ փառահեղ՝ առանց գերբռնութեան եւ կարելի է ըլլալ նրբաճաշակ՝ առանց ցուցադրական շքեղութեան։
Այսօր աշխարհը կ՚ուղարկէ իր վերջին ողջոյնը մեծ վարպետին։ Իսկ պատմութիւնը, որուն մէջ ան արդէն կը բնակի՝ արդարօրէն պիտի արձանագրէ, թէ Ճորճիօ Արմանի ձեւագէտ մըն էր, բայց աւելի շատ՝ ոճի վիպասան, որուն ձեռքին տակ թուղթը փոխարինուած էր կտորով, իսկ գիրերը՝ գիծով։
ԼՌՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱՅԵԼՉՈՒԹԵԱՆ ԱՍՊԵՏԸ
Ճորճիօ Արմանիի անձնական կեանքը, ի տարբերութիւն անոր հանրայայտ եւ բացառիկ գործունէութեան, միշտ փակ ու չափաւոր մնացած է։ Ան հազուադէպ խօսած է սեփական հարցերուն մասին, իսկ լրագրողները եւ կենսագիրները դժուարութիւն ունեցած են այս նուրբ ոլորտին մօտենալու ժամանակ։ Արմանի լռակեաց էր․ անձնական կեանքը միշտ ծածկուած մնաց նրբակերտ գաղտնավարագոյրով մը, որուն ետին թաքնուած էր ոչ պակաս հմայիչ, բայց խիստ ամփոփ աշխարհ մը։
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ, ԸՆՏԱՆԻՔ ԵՒ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
1934 թուականի յուլիսի տաք օրերէն մէկուն, Իտալիոյ Պիաչենցայի մէջ, միջին խաւի ազնիւ ընտանիքի մը մէջ ծնաւ Ճորճիօ Արմանի։ Հայրը՝ Իւկօ Արմանի, պարկեշտ հաշուակալ մըն էր, մայրը՝ Մարիա Ռայմոնտի, նուիրեալ տնային տնտեսուհի։ Երեք զաւակներէն մէկը եղաւ ան․ մեծ եղբօր՝ Սերճիոյի եւ փոքր քրոջ՝ Ռոզաննայի կողքին։
Անոր մանկութիւնը համընկնեցաւ Իտալիոյ մէջ ֆաշականութեան վերջին տարիներուն եւ Երկրորդ աշխարհամարտի ծանր կացութեան։ Բանտարկութեան տարիներ, սով, աղքատութիւն, վտանգի մշտական զգացում․ այս բոլորը խոր հետք ձգեցին անոր, ինչպէս նաեւ՝ իր սերնդակիցներու վրայ։ Մանկական աշխարհին մէջ ցնցող այդ փորձառութիւնները յառաջացուցին սակաւապետ եւ գործնական մտածողութիւն մը՝ հեռու ճոխութենէ, բայց լեցուն նրբաճաշակ զգայնութեամբ։ Այդ տարիներուն ծնունդ առաւ այն գեղագիտական աշխարհընկալումը, որ պիտի կերտէր Արմանիի ապագայ նորաձեւութիւնը՝ պարզագոյն եւ միշտ համեստ վայելչութեամբ։
Սկիզբը Արմանին բժշկութիւն կ՚ուսանէր Միլանոյի համալսարանը, սակայն, զինուորական ծառայութենէն յետոյ որոշեց այլ ճանապարհ ընտրել։ Այս որոշումը պատահական չէր․ անոր բժշկական կրթութիւնը, կարգապահութիւնը եւ մանրուքներու հանդէպ ուշադրութիւնը յետոյ արտացոլացին ստեղծած հագուստներու անթերի կրճատուած ու ճշգրիտ կտրուածքներու մէջ։
Արմանի երբեք չամուսնացաւ եւ զաւակ չունեցաւ։ Իր սեռական կողմնորոշման շուրջ երկար տարիներ միայն ենթադրութիւններ շրջանառուեցան, քանի որ ինք հազուադէպ խօսեցաւ այդ մասին։ Քչախօսը իր առաւել սիրելի դիմակն էր։
Այնուամենայնիւ, վստահելի վկայութիւններ կ՚արձանագրեն, որ ան իր կեանքի ամենաուժեղ կապը ունեցած է ճարտարապետ Սերճիօ Քալէոտիի հետ։ Անոնք հանդիպեցան 1970-ականներու սկիզբը, այդ պահէն սկսեալ Սերճիօ Քալէոտի անոր կողքին եղած էր իբրեւ սիրոյ եւ գործի ուղեկից։ Քալէոտին ո՛չ միայն Արմանիի սիրտը գրաւեց, այլեւ որոշիչ դեր խաղաց Արմանի ընկերութեան ծնունդին ու վերելքին մէջ։ Անոնց յարաբերութիւնը սակաւածանօթ էր, բայց ամուր ու խորունկ՝ հիմնուած վստահութեան եւ ստեղծագործական տեսլականի վրայ։
Կեանքի աւելի ուշ փուլերուն Արմանի սիրոյ մասին կը խօսէր կիսաքարոզչական պարզութեամբ․
«Կայ սէր մը, որ սեռական յարաբերութեամբ չէ, այլ կը վերածուի բարեկամութեան ու հաւատարմութեան»։
Այս խոստովանութիւնը լոյս կը սփռէր այն մթագնած տարածքին, ուր ան պահած էր իր անձնական զգացումները՝ պատշաճութեան եւ խորին արժանապատուութեան զգացումներ սփռելով։
1985 թուականին Քալէոտիի վաղաժամ մահը եղաւ Արմանիի կեանքի ամենախոր ցնցումը։ Իր մերձաւորները կը վկայեն, որ ան երկար տարիներ վիշտի մէջ ապրեցաւ, թէեւ հրապարակաւ քիչ արտայայտուեցաւ։ Այդ կորուստէն ետք ամբողջովին նուիրուեցաւ աշխատանքի։ Արմանիի աշխարհը վերածուեցաւ ապաստանի մը, ուր ցաւը կը վերածուէր ստեղծագործական ուժի։
Տասնամեակներ անց, իր վերջին հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ հանգիստ, բայց դառն անկեղծութեամբ խոստովանեցաւ․
«Իմ կեանքի միակ զղջումը այն է, որ չափազանց շատ աշխատեցայ եւ քիչ ժամանակ անցուցի իմ բարեկամներուս ու ընտանիքիս հետ»։
Արմանի չունէր զաւակներ, սակայն, միշտ սերտ կապեր պահպանեց իր ընտանիքին հետ։ Քոյրը՝ Ռոզաննան, երկար տարիներ կարեւոր դեր ստանձնեց «Արմանի» ընկերութեան մէջ։ Անոր եղբօրորդիները եւ մօտ ազգականները դարձան ապրանքանիշին առանցքային դէմքերը։
Մասնաւորաբար նշելի է Լէօ Տելլ՚Օրկոյի դերը, որ ընկերութեան միացաւ տակաւին 1977 թուականին եւ երկար տարիներ ստեղծագործական կառավարման կեդրոնական դէմքերէն էր։ Բազմիցս ենթադրուեցաւ, թէ ան պիտի ըլլայ Արմանիի ժառանգորդը՝ թէ՛ գործնական, թէ՛ խորհրդանշական իմաստով։
ՄԵՆՈՒԹԻՒՆ
Արմանիի անձնական կեանքը յատկանշուած էր լուռ մենութեամբ։ Ան յաճախ ժամեր կ՚անցընէր միայնակ՝ իր բնակարանին կամ հանգստավայրերուն մէջ։ Երբեք չներգրաւուեցաւ վատահամբաւ արարքներու, գայթակղութեան եւ նախատինքի մէջ, հեռու մնաց դեղին մամուլէն եւ կրնկակոխ լրագրողներէ։
Իր լռութիւնը եւ իր հեռաւորութիւնը գնահատուեցան ո՛չ թէ տկարութիւն, այլ՝ ուժ։
«Ստեղծագործելու համար սիրտը պէտք է ազատ ըլլայ։ Մինակութիւնը երբեմն ցաւ է, բայց նաեւ՝ ազատութիւն», կը շեշտէր ան։
ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐ
Արմանի իր ամբողջ կեանքի ընթացքին նորաձեւութենէ զատ նոյնպէս ունեցաւ ուրիշ նուիրումներ, որոնք հիմնականը արժէքներու պաշտպանութեան ուղղուած էին։ Տարիներ շարունակ բուսակեր եղաւ եւ խստօրէն մերժեց կենդանական մուշտակին օգտագործումը։ Անդադար կը քննադատէր «fast fashion»ը՝ արագ նորաձեւութիւնը, այն համոզումով, որ հագուստը պէտք է մնայ յարատեւ եւ ոգի փոխանցէ, ոչ թէ սպառուի եղանակային քմահաճոյքի մը պէս։ Անոր փիլիսոփայութիւնը՝ «Վայելչութիւնը նկատուելու համար չէ, այլ՝ յիշուելու» դարձաւ նորաձեւութեան բանաձեւ եւ կեանքի ճշմարիտ խօսք։ 2007 թուականին ան արգիլեց խիստ նիհար բնորդուհիներու աշխատանքի արտօնութիւնը՝ խուսափելով երիտասարդուհիներու առողջութեան վտանգէն։
Աշխատեցաւ գրեթէ ամէն օր՝ նոյնիսկ իր ութսուն ու իննսուն ամեայ տարիներուն։
Վերջին տարիները Ճորճիօ Արմանի անցուց առանձնատան մէջ՝ շրջապատուած ամենամօտիկ մարդոցմով։ Ան զաւակ չձգեց, բայց ապահովեց ընկերութեան ապագան․ ստեղծեց կառավարման խորհուրդ մը, որ պիտի շարունակէ «Armani Group»ի անկախութիւնը եւ անխախտ ուղին։
Ամենէն մօտիկ մարդիկ այսօր կը միաւորուին պահպանելու համար անոր ժառանգութիւնը։ Արմանի նախընտրեց ընտանիք մը կազմել ո՛չ թէ արիւնի կապով, այլ՝ հոգիի բարեկամութեամբ։
Կը տեսնենք, որ Ճորճիօ Արմանիի անձնական կեանքը նոյնքան նրբակերտ ու զուսպ էր, որքան է իր տարազները։
Իր պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ երբեմն իսկական մեծութիւնները չեն ապրիր աղմկոտ, այլ կը խօսին լռութեամբ․ լռութիւն, որ կը դառնայ ոճ. ոճ մը, որ կը մնայ յաւէտ։
ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ ԵՒ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Այս տարի անոր բացակայութիւնը Միլանոյի նորաձեւութեան ցուցադրութենէն, ակնառու էր եւ արտառոց՝ անոր յիսունէ աւելի մասնագիտական կենսագրութեան մեջ։ Առաջին անգամ բացակայութիւնը արտացոլեց անոր առողջական խնդիրներուն խորութիւնը։ Նորաձեւութեան վարպետի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կազմակերպուած է՝ յարգելով անոր կենսագրութեան ու ստեղծագործական ժառանգութեան կարեւորութիւնը։
Վերջին փափաքին համաձայն՝ սեպտեմբերի 7-ին եւ 8-ին կազմակերպուած է հոգեւոր կարգ, հրաժեշտ, յուղարկաւորութեան փակ, միայն ամենամտերիմներու մասնակցութեամբ արարողութիւն՝ կրկին խուսափելով լրատուամիջոցներու լուսարձակներէն։ Այդպէս պահպանուեցաւ Արմանիի բնաւորութեան բնորոշ առանձնայատկութիւնը՝ զուսպ, միաժամանակ մարդասիրական յարգալից մօտեցում իր անձնական կեանքի նկատմամբ։ Նոյնքան լուռ, բայց հաստատուն կերպով Արմանիի ժառանգութիւնը պիտի շարունակէ ուղղորդել նոր սերունդներ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան