ՄԱՐԴԻԿ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅԼԵՒՍ ԱՌԱՋՈՒԱՆ ՆՄԱՆ ԳԻՐՔ ՉԵՆ ԿԱՐԴԱՐ

Վերջին տասնամեակներու ընթացքին աշխարհի չորս ծագերուն ակնյայտ կերպով նկատելի է փոփոխութիւն մը. մարդիկ այլեւս աւելի քիչ գիրք կը կարդան, կամ առնուազն չեն կարդար այն խորութեամբ ու համբերութեամբ՝ ինչպէս կը կարդային անցեալին։ Այս երեւոյթի պատճառը բազմաշերտ է եւ կապուած է թէ՛ թեքնոլոժիք, թէ՛ ընկերային եւ թէ հոգեբանական փոփոխութիւններու հետ։

Թէեւ երբեմն կը թուի, թէ մարդիկ կը կարդան աւելի շատ, որովհետեւ ամէն օր շփման մէջ են թեքստերու հետ՝ հաղորդագրութիւններ, լուրեր, գրառումներ, սակայն այս բոլորը չեն փոխարիներ այն խոր ու շարունակական ընթերցումը, զոր գիրքը կը պահանջէ։ Այս երեւոյթը պարզ կամ պատահական չէ․ սա արդիւնքն է ժամանակակից աշխարհի բազմաթիւ փոխակերպումներուն, որոնք փոխած են մարդուն մտածելակերպը, ուշադրութիւնը եւ մշակոյթի հետ ունեցած յարաբերութիւնը։

Ժամանակի սղութիւնը եւս կարեւոր գործօն մըն է։ Ժամանակակից կեանքը յաճախ կը պարտադրէ արագութիւն եւ արտադրողականութիւն։ Աշխատանքը, ուսումը եւ կենցաղային հոգերը կը լեցնեն մարդուն օրը, իսկ ազատ ժամանակը կը բաժնուի մանր կտորներու։ Այս կարճ պահերուն մէջ գիրք կարդալը դժուար կը դառնայ, որովհետեւ գիրքը կը պահանջէ շարունակականութիւն։ Շատեր կը զգան, թէ եթէ ամբողջ ժամ մը չունին, չ՚արժեր գիրք բանալ, մինչդեռ հեռաձայնով արագ բովանդակութիւն սպառելը շատ աւելի դիւրին է։

Առաջին եւ ամենէն տեսանելի պատճառը թուային աշխարհի արագ ընդլայնումն է։ Խելացի հեռաձայննները, համակարգիչները եւ անոնցմով հասանելի անվերջանալի բովանդակութիւնը մարդուն ուշադրութիւնը կը մասնատեն։ Ընկերային ցանցերը, կարճ տեսանիւթերը, արագ լուրերը եւ ակնթարթային հաղորդագրութիւնները ստեղծած են այնպիսի միջավայր մը, ուր երկար ժամանակ գործի մը վրայ կեդրոնանալը դժուարացած է։ Գիրք կարդալը, սակայն, պահանջկոտ է․ ան կը պահանջէ լռութիւն, ժամանակ եւ ներքին կեդրոնացում։ Երբ մարդը վարժուած է արագ փոփոխուող պատկերներու եւ կարճ թեքստերու, երկար վէպ մը կամ փիլիսոփայական գիրք մը կարդալը կրնայ ծանր եւ ձանձրալի թուիլ։

Երկրորդ պատճառը ժամանակի ընկալման փոփոխութիւնն է։ Ժամանակակից մարդը յաճախ կը զգայ, թէ ժամանակ չունի։ Աշխատանքային ծանր պայմաններ, երկար ժամեր, երթեւեկութեան խնդիրներ եւ ընտանեկան պարտաւորութիւններ անկասկած մարդը կը յոգնեցնեն։ Այս յոգնածութեան մէջ գիրք կարդալը շատերուն համար երկրորդական կամ նոյնիսկ անիրագործելի կը թուի։ Մարդը աւելի դիւրին կը գտնէ հեռատեսիլ դիտելը կամ հեռաձայնը ձեռքը առնելը, քան մտաւոր ճիգ պահանջող ընթերցումը։

Կրթական համակարգերուն մէջ ալ որոշ փոփոխութիւններ կը խաղան իրենց դերը։ Ընթերցանութիւնը այլեւս հաճոյքի եւ ինքնաճանաչման միջոց մը չէ, այլ՝ պարտադրուած առաջադրանք։ Երեխաները գիրքը կը կապեն քննութիւններու, գնահատականներու եւ պարտաւորութիւններու հետ։ Այսպէսով գիրքը կը կորսնցնէ իր կախարդանքը եւ կը դառնայ ճնշումի աղբիւր։ Երբ այդ երեխաները կը մեծնան, բնական է, որ հեռու կը մնան այն բանէն, որ իրենց մանուկ հասակին հաճոյք չէ պատճառած։

Բաց աստի, ժամանակակից մշակոյթը յաճախ կը փառաւորէ արագ սպառումը, մակերեսայնութիւնը եւ անմիջական հաճոյքը։ Գիրքը, ընդհակառակը, կը հրաւիրէ դանդաղութեան, մտածումի եւ ինքնամփոփման։ Ան կը ստիպէ մարդը հարցումներ ուղղել, կասկածիլ, երբեմն ալ անհանգստանալ։ Այս բոլորը միշտ ներդաշնակ չեն սպասումներուն հետ ժամանակակից մարդուն, որ յաճախ կը փնտռէ դիւրին մխիթարութիւն եւ արագ հանգստութիւն։

Ընթերցանութեան նահանջը միայն արտաքին պատճառներով չի բացատրուիր։ Նաեւ ներքին փոփոխութիւններ կան մարդու մէջ։ Ժամանակակից մարդը յաճախ կը խուսափի լռութենէն եւ առանձնութենէն։ Գիրք կարդալը, իր էութեամբ, առանձնանալու ձեւ մըն է՝ դրական իմաստով։ Ան մարդը կը դնէ իր մտքերուն եւ զգացումներուն դէմ յանդիման։ Շատեր այս վիճակը անհանգստացնող կը գտնեն եւ կը նախընտրեն աղմուկը, որպէսզի չլսեն իրենց ներքին ձայնը։

Այնուամենայնիւ, պէտք չէ կարծել, թէ գիրքը ամբողջովին իր տեղը կորսնցուցած է։ Կան մարդիկ, որոնք կը շարունակեն կարդալ, կը ստեղծեն գրքասէր համայնքներ, գրական ակումբներ եւ նոր ձեւեր կը գտնեն ընթերցանութիւնը կենդանի պահելու համար։ Սակայն, որպէսզի գիրքը դարձեալ լայն տարածում ստանայ, անհրաժեշտ է մշակութային վերաբերմունքի փոփոխութիւն։ Գիրքը պէտք է ներկայացուի ո՛չ թէ որպէս պարտք, այլ որպէս հանդիպում՝ ուրիշ մտքի, ուրիշ աշխարհի եւ երբեմն ալ սեփական ներաշխարհին հետ։

Հուսկ, կարելի է ըսել, որ մարդիկ այսօր քիչ կը կարդան ո՛չ թէ որովհետեւ գիրքը արժէք չունի, այլ որովհետեւ աշխարհը փոխուած է, իսկ մարդը տակաւին ամբողջովին չէ սորված այդ փոփոխութեան մէջ գիրքին տեղը վերագտնել։ Եթէ մենք կարենանք վերարժեւորել լռութիւնը, դանդաղութիւնը եւ խոր մտածումը, գիրքը դարձեալ կրնայ դառնալ մեր կեանքին բնական ու անփոխարինելի մասը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 9, 2026