ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿԷՆ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ. ԻՐ ՏՈՒՆԷՆ ԻՐԵՐ՝ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Փետրուար ամսուն կը նշուի նահատակ գրողներէն Ռուբէն Սեւակի տարեդարձը․ անգամ մը եւս խոնարհելու իր անթառամ յիշատակին առջեւ եւ վերյիշելու համար իր կեանքն ու զոհողութիւնը։ 

Այս տարեդարձը կը ստանայ առանձնայատուկ նշանակութիւն մը, երբ Սեւակի յիշատակը կը շարունակէ ապրիլ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիմնուած իր անունը կրող թանգարանի պատերէն ներս: Այդ թանգարանին մէջ են նաեւ Սիլիվրիի իրենց տունէն պահպանուած շատ մը իրեր։ 

Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան) ծնած է Սիլիվրի՝ Պոլսոյ մօտ, հայաշատ ու աշխոյժ կեանք ունեցող միջավայրի մը մէջ։ Իր նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ազգային վարժարանին մէջ, ապա երկու տարի հետեւած է Պարտիզակի Ամերիկեան երկրորդական վարժարանի դասընթացքներուն՝ բացուելով ժամանակի նոր մտաւոր հորիզոններուն։ Շուտով անցած է Պոլիս, ուր փայլուն նիշերով աւարտած է Պոլսոյ նշանաւոր Պէրպէրեան վարժարանը՝ հաստատելով իր ուսումնատենչ ոգին ու մտաւոր բացառիկ կարողութիւնները։

1905 թուականին մեկնած է Զուիցերիա, ուր համալսարանական ուսումը շարունակած է Լոզանի համալսարանէն ներս։ Այստեղ ան ո՛չ միայն խորացած է բժշկութեան գիտութեան մէջ, այլեւ ձեւաւորած է իր մարդասիրական աշխարհայեցողութիւնը՝ վկայուելով իբրեւ բժիշկ։ 1910 թուականին, Փարիզի մէջ, ամուսնացած է գերմանուհի Հելէն ֆոն Պրաամի հետ (Եաննի Ապել), որուն ծանօթացած էր իր մօտիկ ընկերոջ՝ եգիպտահայ Լեւոն Ազնաւուրեանի միջոցով։

Բժշկական վկայականը ստանալէ ետք, 1911-1914 թուականներուն աշխատած է Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն եւ դարմանատան մը մէջ՝ իբրեւ օգնական բժիշկ, ուր ձեռք բերած է մասնագիտական հարուստ փորձառութիւն։ 1912 թուականին Լոզանի մէջ ծնած է իր որդին՝ Լեւոնը, իսկ 1914 թուականին Պոլսոյ մէջ՝ դուստրը՝ Շամիրամը։ Ուսանողական տարիներէն սկսեալ, Ռուբէն Չիլինկիրեան սրտագին հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է հայրենիքի ազատութեան գաղափարին նկատմամբ՝ զայն ընկալելով ո՛չ միայն որպէս քաղաքական նպատակ, այլ որպէս բարոյական պարտաւորութիւն։ 1908-1914 թուականները եղած են բանաստեղծին ստեղծագործական ամենաբեղուն շրջանը։ Այդ տարիներուն իր բանաստեղծութիւններն ու այլ գրութիւնները լոյս տեսած են Պոլսոյ «Սուրհանդակ», «Ազդակ», «Շանթ», «Հայ գրականութիւն», «Ազատամարտ» պարբերականներուն, ինչպէս նաեւ Վենետիկի Մխիթարեաններու «Գեղունի» եւ «Բազմավէպ» հանդէսներուն եւ միւս հայագիր մամուլի էջերուն մէջ։ Գրական դաշտէն ներս ան յայտնուած է «Ռուբէն Սեւակ» ծածկանունով. անուն մը, որ ժամանակի ընթացքին պիտի դառնար ամուր ստորագրութիւն եւ ի վերջոյ՝ ճակատագիր։

1914 թուականին, կնոջ հետ վերադարձած է Պոլիս եւ հաստատուած՝ Բերա թաղամասին մէջ։ Հետեւեալ տարուան ընթացքին՝ 1915-ին, դասախօսութիւններով հանդէս եկած է հայ բժիշկներու կողմէ կազմակերպուած հիւանդապահութեան դասընթացքին՝ իր գիտելիքն ու փորձառութիւնը ծառայեցնելով հանրային կարիքներուն։ Ան երազած է Պոլսոյ մէջ բժշկական գիտահանրամատչելի պարբերական մը հիմնել՝ բժշկութիւնը մօտեցնելու համար ժողովուրդին։ Ռուբէն Սեւակ բազմաժանր ստեղծագործող մըն էր․ բազմաթիւ յօդուածներու, պատմուածքներու, հանրամատչելի զրոյցներու, քնարական խորհրդածութիւններու եւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ՝ որոնց մէջ միահիւսուած են մարդասիրութիւնը, մտաւոր խորութիւնը եւ հայրենասիրական տագնապը։

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿԻ ՏՈՒՆԸ ԵՒ ԻՐԵՐԸ

Ժամանակակիցներու վկայութեամբ, Սիլիվրիի մէջ Ասքանազեան վարժարանի կողքին, կար նաեւ Ս․ Գէորգ եկեղեցին։ 

Չիլինկիրեանները գիւղաքաղաքին հարուստ ընտանիքներէն էին։ Իրենց ունեցած աւելի քան տասը կալուածաթուղթերը տակաւին կարելի է տեսնել Յովհաննէս-Իրմա Չիլինկիրեանի յիշատակի տան մէջ, Նիս։ 

Ռուբէն Սեւակ նամակի մը մէջ կը խոստովանէր, որ եթէ բժիշկ չըլլար, ապա պիտի ուզէր զբաղիլ հողագործութեամբ։ Իր երազն էր օր մը վերադառնալ Սիլիվրի ու զբաղիլ հողագործութեամբ։ «Ամենավերջին փափաքս է օր մը կարենալ գիւղ քաշուիլ ու կեանքիս վերջին տարիները դաշտերուս ու հողերուս վրայ անցընել լռութեան ու բնութեան մէջ», կը գրէր ան 1912 թուակիր նամակի մը մէջ։

Սեւակի նահատակութենէն ետք, տունը կանգուն կը մնայ։ Հայրն ու մայրը հոն կը գտնուէին։ Հայրը կը մահանայ 1920-ականներուն, Սիլիվրիի մէջ, երբ գիւղաքաղաքը կը գտնուէր յունական բանակի գրաւման տակ։ 

Յոյները Սեւակենց տան վերնայարկը վերածած էին բանակային կեդրոնատեղիի։ 

Սեւակին հօր՝ Յովհաննէսին յուղարկաւորութիւնը կատարուած է զինուորական պատիւներով, քանի որ ան հայրն էր Օսմանեան բանակի հարիւրապետ Ռուբէն Սեւակին։ Բանաստեղծին մայրը՝ Արմաւենի Չիլինկիրեան, յունական բանակին հետ լքած է հայրենի գիւղաքաղաքը։ Մահացած է 1934 թուականին, Թեսաղոնիկէ մէջ ու թաղուած՝ տեղւոյն հայկական գերեզմանատունը։ 

«ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ՝ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՎԱՅՐ

Այդ տունէն բազմաթիւ իրեր, ազգականներու եւ բարեկամներու միջոցով պահպանուած են եւ մաս մըն ալ հասած է Հայաստան։

2013 թուականի սեպտեմբերի 10-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 18-րդ դարուն կառուցուած եւ Ղազարապատ անունով ծանօթ պատմական շէնքին մէջ, բացուած է Ռուբէն Սեւակի անունը կրող թանգարանը։

Թանգարանին մէջ այսօր մեծ խնամքով կը պահպանուին Ռուբէն Սեւակի կեանքին ու ստեղծագործական ուղիին հետ առընչուած բազմաթիւ յիշատակներ, որոնք ո՛չ միայն անձնական արժէք ունին, այլեւ կը բանան ամբողջ դարաշրջանի մը հոգեւոր ու մտաւոր կեանքը։ 

Այստեղ կարելի է տեսնել Սեւակի հօրենական տան հին ժամացոյցը՝ ժամանակի լուռ վկան, իր դպրոցական վիճակացոյցը, որ կը վկայէ վաղ տարիքէն դրսեւորուած մտաւոր խստապահանջութեան մասին, ինչպէս նաեւ իր գեղանկարները եւ հազուագիւտ լուսանկարներ, որոնք մարդկային ջերմութեամբ կը լրացնեն մեծ գրողի ու բժիշկի կերպարը։ Հոս են նաեւ կնոջ գրած եւ անկէ ստացած նամակներէն, անոնց լուսանկարները, վաւերական եւ արժէքաւոր բազմաթիւ նիւթեր։ 

Ղազարապատ անունով թանգարանի այս շէնքը տարիներու ընթացքին ենթարկուած է հիմնանորոգման՝ Ռուբէն Սեւակի եղբօրորդիին, ֆրանսահայ բարերար Յովհաննէս Չիլինկիրեանի աջակցութեամբ։ Շէնքին վերակենդանացումը եւ թանգարանի հիմնադրութիւնը ինքնին կը կրէ խորհրդանշական խորք․ անիկա ո՛չ միայն յիշատակի վայր մըն է, այլեւ խոնարհում՝ Ռուբէն Սեւակին, Գրիգոր Զօհրապին, Սիամանթոյին, Դանիէլ Վարուժանին, Կոմիտասին եւ մեր միւս մեծերուն։ 

Ռուբէն Սեւակի անձնական իրերէն զատ հոս կը գտնենք նաեւ հայ արուեստի արժէքաւոր գործեր եւ արեւմտահայ նկարիչներու հաւաքածոներ։ Առանձնակի բաժին մը կը կազմեն նաեւ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի կողմէ Մայր Աթոռին նուիրաբերուած մօտաւորապէս 200 բացառիկ ու բարձրարժէք կտաւները, որոնք թանգարանը կը վերածեն կենդանի մշակութային կեդրոնի մը՝ անցեալը ներկային ու ապագային կապող։

Ռուբէն Սեւակի ձեռագիրներուն մէջ նկատելի է, որ ան, թէեւ իբրեւ բանաստեղծ ճանչցուած է, սակայն, մեծ սէր ունեցած է նաեւ արձակի հանդէպ։ Զատ գիրքով տպուած եւ նաեւ մամուլի էջերուն մէջ ցրուած անոր արձակ գործերը նոյնպէս այդ կը վկայեն։ 

Այդ գրութիւններէն է «Լալիք զաւեշտը»։ Այս գործը Ռուբէն Սեւակի ամենէն սուր, ամենէն ցնցիչ եւ ամենէն արդիական արձակ էջերէն մին է։ 

Թէեւ ձեւով կարճ է ու առիթով՝ պատահական խօսակցութեան արձագանգ, սակայն, բովանդակութեամբ կը վերածուի ազգային խղճի ահազանգի։ Սեւակ այստեղ այլեւս քնարական սիրոյ կամ անհատական ցաւի գրողը չէ, այլ հրապարակագիր, մտաւորական եւ դատախազ՝ ուղղուած սեփական ժողովուրդին։

Պատումը կը սկսի գրեթէ աննշան միջադէպով մը․ շոգենաւու մէջ երկու տիկիններու խօսակցութիւն։ Բայց այդ «պատառ մը խօսակցութիւնը» կը բացայայտէ ամբողջ ողբերգութիւն մը։ Տրդատ թագաւորին կերպարը, որ հայ պատմութեան մէջ կը խորհրդանշէ պետականութիւն, վերածնունդ եւ քրիստոնէութեան ընդունում, այստեղ կ՚ընկալուի որպէս «թագաւորութիւն կորսնցնող» անձ։ Սեւակին համար այս սխալ ըմբռնումը պարզ տգիտութիւն չէ․ ան կը դառնայ ազգային ինքնաոչնչացման նշան։

Հեղինակը երկմտանքի տեղ չի ձգեր․

«Տգիտութի՞ւն թէ անզգայութիւն։ Երկուքը մէկա՛նց»։

Այս խիստ դատողութիւնը կը բանայ ամբողջ թեքստի գաղափարական առանցքը։ Սեւակ կը պնդէ, որ դարաւոր ստրկութիւնը ո՛չ միայն քաղաքական կաշկանդում եղած է, այլ նաեւ հոգեւոր աղէտ․ զայն մեզի սորվեցուցած է մոռնալ մեր պատմութիւնը եւ նոյնիսկ՝ անիծել զայն։ Ամենէն դաժան միտքը հոն է, ուր հեղինակը կը խոստովանի, թէ երբեմն մենք նզոված ենք մեր նախահայրերը՝ անոնք, որոնք բոլոր պայմաններուն մէջ պահեցին «հայ արիւնը»։

Սեւակ հանճարեղօրէն կը տեղադրէ հայ իրականութիւնը համաշխարհային համեմատութեան մէջ։ Եգիպտոսը, Յունաստանը, Հռոմը, բոլոր ազգութիւնները իրենց անցեալին մէջ կը գտնեն իրենց ինքնութեան յենարանը։ Իսկ հայը՝ բազմադարեան պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ մը, կը կամաւորուի անգիտութեան։ Այստեղ «լալիք զաւեշտ» եզրոյթը կը ստանայ իր ամբողջ ուժը․ զաւեշտ, որովհետեւ անհեթեթ է, լալիք՝ որովհետեւ ողբերգական։

Թեքստի ամենէն դիպուկ եւ խայթող բաժիններէն մէկը Սեւակի ցուցակն է՝

Անին կը պեղէ օտար գիտնականը,
լեզուն կ՚ուսումնասիրէ օտարը,
հնութիւնները կը պահուին օտար թանգարաններու մէջ,
պատմութիւնը կը գրուի օտարի գրիչով։

Այս շարադրանքը կ՚ունենայ գրեթէ դատավճռի ձեւ։ Բայց ամենէն ծանր մեղադրանքը դեռ առջեւն է․

«Մենք՝ հայերս, առանց մեր Ազգային Պատմութեան այբը ճանչնալու, կ՚ընտրուինք ազգային ներկայացուցիչներ»։

Այս նախադասութիւնը այսօր ալ կը հնչէ ցնցիչ արդիականութեամբ։

Սեւակ այստեղ չի սահմանափակուիր ողբալով։ Ան կը կոչէ կարդալու, ուսումնասիրելու, վերագտնելու պատմական յիշողութիւնը։ Պատմութիւնը իրեն համար մեռեալ անցեալ չէ, այլ ուղեցոյց․ անոր մէջ կան «զարտուղութիւններ», «յետադարձութիւններ», «վերելքներ ու զառիթափեր», որոնք միայն գիտակցուած ըլլալով կրնան ապագայ կերտել։

Յատկանշական է նաեւ հեղինակի քաղաքական խիզախութիւնը։ 1908-ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Սեւակ համարձակօրէն կը մերժէ այն գաղափարը, թէ «միայն մէկ պատմութիւն կայ՝ օսմանցիական»։ Ան կը հաստատէ վճռական ճշմարտութիւն մը․

«Իր պատմութիւնը չճանչցողը վատ քաղաքացի է, նոյնիսկ վատ օսմանցի։

Այս միտքը կը շրջէ այն ժամանակուան պաշտօնական քարոզչութեան ամբողջ տրամաբանութիւնը»։

«Լալիք զաւեշտը» ո՛չ միայն ժամանակի քաղաքական արձագանգ է, այլ նաեւ մշտնջենական ինքնաքննադատութիւն։ Ռուբէն Սեւակ այստեղ կը գրէ ո՛չ թէ օտարին, այլ հայ ընթերցողին համար՝ ցնցելու, ամչեցնելու, արթնցնելու նպատակով։ Ան կը հասկցնէ, որ ազգային ողբերգութիւնը սկսած է ո՛չ թէ պարտութիւններով, այլ՝ մոռացութեամբ։

Այս էջը այսօր եւս կը մնայ անհանգիստ խղճի ձայն մը։ Որովհետեւ որքան ալ փոխուած ըլլան ժամանակները, «լալիք զաւեշտը» կը շարունակուի ամէն անգամ, երբ ժողովուրդ մը կը հրաժարի ճանչնալու իր անցեալը։

Եւ այս պահուն ալ Սեւակի խօսքը կը դառնայ նախազգուշացում։ Ասիկա իր «Հայուն օրագիրը» շարքէն է։ 

ԼԱԼԻՔ ԶԱՒԵՇՏԸ

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ 

Երէկ, շոգենաւին մէջ։ Պատառ մը խօսակցութիւն՝ զոր հովը ինձ բերաւ վերնայարկի երկու տիկիններէն. 

-Հայտուտը՜…։ 

-Չէ՜, քա, աղուոր տղայ էր։ 

-Ամա՜ն, ան չէ՞ որ կորսնցուց մեր թագաւորութիւնը։ 

Երեւակայեցի՞ք. կրցա՞ք երեւակայել։ Խօսակցութիւնը կը դառնար բաց-նամակի մը վրայ, զոր իրենցմէ մէկը բռնած էր ձեռքին մէջ։ 

Նկարը-խօսքը մէջերնիս բաւական անճոռնի բան մը- կը ներկայացնէր Տրդատ թագաւորը։

Խօսակից տիկինները - ամօ՜թ է ըսելը - հայուհիներ էին։ Տգիտութի՞ւն թէ անզգայութիւն։ Երկուքը մէկա՛նց։ Երկաթի ու շղթայի կեանքը զոր ապրեցանք այնքա՜ն տարիներէ ի վեր, ո՛չ միայն մոռցնել տուաւ մեզի մե՛ր իսկ ազգին պատմութիւնը, այլ պատճառ եղաւ որ - դառն է խոստովանիլը - շատ անգամ մեր հոգիին ամենէն մութ խորութիւններուն մէջ անիծենք, նզովենք մեր նախահայրերը անո՛նք որ դարերու ստրկութեան մէջէն միջոցը գտան պահելու եւ մեզի փոխանցելու հայ արիւնը։ Եգիպտոս իր անդրպատմական սփինքսին խորհուրդին մէջ կը գտնէ իր փառքերուն աստուածացումը։ Յունաստան իր երբեմնի շքեղ ոսկեդարերուն վրա՛ն է որ կը յամառի պահել իր գոյութեան արդարացումը։ Լատին զօրութիւնը դեռ հինն Հռովմայ աւերակները կը յուզէ։ Ամբողջ ազգութիւնները իրենց անցեալին մէջ կը գտնեն ապագային արտացոլումը։ Ու միայն մենք ենք, աւա՜ղ, քսան անգամ դարաւոր Հայերս, որ յօժարակամ կ՚անգիտանանք մեր դեռ երէկի պատմութիւնը…։ 

-Հայտո՜ւտը…։ 

Անի՞ն՝ ռուս Մառ մըն էր որ կը պեղէ։ Մեր լեզո՞ւն՝ գերմանացի բանասէրնե՛րը կը զբաղին անով։ Մեր ազգային հնութիւննե՞րը՝ Ս. Փեթերսպուրկի եւ Մոսկուայի արքայական թանգարանները գացէք փնտռել զանոնք։ Մեր ձեռագիր ամենարժէք մագաղաթնե՞րը. Լոնտրայի միւզէն։ Մեր Պատմութի՞ւնը. Եւրոպայի պատմաբաններու գրչին տակ…։ Ու մենք, հայերս, - ա՜խ, լալի՜ք զաւեշտը - առանց իսկ մեր Ազգային Պատմութեան այբը ճանչնալու, կ՚ելլենք ու… Ազգային Երեսփոխան կ՚ընտրուինք։ 

Չէ՛։ Ժամանակ է որ կարդա՛նք, ուսումնասիրենք մեր պատմութիւնը։ Հո՛ն պիտի գտնենք մեր ազգին երկու հազար տարիներու ճամբան, ու իր բոլոր զարտուղութիւնները, յետադարձութիւնները, անել ուղղութիւնները, վերելքներն ու զառիթափերը։ 

Այս տեղէն կը նախզգամ արդէն որ մեր սիրելի պաշտօնակիցները պոռթկալու ահագին փափաք ունին. 

«Չէ՛, անբարոյականութիւն է Տրդատ թագաւորի քառթին ակնարկելը. Ազգ. Պատմութիւն չի կայ. մի միայն մէ՛կ պատմութիւն կայ, օսմանցիակա՜ն պատմութիւնը…»։ Ո՛չ, ո՛չ։ Այն որ իր պատմութիւնը չը գիտեր, ա՛յն որ իր ազգութիւնը չի ճանչնար, այնպիսին վա՛տ քաղաքացի մըն է ու յոռի՜ օսմանցի մը։ 

-Հայտո՜ւտը…։

Բերա, 18 յուլիս, 1908

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Փետրուար 9, 2026