ԱՆՊԱՏԺԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱԿՆ ՈՒ ՍՏՈՒԵՐՆԵՐՈՒ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

Աշխարհ կը խօսի քաղաքակրթութեան, օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց մասին, բայց, ստուերներու տակ միշտ գոյութիւն ունին այնպիսի դէպքեր, որոնք կը յիշեցնեն մեզի, թէ իշխանութիւնը երբ կը միանայ անպատժելիութեան հետ եւ այդ անպատժելիութեան դիմակի տակ ինչպէս կը ծնին հրէշներ։ Այն, ինչ որ շատեր «Էփսթիյնի գործ» կը կոչեն, զանոնք միայն անուն մը չեն նշանակեր, այլ խորհրդանիշն են համաշխարհային համակարգի մը, ուր դրամը, կապերը եւ լռութիւնը կը դառնան աւելի ուժեղ՝ քան արդարութիւնը։

Մենք կ՚ապրինք դարու մը մէջ, ուր տեղեկատուութիւնը ակնթարթային է, բայց ճշմարտութիւնը՝ խեղդուած։ Երբ նման գործ մը կը բացայայտուի, հասարակութիւնը կը ցնցուի, լրատուամիջոցները կը բռնկին, քաղաքական գործիչները կը խոստանան քննութիւններ։ Սակայն քանի՞ անգամ ականատես եղանք, թէ ինչպէս «գայթակղութիւնը» կը մարի, անունները կը մոռցուին, իսկ ցանցերը կը շարունակեն գոյատեւել՝ աւելի խոր, աւելի գաղտնի։

Այսպիսի դէպքերը միայն անհատական այլասերումի պատմութիւններ չեն։ Անոնք կառուցուածքային մեղք են։ Անոնք կը բացայայտեն այն ճեղքերը, որոնց մէջ կը թաքնուի վերնախաւային անպատժելիութիւնը։ Երբ իշխանութիւնը կը հաւաքուի փոքր շրջանակներու մէջ եւ այդ շրջանակները կը պաշտպանեն զիրար, արդարութիւնը կը դառնայ բեմադրութիւն։ Իսկ հասարակ մարդը կը մնայ հանդիսատես՝ զայրացած, բայց անզօր։

Փիլիսոփայական հարցը աւելի խոր է. արդեօք մարդկութիւնը իրապէս կը յառաջանա՞յ բարոյական առումով, թէ միայն աւելի նրբօրէն կը թաքցնէ իր մութ կողմերը։ Թեքնոլոժին մեզի տուաւ տեսանելիութիւն, բայց նաեւ՝ մանիփիւլասիոնի աննախադէպ միջոցներ։ Ընկերային ցանցերը կրնան աղաղակ բարձրացնել, բայց նոյնքան արագ կրնան շեղեցնել ուշադրութիւնը։ Ճշմարտութիւնը կը դառնայ ալիք, որուն վրայ կը սահինք օր մը եւ յաջորդ օրը կը մոռնանք։

Երբ երեխաներ, կիներ կամ անպաշտպան մարդիկ կը դառնան շահագործման առարկայ՝ հարստութեան եւ հաճոյքի խաղերու մէջ, լռութիւնը կը դառնայ մեղսակցութիւն։ Իսկ լռութիւնը միայն մեղաւորներունը չէ. երբ հասարակութիւնը կը վարժուի գայթակղութիւններուն, անոնք կը դառնան սպառողական, սովորական լուրեր, այլ ո՛չ թէ բարոյական ահազանգներ։

Էփսթիյնի անունը խորհրդանիշ մըն է, բայց իրական պայքարը անուններու դէմ չէ միայն։ Ան պայքար մըն է համակարգերու դէմ, որոնք կը վերարտադրեն անհաւասարութիւն եւ շահագործում։ Ան պայքար մըն է այն գաղափարին դէմ, թէ դրամը կրնայ գնել լռութիւն, յարաբերութիւնները կրնան փոխարինել արդարութիւնը։

Ճեֆրի Էփսթիյնի անունը դարձաւ կայծ մը, որ ամբողջ մոլորակը բռնկեց։ Ուրիշ հարցն ալ սա է. արդեօք այդ կայծը ճշմարտութեան լո՞յս մըն էր, թէ ծխածածկ վարագոյր մը։ Երբ լրատուամիջոցները օր ու գիշեր կը կրկնեն նոյն անունը, նոյն դէմքերը, նոյն գայթակղութիւնները, ուրիշ ի՞նչ անուններ մնացին ստուերի տակ։ Անուններ, որոնք երբեք չհնչեցին։ Դռներ, որոնք երբեք չբացուեցան։ Փաստաթուղթեր, որոնք երբեք լոյս չտեսան։

Մեզի տրուեցաւ պատմութիւն մը՝ պատրաստուած, խմբագրուած, չափուած։ Մեզի տրուեցաւ «զայրոյթ» մը՝ սահմանուած շրջանակներու մէջ։ Մենք զայրացանք այն չափով, որքան մեզի արտօնուած էր։ Մենք հարցուցինք այն, ինչ որ արդէն իսկ պէտք էր հարցուէր։

Իսկ ի՞նչ եղան այն հարցումները, որոնք արմատին կը հասնին։ Ի՞նչ եղաւ այն համակարգը, որ նման դէպքերու ծննդավայր կը դառնայ, կը սնուցէ եւ ապա կը զոհաբերէ դերակատարները։

Գուցէ այս պատմութիւնը մարդու մը մասին չէր։ Գուցէ ան զոհասեղանին վրայ դրուած «խաղալիք» մըն էր, որպէսզի աւելի մեծ կառոյցներ անմասն մնան քննութենէն։ Երբ հասարակութիւնը կը կեդրոնանայ դէմքի մը վրայ, համակարգը շունչ կ՚առնէ։ Երբ զանգուածները կը վիճաբանին մանրամասնութիւններու շուրջ, խորքային ճարտարապետութիւնը կը մնայ անփոփոխ։

Սա է մեր դարու ողբերգութիւնը․ մենք կը դիտենք գայթակղութիւններ, բայց չենք տեսներ կառուցուածքը։ Մենք կը դատապարտենք անհատներ, բայց չենք քանդեր մեքանիզմները։ Եթէ այս ամբողջ աղմուկը ուղղակի շեղում մըն էր, ապա իր նպատակին հասած է։ Որովհետեւ մենք դարձանք միայն հանդիսատեսներ՝ բարկացած, բայց ո՛չ արմատական։ Տեղեկացուած, բայց ո՛չ ազատագրուած։

Իսկ ճշմարտութիւնը չի սիրեր բեմերը։ Ան կը գոյատեւէ լռութեան մէջ, կասկածի մէջ, անընդհատ հարցումի մէջ։ Ճշմարտութիւնը կը պահանջէ, որ մենք հրաժարինք պատրաստի պատումէն եւ սկսինք քանդել այն պատմութիւնը, որ մեզի կը տրուի որպէս ամբողջութիւն։

Թերեւս իրական վտանգը գայթակղութիւնը չէր, այլ այն, որ մենք բաւարարուեցանք այդ գայթակղութեամբ։ Թերեւս իրական ծածկոցը ո՛չ թէ դէպքն էր, այլ մեր բաւարարուածութիւնը՝ «իմացած» ըլլալու զգացումով։

Եթէ աշխարհի մէջ նման գործեր գոյութիւն ունին -եւ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ գոյութիւն ունեցած են- ապա մեր հարցումը պէտք չէ սահմանափակուի «ովքե՞ր էին մեղաւորները»ով։ Մեր հարցումը պէտք է ըլլայ՝ «ինչպէ՞ս կ՚ապահովենք, որ համակարգերը չարտադրեն նորերը»։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026