«ԱՐԱԲԿԻՐ-100». ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ԱՐԱԲԿԻՐԸ՝ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Այս տարի լրացաւ Երեւանի Նոր Արաբկիր թաղամասի հիմնադրման 100-ամեակը։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին մօտ գտնուող խոշոր այդ թաղամասը յայտնի է Արաբկիր անունով եւ այս տարի Երեւանի մէջ զանազան ձեռնարկներ կազմակերպուեցան՝ նուիրուած թաղամասի մէկդարեայ յոբելեանին։ Նոյեմբերի 27-ին Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ «Արաբկիր-100» խորագրով ցուցահանդէսը։ Զայն միայն Արաբկիրի նորագոյն պատմութիւնը չէ, որ կը ներկայացնէ․ ցուցադրութիւնը կը սկսի շատ հինէն՝ պատմական Արաբկիրէն, որուն անունը դրուած է նորագոյն այս թաղամասին վրայ։ Թաղամասի առաջին բնակիչները եղած են գաղթած արաբկիրցիներ, որոնք Հայաստանի մէջ շունչ տուած են իրենց ծննդավայրին։

Ցուցադրութեան բացումին մշակոյթի գործիչներու, պատմաբաններու հետ ներկայ էին նաեւ արաբկիրցի հնաբնակներ, որոնք յուզիչ պահեր ապրեցան՝ փոխադրուելով անցեալ դար, երբ յոյսով, երազներով, մեծ սպասումներով կը կառուցուէր Արաբկիրը, կը տնկուէին թթաստանները, կը շինուէին առաջին տուները․․․ Շատ նիւթեր հանրային ցուցադրութեան ներկայացուած են առաջին անգամ, ցուցանմոյշներ բերուած են նաեւ Ազգային արխիւէն եւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն։

Տպաւորիչ են հին լուսանկարները՝ եկեղեցիներու, վարժարաններու, գաղթականներու պահած ամանեղէնը, ձեռագործ հայկական տարազները՝ տօնական եւ ամենօրեայ։ Ցուցադրուած են արաբկիրցի արհեստաւորներու գործիքներ, հին տուներու յատակագիծեր, ձեռագիրներ, նամակներ, անձնագիրներ, որոնք կը պատմեն արաբկիրցներու ճամբորդութիւնը՝ հին Արաբկիրէն դէպի նորը՝ Երեւանի սիրտը։ Այդ տուներու մեծ մասը այսօր չկայ, փողոցները փոխուած են, այգիներու մէկ մասը ճամբաներ եղած է․․․ Ինչպէս մայրաքաղաքի միւս թաղերը, Արաբկիրն ալ փոխած է իր դէմքը․․․ 

Այսօր Արաբկիրը նորաձեւ թաղամաս մըն է՝ արդիական շէնքերով ու եռուզեռով, բայց ցուցադրութիւնը կը յիշեցնէ, որ ժամանակին հոս եղած է մտերմիկ, բակային կեանք, ուր հազարաւոր ընտանիքներ հաւաքական յիշողութեամբ եւ ջանքով կը պահէին Արաբկիրի սովորութիւնները, կենցաղը, վարքն ու բարքը։ Ժամանակի հետ անոնք ալ ցրուեցան աշխարհով մէկ, եւ Արաբկիրը երկրորդ անգամ լքուեցաւ իր բնակիչներէն․․․ 

ՀԻՄՆԱԴՐՈՒՄԸ

1925 թուականի նոյեմբերի 29-ին կը հիմնուի Նոր Արաբկիրը, որու հիմնադրումով սկիզբ կը դրուի Երեւանին մերձ նոր թաղամասերու կառուցման․ այդպէս մէկը միւսի ետեւէն կը կառուցուին նաեւ Զէյթուն, Նոր Նորք, Աջափնեակ եւ միւս շրջանները։ 

Արաբկիրի առաջին քարերը Երեւանի մէջ դրուած են քաղաքային իշխանութեան եւ «Ամերիկահայ արաբկիրցիներու միութեան» միջեւ ստորագրուած պայմանագրի հիման վրայ։ Ըստ այդ պայմանագրի՝ նոր թաղամասը որոշուած էր կառուցել Քանաքեռի, Գետառ ու Հրազդան գետերու միջեւ եղած տարածքին վրայ։ Թաղամասի գլխաւոր նախագիծը կը ստեղծէ անուանի ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանը, որ նաեւ Երեւանի յատակագիծին հեղինակն է։ Պատմական Արաբկիրէն գաղթած հայերուն մէկ մասը աշխարհով մէկ ցրուած էր եւ ի յիշատակ իրենց ծննդավայրի, արտասահմանի մէջ անոնք հիմնեցին Արաբկիրի հայրենակցական կամ վերաշինական միութիւններ, որոնք կը գործէին զանազան երկիրներու մէջ։ Այդ միութիւններն է, որ փափաքեցան Հայաստանի մէջ Նոր Արաբկիր մը տեսնել եւ այդ օժանդակութիւններով կառուցուեցան բազմաթիւ տուներ, ստեղծուեցան ծառազարդ փողոցներ, աղբիւրներ։ Երեւանի քաղաքային իշխանութիւնները շրջանին մէջ հիմնեցին գործարաններ՝ փայտամշակման, հագուստի, կօշիկի եւ այլ ձեռնարկութիւններ։ 

Արաբկիրը սկզբնական շրջանին զատ բնակավայր մըն էր, երբ յետագային Երեւանի սահմանները ընդարձակուեցան, Արաբկիրը մտաւ մայրաքաղաքին մէջ, աւելի մեծցաւ, բարեկարգուեցաւ, վերափոխուեցաւ ու եղաւ Երեւանի ամենաբազմամարդ թաղերէն մէկը։

ԵՐԵՔ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Երեւանի թանգարանին մէջ բացուած «Արաբկիր-100» ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ երեք հիմնական նիւթեր՝ Պատմական Արաբկիրն ու անոր հայաշխարհը՝ իր տեղանքով ու միջավայրով, ժողովուրդով, հոգեւոր ու կրթական կեանքով, ինչպէս նաեւ արաբկիրցիներու մասնակցութիւնը Առաջին աշխարհամարտին։

Միւս բաժինը սփիւռքի արաբկիրցիներու մասին է՝ կը ցուցադրէ 1895-1896 թուականներէն եւ 1910-ականներէն ետք աշխարհով մէկ սփռուած արաբկիրցիներու կազմակերպութիւնները եւ անոնց հայապահպան գործունէութիւնը։

Եւ երրորդ մասը կը պատմէ Երեւանի արդի Արաբկիր թաղամասի 100 տարիներու պատմութիւնը՝ հիմնադրումէն մինչեւ մեր օրերը, համայնքային կեանքը եւ արաբկիրցիներու ներդրումը Երեւանի զարգացման մէջ։

Ցուցադրութիւնը միաժամանակ ցոյց կու տայ Արաբկիր հին բնակավայրի եւ Երեւանի Արաբկիր համայնքի բացառիկ դերը հայկական ինքնութեան պահպանման եւ ազգային մշակոյթի շարունակականութեան մէջ։

«Արաբկիր-100» ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ դեկտեմբերի 27-ը՝ հրաւիրելով բոլոր հետաքրքրուածները դառնալու ընտանեկան պատմութիւններու ականատես եւ ապրող յիշողութեան մասնակից։

ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԱՆՈՒՆՆԵՐ․ ՄԱՄԲՐԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԵՒ ՖԱԲՐԻԿԱՏՈՐԵԱՆՆԵՐ

Ցուցահանդէսի կազմակերպիչները կը կարեւորեն այս ցուցադրութիւնը նաեւ մոռցուած անուններու ոգեկոչման տեսակէտէ։ Ցուցադրութեան համադրող, Երեւանի Պատմութեան թանգարանի գիտահետազօտական բաժնի փոխ-տնօրէն Լուսինէ Ամիրջանեանը կը նշէ հայոց պատմութեան մէջ կարեւորագոյն դեր ունեցած արաբկիրցի Մամբրէ եպիսկոպոս Մարկոսեանին անունը՝ հոգեւորական, նկարիչ, գիրքերու հեղինակ, որուն լուսանկարը դրուած է այս ցուցահանդէսին մէջ։

Մամբրէ եպիսկոպոս Մարկոսեան (աւազանի անունով Կարապետ) ծնած է 1835 թուականին՝ Արաբկիրի Ծագ գիւղը, նախնական ուսումը ստացած է Պոլսոյ Ետիգուլէի Սուրբ Փրկիչ ճեմարանը՝ հմտանալով Սուրբգրոց եւ հայագիտութեան մէջ։ Աւելի ուշ ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը, Եսայի Պատրիարքի օրով: 1871-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ դարձած՝ Երուսաղէմի միաբանութեան անդամ: Վարած է վանական, վարչական եւ հովուական զանազան պաշտօններ, յայտնի եղած է իր տպաւորիչ քարոզներով եւ մաքրակրօն բարքով, նշանաւոր էր նաեւ իբրեւ եկեղեցական նկարիչ, բազմաթիւ սրբապատկերներ ունի Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց տաճարին եւ ուրիշ եկեղեցիներու մէջ: 1885 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ան ձեռնադրուած է եպիսկոպոս՝ ձեռամբ Ամենայն Հայոց երանաշնորհ Մակար Կաթողիկոսի, օծակից ունենալով միաբանակից՝ Սահակ Ծ. Վրդ. Խապայեանը: Վախճանած է 1907 թուականին, 72 տարեկան հասակին։ 

Ուշագրաւ են նաեւ Խարբերդի գաւառէն Ֆաբրիկատորեան եղբայրներուն մասին նիւթերը։ Տիգրան, Ահարոն, Մամաս, Կարապետ, Սամուէլ անուններով եղբայրները ունեցած են գործուածքի արտադրամաս մը եւ զայն զարգացուցած են ո՛չ միայն Արաբկիրի մէջ, այլ՝ կայսրութեան տարածքէն ներս, արտադրանքը արտահանած են Եւրոպա, իսկ յետոյ փոխադրուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ հոն ալ տարածելով գործը։ Անոնց արտադրանքին համբաւը հասած էր ամէն տեղ, կայսերական պարգեւներ ստացած են եւ միջազգային ցուցահանդէսներու մրցանակներ։ 

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

Այսօր Արաբկիրի գլխաւոր այգիներէն մէկը կը կոչուի «Վահագն Դաւթեան», ի յիշատակ արաբկիրցի գրող, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, 1981-1990 թուականներուն Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Վահագն Դաւթեանի։ Գրողը մահացած է 1996 թուականին։ Ցուցահանդէսին ներկայ էր նաեւ անոր դուստրը, որ նոյնպէս յուզիչ պահեր ապրեցաւ՝ հաստատելով, որ Արաբկիրն ու անոր պատմութիւնը անբաժան են Վահագն Դաւթեանի գրականութենէն, հրապարակախօսութենէն։ Գրողի անունը կրող այգիին մէջ դրուած է նաեւ անոր յուշարձանը եւ հնագոյն այդ այգին արաբկիրցներու սիրելի զբօսայգին է։ 

Վահագն Դաւթեան ծնած է 1922 թուականին՝ Օսմանեան կայսրութեան Արաբկիրի մէջ, չորս տարեկան եղած է, երբ ընտանիքը նախ Ռուսաստան, ապա՝ Հայաստան փոխադրուած է եւ հաստատուած Նոր Արաբկիր։ Իր յուշերուն մէջ ան յաճախ կը յիշէ հեռուները մնացած Արաբկիրը։ 

ՅՈՒՇԵՐ

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

… Ես պարզապէս իմ բախտս օրհնեմ, որ թերեւս պատահաբար իմ արմատներս հայրենի հողին մէջ մխրճուեցան։ Ես Հին Արաբկիրէն եկայ դէպի Նոր Արաբկիր, եւ ատիկա իմ բախտս էր։ Տակաւին պատանի՝ իմ ձեռքովս քար կտրեցի, աղիւս ձուլեցի՝ տուն մը շինելու համար։ Զանգուի ձորէն թթենիներու տնկիներ բերի՝ այգի մը ունենալու համար։

Ես ապրեցայ իմ հայրենակիցներուն մէջ՝ անոնց կենցաղով եւ ատիկա դարձեա՛լ իմ բախտս էր։ Ձմրան երկար գիշերները ես անոնց հեքիաթներն ու զրոյցները լսեցի եւ ատիկա իմ բախտս էր։

Ես լաց եղայ անոնց հետ եւ խնդացի անոնց հետ… ու աւելի շատ խնդացի։ Եւ իմ բախտս էր։

…Սկսիմ, բայց ինչէ՞ն…

Որքան կը յիշեմ, մանկութեան մը մասին գրուած վէպերն ու վիպակները կը սկսին մոտաւորապէս այսպէս․

«Մօրս պատմելով՝ ես ծնած եմ գարնանային առաւօտ մը, վաղ արշալոյսին, եւ իմ ծնուելուս հետ մեր եկեղեցւոյ զանգերը սկսած են ղօղանջել»։

Ո՛չ, մայրս նման բան ինծի չէր պատմած, եւ ինծի անյայտ են իմ ծննդեանս օրուան մանրամասները։

Կամ այսպէս ալ կը սկսին․

«Մայրս կ՚երթայ կովը կթելու։ Կ ՚երթայ ու երկար ժամանակ չի վերադառնար։

-Քա՛, աղջի՛կ, հարսն ի՞նչ եղաւ,- յանկարծ կը ձայնէ հօրաքոյրս,- գոմ գնաց ու չեկաւ։

Վազած, տեսած են՝ մայրս կովուն քով նստած է՝ գիրկը կապուտաչեայ մանչուկ մը։ Այդ կապուտաչեան՝ ես էի։

Ո՛չ, իմ ծնունդս նման արտառոց դէպքով ալ չէ նշանաւորուած, այլապէս մայրս պատմած կ՚ըլլար, որ իմ գործս դիւրացուցած ըլլար։

Բայց կը յիշեմ՝ կայ այսպիսի սկիզբ մը․ «Առաջին բանը, որ կը յիշեմ, մօրս թանաքոտած ստինքներն են»…

Առաջին բանը, որ կը յիշեմ։

Ասիկա կարծես լաւ սկիզբ մըն է ու յարմար՝ ինծի համար։ 

Բայց առաջին բանը, որ կը յիշեմ, ո՛չ՝ մօրս թանաքոտած ստինքները չեն, այլ՝ գառան սեւ մորթի մը… փաթաթուած ինծի… Այո՛, գառան մորթի, ինծի փաթթուած։

Հաւանաբար մեծ մայրս պատմած է, ու յետոյ ինծի այնպէս թուացեր է, թէ այդ բոլորը ես ինքս կը յիշեմ եւ կը յիշեմ ամենայն մանրամասնութեամբ։

Այսպէս ուրեմն․ մեծ մայրս առաւօտեան տեղ մը գացեր է, ու վերադառնալիս հեռուէն տեսած է, թէ մեր տան շուրջ մարդիկ հաւաքուած են, շփոթէն ներս ու դուրս կ՚ընեն, աղմուկ, գոռում-գոչիւն։

Մեծ մայրս վայրկեան մը քարացած է, յետոյ՝ վտանգի հոտն առած թխսամօր մը պէս, փետուրները քամիին տուած՝ վազած։

Մեր տունէն ելնող կին մը հանդիպած է, մեծ մայրս տագնապով բռնած է թեւէն ու պոռացած․

-Աղջի՛կ, այդ ինչ եղած է՞։

Կինը շփոթուած կմկմած է․

-Հեչ, ճանըմ… ձեր կճուճը կտրուած է։ 

-Խե՞նթ ես, կնիկ, ատիկա կճուճի բան չէ՛- աղաղակած է մեծ մայրս եւ շարունակած թխսամօր իր արշաւանքը։

Իսկ կճուճը իսկապէս կտրուած էր եւ կտրուած էր հետեւեալ հանգամանքներով։

Եփրատի վտակներէն մէկուն՝ Ոսկեգետակի եզերքին ծուարած Արաբկիրը, ուր ծնած եմ ես, սովորութիւն ունէր ամրան կաւէ տանիքներուն վրան քնանալ։ Բայց մեր տանիքներուն կաւը սովորական գորշ կաւը չէր, այլ մերձակայ լեռներու ընդերքէն հանուած՝ յատուկ կապոյտ ու անջրանցիկ կաւ։ Այդ կաւը երազային երանգներ կու տար մեր գիւղաքաղաքին։

Կաւը ուրիշ բարեմասնութիւն մը եւս ունէր․ երբ երեկոները ջուր կը ցօղէին վրան, զայն ծոթրինի ու մանուշակի պէս կը բուրէր, եւ յոգնաբեկ մարդիկ կը կարծէին, թէ իրենք ծոթրինի ու մանուշակի մէջ կը քնանան։

Ամառ էր։ Մերինները առաւօտեան վաղ իջած էին տանիքէն, ինծի քնացած ձգած էին։ Ես՝ երեք տարեկան, շարունակած էի լուսաբացի քունս՝ թաթախուած ծոթրինի ու մանուշակի բոյրին մէջ։

Երբ արթնցած եմ, սովորականի պէս չեմ ձայնած մայրս, այլ փորձած եմ ինքնուրոյն իջնել աստիճաններով։ Փորձած եմ եւ երկյարկանի տան կտուրէն, կամ ինչպէս մեր բարբառով կ՚ըսեն՝ «տեներէն» ինկած եմ ուղիղ պատին տակ դրուած կճուճներուն վրայ եւ․․․ 

«Հեչ, ճանըմ, ձեր կճուճը ջարդուած է…»։ 

Մայրս փշուր-փշուր եղող կճուճին ձայնը եւ իմ ճիչս առնելով վազած է դուրս եւ տեսած՝ ես անշունչ, «աչքերս դարձած», ինկած եմ կճուճի բեկորներուն մէջ։

Երբ մեծ մայրս հասած է, ինծի գրկած ու պոռացած է․

-Շո՛ւտ, գառ մորթեցէ՛ք…

Մեր դրացիին տղան՝ Տաղմաջոնց Սարգիսը, անմիջապէս գառ մը մորթած եւ զիս փաթթած է գառան տաք մուշտակին մէջ;

Եւ առաջին բանը, որ կը յիշեմ, այո՛, գառան սեւ մորթն է՝ ինծի փաթթուած։

Երբ ուշքի եկած եմ, ըսած եմ․-

-Այս փիս բանը վրայէս հանեցէ՛ք…

Մայրս կը պատմէր, թէ յետոյ ամէն գիշեր՝ ճիշդ նոյն ժամուն արթնցած եմ, նոյն տեւողութեամբ լացած եւ նոյն ժամուն նորէն քնացած։

Եւ մանկութեանս առաջին յիշատակը դարձած են այդ սեւ մորթը եւ ցաւը։

Այդ խուլ, հեռաւոր ցաւը։

Ամէն անգամ, երբ մայրս կը պատմէր իմ գիշերային լացերու մասին, ինծի այնպէս կը թուէր, թէ ոսկորներս տակաւին կը ցաւին…

Եւ եթէ առաջ զիս կը թուէր, թէ ատիկա ոսկորներուս յիշողութիւնն է, ապա, քանի հասակ առի, զգացի, որ ուրիշ, բոլորովին ուրիշ ցաւ մըն է։

Կորուսեալ մանկութեանս, կորուսեալ ծննդավայրիս ցաւը…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2025