ԱՆՅԱՏԱԿ ԽՈՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՀԱՍ ԲԱՐՁՐՈՒԹԻՒՆ

Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներու գրած իր նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը եւ չերեւցած բաներուն ապացոյցն է». (ԵԲՐ. ԺԱ 1)։

Այո՛, յուսացուած իրերու հաստատութեան եւ չերեւցած բաներու յայտ յանդիման երեւնալու գաղափարին ընդունելութիւնն է հաւատքը՝ զոր չունենալ ուզողը իր մտքի ամբարտաւան վէսութիւնը եւ գոռոզ նկարագիրը յայտնելէ զատ՝ հետեւած կ՚ըլլայ այն մոլար եւ բոլորովին թիւր ճանապարհին, որուն առաջին ռահահորդը եղաւ բանսարկուն։

Ճշմարտութիւնը անյատակ խորութիւն մը եւ անհաս բարձրութիւն մըն է։ Ճշմրտութիւնը՝ բնութիւնն իսկ է, բայց կա՛յ բնութեան Ճարտարապետը, Արարիչը՝ Աստուած եւ որուն հասնիլ կարելի է միայն հաւատքով։

Բայց այնքան ալ դժուար չէ հասնիլ ճշմարտութեան՝ բնութեան գաղտնիքներուն, եթէ ինքնաքննութեամբ թափանցէ եւ խոր ըմբռնէ ինքզինք՝ իր ներքին աշխարհը։ Չէ՞ որ մարդ փոքր տիեզերք մըն է։ Բայց կան մարդիկ՝ որոնք սուտանուն գիտութիւններով պարծենալով՝ անձին փառք կամ պարծանք կը համարին երեւիլ «անհաւատ» կամ «անկրօն»։

Եւ սակայն, ըստ գեղեցիկ եւ վեհիմաստ բացատրութեան՝ դարձեալ խորախորհուրդ առաքեալին Պօղոսի՝ այդպիսի անկրօն՝ անհաւատ իմաստակները կ՚ըմբռնէ Աստուած իրենց խորագիտութեան մէջ, եւ կը յիմարեցնէ իրենց կարծեցեալ, ինքնակոչ իմաստութեան մէջ. «Բայց Աստուած աշխարհիս յիմարները ընտրեց, որպէսզի ամօթով ընէ զօրաւորները». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ա 27)։

Մինչ խոնարհամիտ եւ ճշմարիտ գիտնականները՝ որոնք հաւատացեալ են, կը բարձրանան փառքով եւ պատուով եւ իմաստութեան եւ օրհնութեան պանծալի լուսապսակով կը զարդարուին թէ՛ հոս եւ թէ հանդերձեալին, խոնարհամտութիւն եւ իմաստութիւն՝ զոր գովեց եւ գնահատեց Յիսուս Քրիստոս, եւ որոնք անկասկած՝ պատճառ են ճշմարիտ բարձրութեան եւ արժանիքներու ուսեալ եւ հաւատացեալ քրիստոնեային։

Արդարեւ, հաւատքի մասին մանկան անմեղունակ եւ անկեղծ միամտութիւնը կը պահանջէ մեզմէ Աստուած, եւ մանկութեան սրտի անխարդախ եւ աննենգ սէրը կը պարտինք Յիսուս Քրիստոսի. «Նոյն ժամանակ Յիսուս ըսաւ.- Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն եւ տղոց յայտնեցիր։ Այո՛, ո՛վ Հայր, վասնզի Քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 25-26)։ Կը թողուին, այսպէս, Աստուծոյ ժողովուրդին բազմաթիւ մեղքերը, եթէ ան սիրայօժար եւ մտադիւր դիմէ Աստուծոյ՝ կատարեալ եւ աներկմիտ հաւատքով եւ սիրով. զղջայ իր մեղքերուն վրայ՝ որոնց հատուցումը կրկնակի ընդունած է Տիրոջ ձեռքէն։ Բայց եթէ արհամարհէ ան այս հաւատքը եւ սէրը, եթէ ծիծաղի այս երկու առաքինութիւններու գործած եւ գործելիք հրաշալի՜ արդեանց վրայ։

«Ան կը ստիպէր բոլորը, այսինքն պզտիկները եւ մեծերը, հարուստները եւ աղքատները, ազատները եւ ծառաները, որ իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ դրոշմ ընդունին։ Որպէսզի մէ՛կը չկրնայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ան՝ որ ունի դրոշմը կամ գազանին անունը կամ անոր անուանը թիւը։ Հոս է իմաստութիւնը. ով որ միտք ունի, թող հաշուէ գազանին թիւը. քանզի մարդու մը թիւն է եւ անոր թիւը վեց հարիւր վաթսունը վեց է». (ՅԱՅՏ. ԺԳ 16-18)։ Թո՛ղ Աստուծոյ պաշտօնեաները չվհատին երբեք քարոզելէ, ուսուցանելէ եւ յիշեցնելէ ժողովուրդին՝ թէ ինք պէտք ունի միշտ հաւատքի եւ սիրոյ, որոնցմով ան պիտի մխիթարուի։ Անոնք թո՛ղ մխիթարեն Աստուծոյ ժողովուրդը այս անցաւոր աշխարհի բազմադիմի եւ բազմատագնապ փորձութիւններու, ցաւերու, վիշտերու եւ տառապանքներու մէջ։ Թո՛ղ խօսին անոնք աստուածային յայտնեալ վարդապետութեան, ներշնչեալ մատեանին՝ Սուրբ Գիրքի ուսուցած ճշմարիտ հաւատքին եւ սիրոյն համեմատ։ 

Ուստի, պինդ բռնենք, ամո՛ւր պահենք մեր սրտին մէջ աստուածանուէր սիրոյ անգին գանձը…

- Օգտուեցանք Մեսրոպ Քհնյ. Թորոսեանի «Հաւատք» քարոզ-յօդուածէն. Երզնկա, 1903։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 30, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2025