«ԳԻՐՔԻ ԳՈՐԾԷՆ ՀԱՑ Չ՚ԵԼԼԵՐ»

Հայկունի, որուն գիրքերը չեն ծախուած, մտահոգ խմբագրատունէն դուրս եկած ատեն կը հանդիպի պրն. Վարդանեանին, որ ուրախանալով այս անակնկալ տեսակցութենէն՝ կ՚ըսէ. «Ձեր գիրքը ստացանք: Գրասիրաց միութեան անունով պարտականութիւն ունիմ խորին շնորհակալութիւն յայտնելու ձեր ձօնագրած թանկագին նուէրին համար: Ինչ մեղքս պահեմ՝ միութեան գրադարանը յանձնելէ առաջ երկու գիշերուան ընթացքին կարդացի լմնցուցի: Կարդացին ճիշդ խօսք չէ, լափեցի ուղղակի: Կինս ալ կարդաց, ետքը տարի գրադարան: Թոյլ տուէք շնորհաւորել ձեզ. սքանչելի գործ է. մեր նոր գրականութիւնը գլուխ գործոցով մը օժտեցիք»: 

Այս խօսքերը ըսելէ ետք գիրքի հեղինակը կը հեռանայ եւ Վարդանեան խմբագրատան մէջ մինակ կը մնայ խմբագիրին հետ։ Խմբագիրը, իր կարգին, կ՚ուզէ Հայկունիի գիրքին մասին անկեղծ տպաւորութիւնները գիտնալ. տակաւին մի քանի վայրկեան առաջ գիրքը մեծարած Վարդանեան կ՚ըսէ. «Գէշ չէ… լաւ մասեր չեն պակսիր: Կրնար աւելի լաւ ըլլալ: Կառուցումը թոյլ է, մշակումի կը կարօտի. այն չէ, ինչ որ պէտք է ըլլար: Կը կարդաս, այո՛, չես ձանձրանար, բայց… չեմ գիտեր, բան մը պակաս է: Առնենք Հայկունիի նկարագրած հերոսները. սիրահարուիլ անգամ չեն գիտեր. թոյլ, մեղկ, առանց բռնկումի: Չորս հարիւր էջնոց վէպի մը հերոսները իրաւունք չունին այդպէս սիրելու: Ես քննադատ չեմ, բայց քիչ թէ շատ կը կարդամ, կը հետեւիմ օտար գրականութեան: Եղբայր, մերինները հեռուէն իսկ չեն բաղդատուիր օտար ազգերու հսկաներուն հետ. Թոլոսթոյ, Հիւկօ, Կէօթէ, Շէյքսփիր…»: 

Իրականութեան մէջ Հայկունիի հրատարակած գիրքը ինչքանով լաւ է կամ վատ՝ չենք գիտեր, սակայն, լաւապէս գիտենք, որ Վարդանեանի նման անձեր շատ են մեր շուրջ. անձեր՝ որոնք կը մեծարեն օտար գրականութիւնը եւ կը հաւատան, որ հայ գրող մը չի՛ կրնար գրել այնպէս՝ ինչպէս կը գրեն օտարները: Անշուշտ, այս մէկը լոկ համոզում է եւ ո՛չ ճշմարտութիւն: Մա՛նաւանդ մեր երիտասարդութեան մէջ կայ այն համոզումը, որ օտար գրականութիւնը գրաւիչ է, սակայն հայկականը ոչ եւ հաւատացէ՛ք, որ այդ համոզումը շատ անգամ ունին այնպիսի անձեր՝ որոնք մի քանի հայերէն գիրք անգամ կարդացած չեն եւ եթէ նոյնիսկ կարդացած են, չեն գիտցած ի՛նչ պէտք է կարդալ եւ ինչ ոչ:

Այո, օտար գրականութիւնը կրնայ շատ աւելի գրաւիչ թուիլ, որովհետեւ օտար գրականութիւն կարդալու գաղափարը նոյնիսկ շատ անգամ մարդու մօտ «զարգացած» ըլլալու տպաւորութիւնը կրնայ ձգել. սակայն մենք վստահ ենք, որ հայ գրականութեան մէջ կան այնպիսի ստեղծագործութիւններ, որոնք շատ աւելին են քան Թոլոսթոյը, Հիւկոն եւ ուրիշներ: Կրնանք թուել մի քանի տասնեակ գործեր, սակայն մեր այս յօդուածին համար կ՚ուզենք յիշել անոնցմէ երկուքը. օրինակ վերցուցէք Րաֆֆիի «Խաչագողի յիշատակարանը». կռիւ, սպանութիւն, արկածախնդրութիւն, սէր ու զգացում. օրինակ վերցուցէք Աւետիս Ահարոնեանի «Լռութիւն» աշխատութիւնը. սէր, փիլիսոփայութիւն, մարդկային կեանքի եւ հոգիի վերլուծում եւ տրամա։ Երկու աշխատութիւն, որ թէ՛ իր գրական վիճակին մէջ եւ թէ նոյնիսկ եթէ տեսերիզի վերածուի, համաշխարհային մակարդակով կը գրաւէ իր կարեւոր տեղն ու դիրքը: Հաւատացէ՛ք, որ Հիւկօ շատ աւելի մեծ գրական գործիչ մը չէ՛ քան Աւետիս Ահարոնեանը. Թոլոսթոյը շատ աւելի մեծ չէ՛ քան Րաֆֆին եւ եթէ մէկու մը հայեցողութեամբ դրութիւնը այսպէս չէ՝ պէտք է ան հարցականի տակ դնէ իր հայրենասիրութիւնը. անշուշտ անոնց լաւ ըլլալը պայմանաւորուած չէ՛ լոկ հայրենասիրութեամբ. անոնք իրենց որակով, իրենց մտածումով ու իմացական կարողութեամբ նուաճած են այդ դիրքը, սակայն զանոնք գնահատելու համար նախ պէտք է ունենալ հայրենասիրութիւն, որպէսզի հոգիով, սիրտով մարդ կարդայ անոնց աշխատութիւնները: Ի դէպ, երեւոյթը միայն գրականութեան պարագային չէ. բազմաթիւ հայերու համար օտար երաժշտութիւնը աւելի լաւ է՝ քան հայկականը. բազմաթիւ հայերու համար օտար արուեստագէտի գործերը շատ աւելի գրաւիչ են՝ քան հայունը, որովհետեւ մենք այնպիսի ազգ ենք, որ կը կարծենք սեփականը գովելով նուաստացած կ՚ըլլանք: 

Այս բոլորին փաստը մեր ապրած կեանքն է. հայեր օտար արուեստագէտներու համար մեծամեծ գումարներ կը մսխեն, սակայն, երբ կարգը հասնի հայ արուեստագէտին, ամէն բան կը չորնայ եւ յանկարծ կծծի կը դառնան, կարծելով, որ հայ մտաւորականը բարձրացնելով արժեզրկուած պիտի ըլլան: 

Հայ արուեստագէտին աջակցելով՝ հայ մշակոյթն է, որ մարդ պահած կ՚ըլլայ. հայ հեղինակին նեցուկ կանգնելով հայ գիրն ու գրականութիւնը, լեզուն է, որ պահած կ՚ըլլայ եւ ո՛չ անոնց անձերը: Անձերը կու գան ու կ՚երթան. այսօր մեր մօտէն գացած են Րաֆֆիներ, Պարոյր Սեւակներ, Մեծարենցներ, Օտեաններ, Արփիարեաններ եւ բազմաթիւ ուրիշներ. անոնք գացած են, սակայն մնացած է անոնց ձգած ժառանգութիւնը: 

Ի դէպ, այս մէկը կու գայ դաստիարակութեան պակասէն։ Մեր դպրոցներուն մէջ մեր ուսուցիչները չե՛ն յաջողիր աշակերտին մէջ արթնցնել այն հայրենասիրութիւնը, որ պատճառ պիտի ըլլայ սեփական արժէքները գնահատելու. թէ՛ գիրքի հանդէպ, թէ՛ արուեստի եւ մշակոյթի հանդէպ սէրը աշակերտը պիտի ստանայ նախ իր ծնողքէն եւ ապա դպրոցէն: Մինչեւ մենք մեր արուեստագէտը եւ մտաւորականը չսիրենք ու չպատուենք՝ պիտի շարունակենք մտապէս աղքատ մնալ եւ մեծարել օտարինը՝ որ իրականութեան մէջ աւելի բարձր չէ քան մերինը: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Եթէ ազգ մը իր սեփական մեծութիւնները պատուելու տեղ օտարինը մեծարէ, ի՞նչ կ՚ըլլայ:

Պատասխան. Եթէ ազգ մը իր սեփական մեծութիւնները պատուելու եւ գնահատելու փոխարէն օտարինը մեծարէ, վերջաւորութեան կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, թէ՛ գրականութեամբ եւ թէ մշակոյթով աղքատ կը դառնայ եւ այդպիսով օտարին կարծիքները իրենց համար կը դառնան չափանիշ ու արժեչափ: Այդ ազգի սերունդները կը սկսին առաջնորդուիլ օտարին միտքով, կ՚անգիտանան իրենց արժէքները եւ ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնեն սեփական արժէքները եւ կը ձուլուին այլ մշակոյթի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2025