ՈՍԿԵՐՉՈՒԹԵՆԷ ՀՐԱՇԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս ալ ժամանակի հոլովոյթը իր տարբեր ժամանակներուն ունեցած է իր կերպարները. ինչպէս օրինակ՝ բժիշկներ, իմաստուններ ու գրողներ, որոնք յաջողած են այսպէս կամ այնպէս պատմութեան մէջ յիշուիլ: Հասարակ ժողովուրդը կը հաւատար, որ գոյութիւն ունէին մարդիկ, որոնք Աստուածային ուժով օժտուած կը յաջողէին բժշկութիւններ կատարել. այս համոզումը քրիստոնէութեան ընդունումով ալ փոփոխութիւն մը չկրեց, որովհետեւ բժշկութիւնը սահմանափակ էր եւ հետեւաբար մարդ իր խնդիրներուն լուծումը կը փորձէր գտնել հոգեւորին ու անծանօթին մէջ՝ որուն մաս կը կազմէր նաեւ կախարդութիւնը: 

Ի դէպ, կախարդութիւնը միայն մեր օրերուն է, որ «անհեթեթ»ութիւն կը թուի, սակայն անցեալին այնքան կարեւորութիւն ունէր, որ նոյնիսկ պատմիչներ իրենց պատմութեան մէջ տեղ տուած են անոնց. օրինակ՝ պատմիչը քրիստոնէութեան նախնական շրջանին կը յիշէ «Նունէ» անունով հայ կախարդ մը, որ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ ուրիշ երկիրներու մէջ եւս բժշկութիւններ կը կատարէր։ «Ազգապատում»ի Ա. հատորին 71-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք. «Ասոնցմէ մէկն էր Նունէ, որ Վրաստան գնաց եւ Մծխիթա մայրաքաղաքին մէջ բժշկութիւններ կ՚ընէր եւ նոյնիսկ Միհրան բդեշխին կինն ալ բժշկեց»: Պատմութեան այս տողերէն կը հասկնանք, որ ո՛չ միայն հասարակ ժողովուրդը, այլ մինչեւ իսկ պալատականներ կը հաւատային նման բժշկութիւններու եւ կը դիմէին՝ որպէսզի դարման գտնեն իրենց հիւանդութիւններուն: 

Ի դէպ, կատարուած բժշկութեանց համբաւը մեծ կարեւորութիւն ունէր ժողովուրդին վրայ հեղինակութիւն գործելու համար. եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալներու գործունէութիւնը, պիտի տեսնենք, որ այդտեղ Քրիստոսի քարոզութիւններէն անդին առաքեալները յիշուած են որպէս հրաշագործ բժիշկներ։ Իրականութեան մէջ հրաշքով բժշկութիւններ կատարած էին թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն վերացականէն եւ հոգեւորէն վախցող ժողովուրդի մը համար անոնց հրաշագործութիւններու համբաւը բաւարար է յարգանք ազդելու: Նոյն ազդեցութիւնը ունեցաւ Գրիգոր Լուսաւորիչին Տրդատ Թագաւորն ու բազմաթիւ այլ պալատականներ բժշկելու տեղեկութիւնը: 

Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենալ ժամանակն ու մարդոց մտայնութիւնը. մարդիկ յարգանք պարտադրելու համար ամէն բան կ՚աստուածացնէին. օրինակի համար, Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ կատարուած Գիրերու գիւտը. այդտեղ Աստուծոյ աջին ներկայութիւնը կարեւոր էր ժողովուրդին մօտ յաւելեալ յարգանք ունենալու։ Պատմութիւնը շատ դիւրաւ կրնար հրաշագործութեամբ անմահացնել անձ մը պատմութեան էջերուն մէջ. օրինակի համար, մինչեւ օրս մեզի հասած պատմութեան մէջ կը գտնենք Սմբատ անուն անձ մը, որուն համար պատմիչը կը գրէ. «Սմբատի մարմինին վրայ լոյս ճառագայթաւէտ եւ ճրագ ճաճանչաւոր. Բազում բժշկութիւն հիւանդաց եւ վտանգելոց եւ ախտաժետաց կատարէր»: 

Անշուշտ, ի յայտ կու գան բազմաթի՜ւ բժշկութիւն կատարող անձեր, որոնք միշտ չէ, որ կը յաջողին ժողովուրդի վստահութիւնը. օրինակ՝ պատմութիւնը որպէս բժշկող կը յիշէ բազմաթիւ անձեր, սակայն, կասկածի տակ կը դնէ պատմութեան մէջ յիշուած Դաւիթ Ծարեցին, որ մէկէն ի մէկ հաւատալով, որ ունի բժշկելու կարողութիւն՝ տան դիմաց խաչ մը կանգնեցնելով՝ կը սկսի քարոզութեան եւ կը յաջողի անունը լսելի դարձնել եւ այնքա՛ն յաջողած է իր մոլորութեան մէջ, որ Հայ Եկեղեցին յստակ հալածանքի ենթարկած է զինք։ Նունէի կախարդական բժշկութիւնը պատմիչներու մօտ կասկած չեն յառաջացուցած, սակայն, Դաւիթ Ծարեցիի դէպքը գտած են անճիշդ. սակայն հակառակ այս իրողութեան, ժամանակին յաջողած է իր անունը լսելի դարձնել նոյնիսկ պալատականներու:

Նման կախարդներ գոյութիւն ունեցած են գրեթէ ամէ՛ն ժամանակներու, սակայն, բոլորը չեն յաջողած անուն ձգել ու պատմութեան մէջ յիշուիլ։ Ի դէպ ըսենք, որ նման կախարդներ յատուկ չեն միայն անցեալին. մօտիկ ապագային, մինչեւ իսկ գուցէ այսօր գոյութիւն ունին նման անձեր, որոնք իրենք զիրենք հրաշագործ կարծելով «բժշկութիւն» կատարել կը փորձեն. օրինակ՝ Եգիպտոսի մէջ լոյս տեսնող «Արեւ» օրաթերթը, իր չորեքշաբթի, 10 հոկտեմբեր 1945-ի թիւին Ա. Էջին վրայ կը հրատարակէ «Հրաշագործ բուժող մը» խորագրեալ լրատուութիւն մը, որուն տակ կը գրէ. «Աւագ անունով հայ մըն է ան»: 

Կ՚ուզենք այստեղ մէջբերել «Արեւ»ի տողերը. «Բազմաթիւ օրերէ ի վեր մայրաքաղաքիս մէջ տարաձայնութիւններ կը շրջին Աւագ անունով տղու մը մասին, որ կ՚ընէ հրաշալի բուժումներ, որոնց մէջ բազմաթիւ անբուժելի պարագաներ, ինչպէս ամբողջական կամ մասնակի հաշմանդամութիւն եւ խլութիւն, խենդութիւն, սուր անարիւնութիւն եւ այլն: Կը յիշուի պարագան խեղդամահ տղու մը, որ մեռած կը նկատուէր եւ զոր Աւագ վերակենդանացուցած էր»: 

Հայազգի Աւագին կատարած բժշկութիւններուն մասին մամուլը կը գրէ. «Հսկայ բազմութիւն մը ամէն օր կը հաւաքուի այն վայրին շուրջ եւ ոստիկանութիւնը մեծ ճիգերով հազիւ թէ կը յաջողի ցրուել ամբոխը»:

Ի դէպ, հայազգի Աւագը իրականութեան մէջ քսան տարեկան տղայ մըն էր՝ ոսկերիչի օգնական մը, որ յանկարծ բուժելու կարողութիւնները կը «յայտնաբերէ» եւ այդ գործին կը լծուի. օրուան մամուլը իր մասին կը գրէ. «Կրնայ ըլլալ, որ Աւագ դառնայ մին ամենէն մեծ բուժողներէն, զոր աշխարհ ճանչցած ըլլայ երբեւիցէ»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Կախարդները բժշկութիւն կրնա՞ն ընել:

Պատասխան. Այո, պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն մարդիկ համոզուած էին, որ կախարդները կամ գուշակները կրնան խորհրդանշական բժշկութիւններ կատարել: Իրականութեան մէջ անոնց «բժշկութիւն»ը առաւելաբար հոգեբանական աջակցութիւն, մխիթարութիւն ու խորհուրդ է, քան իսկական բուժում: Շատեր կը դիմէին անոնց, որովհետեւ մարդոց մէջ հաւատքն ու Աստուածայինը տարբեր իմաստ ունէին եւ բնականաբար մարդուն հոգեկան վիճակը կը բարելաւէին՝ ինչ որ որպէս բժշկութիւն կը թարգմանուէր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2025