ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԵՒ ՀԵՌԱՏԵՍ
Ժամանակը անդիմադրելի հոսանք մըն է՝ զոր անկարող են կասեցնել ո՛չ գիտութիւնը, ո՛չ գիւտերը, ո՛չ գանձեր, ո՛չ հնարքեր եւ ոչ անպարտելի ուժեր. թէ՝ ամէն ուժ ստիպուած է խոնարհիլ անոր առջեւ եւ թարմութիւն, գեղեցկութիւն եւ զօրութիւն անպայման պիտի ազդուին անոր մոգական հպումէն։
Եւ արդարեւ, մարդ որքան ալ մխրճուած ըլլայ բազմազբաղ կեանքի մը կատաղի պայքարի մէջ, եւ որքան ալ վարժ ըլլայ փիլիսոփայօրէն կամ բարոյագիտօրէն մտածելու, կու գայ ժամանակ մը, երբ պահիկ մը կանգ կ՚առնէ խորհելու համար տարիներուն անարգել յառաջխաղացութեան վրայ՝ որ իր անսրբագրելի դրոշմը կը դնէ «սկիզբ» ունեցող ամէն բանի վրայ։ Եւ մարդ, այս վիճակին մէջ յետադարձ ակնարկէն յետոյ՝ հոգին տեսակ մը թախծութեամբ կը համակէ. դէպի յառաջ կը նայի եւ կը ջանայ երեւակայել «վաղը»։
Երբ մարդուն ֆիզիքական եւ իմացական ուժերը աստիճանաբար կը լքեն զինք՝ կը հարցնէ ինքզինքին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է դիմաւորել այդ Իրականութիւնը։ Ասոր համար անհրաժեշտ են իմաստութիւն եւ հեռատեսութիւն։
Իմաստուն եւ հեռատես է այն անձը՝ որ իր այսօրուան շահէն մաս մը կը խնայէ եւ մէկդի կը դնէ իր անգործութեան տարիներուն համար։ Այդ պահեստը զօրաւոր յենակներ կ՚ըլլան իրեն, ուժ, մխիաթարութիւն, վստահելիութիւն եւ ապահովութիւն։
Իմաստուն եւ հեռատես է այն անձը՝ որ կեանքին իր սեփական գործերէն եւ զբօսանքի եւ հաճոյքի ժամերէն եւ ժամանցներէն զատ կը մտածէ նաեւ ուրիշ արարքներու վրայ ալ, որոնք իր ծերութեան օրերուն պահեստի դրամագլուխի մը դերը պիտի կատարեն, եւ երբ ետ նայի իր անցեալին վրայ, հրճուանքով պիտի տեսնէ, թէ իր կեանքը լոկ մսխում մը չէ՛ եղած, այլ ունեցեր է արժէք մը եւ հարստութիւն մը՝ որ անխառն գոհունակութեան մշտահոս աղբիւր մըն է իրեն համար։ Հաճոյքներու բուռն տրամադրութեան հակառակ՝ իր պարտականութիւնը կատարած ըլլալու գիտակցութիւնը. իր քսակէն, ժամանակէն, խորհուրդներէն եւ պատեհութիւններէն ուրիշներու ալ բաժին հանած ըլլալու իր սովորութիւնը. ներքին բուռն պայքարներու ատեն իր լաւագոյն ԵՍին տարած յաղթանակները զօրաւոր յենակներ են, որոնց կրնայ կռթնիլ հպարտութեամբ եւ ապահովութեամբ, երբ արեւը հորիզոնին հետզհետէ կը մօտենայ։
Կ՚ապրինք միջավայրի մը մէջ՝ ուր երիտասարդներու գեղեցիկ եւ առոյգ կեանքը մեր առջեւն է ամէն ժամ եւ ամէն օր, կեանքե՜ր՝ ուսման եւ գիտութեան անեզր հորիզոններուն տեսիլքով յափշտակուած, եւ երջանկութեան, սէրերու եւ փառքերու երազներով հմայուած են. կեանքեր՝ որոնք զօրութեան, թարմութեան, խայտանքի եւ հրճուանքի իրենց յորդումին մէջ կեանքին արտօսրին, խորշումներուն եւ սպիտակ մազերուն գոյութեան չեն ուզեր հաւատալ ինքնախաբօրէն։ Թեթեւ հոգիներ՝ որոնք աշխատանքի եւ գործի ժամերուն մէջ իսկ կը յորդին ծիծաղելով ժպտելով, երգերով եւ ճռուողիւններով։
Եւ մենք ալ, որ ունեցեր ենք հոգիի այդ թեթեւութիւնները, եւ անցեր ենք կեանքի Գարունին այդ վարդասփիւռ ճամբաներէն, եւ հիմա տարիներու ծանրութիւնը եւ փորձառութիւնը կը կրենք մեր ուսերուն վրայ, կը փորձուինք գոչել իրենց՝ սիրելի երիտասարդներուն, հոգ չէ թէ պատանեկան անփորձութիւնը ծիծաղով միայն ունկնդրէ փորձառութեան ձայնին.
«Ձեր աշխատանքի լրջութենէն բաժիններ հանեցէ՛ք, ձեր ներքին հոգեկան կռիւներէն յաղթանակներ ապահովեցէ՛ք, ձեր կեանքերուն կորովէն, գեղեցկութենէն եւ հարստութենէն պահեստի գումար մը մէկ կողմ դրէ՛ք, ձեր յուսախաբութիւններէն եւ վիշտերէն զօրութիւն ամբարեցէ՛ք, ձեր սրտին բարութիւններէն եւ ազնուութիւններէն պաշար հաւաքեցէ՛ք…
«Ասոնք վաղը, ապագային ձեր թանկագին դրամագլուխը պիտի կազմեն, որուն վրայ պիտի ուզէք նայիլ գոհունակութեամբ եւ հրճուանքով, եւ երբ ձեր ալ կեանքը, ձեր մայրամուտի արեւը ձեր կեանքին արշալոյսին հմայքը եւ շքեղութիւնը պիտի ունենայ…»։
Վաղուան կեանքը երբեք չի՛ նմանիր այսօրուանին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 9, 2026, Իսթանպուլ