ԿԱՆ ՊԱՀԵՐ ՈՒՐ ԳԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵՆԷՆ ԼԱՒ Է

Իւրաքանչիւր ազգի համար անկախութիւնը ո՛չ միայն պետական կամ քաղաքական հասկացողութիւն է, այլ ներքին անփոխարինելի արժէք, որ կը խորհրդանշէ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։ Դարեր շարունակ պետութիւններ, ազգեր պայքարած, պատերազմած ու մարտնչած են ձեռք բերելու եւ կամ պահելու համար անկախութիւնը, որով կ՚ապահովուի նաեւ գոյութիւնը մշակոյթին եւ ազգային դիմագիծին: Անկախութեան միջոցով է, որ իւրաքանչիւր ազգ ի՛նքն իր ճակատագիրը կ՚որոշէ եւ անոր կորուստը ստրկութեամբ միայն ու միայն դէպի կործանում կը տանի ազգը:

Այս բոլոր գաղափարներուն համաձայն ըլլալով, միւս կողմէ համոզուած ենք նաեւ, որ ամէ՛ն ազգ արժանի չէ անկախութեան. շատ մը երկիրներու պարագային գերութեան տակ գտնուիլը սեփական ժողովուրդին համար շա՛տ աւելի շահաւէտ, շատ աւելի արդիւնաբեր է՝ քան անկախութեան մէջ գտնուիլը եւ այս խրթին երեւոյթը բացատրենք հետեւեալ ձեւով.- մինչեւ 1950-ական թուականները Ափրիկէի ժողովուրդը կ՚ապրէր գերութեան տակ. այդ ժամանակաշրջանին Ափրիկէի հարստութիւնը՝ ոսկի, ադամանդ, պղինձ եւ այլ նիւթեր կը տեղափոխուէին Եւրոպա։ Շատ աննշան աշխատավարձի դիմաց ափրիկեցի ժողովուրդը կ՚աշխատէր՝ որպէսզի իրենց երկրին հարստութիւնը հարստացնէր Եւրոպան. ժողովուրդը աղքատ վիճակի մէջ կը գտնուէր, որովհետեւ երկիրին հարստութիւնը կ՚արտահանուէր՝ առանց երկրին եւ ժողովուրդին շահ մը բերելու եւ այս վիճակէն դուրս գալու միակ տարբերակը անկախութեան տիրանալն էր:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Եւրոպա լուրջ խնդիրներու մէջ էր եւ ամբողջովին չէր կրնար վերահսկել ափրիկեան երկիրներու վրայ եւ այս մէկը առիթ հանդիսացաւ, որ Ափրիկէն դուրս գայ գերութենէն. կամաց կամաց ստեղծուեցան ազգային շարժումներ եւ ծնունդ առին քաղաքական գործիչներ. ինչպէս՝ Նելսըն Մանտելա, Ճոն Քենիանա եւ ուրիշներ: Շատ մը երկիրներ բանակցութեամբ, իսկ ուրիշներ քաղաքական մինչեւ իսկ ռազմական պայքարով յաջողեցան ձեռք բերել անկախութիւն: Կարծուեցաւ, թէ անկախութեան ճամբով արդէն իսկ կարելի պիտի ըլլայ ժողովուրդի կեանքը բարելաւել ու դէպի բարօրութիւն առաջնորդել, որովհետեւ հակառակ այն դժբախտ իրողութեան, որ մինչեւ օրս Ափրիկէն ճանչցուած է որպէս «աղքատ» բնակչութեան տէր տարածաշրջան, ունի բազմաթի՜ւ հարստութիւններ. Ափրիկէ հարուստ է ոսկիով եւ ադամանդով. հարուստ է նաւթով եւ կազով եւ հաւատացէ՛ք, որ այդտեղ գտնուող հարստութիւնը ո՛չ միայն Ափրիկէն, այլ ամբողջ աշխարհ մը նիւթապէս կրնայ լաւ ու ապահով պահել, սակայն, անկախութեան «հանգիստ» ապրելու երազները այդպէս ալ չիրականացան:

Անկախութեան հռչակումէն ետք նորաստեղծ պետութիւններն ու կառավարութիւնները ժողովուրդի կեանքը բարելաւելու փոխարէն ամբողջ հարստութիւնը փորձեցին պետականացնել եւ պետականացման անուան տակ իւրացնել ամբողջ հարստութիւնը. այնպէս ինչպէս եւրոպացիները երկրի հարստութիւնը արտահանելով իրենց երկիրները կը հարստացնէին, նոյնպէս նորաստեղծ իշխանութիւնները իւրացուցին երկրի հարստութիւնը եւ շահերը ժողովուրդին բարօրութեան գործածելու փոխարէն իւրացուցին։ Այսօր պատմութիւնը սերտելով կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ անուններու. օրինակի համար, 1969-1991 թուականներուն՝ 22 տարի Սոմալիի նախագահ Մուհամմէտ Սիատ երկրի եկամուտներուն աւելի քան 15 առ հարիւրը իւրացնելով դարձուցած էր իր եւ իր ընտանիքին սեփականութիւնը։ Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, աւելի քան 4 միլիառ տոլար եւ աւելի գումար նախագահը սեփականացուց, մինչ նոյն միջոցին Սոմալիի մէջ սով էր եւ ժողովուրդը անօթութենէն կը մեռնէր։ Այդ տարիներուն է, որ բազմաթի՜ւ քաղաքացիներ դուրս գալով երկրէն ապաստան գտան դրացի երկիրներու մէջ։ Նախագահը հարստութեան մէջ էր, մինչ երկրին մէջ առողջապահութեան համակարգ գոյութիւն չունէր. հիւանդութիւնները օրէ օր աճ կ՚արձանագրէին: Տարբեր վիճակ մը չունէր 1965-1997 թուականներուն Քոնկոն ղեկավարած Մոպուտուն, որ իր ձեռքին տակ կը պահէր կառավարութեան եկամուտին եւ պետական միջոցներուն 75 առ հարիւրը, կամ Անկոլայի ղեկավար Ժոզէ Էտուարտոն՝ որուն հարստութիւնը կը գնահատուի 20 միլիառ տոլարով:

Անկախութիւնը ափրիկեցի ժողովուրդին համար բան չփոխեց, որովհետեւ այն հարստութիւնը՞ որ Եւրոպա կ՚երթար, սկսաւ երթալ ղեկավարներու գրպանները։ Ժողովուրդի կեանքին մէջ ո՛չ մէկ փոփոխութիւն եւ կարելի է ըսել, որ շատ մը շրջաններ գերութեան մէջ շատ աւելի բարօր վիճակ ունէին՝ քան անկախութեան մէջ: Այս բոլորը նկատի ունենալով, պէտք է ազգ մը մի՛շտ մտածէ, թէ անկախութիւնը շատ անգամ գերութենէն աւելի սուղ կրնայ արժել. մինչեւ այսօր Ափրիկէի մէջ կայ մե՜ծ հարստութիւն, սակայն սովամահ եղող մանուկներուն հաղորդագրութիւնները համաշխարհային մամուլէն պակաս չեն... պարզապէս վա՜յ այն ազգին, որուն ժողովուրդը աղքատ, իսկ ղեկավարները հարուստ են: 

Մինչեւ օրս շատեր հարցականի տակ կը դնեն նաեւ Հայաստանի վիճակը. Խորհրդային Միութեան ժամանակ վիճակը աւելի լաւ կը նկատեն շատեր, մա՛նաւանդ երբ նկատի ունենան այն հանգամանքը, որ բոլորը պարտադիր ուսման կը հետեւէին, բոլորն ալ բնակարաններու տէր էին եւ վարձքերու բեռին տակ չէին ընկճուեր։ Անկախութիւնը մի՛շտ փոքրամասնութեան մը համար կրնայ լաւ ու բարօր ըլլալ. մնացեալները նոյն պայքարն է, որ կը շարունակեն:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Եթէ մեր ազգին ներկան ու ապագան լաւ պիտի ըլլան, այդ պատասխանատուութեան մէջ դեր ու բաժին ունեցած պիտի ըլլայ մեր երիտասարդութիւնը: Ու եթէ մեր երիտասարդութիւնը դաստիարակուի եւ իր պատասխանատուութեանց պատրաստուի այն ուղղութեամբ, զոր կ՚առաջադրէ մեր իրական կացութիւնը, մենք կրնանք վստահութեամբ դիտել մեր ազգի ապագան, եւ մեր կարելի այն ուժը կեդրոնացնել այդ երիտասարդութեան զարգացումի գործին։ 

ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 10, 2026