ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱՆՔ…

Ուրախ պէտք է ըլլանք, քանի որ ապահով եւ ամենավստահելի Հայր մը ունինք. Ա՛ն է մեր Նախախնամը, Ա՛ն է մեր ապաւէնը։ Այս գաղափարը մեզ կը մխիթարէ մեր նեղութիւններուն, մեր ցաւերուն, վիշտերուն մէջ։ Եւ ուրախ ըլլալու համար յաճախ պէտք է յիշել այն ճշմարտութիւնը, թէ Հայր մը ունինք՝ երկնային Հայր մը՝ որ միշտ մեզի հետ է, պատրա՛ստ է մեզ զօրացնելու եւ անվտանգ եւ ապահով պահելու կեանքի զանազան վտանգներու եւ անապահով միջավայրերու մէջ։

Այս պայմաններու մէջ պէտք է յաճախ ուրախ եւ զուարթ խորհուրդներ ստեղծել։ Եւ այս խորհուրդները ստեղծող հանգամանքներէն են ծիծաղաշարժ կարճ իմաստալից պատմուածքներ՝ «anecdote»ներ։ 

Ահաւասիկ մի քանի օրինակ այս ծիծաղաշարժ պատմուածքներէն՝ որոնք գոնէ պահ մը մեզ պիտի հեռացնեն մեր նեղութիւններէն, հոգերէն։

*

Մարդ մը կ՚երթայ բժիշկին, գանգատելով.

-Յարգելի բժիշկ, կարծեմ լսողութիւնս սկսած է տկարանալ, այնքան որ նոյնիսկ չեմ կրնար հազս լսել։

Բժիշկը քննելէ ետք դեղ մը կու տայ՝ ըսելով.

-Այս դեղը գործածէ՛ եւ եօթը օր ետք դարձեալ քովս եկո՛ւր։

Եօթ օր ետք մարդը դարձեալ կու գայ բժիշկին եւ կ՚ըսէ.

-Շատ շնորհակալ եմ յարգելի բժիշկ, առնուազն հիմա կրնամ հազս լսել։ Իսկապէս ի՞նչ ըրիր որ զիս բուժեցիր։

-Ո՛չ մէկ բան, կը պատասխանէ բժիշկը, պարզապէս հազդ զօրացուցի…

*

Դատարանին մէջ, դատաւորը կը հարցնէ իր իսկ երկուորեակ եղբայրը սպաննած երիտասարդին.

-Կ՚ընդունի՞ս որ երկուորեակ եղբայրդ սպաննած ես, եւ եթէ այո՛, ինչո՞ւ։

-Կ՚ընդունիմ տէր դատաւոր, բայց իրականութեան մէջ ես կ՚ուզէի անձնասպան ըլլալ, սակայն այդ վայրկեանին կ՚երեւի շփոթած եմ եւ երկուորեակս սպաննած…

*

Վիրաբուժական գործողութեան պատրաստուող հիւանդը.

-Յարգելի բժիշկ, խնդրեմ ճշմարտութիւն ըսէ՛ ինծի, արդեօք գործողութենէս վերջ պիտի կարենա՞մ ջութակ նուագել։

-Անկասկա՛ծ, որովհետեւ գործողութիւնը կապ չունի ջութակ նուագելուդ հետ։

-Այդ հոյակապ լուր է, յարգելի բժիշկ, որովհետեւ կեանքիս մէջ բնաւ չեմ նուագած։

*

Վարորդը իր բեռնատարով կը զարնէ հինգ ինքնաշարժ, ուրիշ բեռնատար կառք մը կը ղրկէ վաճառատունէ մը ներս, պատճառ կ՚ըլլայ ութ հոգիի մահուան եւ ծանրօրէն կը վիրաւորէ ոստիկան մը։

Մի քանի օր ետք երբ աչքերը կը բանայ հիւանդանոցին մէջ, գլխուն վրայ կեցած բժիշկին կը հարցնէ.

-Յարգելի բժիշկ, ի՞նչ պատահեցաւ ինծի։

Բժիշկը հանդարտ կը պատասխանէ.

-Արեանդ քննութեան արդիւնքները հասան, եւ շատ քիչ քանակութեամբ արիւն գտնուած է ալքոհոլիդ մէջ…

*

Մարդ մը եկեղեցի մտնելով կ՚աղօթէ Աստուծոյ՝ որ իրեն ինքնաշարժ մը տար։

Յանկարծ կը լսէ, որ իր քովը կեցած անձը Աստուծմէ միայն հազար ոսկի դրամ կը խնդրէր։ Անմիջապէս մօտենալով մարդուն կու տայ հազար ոսկի դրամը եւ կ՚ըսէ.

-Շուտ կորսուէ՛ այստեղէն եւ Աստուծոյ ուշադրութիւնը մի՛ տարածեր…

*

Նորածինին հայրը քաղաքապետարան կ՚երթայ իր նորածին զաւակը արձանագրել տալու եւ կ՚ըսէ.

-Տղայ զաւակ մը ունեցայ եւ կ՚ուզեմ արձանագրէք անունը։

-Իսկ ի՞նչ անուն ընտրած էք ձեր զաւկին համար։

-Դրամ, կը պատասխանէ հպարտութեամբ։

-Կը ցաւիմ բայց այդպիսի անուն չկայ, հետեւաբար չենք կրնար արձանագրել, կը պատասխանէ պաշտօնեան։

-Բայց ինչո՞ւ ոչ, ուրիշներ իրենց զաւակը Ֆրանք եւ կամ Մարք կը կոչեն, իսկ ինչո՞ւ ես պիտի չկարենամ զաւակս «Դրամ» կոչել…

*

Իմաստալից չե՞ն այս խօսքերը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 8, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2025