ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Է.)
Մարդկային ընկերութեան մէջ ընտանեկան կառուցուածքը սկսաւ յստակ փոփոխութիւն կրել 18-րդ եւ 19-րդ դարերու ընթացքին. աղքատ դասակարգին մօտ այդ փոփոխութիւնը այդքան նկատելի չեղաւ, ինչքան հարուստ դասակարգին մօտ. միջին եւ աղքատ դասակարգի կինը ամբողջութեամբ կը տարբերէր հարուստ ընտանիքներու մայրերէն ու կիներէն. այս մէկը յստակօրէն կրնանք տեսնել նաեւ մեր վէպերուն մէջ, ուր ունեւոր ընտանիքի աղջիկը եւ կամ կինը ունէր իր շուքն ու ազդեցութիւնը: Անոնց ազդեցութիւնը մեծ էր մշակութային եւ ընկերային շրջանակներու վրայ: Հարուստ պարահանդէսներն ու հաւաքոյթները ընդհանրապէս կիներ կը կազմակերպէին, որովհետեւ շրջանակի վրայ ունէին իրենց անունը եւ ազդեցութիւնը եւ անոր հիման վրայ ունէին որոշ յարգանք մը:
Այստեղ որոշ խզում մը ստեղծուեցաւ մօր եւ զաւակին յարաբերութեան միջեւ. ի տարբերութիւն աղքատ ու միջին դասի պատկանող ծնողներուն, հարուստ ընտանիքներու մէջ մայրեր աւելի հեռու կեցան իրենց զաւակի կրթութենէն ու դաստիարակութենէն եւ այդ մէկը ուզեցին վստահիլ ուսուցիչներու, որոնց տրուած էր զաւակներու ամբողջական կրթութիւնն ու ապագան: Իրենց մօտ ամբողջութեամբ տարբեր էր մօր կերպարը, որովհետեւ տան տնտեսական գործերը եւ գրեթէ ամէն բան, որոնք տրուած էին մօր, կը կատարուէին ծառաներու եւ դայեակներու կողմէ: Այս պատճառով մայր ու զաւակ յարաբերութիւնը աւելի նուազ ազդու էր անոնց մօտ՝ քան միջին եւ աղքատ դասակարգի պատկանող ընտանիքներու մօտ: Անշուշտ, կարելի չէ այս մէկը ընդհանուրին վրայ տարածել. կային հարուստ դասակարգի պատկանող ծնողներ, որոնք մօտէն կը հետեւէին իրենց զաւակներու դաստիարակութեան, սակայն, մեծամասնութիւնը տարուած էր հասարակութեան մէջ իր ունեցած դիրքով եւ այդ դիրքին բերած ակնկալութիւններով, որով կարելի կ՚ըլլար պահել իրենց հեղինակաւոր ներկայութիւնը ընկերային կեանքէն ներս:
Միջին ու աղքատ ընտանիքներուն մօտ ծնողական սէրը պայմանաւորուած էր նուիրումի եւ բարոյական արժէքներու վրայ, սակայն, հարուստ դասակարգին պատկանողներուն մօտ այդ մէկը կ՚արտայայտուէր նուէրներով, զարդեղէններով եւ հեռու էր ֆիզիքական մտերմութենէ: Պէտք է նկատի ունենալ, որ նոյնիսկ նորածին զաւակներ ունէին կրծկեր մայրեր, որոնք նիւթական վարձատրութեան դիմաց կը կերակրէին նորածինները, որովհետեւ բարձր դասակարգի կիներուն համար այդ մէկը մայրական պարտաւորութիւն ըլլալէ հեռու էր եւ կը դիտուէր որպէս «յոգնութիւն». ծառայութիւն՝ որ դրամի ուժով կրնային ձեռք բերել:
Սակայն, այս զաւակները հեռու ըլլալով ծնողական բարոյական սէրէն, ունէին այլ բախտաւորութիւն մը՝ համեմատած աղքատ ու միջին դասակարգի պատկանող ընտանիքներու.- դպրոցական կրթութեան հասանելիութիւն. բոլորս ալ գիտենք, թէ գաւառներու մէջ ինչքա՜ն դժուար էր այդ ժամանակներուն դպրոց ունենալ եւ յաջողիլ այդտեղ ապրող թշուառ ընտանիքներու մանուկներ դաստիարակել. Սակայն, հարուստները ունէին նիւթական հանգստութիւնը իրենց զաւակները ղրկելու թէ՛ երկրի եւ թէ արտասահմանի մէջ գտնուող բարձրագոյն վարժարաններ. անոնց զաւակները առիթ ունէին: Անոնց տրուած էր իրաւաբանական ուսման մասնակցիլը, քաղաքականութեամբ զբաղիլը եւ շատ մը ոլորտներ անոնց մենաշնորհն էր: Եթէ սերտենք պատմութիւնը՝ պիտի տեսնենք, որ հարուստի զաւակն էր, որ կը զբաղէր երաժշտութեամբ: Հարուստներու մօտ ամուսնութեան մէջ զաւակին պարտաւորութիւններն ու կարողութիւնները եւս այնքան նկատի չէին առնուեր, որովհետեւ նման դասակարգի ընտանիքներուն մօտ ամուսնութիւնը պարզապէս միջոց էր իրենց անուանի ընտանիքին անունը այլ հարուստ ընտանիքի մը հետ միացնելով աւելիով բարձրանալու. վկայ մեր բոլոր այն վէպերը, ուր հարուստ դասակարգն ու աղքատ դասակարգը ունեցած են սիրոյ բախումներ:
Հարուստ ընտանիքներու պարագային մօր դերը աւելիով փոխուած կը տեսնենք, քան հօր դերը. հայրը կը շարունակէ մնալ տան գլուխը. սակայն նոյնպէս, ինչպէս մայրը, անոնք եւս հեռու էին իրենց զաւակներու անմիջական դաստիարակութենէն, որովհետեւ անոնց տրուած էր կեդրոնանալ նիւթական, քաղաքական եւ ընկերային հարցերով. անոնց համար իրենց զաւակներուն դաստիարակութենէն շատ աւելի կարեւոր էր ունենալ բարոյապէս բարի ու ներկայանալի զաւակներ, որոնք պիտի յաջողէին ստանձնել իրենց կողմէ տրուելիք ժառանգութիւնը՝ պահելու համար ընտանիքի ունեւորի անունը: Այդ իսկ պատճառով, հայերը իրենց զաւակները ընդհանրապէս կը պահէին իրենց մօտ՝ որպէսզի լաւապէս տիրապետէ ընտանեկան գործունէութեան եւ ապագային դառնայ ժառանգը եւ շարունակէ այն գործը, որ հայրը կը կատարէ: Այդ իսկ պատճառով հօր եւ զաւակին միջեւ զգացական կապ այնքան ալ գոյութիւն չունէր. հօր համար կարեւոր էր, որ զաւակը միշտ նոր ձեռքբերումներ ունենայ, որպէսզի հանրութեան յաջողի ցոյց տալ, թէ ինք արժանի զաւակ է այն հօրը՝ որ շրջապատին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի (շատ անգամ միայն ու միայն նիւթական կարողութեամբ): Այս բոլորին կողքին, վստահաբար անպակաս էին նաեւ ընտանեկան խնդիրները, որովհետեւ կար ընտանիքին արժանի զաւակ ըլլալու որոշ արժեչափ մը, որ շատ անգամ դժոխքի կը վերածէր զաւակներուն կեանքը:
Սակայն, աղքատ ընտանիքներու պարագային այդպէս չէր:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Դայեակի գոյութիւնը առո՞ղջ է զաւակի մը կրթութեան համար:
Պատասխան. Դայեակի ներկայութիւնը զաւակի մը կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար կրնայ ըլլալ թէ՛ վնասակար եւ թէ օգտակար՝ կախեալ տարբեր գործօններէ: Լաւ պատրաստուած եւ կրթուած դայեակը կրնայ լուրջ աջակցութիւն տրամադրել մօր եւ օգնել զանազան հարցերու մէջ, ինչպէս, օրինակ, սկզբնական շրջանի ուսուցում՝ մանաւանդ եթէ ծնողները զբաղած են եւ չունին ժամանակ ամբողջապէս հետաքրքրուելու զաւակով: Սակայն, միւս կողմէ, չափէն աւելի դայեակին վստահիլը կրնայ սահմանափակել զաւակին եւ ծնողքին միջեւ եղած ծնողական կապն ու ազդեցութիւնը: Այդ իսկ պատճառով, պէտք է հաւասարակշռել: Պէտք է ծնողքը մնայուն ներկայութիւն ըլլայ իր զաւակին կեանքին մէջ. միայն նման պարագայի դայեակի գոյութիւնը կրնայ դրական ըլլալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան