ԱՆՊՏՈՒՂ ԹԶԵՆԻՆ

«Տէ՛ր, այս տարի ալ ատիկա թող տուր, մինչեւ ատոր բոլորտիքը բրեմ եւ պարարտացուցիչ թրիք դնեմ եւ եթէ պտուղ տայ՝ աղէկ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրես ատիկա՛». (ՂՈՒԿ. ԺԳ 8-9)։

Առակը անպտուղ թզենիին վրայ է. այգիին մէջ տնկուած թզենի մը, որմէ պտուղ քաղել կարելի չէ եղած եւ այգիին տէրը կ՚ուզէ թզենին կտրել, որպէսզի գետինը չխափանէ։

Արդեօք թզենին ինչո՞ւ համար պտուղ չէ տուած երեք տարիէ ի վեր։ Առանց պատճառը գիտնալու որոշում տալ ճիշդ չէ՛. նախ պէտք է պատճառը գիտնալ, հարցը լուծել եւ յետոյ պատշաճը կատարել։ Ուստի, առակէն կը հասկնանք, որ թզենին ճիշդ տեղ չէ տնկուած՝ ան տնկուած է որթատունկի այգիի մը մէջ։ Արդարեւ, որեւէ կենդանի էակ եթէ չգտնուիր յարմար միջավայրի մէջ, ան չի կրնար աճիլ եւ չի կրնար պտուղ տալ, օգտակար ըլլալ իր շրջանակին։ Այս պարագան կարելի է նմանցնել անապաշխար եւ երախտամոռ մարդոց, որոնք կը յամառին սխալ ճամբու վրայ ընթանալ։

Մարդիկ, ընդհանրապէս կը խորշին՝ վախնալով կը փախչին եւ կը խուսափին ապաշխարելէ։ Մինչդեռ ապաշխարանքը երբեք զրկանք մը չէ եւ ոչ ալ պատիժ մը՝ ապաշխարանքը մտքի եւ հոգիի նորոգութիւն մըն է։ Ապաշխարանքով մարդ կը նորոգուի, ըսենք, կը վերադառնայ իր նախկին երանելի վիճակին։ Եւ այս իմաստով, ապաշխարութիւնը մտքին եւ հոգիին դեղը եւ դարմանն է իր ամէն ախտերուն եւ մոլութիւններուն։ Եւ քրիստոնեային համար ապաշխարութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսով նորոգուիլ եւ սրբուիլ կը նշանակէ, այն ինչ որ անհրաժեշտ է բոլորիս համար, քանի որ չկա՛յ անմեղ մարդ։

Եւ ահաւասի՛կ, այգիին տէրն իսկ, երբ անպտուղ թզենին կտրել կ՚ուզէ, կը նմանի այն անհամբեր մեղաւորին՝ որ թէեւ կ՚ուզէ փրկուիլ իր մեղքերէն եւ սակայն կը խուսափի ապաշխարելէ։ Ուստի, նախ թզենին շիտակ տեղ տնկէ եւ յետոյ անկէ պտուղ սպասէ եւ երբ ատենը գայ, քաղէ զանոնք։ Այս պատճառով, այգեպանը կը խոստանայ թզենին հասցնել, պարարտացուցիչով զօրացնել զայն եւ ապա պտուղ քաղել անկէ։ Այգեկութի համար նախ պէտք է ջանք թափել, աշխատիլ եւ խնամել այգին…

Մարդն ալ, պատանեկան տարիքէն հոգեպէս լաւ հասցնելով, հոգին ազնուացնելով եւ միտքը զարգացնելով, կրթելով եւ մշակելով է, որ կրնայ իր միջավայրին եւ համայն մարդկութեան օգտակար անձ մը ըլլալ։

Արդարեւ, մարդուն նպատակը պէտք է ըլլայ մարդկութեան օգտակար անձ մը ըլլալ՝ ուսում, հարստութիւն, յաջողութիւններ, համբաւ, հռչակ եւ բոլոր բարեմասնութիւններ միջոցներ են մարդուն՝ մարդկութեան օգտակար ըլլալու, ինչ որ մարդուն առաջնակարգ կոչումը՝ պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնն է։

Դիրք, աստիճան, տիտղոս, փառք եւ պատիւ, բոլորը ո՛չ թէ ենթական կը մեծցնեն, այլ մանաւանդ պարտականութիւնները եւ պատասխանատուութիւնը կ՚աւելցնեն մարդկութեան հանդէպ։

Այս իմաստով, ահաւասիկ, մարդ կը նմանի թզենիին՝ պտղատու կամ անպտուղ։ Եթէ կ՚ուզենք պտղատու, պտղաբեր թզենիներ ըլլալ՝ պէտք է վերադառնանք Աստուծոյ, ինչ որ կ՚ենթադրէ դառնալ իր ինքնութեան՝ ինքնաքննութեամբ, այսինքն ինքն իր մէջ նայիլ, որ կը նշանակէ նորոգուիլ՝ սրբուիլ, մաքրուիլ մեղքերէ, որուն միակ եւ հատու, վճռական միջոցն է՝ ապաշխարա՛նքը։

Եւ ասիկա կարելի կ՚ըլլայ Յիսուսի հետեւելով՝ քանի որ Յիսուս Աստուծոյ ինքնութիւնը ցոյց կու տայ եւ մարմնացած, մարդացած Աստուածն է։ Եւ Աստուած գթած եւ ողորմած է. մարդասէ՛ր եւ միշտ ներողամիտ։ Ան կը ներէ երբ ապաշխարութեամբ խոստովանուի ամէն մեղք։ Բայց մա՛րդ պէտք չէ շահագործէ Աստուծոյ այս գութը եւ ողորմածութիւնը, ուրիշ խօսքով, մարդ իր ապաշխարութեան մէջ պէտք է անկեղծ եւ ստոյգ ըլլայ։

Դիմացինը խաբել՝ ինքնախաբէութի՛ւն է։

Ուրեմն, պէտք է համբերութեամբ առիթներ ստեղծել Աստուծոյ վերադառնալու համար՝ ուրկէ եկած ենք։ Եւ մարդ այնքան ատեն, որ կ՚ապրի, յոյս ունի եւ Աստուած տակաւին կը գթայ, կ՚ողորմի եւ Աստուած տակաւին կը սպասէ, որ մարդը պտղաբեր դառնայ՝ սէր եւ բարիք տարածէ իր շուրջը, քանի որ Աստուած մարդը ստեղծեց սիրով եւ բարութեամբ եւ Ան երբեք չի փափաքիր որ նենգութեամբ, ատելութեամբ եւ չարութեամբ լեցուի մարդը։

Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ շնորհքը անպակաս ըլլայ՝ Տէրը եւ Սէրը մեզի հետ ըլլայ եւ մի՛շտ, սիրելի՜ներ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 10, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2025