ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՓՈԽՈՒԱԾ ԿԵՐՊԱՐԸ

Երէկուան մեր յօդուածով խօսեցանք հայ կնոջ անցեալի կերպարին մասին, իսկ այսօր որպէս նիւթ ունինք հայ կնոջ մերօրեայ կերպարը՝ իր դրական ու բացասական կողմերով: Ի տարբերութիւն անցեալին, այսօր հայ կինը կրթուած է ու բարձրագոյն կրթութիւն ունի, ինչ որ իրենց տուած է ազատութիւն՝ մանաւանդ հին ամուսնական բռնատիրութենէն: 

Սակայն, պէտք է յստակ տարբերութիւն մը դնել կրթուածին եւ դաստիարակուածին միջեւ. մարդ արարածը՝ տղայ թէ աղջիկ ուսումնական գետնի վրայ զարգանալով հանդերձ դաստիարակութեամբ եւ բարոյապէս աւելիով աղքատ վիճակի մէջ յայտնուած է. օրինակի համար, անցեալին անուս երիտասարդը ունէր յարգանք։ Այո, ուսումով լուսաւորուած է երիտասարդութիւնը, սակայն, այդ ուսման լոյսը չէ յաջողած աւելիով բարձրացնել բարոյականութիւնը: Րաֆֆի իր աշխատութեան մէջ տեղ մը կը գրէ. «Կինը հեռացեր է Արեւելքէն, բայց տակաւին չէ մօտեցած Արեւմուտքին»։ Այդ հեռաւորութիւնը այսօր շատ աւելիով զգալի է: Այդ հեռաւորութիւնը դաստիարակութեան եւ կրթութեան հեռաւորութիւնն է. մենք յաճախ կը կարծենք, որ անոնք նոյն բաներն են, սակայն, իրականութեան մէջ, ամբողջութեամբ տարբեր են։ Կրթութիւնը զանազան դասանիւթերով մարդու մտահորիզոնը կ՚ընդլայնէ, մինչ դաստիարակութիւնը բնաւորութիւն կը կերտէ, որոշ արժէքներ կ՚արմատացնէ: Դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն միասնաբար է, որ ամբողջական մարդը կը կազմեն:

Այսօրուան եւ անցեալի կնոջ մեծագոյն տարբերութիւնը համբերութիւնն է. անցեալին կինը շատ աւելի համբերատար էր, շատ աւելի հանդուրժող էր՝ քան այսօր։ Մայրը անցեալին ունէր ուրիշ իմաստ, որովհետեւ անոր տրուած էր զաւակներու դաստիարակութիւնը, արժէքներու փոխանցումը. այսօր տղամարդու եւ կնոջ դերերը հաւասարելով՝ այդ սրբութիւնը շատ անգամ մայրերու մօտ չենք գտներ։ Անցեալին կինը տան ու արտի գործերով զբաղելով, շատ աւելի ժամանակ կ՚ունենար զաւակներու դաստիարակութեամբ եւ ինքնութեամբ զբաղելու. մօր պատմած հեքիաթներն էին, որ ազգային ինքնութիւն, հայրենասիրութիւն կը փոխանցէին զաւակին։ Մերօրեայ մայրերը յոգնած ըլլալով չունին այդ բոլորը ընելու պատրաստակամութիւնը, այդ իսկ պատճառով նոր սերունդը հայրենասիրութեամբ հասակ առնելու փոխարէն մանկական այս կամ այն օտարալեզու երգին ընկերակցութեամբ է, որ հասակ կ՚առնէ։ Անցեալին կինն էր ընտանիքի կեդրոնը. այսօր այդ կեդրոնը տղամարդն ու կինը իրարու հետ կը կիսեն: Սակայն, մեզ մտահոգողը այլ բան է. անցեալի կինը շատ աւելի զոհուող էր՝ քան այսօր։ Հակառակ կեանքի դժուարին պայմաններուն, տառապանքներուն ու դժուարութիւններուն՝ կինը յանձն կ՚առնէր այդ բոլորը կրել, սակայն, մնալ իր զաւակներուն մօտ, որովհետեւ անոր համար իր սեփական հանգիստէն շատ աւելի առաջնահերթ էր իր զաւակներուն վիճակը՝ թէ՛ մարմնապէս եւ թէ հոգեպէս։ Այսօրուան կինը, նոյնիսկ տղամարդը չունի այդ համբերութիւնը։ Ականատես կ՚ըլլանք, որ շատ մը կիներու համար (նոյնը կը վերաբերի տղամարդոց) սեփական հանգիստը, սեփական հաճոյքը շատ աւելի առաջնահերթ է՝ քան զաւակը: Մօտաւորապէս քառասուն տարի առաջուան մօր տիպարը ամբողջութեամբ տարբեր է մերօրեայ մօր տիպարներէն։ Տրամաբանականօրէն կը սպասուի, որ կրթուած երիտասարդը յաջողի շատ աւելի առողջ ընտանիք մը կազմել՝ քան անցեալի անուս եւ անգրագէտ մարդը՝ որ կ՚առաջնորդուէր հասարակութեան ակնկալիքներով ու սխալ համոզումներով։ Սակայն, տրամաբանութիւնը միշտ չէ, որ ճիշդ վիճակ կը պարզէ. տարօրինակ ձեւով անցեալին ապրող ընտանիքներուն մէջ աւելի խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն կար՝ քան մերօրեայ ընտանիքներուն։ Եթէ անցեալին ամուսնալուծութիւնը հարիւրէն մէկ կը կատարուէր, ապա այսօր պսակուած տասը զոյգերէն նուազագոյնը վեցը ամուսնալուծութեան կը դիմէ։ Մարդը զարգացաւ, կրթութեան կարեւորութիւնը շեշտեց, սակայն, իր կեանքը բարելաւելու փոխարէն աւելի վատթարացուց: 

Դժուար է այս մէկը ըսել, սակայն, կը հաւատանք, որ ամէն մարդու պէտք չէ տրուած ըլլայ մայր ըլլալու սրբութիւնը։ Մերօրեայ երիտասարդները ընտանիք չկազմած, զաւակ լոյս աշխարհ չբերած խոր ձեւով չեն մտածեր այդ բոլորին կարեւորութեան եւ պատասխանատուութեան մասին: 

Անցեալին մօր համար կարեւոր էր զաւակի կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը, ընտանիքը, մայրը, հայրը։ Այսօրուան երիտասարդութեան համար կարեւոր է իրենց արտաքին երեւոյթը, շրթներկերը, հագուստը եւ բոլոր այն բաները՝ որոնք իրականութեան մէջ երկրորդական են։ Անցեալի մօր երգերը լսելով փորձեցէք համեմատել մերօրեայ մայրերուն հետ, որոնք աւելի կը կարեւորեն սեփական զուարճութիւնը՝ քան ընտանեկան սրբութիւնը: Այո, ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է մայրեր ու հայրեր, որոնք անտարբեր եղած են իրենց ընտանիքին, իրենց զաւակներուն հանդէպ, սակայն, այդ մէկը բնականէն դուրս գալով վարակիչ վիճակ մը կը ստանայ։ Պահ մը մտածեցէք. քանի՞ ամուսնալուծուած զոյգ կը ճանչնաք. ի՞նչ է անոնց կրթութիւնը: 

Որպէս եզրակացութիւն ամէ՛ն անգամ կը սիրեմ այս մէկը ըսել. երկու գիւղացի անուս մարդ ու կին ամէն ջանք ի գործ դրին, որպէսզի իրենց զաւակը բարձրագոյն կրթութիւն ստանայ ու բժիշկ դառնայ. զարգացած ու դաստիարակուած բժիշկը ամուսնացաւ եւ հակառակ իր բարձրագոյն կրթութեան չյաջողեցաւ առողջ ընտանիք մը ստեղծել՝ ինչպէս ըրած էին իր անուս հայրն ու մայրը. ա՛յս է անցեալի եւ ներկայի տարբերութիւնը: 

•վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Արուեստագէտներ, գրողներ եւ գիտնականներ կան, որոնք իրենց անձով եւ կեանքով շատ աւելի կ՚արժեն, քան արտադրուած գործը: Այն յորդահոս աղբիւրներուն նման, որոնց յարատեւ բխումը փոխանակ յուռթի դաշտեր արգասաւորելու, ընդարձակ կարելիութիւններ կը ցուցադրէ եւ երգի եւ շարժումի հմայիչ պատկերներ կը ստեղծէ՝ ձորերն ի վար իր վազքին մէջ:

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026