ՀԱՆՃԱՐ ՄԸ՝ ՈՐ «ԽԵՆԹ» Է

Տակաւին հազիւ տասներկու-տասներեք տարեկան էի, երբ առաջին անգամ ձեռքս առի Ինտրայի «Ներաշխարհ»ը եւ փորձեցի կարդալ։ Անշուշտ եւ, բնականաբար, ընթերցումս կէս մնաց. աշխատութեան առաջին մի քանի տողերը լաւապէս հասկնալու համար փորձեցի մի քանի անգամ դարձեալ կարդալ, սակայն այնպէս ալ անհասկնալի մնաց: Շատ պարզ ու յստակ էր, որ Ինտրա տարբեր էր Գրիգոր Զօհրապէն, Երուանդ Օտեանէն, Յակոբ Պարոնեանէն եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներէն: Նման ապրումներ ու զգացումներ ունեցած էի, երբ գրեթէ նոյն տարիքիս փորձած էի կարդալ Յակոբ Օշականի «Մնացորդաց»ը, որ գրականութեան մէջ շա՜տ տարբեր մակարդակի վրայ կը գտնուէր, անշուշտ, Ինտրայի նման չէի կրցած կարդալ նաեւ Օշականը: 

Երբ գրականութեան մէջ «եփիլ» սկսայ, նկատեցի, որ Ինտրա անհասկնալի եւ տարբեր գրող մըն էր գրեթէ բոլորին համար. անոր ստեղծագործութիւնները հեռու էին ազգային կեանքէն եւ հայ իրականութենէն. անոր գրութիւններուն մէջ ժողովուրդին տագնապն ու մտահոգութիւնը գոյութիւն չունէր. այդտեղ ընկերային կեանքի վերլուծութիւնն ու քննադատութիւնը գոյութիւն չունէր։ Զարթօնքի սերունդի գրողները մեծաւ մասամբ նման նիւթեր կ՚արծարծէին իրենց գրականութեան մէջ, սակայն, Ինտրա տարբեր էր անոնցմէ եւ հետեւաբար ժողովուրդին կողմէ այնքան ալ հասկնալի եւ ընդունելի գրող մը չէր նկատուեր: Գուցէ այս տարբերութեան համար է, որ Յակոբ Օշական իր «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» աշխատութեան մէջ կ՚ըսէ. «Արեւմտահայ գրականութիւնը ունի մէկէ աւելի կսկծալի ճակատագրով գրողներ, հազիւ երկու խենթ»։ Օշականի համար երկրորդ խենթը Եղիա Տէմիրճիպաշեանն է՝ որուն մասին նախապէս գրած ենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեր սիւնակին մէջ։ Անշուշտ, Տէրմիճիպաշեան ի տարբերութիւն Ինտրայի ընկերային հարցերով կը զբաղէր՝ ըլլալով մեծագոյն պայքարողներէն մէկը հայ կրթութիւնը զարգացնելու եւ հայ դպրոցին վիճակը բարելաւելու ձգտող: 

Ինտրա խենթ մըն էր, որովհետեւ գիտնալով հանդերձ, որ իր գրականութիւնը անհամապատասխան պիտի ըլլայ ժողովուրդի ընկալումներուն եւ սպասումներուն, իր ուրոյն ոճով ու ձեւով կը ստեղծագործէր: Անշուշտ, բոլոր ժամանակներուն ընկերութիւնը եղած է նոյնը. տարբերը մի՛շտ քննադատուած ու անտեսուած է. տարբեր չէր պարագան նաեւ Ինտրայի, որ ժամանակակիցներու կողմէ յաճախ ստացած է «աղքատ հանճար», «փոքր տոկոսով հանճար» որակումները։ Անշուշտ, այս բացասականներուն դիմաց ունեցած է նաեւ դրականները. ինչպէս օրինակ՝ «անդատելի տաղանդ», «բարձր տաղանդ» եւ այլն: 

Անշուշտ, Ինտրայի տարբերութիւնը եւ «անհասկնալի» ըլլալը տարիքի սահմաններէն անդին, իր էութեան մէջ կը պահէ. անոր աշխատութիւնը կը կարդայ փիլիսոփայական մտածողութեան տէր յայտնի Ռ. Պէրպէրեանը, սակայն անոր «Ներաշխարհ» աշխատութեան համար Ինտրայի ուղղած իր խօսքին մէջ կը գրէ. «Դու իսկ պիտի տարակուսիս, երբ խոստովանիմ քեզ, թէ «մեծապայծառ» իմացականութիւնս անկարող եղած է գիրքիդ բոլոր էջերուն իմաստին լիովին ու յստակօրէն թափանցելու»: Այդ անհասկնալին է, որ շատերու համար Ինտրան կը դարձնէ «աղքատ» գրող, իսկ շատերու համար հակառակը՝ անոր տալով փիլիսոփայական հով մը՝ որ քիչեր կրնան վերլուծել ու հասկնալ: Սակայն Ինտրայի վերնագիրը՝ «Ներաշխարհ»ը կու գայ ըսելու, որ ամէն մարդ ունի իր սեփական ներքին աշխարհը, որ կրնայ հասկնալի չըլլալ ուրիշին եւ այն բոլոր «անհասկնալի» տողերը իրականութեան մէջ գրողին ապրումներն են, որոնք գուցէ շատերու համար անհասկնալի, սակայն իրեն համար հասկնալի կը շարունակէ մնալ:

Ռ. Պէրպէրեան կ՚ուզէ իր տողերով բացատրել բոլոր այն ապրումներն ու զգացումները, զորս կը տեսնէ Ինտրայի աշխատութեան մէջ. սակայն հաւատացէ՛ք, որ բացատրութիւնը եւս անհասկնալի է այնքան՝ ինչքան նոյնինքն գրութիւնը. Պէրպէրեան կը գրէ. «Համաստուածեան հակումները որովք խմորուած ես, իրերն ու էակները միակ էութեան մ՚եղանակաւորումներն ու այլակերպ ձեւառութիւնները խորհելու տրամադրութիւնդ տեսութեանդ առջեւ իրար կը շփոթեն շնչաւորն ու անշունչը, երկնայինն ու երկրայինը, մեծն ու փոքրը, հանճարն ու յիմարութիւնը, ու, աստուածացեալ տիեզերքին պատկերներուն առջեւ խանդավառ, երեւակայութիւնդ կ՚ելեւէջէ արագ նիւթէն հոգիին, հոգիէն ի նիւթն, իր յափշտակութեանցը մէջ ամէն ինչ ոգեւոր ու մտածուն զգալով, ամենայնի հետ ոգեխառնուելով, համայնին մէջ մխրճելով սուզուելով, անհուն ոլորտին մէջ թալացեալ հեւ ի հեւ ճախրելով, վերացման անօսր անյայտ մարզերուն մէջ կորսուելով»: 

Եթէ կրցաք հասկնալ ինչ ըսել կ՚ուզէ Ռ. Պէրպէրեան, ապա հասկցած կ՚ըլլաք բոլոր այն ապրումներն ու զգացումները, ինչ որ «խենթ» գրողը կ՚ունենայ իր «Ներաշխարհ» աշխատութեան մէջ: 

«Ներաշխարհ»ի մասին այլ կարծիք կը յայտնէ Մուշեղ Վրդ. Սերոբեան եւ «Արեւելեան Մամուլ»ի մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Ներաշխարհ»ը մի գիրք է, որ մտքի, սրտի, հոգիի եւ երեւակայութեան խառնուրդ մըն է ինքնին, մութ ու միանգամայն պայծառ, աղոտ ու միանգամայն լուսաւոր, ռամիկ ու միանգամայն խոհուն, իր հետ պիտի բերէ բարոյական ու գրական ինկած ժամանակի մը մէջ՝ գերագոյն իրերու համար խորին ձգտումներ, որոնք իրենց միստիք հանգամանքովը մանաւանդ, թերեւս տարօրինակ թուին սա մեր նիւթապաշտ ու հաճոյամոլ ժամանակներուն»։

Այսօր այս «խենթ» գրողին ծննդեան 150-ամեակն է. «խենթ»՝ որ աւելի քան դար մը ետք կը շարունակէ մնալ անհասկնալի:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Կ՚ըսեն, թէ շատ գիրք կարդալով մարդիկ կրնան խենթանալ. ճի՞շդ է:

Պատասխան. Որոշ մարդիկ կը կարծեն, թէ շատ գիրք կարդալը կրնայ մարդը խենթացնել, սակայն իրականութեան մէջ նման բան գոյութիւն չունի: Հակառակը՝ գիրք կարդալը մարդը կը զարգացնէ, կ՚ընդլայնէ անոր պատկերացումները եւ մարդուն կու տայ աւելի առողջ մտածելակերպ: Ճիշդ է, որ եթէ մարդ անընդհատ առանց հանգստանալու կարդայ, կրնայ յոգնութիւն ու մեկուսանալու ցանկութիւն ունենալ, բայց այդ մէկը «խենթութիւն» չէ: Ճիշդ է ըսել, որ կարդալը պէտք է ըլլայ հաւասարակշռուած:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2025