ԲԱՐԻՈՎ ՅԱՂԹԵԼ ՉԱՐԻՆ
«Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին». (ՀՌՈՎՄ. ԺԲ 21)։
Հին ուխտը մարդկային կեանքի հիմքը դրած է արդարութեան օրէնքը. «Բայց եթէ վնաս մը ըլլայ՝ անձի տեղ անձ պիտի տաս, աչքի տեղ աչք, ակռայի տեղ ակռայ, ձեռքի տեղ ձեռք, ոտքի տեղ ոտք, խարանի տեղ խարան, վէրքի տեղ վէրք, հարուածի տեղ հարուած». (ԵԼՔ. ԻԱ 23-25)։
Եւ մարդուս համար որքա՜ն հեշտ է չարը փոխարինել չարով. մինչ Յիսուս կ՚ըսէ. «Բայց ես ձեզի կ՚ըսեմ.- Չարին հակառակ մի՛ կենար, հապա եթէ մէկը ապտակ մը զարնէ աջ ծնօտիդ, դարձուր անոր միւսն ալ…». (ՄԱՏԹ. Ե 39)։ Եւ որքա՜ն դժուար է եւ ներհակ մարդկային բնութեան, բայց «նեղ դուռ»ը մարդը կը տանի երջանկութեան, քանի որ այս կեանքը «պայքար» մըն է…
Կը պատմուի, թէ տարեց, լուռ, սակաւախօս մարդ մը կար՝ որ տարիներ առաջ կինը կորսնցուցած էր։ Ան միշտ լայն ժպիտով մը կը բարեւէր իր որպիսութիւնը հարցնողները եւ զօրաւոր կերպով կը թօթուէր անոնց ձեռքը։ Քալած ատեն այս մարդը քիչ մը կը կաղար, Բ. համաշխարհային պատերազմին ստացած կապարի վէրքի մը պատճառով։ Թէեւ պատերազմէն ողջ վերադարձած էր, սակայն, ներկայիս վտանգաւոր թաղամաս մը եղած էր իր ապրած շրջանը՝ ուր շատ մը ոճիրներ եւ թմրեցուցիչի վաճառք կար…
Օր մը, երբ յայտարարութիւն մը՝ ծանուցում մը տեսաւ, որ կամաւոր մը կը փնտռուէր շրջանի եկեղեցիին երիցատան պարտէզին հոգ տանելու համար. ան անմիջապէս անունը տուաւ եւ ուրախութեամբ խնամեց եւ հոգ տարաւ իրեն յանձնուած պարտէզին։
Տարեց մարդը 87 տարեկան էր, երբ վախցած բանը գլուխը եկաւ։ Ան Երէցին պարտէզը ջրելը հազիւ վերջացուցած էր, երբ երեք փողոցային տղաք մօտեցան իրեն։ Ծերունին անտեսելով անոնց լկտի կեցուածքը, հարցուց. «Ջուր կ՚ուզէ՞ք խմել ջուրի խողովակէն»։ Տղոցմէ մին «անշո՜ւշտ», ըսաւ քրքիչով եւ մինչ ծերունին ջուրը կը ջանար տալ, միւս երկուքը զգետնեցին զայն եւ ժամացոյցը եւ դրամապանակը գողնալով փախան…։ Տարեց մարդը փորձեց ոտքի ելլել, սակայն վնասուած ոտքին վրայ ինկած ըլլալուն՝ հոն մնաց մինչեւ որ Երէցը վազելով օգնութեան հասաւ խեղճին։ Թէեւ Երէցը իր պատուհանէն տեսած էր պատահածը, բայց մինչեւ իր գալը յարձակումը եղած էր։ Ծերունին ինքզինք հաւաքեց ըսելով. «Քանի մը անառակ տղաք էին… յուսամ օր մը կը խելօքնան»։ Եւ ան շարունակեց իր գործը, ջրելով պարտէզը։
Քանի մը շաբաթ վերջ տղաքը վերադարձան։
Այս անգամ չվնասցին եւ չկողոպտեցին զայն, այլ երբ ծերունին ջուր առաջարկեց, անոնք խողովակը առին ձեռքէն եւ զինք վերէն վար լաւ մը թրջեցին եւ քահքահելով փողոցն ի վար անյայտացան։ Խեղճ ծերունին արեւուն դարձուց իր թրջուած մարմինը, ապա շարունակեց ջրել պարտէզը…
Ամառուայ վերջաւորութեան, մինչ ծերունին կ՚աշխատէր պարտէզին մէջ, յանկարծ անակնկալի եկաւ, երբ մէկը մօտեցաւ իր ետեւէն։ Ան շուարեցաւ եւ խոտերուն մէջ ինկաւ։ Երբ կը փորձէր ոտքի ելլել եւ կանգնիլ, տեսաւ այդ փողոցային տղոց առաջնորդը՝ որ իրեն օգնել կը ջանար։ Ան ինքզինք պատրաստեց յոռեգոյնին…։ «Մի՛ վախնար ծերունի։ Այս անգամ քեզ պիտի չցաւցնեմ», ըսաւ երիտասարդը մեղմ ձայնով եւ տոպրակ մը յանձնեց ծերունիին՝ որուն մէջ կար իր ժամացոյցը եւ դրամապանակը, դրամով միասին։ Տարեց մարդը շշմեցաւ եւ հարցուց. «Ինչո՞ւ հիմա կ՚օգնես ինծի»։
Երիտասարդը կարծես կ՚ամչնար եւ անհանգիստ կը զգար։ «Քեզմէ բան մը սորվեցա՛յ», ըսաւ ան աչքերը գետին սեւեռած. «անառակ տղոց հետ կը պտըտէի, քեզի պէս մարդիկը ցաւցնելու, վնասելու համար։ Բայց ամէն անգամ որ քեզի մօտեցանք, դուն մեզի ջուր տուիր, փոխանակ պոռալու կամ դիմադրելու։ Դուն մեր ատելութիւնը սիրով փոխարինեցիր։ Ասիկա շատ զարմացուց զիս։ Քու ապրանքդ գողնալէ վերջ չկրցի քնանալ, խիղճս տանջեց զիս։ Ուրեմն հիմա կը վերադարձնեմ զայն, ասիկա իմ շնորհակալութեանս անկեղծ արտայայտութիւնն է, որովհետեւ զիս զգաստացուցիր»։
Այս ըսելով երիտասարդը ձգեց եւ գնաց։ Ծերունին բացաւ տոպրակը եւ ձեռքին դրաւ իր յիշատակելի ժամացոյցը։ Նայեցաւ դրամապանակին, որուն մէջ էր իր հարսանեկան նկարը։ Յուզմունքով դիտեց իր վաղեմի հարսը՝ որ դեռ կը ժպտէր իրեն, այդքա՜ն երկար տարիներ վերջ…
Այդ ձմեռ մեռաւ ծերունին։
Շատեր մասնակցեցան իր յուղարկաւորութեան, հակառակ անպատեհ օդին։ Երէցը մասնաւորաբար նկատեց բարձրահասակ երիտասարդ մը՝ որ անծանօթ էր իրեն։ Երէցը խօսեցաւ հանգուցեալին պարտէզին մասին, որ կեանքի գեղեցիկ դա՛ս մըն էր։ Յուզմունքով խռպոտած ձայնով ան ըսաւ. «Լաւագոյնդ ըրէ, քեզի յանձնուած պարտէզը գեղեցկացուր, որքան որ կրնաս։ Մենք բնաւ պիտի չմոռնանք հանգուցեալը եւ իր հոգ տարած պարտէզը»։
Յաջորդ գարնան հրատարակուեցաւ դարձեալ ծանուցում մը, որ կ՚ըսէր. «Երիցատան պարտէզին կամաւոր հոգատարի մը պէտք ունինք»։ Ծանուցագիրը աննկատ մնաց եկեղեցւոյ զբաղ անդամներուն կողմէ, մինչեւ որ, օր մը, Երէցին գրասենեակին դուռը թակուեցաւ։
Երբ ան բացաւ դուռը, հոն տեսաւ դաջուածքներով լեցուն, գծագրուած ձեռք մը։ «Կարծեմ այս իմ գործս է», ըսաւ ձեռքին տէրը երիտասարդը։ Երէցը ճանչցաւ այդ «անառակ»ը, որ նախկին ծերունի պարտիզպանին ազնուութեան պատճառով ուղիղ ճամբան գտած՝ շտկուած էր։
«Այո՛, հոգ տար հանգուցեալի պարտէզին եւ անոր յիշատակը վա՛ռ պահէ», ըսաւ ան՝ յանձնելով պարտէզին բանալին։
Այս երիտասարդը, քանի մը տարի, հաւատարմաբար հոգ տարաւ երիցատան պարտէզին ու խնամեց զայն։ Մինչ այդ ան համալսարան գնաց, ամուսնացաւ եւ իր շրջանակին մէջ ուշագրաւ յայտնի քաղաքացի մը դարձաւ։
Օր մը, երիտասարդը մօտեցաւ Երէցին եւ ըսաւ, որ այդ օր պիտի չկրնար հոգ տանիլ իրենց պարտէզին, քանի որ իր կինը մանչ զաւակ մը ունեցած էր եւ նորածինը տուն պիտի բերէին հիւանդանոցէն։ «Շնորհաւորութիւններ», ըսաւ Երէցը մեծ ժպիտով մը. «Շատ ուրախ եմ ձեզի համար եւ… ի՞նչ է երեխային անունը»։
«Քրիստափոր», պատասխանեց երիտասարդ հայրը հպարտութեամբ։
Եւ հանգուցեալ ծերունի նախկին պարտիզպանին անունը՝ Քրիստափոր էր…
Չարին բարիով յաղթելու վկայութիւնն էր ասիկա. ճշմարիտ արդարութիւնը խիղճով եւ սիրով իրականացած ճշմարտութի՛ւնն է։
Սխալը սխալով սրբագրել կարելի չէ՛. սխալը կարելի է շտկել՝ սրբագրել ճի՛շդով…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 10, 2026, Իսթանպուլ