ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ

Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, իւրաքանչիւր օր մօտաւորապէս երկու հազար մարդ օրական ինքնասպան կ՚ըլլայ. ընդհանուր աշխարհի մէջ տարեկան աւելի քան 700 հազար մարդ իր ազատ որոշումով՝ զանազան դժուարութիւններու դիմաց ընկճուած կ՚ընտրէ ինքնասպանութիւնը որպէս միջոց՝ այդ մէկը տեսնելով հոգերէն ձերբազատելու «լաւագոյն» միջոց: Սակայն կը հաւատանք, որ ինքնասպանութիւնը իրականութեան մէջ ո՛չ թէ ապրիլ չուզելու, այլ իրապէս ապրիլ ուզելու ցանկութիւն կը պարունակէ իր մէջ՝ պարզապէս ո՛չ այն կեանքով, որ ինքնասպանը կ՚ապրի եւ ինքզինք «զոհ»ի հոգեբանութեան մէջ կը զգայ: Այս հաստատումին մեծագոյն փաստը այն է, որ ինքնասպան եղողներէն շատեր նախքան իրենց սեփական կեանքին վերջ տալը՝ կ՚ուզեն իրենց զգացումները, իրենց մտածումներն ու միտքերը յանձնել թուղթին եւ այդ նամակը նոյնիսկ ապացոյցն է, որ ինք ինչքան հաստատակամ՝ նոյնքան կապուածութիւն ունի կեանքին, իր սիրելիներուն հանդէպ: Ինքնասպանը իր վերջին նամակով է, որ կ՚արտայայտէ բոլոր այն զգացումներն ու ապրումները, որոնք կենդանութեան գուցէ չկրցաւ արտայայտել եւ գուցէ մարդկային կեանքի դժուարութիւններն ու հոգեբանական բարդոյթները աւելիով հասկնալու համար պէտք է կարդալ զանոնք՝ վերլուծելու համար մարդը: 

Ինքնասպանութիւնը եւ անոր նախնական ընթացքը ուսումնասիրածներ կը յայտնեն, որ ինքնասպանութեան նամակներուն մէջ ամենէն շատ յայտնուած բառը «սէր»ն է, սակայն, այդ նամակներուն մէջ «սէր» բառը հոգատարութենէն, կարօտէն ու սիրային զգացումէն անդին կը գործածուի որպէս կախուածութիւն, մեղադրանք, զղջում, բանտարկուած ըլլալու զգացում եւ կեանք տալու կոչուած ամենէն մեծ զգացումը անհատը կ՚առաջնորդէ մահուան: Սէրը գոյութիւն ունեցող այն բառերէն է, որ իւրաքանչիւրին համար կրնայ ունենալ տարբեր իմաստ. մէկուն կրնայ ուրախութիւն պատճառել, իսկ ուրիշին ցաւ. մէկուն երջանիկ պահել, իսկ ուրիշը արցունքներու եւ տառապանքի մէջ չարչարել: 

Ոչ-շատ յայտնի գրող մը՝ Մարք Էթքինտ խմբագրած է «…Կամ չըլլալ» անունով աշխատութիւն մը, որուն մէջ հաւաքած է տարբեր ինքնասպաններու վերջին նամակները. նամակներ՝ որոնք գրուած են մարդու մահէն ընդամէնը վայրկեաններ առաջ. նամակներ՝ որոնք կեանքի ինչութիւնը, մարդկային դժուարութիւնները քննելու առիթ կու տան: 

Մարքի հաւաքած նամակներէն առաջինը կը պատկանի 35 տարեկան երիտասարդի մը, որ կարճ նամակով մը վերջ կու տայ իր կեանքին. նամակէն ի յայտ կու գայ, որ ինքնասպանութեան հիմնական պատճառը սիրածէն հեռու՝ բաժնուած ապրելու դժուարին զգացումն է. կարդա՛նք նամակը. 

«Քեզ այսպէս սիրել եւ առանց քեզի ապրիլ՝ անտանելի է: Ես քեզ սիրած եմ ամբողջութեամբ, ամբողջ սրտովս՝ առանց սահմաններու: Ես քեզ կը պաշտեմ եւ այդ մէկը իմ մեղքս է… առանց քեզի կեանքը անտանելի է եւ այս մէկը լաւագոյն ձեւն է. այս մէկը կը լուծէ մեր բոլոր խնդիրները… եթէ հնարաւոր է անդրշիրիմեան աշխարհին մէջ սիրել, ես քեզ կը սիրեմ նոյնիսկ մահէն ետք: Թող Աստուած մեզ ողորմի. միայն Ա՛ն գիտէ իմ սիրտիս ցաւն ու քեզի հանդէպ ունեցած սէրս»:

Այս կարճ նամակին մէջ կարելի է գտնել հիմնական մի քանի կէտեր. «Ես քեզ կը պաշտեմ եւ այդ մէկը իմ մեղքս է» արտայայտութիւնը անձի սիրոյ ուժգնութիւնը ցոյց կու տայ, որովհետեւ ինքնասպանը չ՚ուզեր, որ իր սիրածը մտածէ, թէ ինք ինքնասպան եղաւ ի՛ր պատճառով. զինք մեղադրելու տեղ ինքնասպանը մեղաւոր կը գտնէ իր անձը, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցի, որ թէեւ ճիշդը անմնացորդ սիրելն է՝ սակայն մարդ մասամբ պէտք է կարեւորէ նաեւ իր անձը, իր կեանքը: Այս նամակը ո՛չ թէ ապրիլ չուզելու երկտող մըն է, այլ իր սիրածին հետ ապրելու ցանկութեան մեծութիւնը ցոյց տուող կեանքի կարօտ մըն է։ Դրդապատճառը այստեղ ո՛չ թէ ապրիլ չուզելն է, այլ սիրած անձին հետ ապրիլ ուզելու մեծ ցանկութիւնն է։ 35 տարեկան այս երիտասարդը պարզապէս մէկն է հազարաւոր ինքնասպաններէն, որովհետեւ գործուած ինքնասպանութիւններու մեծամասնութիւնը սիրոյ այս տառապանքին հետեւանքն է, որ տառապողը «կ՚ազատէ», իսկ միւս կողմին մէջ մեղաւորութեան խոր զգացում կը ստեղծէ: 

Այս զգացումը ո՛չ ազգութիւն եւ ո՛չ կարգավիճակ կը հարցնէ. աշխարհի ամենէն մեծ հարստութիւնները անգամ այս զգացումը մեղմելու բաւարար չեն. փաստ 1889 թուականին՝ տակաւին 18 տարեկան հասակին ինքնասպանութիւն գործած ազնուական ընտանիքի զաւակ Մարի Վեցրան, որ սիրահարուած էր Հունգարիոյ գահաժառանգ Ռուտոլֆին, սակայն Ռուտոլֆ ամուսնացած էր. երկու ազնուական ընտանիքներու զաւակները վերջ տուած են իրենց կեանքին։ Մարի գրած է հետեւեալ երկտողը. «Սիրելի քոյրս, մենք երկուքս խաղաղութեամբ կ՚երթանք դէպի անորոշութիւն։ Խնդրեմ ժամանակ առ ժամանակ մեզ յիշէ եւ ամուսնացիր միա՛յն այն անձին հետ՝ զոր դուն կը սիրես: Ես այդ մէկը չկրցայ ընել եւ միւս կողմէ չկրցայ սիրոյն դիմադրել։ Ես իրեն հետ կը մեկնիմ»:

Ինքնասպանութիւն գործած են նաեւ յայտնի գերմանացի փիլիսոփայ Քարլ Մարքսի երկու դուստրերը եւս ինքնասպանութեամբ վերջ տուած են իրենց կեանքին. անոնցմէ փոքրը՝ Էլանոր 1898 թուականին նախքան ինքնասպան ըլլալը գրած է հետեւեալ երկտողը. «Շուտով ամէն ինչ կ՚աւարտի: Իմ խօսքս քեզի համար նոյնն է՝ ինչ որ երկար տխուր տարիներուն ըսած եմ.- ՍԷՐ»: Աշխարհի ամենէն անո՜ւշ, սակայն նոյնքան դաժան բառով 43 տարեկան հասակին վերջ տուած է կեանքին: 

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ամէն մարդ իր գլխի տարտն է քաշում, ամէն մարդ իր անձին համար է մտածում. ուրիշին ինչ լինում է, թող լինի. նրան ինչ հոգ, երբ ինքը հանգիստ է, երբ իր մազին չեն դիպչում: Բայց չեն իմանում տխմարները, որ «մէկը ամէնի համար է, իսկ ամէնը մէկի համար»:

ՐԱՖՖԻ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 12, 2026