ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔՍՈՒՄ

Մարդը կախում ունի Արարիչէն՝ ան ենթակայ է արարչութեան ծրագրին, օրէնքներուն եւ բարոյական կանոններուն, որոնք կը կանոնաւորեն ազատութեան գործածութիւնը։ Եւ անշուշտ, այս կ՚ենթադրէ՝ հնազանդութի՛ւն։ Արդարեւ, մարդը փորձուելով սատանայէն՝ ձգեց, որ իր սրտին մէջ մեռնի իր Արարչին հանդէպ վստահութիւնը եւ իր ազատութիւնը չարաշահելով՝ «անհնազանդ եղաւ» Աստուծոյ պատուիրանին։ Ասոր մէջ է, որ կայացաւ մարդուն գործած առաջին մեղքը։

Այս մեղքով՝ մարդը ինքզինք Աստուծոյ գերադասեց եւ ասով իսկ՝ արհամարհեց Աստուած, ինքզինք նախընտրելով Աստուծոյ, արարածային իր վիճակին պահանջքներուն եւ հետեւաբար իր իսկ Բարիքին։ Սրբութեան վիճակին մէջ կացուցուած մարդը սահմանուած էր Աստուծմէ լիովին «աստուածանալու» փառքին մէջ։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ այս առաջին «անհնազանդութեան» եղերական հետեւանքները։ Ուստի, Ադամ եւ Եւա անմիջապէս կը կորսնցնեն սկզբնական սրբութեան շնորհքը։ Վախ ունէին այս Աստուծմէ, Անոր մասին՝ Իր առանձնաշնորհումներուն նախանձախնդիր Աստուծոյ մը սխալ պատկերացումը կազմած էին։

Ներդաշնակութիւնը՝ որուն մէջ կ՚ապրէին եւ որ գոյացած էր շնորհիւ սկզբնական արդարութեան, այժմ ահա կը կործանի հոգիին հոգեւոր կարողութիւններուն մարմնին վրայ տիրութիւնը կը խորտակուի։ Այր-մարդուն եւ կին-մարդուն միութիւնը լար-ւածութիւն կը դառնայ։ Անոնց յարաբերութիւնները ընչաքաղցութեան եւ տիրապետումի դրո՛շմ կը կրեն։ Արարչութեան հետ անոնց ունեցած ներդաշնակութիւնը կը խզուի, տեսանելի արարչութիւնը մարդուն հանդէպ կը դառնայ օտար եւ թշնամի՛։ Մարդուն պատճառով արարչութիւնը կ՚ենթարկուի ապականութեան։

Ի վերջոյ, անհնազանդութեան պարագային մարդուն բացայայտօրէն զգուշացուած հետեւանքը կ՚իրականանայ. մարդը կը դառնայ հող՝ որմէ կազմուած էր. եւ մահը մուտք կը գործէ մարդուն պատմութեան մէջ։

Մեծ պահքի ներկայ շրջանին, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, Ադամի եւ Եւայի դրախտէն արտաքսումը մեզի կարգ մը դասեր կու տայ։

Նախ՝ գնահատելու, արժէքը ճանչնալու օրհնութիւնը կը յիշեցնէ մեզի։ Ուստի, Աստուած աշխարհը ստեղծեց մարդուն բարիքին համար, բայց մարդը չգնահատեց այդ բարիքը։ Արդարեւ, արքայութեան պարտէզին մէջ ամէն ինչ ազատ էր «մարդ»ուն, բացի մէկ ծառի պտուղէն՝ որը արգիլուած էր անոր։ Եւ «մարդ»ը թողուց իր ազատութիւնը՝ իրեն տրուած ամէն բարիք եւ ցանկաց միակ արգիլուածին։ Արժէքը չճանչցաւ, չգնահատեց իրեն տրուած ազատութեան՝ անցաւ սահմանը եւ անհնազանդ եղաւ Աստուծոյ՝ իր Արարիչին պատուէրին։

Եւ ասիկա խորհրդանիշն է մեր այսօրուան զանազան անհնազանդութիւններուն՝ օրինազանցութիւններուն, ապօրինի արարքներուն։ Թէեւ շրջաններ, ժամանակներ, միջավայրներ փոխուած, բայց «մարդ»ը նո՛յնն է մնացած՝ անհնազանդ թէ՛ բարոյական եւ թէ քաղաքական օրէնքներուն՝ երբեմն մէկուն, երբեմն ալ երկուքին միասին։

Այսօր ալ երբ անհնազանդ կը գտնուինք, կը մատնուինք նեղութիւններու, քանի որ պատասխանատո՛ւ ենք մեր արարքներուն։ Ոմանք նեղութիւնները կը վերագրեն «ճակատագրի» եւ չեն խորհիր, թէ անոնք հետեւանք են իր կամքի ազատութեան սխալ գործածման՝ երբեմն գիտակցաբար եւ շատ անգամ անգիտակցաբա՛ր։ Բայց մարդ պատասխանատո՛ւ է իր բոլոր արարքներէն եւ անոնց հետեւանքներէն։

Եւ երբ պահքի պատճառով կը զրկուինք կարգ մը սնունդներէ, ատիկա պատճառ կ՚ըլլայ, որ անոնց արժէքը գնահատենք, քանի որ մարդ որեւէ բանի մը արժէքին կ՚անդրադառնայ, երբ զայն կորսնցնէ, ընդհանրապէս։ Կարգ մը բաներ իրենց բացակայութեան կը փայլին, անոնց բացակայութեան՝ մարդուս հետաքրքրութեան առարկայ կ՚ըլլան։ Ուտելիքներ ալ, արժէք կը ստանան, երբ պակսին կամ կորսուին՝ չգոյանան։

Յետոյ, Մեծ պահքը մեզի կը յիշեցնէ հնազանդութեան բարիքները եւ անհնազանդութեան չարիքները։ Արդարեւ, Ադամ եւ Եւա, այսինքն՝ «մարդ» եւ «կեանք», զրկուեցան իրենց բարիքներէն, քանի որ անոնք Աստուծոյ պատուէրին անհնազանդ գտնուեցան։ Եւ որովհետեւ անոնք կորսնցուցին Աստուծոյ պատկերը եւ նշանութիւնը, եւ պարտադրուեցան իրենց կեանքը, արդարութիւնը, սրբութիւնը շահիլ իրենց ճակտի քրտինքով, եւ սերունդը շարունակել՝ երկունքով, ցաւերով։

Եւ այսօր ալ, մարդիկ կը շարունակեն նո՛յնը մնալ հնազանդութեան պակասով տուեալ օրէնքներու եւ կանոններու։ Աստուծոյ Խօսքին հնազանդիլը եւ կեանքի արժէքին անտեսուիլը, ընդհանրապէս կ՚օտարացնեն մարդը իր Արարիչէն, կը հեռացնեն իրենցմէ եւ կը տուժե՛ն։

Աստուծոյ Խօսքը պէ՛տք է լսուի ամէնուրեք։

Վերջապէս, Ադամ եւ Եւա արտաքսուեցան, որովհետեւ չխոստովանեցան, երբ Աստուած հարցուց, թէ ի՛նչ ըրին, անոնք շիտակը չըսին, այլ յանցանքը մէկը միւսին, միւսն ալ Սատանային վերագրեցին։ Մէկ խօսքով, անկեղծօրէն չխոստովանեցան։

Այսօր, մենք ալ, ընդհանրապէս, չենք ընդունիր մեր յանցանքները եւ միշտ յանցանքը ուրիշներուն, եթէ մէկը չըլլայ՝ Սատանային կամ «ճակատագրին» կը վերագրենք։ Բայց եթէ ընդունինք եւ խոստովանինք մեր յանցանքները, անպայման քաւութիւն եւ թողութիւն պիտի գտնենք Տէր Յիսուսէ։ Իմացնենք մեր յանցանքները Անոր, որ Իր վրայ առնէ զանոնք եւ Խաչի վրայի Իր մաքուր Արիւնով սրբէ եւ մեզ փրկէ մեր մեղքերէն, յանցանքներէն։

Այսօր անապատ մըն է աշխարհը մեզի համար առանց Աստուծոյ, առանց Արարիչը ճանչնալու։

Յիսուս երբ 40 օր անապատ մնաց եւ հոն փորձուեցաւ Սատանայէն, ահաւասիկ այդ ցոյց տուաւ մեզի Իր իսկ կեանքով։

Մեծ պահքի ընթացքին մենք այդ «անապատ»ը կ՚երթանք ահաւասիկ՝ գնահատելու համար, արժէքը ճանչնալու համար Յիսուսի Յարութեան։ Ապա թէ ո՛չ՝ մենք պիտի մնանք Ադամի եւ Եւայի կացութեան մէջ։

Քանի որ մենք ամէն ինչ կը պարտինք Յիսուսի Քրիստոսի՝ գնահատենք եւ փառաւորենք զԱյն յաւիտեան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 11, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025