ՕԳՏԱԲԵՐ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ
Քննադատութիւնը օտակար է, քանի որ ան յառաջդիմութեան եւ բարեփոխութեան համար անհրաժեշտ արարք մըն է։ Բայց քննադատութիւնը օգտակար կ՚ըլլայ, երբ իր նպատակին յարմար կը գործածուի։ Արդարեւ, իր նպատակէն շեղած եւ ծայրայեղութեամբ գործադրուած ամէն արարք ո՛չ թէ օգտակար, այլ վնասակար է թէ՛ անհատին եւ թէ հաւաքականութեան։ Չափաւոր եւ հաւասարակշռուած քննադատութիւնը արուեստ մըն է, զգուշաւորութիւն կը պահանջէ։ Նաեւ քննադատութիւնը երբեք պէտք չէ՛ վիրաւորէ քննադատուողին արժանապատուութիւնը։
Ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ, ո՛վ որ կ՚ուզէ ընկերոջ թերութիւնները քննադատել եւ շտկել, ամենէն առաջ իր անձը փորձելու է. տեսնելու է, թէ անոր թերութեան ինքն ալ ենթակա՛յ է, իսկ երբ կը տեսնէ, թէ այդպէս է, նախ իրը շտկելու է եւ յետոյ՝ եթէ ձեռնհաս կը զգայ ինքզինք, պէտք է իր փորձառութիւնը հաղորդէ իր ընկերոջ՝ որպէսզի ան ալ շտկէ։
Կը յիշէ՛ք Քրիստոսի պատմած առակը, թէ ինչպէ՞ս պարտապահանջ մը տեսնելով, թէ իր պարտապանը շատ կը նեղուի եւ իր հազար քանքար պարտքը պիտի չկարենայ վճարել՝ կը ներէ անոր բոլոր պարտքը, սակայն, այս վերջինը իր կարգին՝ իր ընկերներէն՝ աշխատակիցներէն մէկուն վրայ առնելիք կ՚ունենայ շատ քիչ բան մը, հազիւ հարիւր դահեկան։ Անմիջապէս անոր կը վազէ. «Վճարէ ինծի ունեցած պարտքդ» ըսելով, զանիկա բռնելով կը խեղդէ եւ անոր բոլոր աղաչանքներուն չանսալով՝ բանտ նետել կու տար՝ մինչեւ որ իր առնելիքը ստանար. (ՄԱՏԹ. ԺԸ 28-30)։
Այս իրողութիւնը բնականաբար անընդունելի էր, ինչպէս զայրոյթ կը պատճառէ հազար քանքար պահանջ-առնելիք ունեցողին, եւ ան կանչելով այդ անողորմ, անգութ պարտապանը՝ դահիճներու կը մատնէ զայն, մինչեւ որ վճարէ իր պարտքը։
Ահա, կը տեսնուի փոխարինութիւն մը՝ որ արդարութիւն էր. «ի՛նչ դատաստանով որ դատած էր այդ անգութը՝ նոյն դատասանով ինքը դատուած էր», եւ այն ներողութեան՝ զոր աղերսած էր պարտապահանջէն՝ արժանի չէր գտնուած, իսկ ան՝ լաւագոյն նկատած էր սրբութիւնը շունին՝ եւ մարգարիտը խոզին առջեւը չնետել։
Սակայն, ինչպէս ըսուեցաւ, զգուշաւորութիւնը պէտք չէ տանիլ ծայրայեղութեան, որովհետեւ ծայրայեղութիւնը մարդկային բնաւորութիւն մըն է եւ մարդ յաճախ ծայրայեղութեան գերին կ՚ըլլայ դժբախտաբար, որպէսզի ուրիշները մեր գլուխը չցաւցնեն մեզ քննադատելով, մենք ալ մեր աչքը կը գոցենք եւ թոյլ կու տանք, որ ամէն զեղծում գործուի մեր ներկայութեամբ, նոյնիսկ մեր անուղղակի աջակցութեամբ։
Այդ ալ ուրիշ տեսակ մը կեղծաւորութիւն է եւ շատ անկասկած աչքով կարելի չէ՛ նայիլ այդպիսի անձի մը վրայ, որ ակնյայտնի զեղծում, անիրաւութիւն եւ անարդարութիւն տեսնելով՝ կը լռէ, երբ մանաւանդ դատելու կարողութիւն ունի եւ կշիռ ունի իր դատողութիւնը։ Այդպիսի անձ մը կամ ի՞նքն ալ մեղսակից է այդ չարիքին եւ կամ սոսկալի անտարբեր մը՝ «ոչխարամիտ» մըն է, երկու պարագայի մէջ ալ մեղադրելի։ Զանց առնելն ալ կարելի չէ յիշել բացառութիւններն ալ, ըստ որում անձին հոգը այդ տեսակ զգուշաւորութիւններու մէջ ալ իր մեծ տեղը ունի։
Ահաւասի՛կ, հոս է Քրիստոսի ըրած փոփոխութեան մեծ նշանակութիւնը, ընկերին կամ հանրութեան օգուտը կը դնէ մեր վրայ ծանր պարտաւորութիւններ, որոնք աւելի բարձր, աւելի նուիրկան են՝ քան հացի խնդիրը։ Հացի խնդիրը առժամանակեայ կերպով կրնայ դժուարանալ եւ նոյնիսկ վտանգի ենթարկուիլ, սակայն ընկերի հացը, հանրային գործը, եթէ անտարբերութեան մատնուի, այն մշտնջենապէս կը վտանգէ թէ՛ հանրութեան, թէ՛ մեր հա՛ցն ալ, պատիւն ալ, գոյութիւնն ալ. «Պէտք է ընենք ընկերին համար այն ամէնը՝ ինչ որ կ՚ուզենք որ ընկերը մեզի ընէ». ընել ընկերին բարիքին՝ ո՛չ թէ անոր չարիքին համար. քանի որ այդ չարիքը անոր կամենալով՝ մեզի համար եւս կամեցած կ՚ըլլանք, եթէ կը սիրենք մեր անձին բարիքը, ուրեմն պէտք չէ՛ սիրենք մեր ընկերին չարիքը։
Ընկերական այդ սէրը հոս բոլորովին փոխադարձ է, եւ փոխադարձ սէրը չարիք չի մտածեր երբեք ընկերին համար, չ՚ուրախանար՝ երբ անիրաւութիւն կը պատահի անոր, այլ կ՚ուրախանայ երբ արդարութիւնը՝ իրաւունքը՝ ճշմարտութիւնը երեւան կու գան, եւ իր ընկերը ատոնց արդիւնքը կը վայելէ, ինչպէս որ իրեն համար նոյնը կը ցանկար։
Վերջապէս քննադատութիւնը պէտք չէ մղուի նախանձի վատ զգացումէն, ինչ որ ոխակալութեան չար զգացումին արտայայտութեան կը վերածուի քննադատութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 10, 2025, Իսթանպուլ