ԱՂՕԹՔԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
«Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց միջեւ». (ՄԱՏԹ. ԺԸ 20)։
Ո՜րչափ ալ մարդոցմով շրջապատուած ըլլայ մարդ, ծանօթ կամ օտար մարդոցմով՝ առանձին կը քալէ կեանքի ճամբով։ Եւ ո՜րքան վատ զգացում մըն է՝ մարդոցմէ շրջապատուած, բազմութեան մէջ մինակ զգալ ինքզինք եւ ծանօթներու բազմութեան մէջ ինքզինք օտար զգալ։ Ուստի, մարդ կարօտ է անկեղծ, ճշմարիտ եւ սրտակից բարեկամներու՝ որոնք կը ստեղծեն ներուժ մը եւ ինչպէս՝ անկեղծ հաւատացեալներով աղօթքի միութեան մէջ։
Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ՝ մէկ քարով պատ չի շինուիր, եւ մէկ փայտով կրակ չի վառուիր եւ կերակուր չ՚եփուիր։ Այս պատճառով միատեղ կատարուած ամէն գործ յաջողութեամբ կը պսակուի։ Կեանքի ճամբուն վրայ միասնաբար քալել նպատակի հասնիլը կ՚ապահովէ։
Կեանքի ճամբան՝ որ գարունը կը ճեղքէ կ՚անցնի, որ գունաւոր եւ լուսաւոր հորիզոններ կը դիտէ, իր երկու կողմը վարդերու դաշտեր կը բուրեն, եւ սակայն, կ՚անցնի նաեւ ձմեռ եւ մութ գիշերներու մէջէն, երբ եզերքին փուսած փուշերը յաճախ ճամբորդին քայլերը կ՚արիւնեն…
Աստուածաշնորհ կեանքի ճամբան՝ որուն մէջ քալել երբ կը սկսի մարդ՝ տօնական մթնոլորտ կ՚ունենայ՝ երգ եւ նուագ, եւ սակայն, հետզհետէ մշուշը կը գոցէ ճամբան՝ որպէսզի պատ մը կանգ առնէ մտածելու, թէ ի՜նչ վտանգ կը սպառնայ իրեն. եթէ մշուշին մէջ շարունակէ իր ճամբան։
Եւ սակայն պէ՛տք է մարդ շարունակէ ճամբան…
Ո՜րչափ ալ անորոշ ըլլայ վախճանը, պէ՛տք է շարունակել քալել՝ նպատակին հասնելու համար։
Ակնյայտ է, որ «Տէրը իմ լոյսն եւ փրկութիւնն է. ես որմէ՞ պիտի վախնամ։ Տէրը իմ կեանքին ապաւէնն է, ես որմէ՞ պիտի դողամ». (ՍԱՂՄ. ԻԷ 1)։
Եւ գիտենք, թէ մեր ետեւէն ուրիշներ կան այդ ճամբուն վրայ, օտար կամ հարազատ, ծանօթ կամ անծանօթ ուրիշներ՝ որոնք ջանք չեն թափեր մեզի հասնելու, որովհետեւ իմաստ եւ նպատակ չեն գտներ միասին քալելու մէջ։
Եւ անո՜նք ալ առանձին կը քալեն…
Մինչդեռ ամէն մարդ կարեւոր է եւ անհրաժեշտ մէկ ուրիշին համար, եւ այս պատճառով է, որ մարդիկ պէտք է աղօթեն իրարու համար, եւ աղօթքներ կը կատարուին ո՛չ թէ անձնական, այլ՝ հաւաքական ոճով, մատնանշելով «մենք» եւ «մեզ»ի եւ ո՛չ թէ՝ «ես» եւ «ինծի» ձեւերով, զոր օրինակ՝ «Հայր մեր…» եւ ո՛չ թէ՝ «Հայր իմ…», որուն մէջ կայ միասնականութեան ուժը եւ զօրութիւնը։
Եւ մարդուն կը մնայ հողով լեցնել փոսերը՝ որոնց կը հանդիպի ճամբուն վրայ, որպէսզի վնաս չհասնցէ ուրիշի մը՝ իր նմանին… գոցել փոսերը՝ որպէսզի մեզմէ ետքը եկողներ կան եւ անոնք փոսերուն մէջ չիյնան եւ ցաւ չունենան։
Կեանքի ճամբուն վրայ՝ ուր կը քալենք՝ կը գտնուին ժայռեր, որոնք կը գոցեն ճամբան. հաւաքե՛նք մեր ուժերը եւ եզերք գլորենք այդ վնասաբեր ժայռերը, որպէսզի մեզմէ ետքը եկողներ անոնց չզարնուին եւ չարիւնին։ Ուստի, պէտք է շտկել խորտ ու բորտ ճամբան՝ քանի արեւուն լոյսը ճամբան ցոյց կու տայ, որպէսզի սահուն ըլլայ մեզմէ ետքը եկողներուն ճանապարհը։ Եւ որպէսզի անոնք կարենան ճամբան եզերող վարդերը հոտոտել եւ իրենց աչքերուն մէջն ալ գունաւոր վարդերու դաշտերը նկարուին։
Հոգ չէ, թէ մեր մկանները ցաւին պահ մը. մեր երթը դանդաղի պահ մը, հոգ չէ, թէ ուշ հասնինք հորիզոնին. կը բաւէ, որ անոնք, որոնք այդ ճամբայէն պիտի քալեն հորիզոնին հասնելու համար՝ երջանիկ զգան իրենք զիրենք։
Անոնց ուրախութեան երգը մեր սրտերուն մէջ թող արձագանգէ։
Ա՛յնպէս քալենք՝ որ մեզ «բարի» կոչեն. կոչենք. «կարեկից», «գթասիրտ», մեզ կոչեն «երանելի՜» եւ երբ հեռանան ամբոխէն՝ կարօտալի հայեացքով մեր յիշատակը փնտռեն…
Միշտ ըլլանք աղօթքի միութեան մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 11, 2025, Իսթանպուլ